ԿՈՉ

Սիրելի հայրենակիցներ, Արդէն սկսած է «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի հերթական դրամահաւաքը, որ նոյեմբեր 25ին թելեթոնով պիտի եզրափակուի Միացեալ Նահանգներու տարածքին: Դրամահաւաքի նպատակը այս անգամ եւս կը մնայ նոյնը՝ մասնակցիլ Արցախի բարգաւաճման...

ՄԻԱՑԵԱԼ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Վերջին շաբաթներուն, անգամ մը եւս մեր պատմական հողերը ուշադրութեան առարկայ դարձած էին հայորդիին համար: Արդարեւ, թուրք պետութիւնը կը հսկէ Վանի մօտ, Աղթամարի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ վերաբացման աշխատանքները: Այս առթիւ, նկատի...

ԵՐԵՒԱՆԵԱՆ ԽՃԱՆԿԱՐՆԵՐ…ՎՐԱՑԱԿԱՆ ՓՈՂՈՑԻ ՓՈՒՌԸ

Լուսանկարներ՝ Իննա Մխիթարեանի Վերջին տարիներուն, մեծ հռչակ սփռած է Երեւանի վրացական թաղի փուռը, որ կը պատկանի հիւսիսի դրացի Զվիաթի Կավիաշվիլիի: Քառասուն տարեկան վրացին ժպտերես է:  Կատակասէր Երեւանցիին համար, նոյնքան ժպտերես...

«ԹՈՒՐՔԻԱՆ ԱՒԵԼԻ ԱԶԳԱՅՆԱԿԱՆ ԵՐԿԻՐ Է… ՊԵՏԱԿԱՆ ԿԱՌՈՅՑՆԵՐԸ ՀԻՄՆՈՒԱԾ ԵՆ ԹՐՔԱԿԱՆ ԳԱՂԱՓԱՐԱԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ՎՐԱՅ» ԿԸ ՅԱՅՏՆԷ ԲԵՄԱԴՐԻՉ ԱԼՓԷՐ

Ծ.Խ.- Վերջերս, Հ.Յ.Դ. պաշտօնաթերթ »Դրօշակ«ի խմբագրատուն այցելած է համշէնահայ բեմադրիչ Օսքան Ալփէր, որուն »Աշուն« (Սոնպահար) ժապաւէնին մասին բազմիցս անդրադարձած ենք: Ալփէրի հետ, զրուցած են »Դրօշակ«ի անձնակազմէն Ռուբէն Յովսէփեան, Կարէն Խանլարեան...

ԴՐՕՇԱՊԱՏՈՒՄ …

Առհասարակ մարդկանց պատմութիւնը եւ յատկապէս Հայոց Պատմութիւնը կը վկայէ թէ, ժողովուրդներու իրաւունքները չեն նուիրուիր ու ձօնուիր, այլ կը վաստակուին ճակտի քրտինքով, արեան գինով, շարունակ պայքարելով, մերթ վիթխարի անելներու դէմ, մերթ...

ՇԱՐԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՄՐՑՈՅԹ՝ ՅԱԿՈԲ ԿԱՐԱՊԵՆՑԻ ԾՆՆԴԵԱՆ 85-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԹԻՒ

Այս տարի կը նշուի ամերիկահայ նշանաւոր գրագէտ Յակոբ Կարապենցի (19251995) ծննդեան 85ամեակը: Կարապենց եղած է 20րդ դարու երկրորդ կէսի սփիւռքահայ արձակի տիրական անուններէն մէկը: Իր պատմուածքներն ու վէպերը« որոնք առանձին...

ՀԱՂԱՐԾԻՆԻ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՄԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐԸ

Լուսանկարներ՝ Իննա Մխիթարեանի Հոկտեմբեր 2007ին սկսած էին Հաղարծին վանքի վերանորոգման աշխատանքները, որոնց ծախսը տրամադրած է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Շարժայի շրջանի անդամ շէյխ Սուլթան Պէն Մոհամէտ Ալ Քասիմ: Դէպի Հաղարծին առաջնորդող...
Social profiles