ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԱԿՈՒՄԲ

0 0
Read Time:2 Minute, 57 Second

ARFPartyHeadquartersYerevan

Այս յօդուածին կիզակէտը՝ ակումբն է: Կարօ Սասունի Փետրուար 1965-ին գրած է այս յօդուածը, որ ցայսօր, հակառակ կեանքի ապրելաձեւի «ճեպընթացային» եղափոխութեան, կը մնայ նոյնքան հետաքրքրական եւ ազդեցիկ: Ընդհանրապէս, կուսակցական եւ հասարակական գործիչ Սասունի, գրական աշխարհին մէջ ծանօթ է Վիգէն Գլակ ծածկանունով: Սակայն այս մէկը, զուտ իր պատկանած կուսակցութեան նիւթին հետ առնչուած ըլլալուն պատճառաւ, ան պարզապէս Կ. Սասունի ստորագրած է:
Խմբ.
ԿԱՐՕ ՍԱՍՈՒՆԻ

ՀԱՅՐԵՆԻՔ

Հ.Յ.Դ. 125-ամեակի բացառիկ

garo sasouni

Սփիւռքի տարածքին վրայ ցրուած հայ տարագիր բազմութիւնները, յատկապէս` նորահաս սերունդը, որ աչքերը բացաւ օտարութեան մէջ, հայեցի մթնոլորտը շնչելու եւ անցեալին կապուելու համար քանի մը օճախներ ունեցաւ, քանի մը «հայկական տուներ», որոնց որմերը տաք էին ու բաբախուն` ոգեշունչ յիշատակներով, եւ որոնց երդիքները ապահով ապաստան մը կը կազմէին այլասերման փոթորիկներուն դէմ: Անապատներէն հաւաքուած մեր որբերու բանակներուն առջեւ բացուող հարազատ օճախներ հանդիսացան հայ եկեղեցին, հայ դպրոցը եւ Դաշնակցութեան ակումբը: Այդ երեք հոգեւոր հաստատութեանց մէջ է, որ ուղեկորոյս հայ պատանին գտաւ իր բեւեռը, պապենական իր գանձարանին հոյակապ ժառանգութիւնը եւ գաղափարի կենսանորոգ հաղորդութիւնը:

Նիւթական ամէն հարստութիւն կորսնցնելէ ետք, հայրենի հողին աւիշէն զրկուելէ վերջ, թշուառ ու բոկոտն հայ մանուկը հասակ նետեց հիւղաւաններու թիթեղին տակ, բայց չկորսուեցաւ իբրեւ մարդ ու իբրեւ հայ: Որովհետեւ գոյութեան երեք հզօր կռուաններ` Եկեղեցին, Դպրոցը եւ Ակումբը, հայրենիքէն փրցուած շարժուն հոգեհատորներու պէս, կը բարձրանային իր կողքն ի վեր: Ասոնցմէ առաջինը շարականներու յաւերժախօս մեղեդիով անոր հոգիին փոխանցեց մեր պապերու հնադարեան հաւատքին կայծերը, երկրորդը անոր առջեւ բացաւ հայ լեզուին ու գրականութեան անսպառ շտեմարանը եւ երրորդը անոր նայուածքը կախարդեց մեծ առաքեալներու բոցավառ գաղափարին լոյսով:

Մեր գոյութեան առաջին երկու կռուաններուն պատմական դերը պատկառելի անցեալ մը ունի արդէն իր ետին: Իսկ Դաշնակցութեան ակումբներուն վիճակուած դերը` ազգային, բարոյական եւ գաղափարական կեանքի մարզերուն մէջ, համեմատաբար նոր է եւ անհրաժեշտ լրացումը` այն յաղթանակին, զոր սփիւռքի հայութիւնը շահեցաւ քառասուն տարուան իր հերոսամարտով:

Այսօր Ֆրանսայէն մինչեւ Պալքաններ եւ Մերձաւոր Արեւելքէն մինչեւ Ամերիկա Դաշնակցութեան ակումբը հայութեան ամէնէն նուիրական վայրերէն մէկն է:

Որքա՜ն պատանիներ եկած ու անցած են անոր յարկին տակէն` վսեմ ապրումներու յիշատակ մը հանրային նուիրումի ըմբռնում մը, բարձրագոյն իտէալներու ձգտում մը տանելով իրենց հետ: Որքա՜ն հայրենակիցներ եղբայրացած են հոն իրարու հետ` նոյն գաղափարի եւ զգացումի սրբազան հուրով: Դաշնակցութեան ակումբը, ո՛ւր որ ալ գտնուի, որքան ալ անշուք ըլլայ, հաւատքի բերդ մըն է, հայրենի հարազատ տուն մը, ուր մտնողները կը շրջապատուին մեր պատմութեան փառքը կերտող հերոսներու ոգիներով:

Դաշնակցութեան ակումբը օտարութեան մէջ կանգնած հայութեան Տունն է, որուն քարերը կարծես շաղախուած ըլլան հայրենի հողին սրբազան կաւով, մեռելներու աճիւնով եւ հերոսներու արիւնով: Զայն չեն կրնար քանդել կեանքի սովորական փոթորիկներն ու թշնամի հարուածները: Սովորական շէնքի մը նոյնքան սովորական մէկ սենեակը պողպատակուռ ամրութիւն կը ստանայ, կը զրահուի եւ կը հրաշափոխուի, երբ Դաշնակցութեան ապրող սերունդին հետ` նահատակ հերոսներու հոգիներն ալ մուտք կը գործեն անոր դռնէն ներս: Ան ափ մը հող է եւ կտոր մը երկինք` Վասպուրականէն, Տարօնի աշխարհէն կամ Կարնոյ բարձրաւանդակէն բերուած: Իր նիւթական կերպարանքին տակ` Դաշնակցութեան Աւանը ոգի է, ներշնչարան, պանթէոն, հանդիսարան եւ ամրոց: Այդ պատճառով ալ ոչ մէկ արժէք կը ներկայացնէ անոր կահաւորումին խեղճութիւնը, արտաքին անհրապոյր երեւոյթը կամ անբաւարար մեծութիւնը: Ան հարուստ է միշտ, պերճ ու շքեղ: Ան ջահազարդ դահլիճն է հայ երազին եւ դղեակը` գաղափարի ասպետներուն: Չոր նստարաններու վրայ, երբեմն նոյնիսկ գետինը, Դաշնակցութեան ակումբին բնակիչները իրենց պապերու կալուածին մէջ կը շրջագային հայու պայծառ գիտակցութեամբ եւ հաւատքով:

Աշխարհի մէջ ոչ մէկ ճարտարապետ կրնայ Դաշնակցութեան ակումբին համահաւասար հոգետուն կառուցել, որովհետեւ անոր ճարտարապետներն ու հիմնադիրները Քրիստափորներու, Ռոստոմներու եւ Զաւարեաններու նման առաքելատիպ հանճարներ էին, որոնք կրցան իրենց բնակարանին յատակագիծը հայ ժողովրդի դարաւոր երազին պատկերով մարմնացնել եւ անոր հիմերը խարսխել ուղղակի հայութեան հոգիին վրայ:

Դաշնակցութեան ակումբին լուսամուտները, աշխարհի բոլոր անկիւններէն, կը բացուին հայրենի հորիզոններու դիմաց: Անոնց ճառագայթով լուսաւորուող պատանին, երիտասարդը, ծերունին, բանուորը, արհեստաւորն ու մտաւորականը հաւասարապէս կը տեսնեն իրենց դէմ կանգնած Արարատի բարձունքը, Սեւանի կապոյտ ծփանքը, Արաքսի փրփրադէզ ալիքները եւ Էջմիածնի գմբեթը:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles