0 0
Read Time:1 Minute, 0 Second

Սիրելի հայրենակիցներ,
Արդէն սկսած է «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի հերթական դրամահաւաքը, որ նոյեմբեր 25ին թելեթոնով պիտի եզրափակուի Միացեալ Նահանգներու տարածքին:
Դրամահաւաքի նպատակը այս անգամ եւս կը մնայ նոյնը՝ մասնակցիլ Արցախի բարգաւաճման եւ տնտեսական վերելքին. աւելի ճշգրիտ բնորոշումով՝ աջակցիլ այս անգամ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ջրամատակարարման ծրագիրներուն:
Արցախը ազատագրուեցաւ Արցախի հայութեան ազատատենչ մարտունակութեան եւ այդ պայքարին մէջ համայն հայութեան ցուցաբերած գործօն զօրակցութեան շնորհիւ: Այսօր, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը իրողութիւն է. ան արժանի է մնալու հայութեան ուշադրութեան եւ գուրգուրանքի առարկան:
Մենք պարտաւոր ենք կարելին ու անկարելին ընել Արցախի համար. պարտաւոր ենք շէնցնել, պաշտպանել վերջին դարերու մեր մեծագոյն յաղթանակի գրաւականը: Իւրաքանչիւրիս պարտքն է կանգնիլ արցախահայութեան կողքին, յատկապէս այսօր, երբ Արցախի հարցի քաղաքական լուծումը տակաւին դժուար բանակցութիւններու առարկայ է:
Հետեւաբար Արցախին տրուած որեւէ նիւթական օժանդակութիւն ունի նաեւ քաղաքական իմաստով բարոյական արժէք: Ան համահայկական շարունակուող զօրակցութեան արտայայտութիւնն է Արցախի ազատագրութեան դատին:
Արցախը վերջնականօրէն ազատագրուած կþըլլայ, երբ ան ինքզինք պարտադրէ քաղաքական միջազգային ընտանիքին՝ իբրեւ պետական անկախ միաւոր: Այդ նպատակին հասնելու համար կարեւոր է համայն հայութեան արթնամտութիւնն ու անոր կարողականութեան նպատակասլաց գործածութիւնը:
Այս է պատճառը, որ կազմակերպուող դրամահաւաքի ընթացքին հաւաքուած գումարի չափէն աւելի կարեւոր է դրամահաւաքին մասնակիցներու թիւը՝ իբրեւ ապացոյց հայութեան միասնական կամքին:
Առ այդ, կոչ կþուղղենք բոլորին՝ խուռներամ ու առատաձեռն կերպով մասնակցելու համահայկական այս նախաձեռնութեան:

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ  ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԲԻՒՐՕ
Հոկտեմբեր 19, 2010

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles