Հայկական եւ Թրքական Սփիւռքներու Կառուցային Տարբերութիւնները
ԳԷՈՐԳ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ
Յատուկ «Հայրենիք»-ին
Գաղութ կամ գաղթավայր հաստատուած կը նկատուի երբ ժողովուրդ մը օտար երկրի մէջ կը վայելէ ներքին որոշ ինքնավարութիւն, կը պահպանէ իր լեզուն, ազգային սովորութիւնները, կրօնքը ու գրականութիւնը:
Սակայն, պէտք է հաստատել, որ այս վայրերը պարզապէս անկազմակերպ հաւաքականութիւններ չեն, այլեւ՝ քաղաքական կառոյցներ, ազդեցութեան ցանցեր եւ սփիւռք-հայրենիք յարաբերութիւն ու գործակցութիւն համակարգող համազգային կազմակերպութիւններ:
Շատերու կարծիքով, թրքական եւ հայկական սփիւռքներու միջեւ համեմատական տեսութիւն մը ցոյց կու տայ, որ կազմակերպման ոճի երկու տարբեր տեսակներ կան: Իրականութեան մէջ թրքական սփիւռքը ծնունդ առաւ հիմնականօրէն Համաշխարհային Բ. Պատերազմէն ետք տեղի ունեցած աշխատաւոր դասակարգի արտագաղթին պատճառով: Յատկապէս Եւրոպայի մէջ, թրքական գործոնը զարգացաւ 1960-ական թուականներուն, հիմնականօրէն Թուրքիա-Գերմանիա պետական երկկողմանի համաձայնութիւններու հետեւանքով: Հազարաւոր թուրքեր արտագաղթի ճամբան առին եւ անցան զանազան Եւրոպական երկիրներ: 1990-ական թուականներուն աշխատաւորներու արտագաղթը փոխարինուեցաւ ուսանողներու արտագաղթով:
Միւս կողմէ, շատեր նկատել կու տան, որ հայկական սփիւռքը ուղղակի արդիւնք է Հայոց Ցեղասպանութեան, որ տեղի ունեցաւ 1915-1923 թուականներուն, ձեռամբ Երիտասարդ Թուրքերու «Միութիւն եւ Յառաջդիմութիւն» խմբաւորման: Այս հասկացողութիւնը, ըստ էութեան, առնուազն իրականութենէն անջատ է: Հայ ժողովուրդը, բնազդով, տեւաբար պանդխտութեան ճամբան բռնած է եւ այդպիսով կազմած գաղութներ: Այսինքն, հայ գաղթականութեան եւ հայկական գաղութներու պատմութիւնը Հայոց Պատմութեան անբաժան մասերէն մէկն է: Պատմականօրէն, Առաքել Դաւրիժեցիին համաձայն՝ հայ գաղթականութեան յառաջացման պատճառներն են պետականութեան անկումը, իսկ այլ տեսութիւններու համաձայն՝ առեւտրական շահերու: Պատմաբան Արշակ Ալպոյաճեանի համաձայն՝ հայութեան արտագաղթը տեղի ունեցած է Հայաստանի աշխարհագրական դիրքին եւ վերջապէս հայ իշխող դասակարգին մէջ անհամերաշխութեան, անհամաձայնութեան եւ բարդ վէճերուն պատճառով:
Սակայն, սփիւռքներու կազմութենէն անդին, հակադրութիւնը կը կայանայ ոչ հաւաքականութիւններու թուային պատկերի, կազմակերպութիւններու հաստատման կամ զարգացման եւ ինքնութեան պահպանման շուրջ, այլեւ՝ կառուցային այն տրամաբանութեան, որ թրքական սփիւռքը ի սկզբանէ եւ աստիճանաբար աւելի ամուր կերպով կապուեցաւ Թուրքիոյ հանրապետութեան, որ գերագոյն դեր խաղցաւ նոյնինքն այդ գաղութներու ձեւաւորման մէջ: Միւս կողմէ, հայկական սփիւռքը գործեց համայնքակեդրոն ձեւով, այդ մէկը Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութենէն առաջ ու ետք, առնուազն մեծամասնութեան մօտ:
Առաջին հերթին, «թրքական սփիւռք» եզրը այնքան պարզ չէ բացատրելու կամ ըմբռնելու: Ֆըրաթ Եըլտըզ իր աշխատութեան մէջ կը հաստատէ, որ այդ արտայայտութիւնը լայն իմաստով կը գործածուի յատկապէս քաղաքական եւ ակադեմական շրջանակներու մէջ: Եըլտըզի կարծիքով, «թրքական» եզրը կրնայ ներկայացնել ազգութիւնը, քաղաքացիութիւնը կամ Օսմանեան ժառանգութիւնը: Հետեւաբար, թրքական սփիւռքը, կամ ընդհանրապէս սփիւռք մը, պարզապէս ժողովրդագրական պատկեր մը չէ եւ շատ անգամ միասնական ամբողջութիւն չէ նաեւ: Թրքական սփիւռքը կը ներառէ քիւրտեր, ալեւիներ, ազգայնականներ, իսլամականներ, իշխանութիւններուն աջակցող եւ ընդդիմացող տարրեր, եւայլն: Այսինքն, որքան ալ Թուրքիոյ Հանրապետութեան ազդեցութիւնը մեծ ըլլայ, երկրի սփիւռքը անպայմանօրէն մասնատուած վիճակ պիտի պարզէ:
Երկրորդ, հայկական սփիւռքը եւս բազմազանութեամբ ճանչցուած է, յատկապէս ներկայիս: Սակայն, նկատի ունենալով հայ ժողովուրդի պատմական գոյութենական պայքարը, սփիւռքին կեդրոնացումը հետզհետէ կ՛ուղղուի դէպի տեղահանութեան, ցեղասպանութեան, հաւաքական յիշութեան եւ պատմական փորձառութեան շուրջ բանավէճերով եւ այդ բոլոր դէպքերէն տարբեր դասեր քաղելու քննարկումներուն: Աւելին, հայկական սփիւռքը, եկեղեցական, կուսակցական եւ համայնքային տարբերութիւններու հանդերձ, ունի ամուր հիմքեր եւ անկախօրէն գործելու աշխատելաոճ, նկատի ունենալով, որ իր պատմութեան մեծամասնութեան, թրքական սփիւռքին նման հոգատար պետութիւն չունէր:
Ուիլիըմ Սաֆրան իր «Սփիւռքներ արդի ընկերութիւններու մէջ» աշխատութեան մէջ նկատել կու տայ, որ սփիւռք մը կազմուած կը համարուի երբ պարզէ հետեւեալ յատկութիւնները՝
Իր իսկական հայրենիքէն հեռացած հաւաքականութիւն
Հաւաքական յիշողութեան, տեսլականի եւ պատմութեան պահպանում
Համոզում, որ անկարելիութեան կայ ամբողջութեամբ համարկուելու տեղւոյն օտար հասարակութիւններուն մէջ:
Հայրենաբաղձութեան իտէալացում:
Հաւաքական կամք պահպանելու կամ վերականգնելու իրենց հայրենիքը ու ապահովելու անոր ապահովութիւնը ու յառաջդիմութիւնը:
Անձնական կամ կազմակերպական յարաբերութիւններ մշակել հայրենիքին հետ:
Այս պայմանները ամբողջութեամբ կամ մասամբ իրականացուած են հայ եւ թուրք սփիւռքային համակարգերուն կողմէ:
Սակայն, պաշտօնական Անգարա տեւաբար փորձած է ընդլայնել այս սահմանումը: Օրինակի համար, 2012-ին, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմէտ Տաւուդօղլու նշեց, որ թրքական սփիւռքին մաս կը կազմեն.
«Անոնք, որ Թուրքիոյ քաղաքացիներ են եւ արտագաղթած են, ինչպէս նաեւ պոսնիացի, ալպանացի, փաքիստանցի, սոմալիցի եւ պաղեստինցի հաւաքականութիւններ… Պէտք է ընդունիլ, որ այս ժողովուրդները մաս կը կազմեն մեր ընդլայնուած սփիւռքին: Եթէ միայն ժամ մը միասին միատեղ գտնուին, անոնք մաս կը կազմեն մեր պատմութեան եւ հետեւաբար մեր սփիւռքին»:
Այս հաստատումը ինքնին ցոյց կու տայ Թուրքիոյ ծաւալապաշտական ախորժակները, Օսմանեան ժառանգութեան վերարտադրումը եւ Իսլամական աշխարհի գերիշխանը ըլլալու տենչը, որովհետեւ նշեալ բոլոր ժողովուրդները Իսլամ են:
Այս մէկը մտահոգութիւն է նաեւ Եւրոպական Միութեան խորհրդարանին համար, որ 6 Յուլիս 2017-ին հրապարակուած յայտարարութեան մէջ կոչ կ՛ուղղէ դադրեցնելու Եւրոպական Միութեան անդամակցելու Թուրքիոյ հետ բանակցութիւնները, նկատի ունենալով.
- Թուրքիա ներքին իր խնդիրները կ՛արտածէ դէպի այն երկիրները, ուր խաղաղօրէն ապրող թուրք հաւաքականութիւններ կան:
- Թուրքիոյ իշխանութիւնները պէտք է դադրեցնեն Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու մէջ թրքական սփիւռքը զօրաշարժի ենթարկելու աշխատանքները:
- Թուրքիոյ իշխանութիւնները պէտք է դադրեցնեն թրքական սփիւռքին վրայ բանեցուած ճնշումները:
- Դատապարտելի է թրքական սփիւռքին դէմ՝ Թուրքիոյ իշխանութիւններու կատարած հետախուզական աշխատանքները, յատկապէս անոնց դէմ, որ երկքաղաքացիներ են Եւրոպական Միութեան ու Թուրքիոյ:
Միւս կողմէ, Հայաստանի ներկայ իշխանութիւններուն հանդէպ հայկական կարգ մը գաղթօճախներու մէջ կայ այն տրամադրութիւնները, որ պաշտօնական Երեւան եւս ջանք կը թափէ ճնշելու, զօրաշարժի ենթարկելու եւ իր քաղաքականութիւնը այսպէս կոչուած պարտադրողական ձեւով ներկայացնելու հայկական սփիւռքին:
Աւելին, դժբախտաբար, Հայաստանի արտերկրի քաղաքացիներ տակաւին չունին Հայաստանի ընտրութիւններուն քուէարկելու իրաւունքը: Միւս կողմէ, 2014-ին, թրքական սփիւռքի քաղաքացիները ստացան արտերկրէն Թուրքիոյ ընտրութիւններուն քուէարկելու իրաւունքը: Այս մէկը ինքնին կը բարձրացնէ քաղաքական եւ մշակութային կապուածութեան մակարդակը: Աւելին, Թուրքիոյ Հանրապետութեան շնորհիւ, թրքական սփիւռքը յաջողեցաւ կառուցել մզկիթներ, գործարաններ, լրատուական հարթակներ եւ քաղաքական կազմակերպութիւններ:
Օրինակի համար, 2023-ին տեղի ունեցած Թուրքիոյ նախագահական ընտրութիւններուն, քուէարկելու իրաւունք ունեցող 3,400,000 արտերկրի թուրք քաղաքացիներէն քուէարկեց 1,700,000-ը, այսինքն 50 առ հարիւր: Քուէարկողներու 59.4 առ հարիւրը, շուրջ 1,000,000 քաղաքացիներ, իրենց վստահութիւնը յայտնեցին Նախագահ Էրտողանի, իսկ 40.6 առ հարիւրը, մօտ 690,000 քաղաքացիներ, ընդդիմադիր Քեմալ Քիլիչտարօղլուին: Սփիւռքի քուէն բաւարար չէր արդիւնք փոխելու, վստահաբար, սակայն պէտք է անդրադառնալ, որ Նախագահ Էրտողանի ստացած քուէներուն 3.6 առ հարիւրը, իսկ ընդդիմադիր Քիլիչտարօղլուի քուէներուն 2.7 առ հարիւրը եկան թրքական սփիւռքէն: Ընդհանուր առմամբ, Թուրքիոյ ընտրութիւններուն քուէարկողներու 3.1 առ հարիւրը սփիւռքեան ձայներ էին, ինչ որ փոքր թիւ չէ եւ այլ պարագաներու կրնար արդիւնք փոխել եւ կացութիւն յեղաշրջել:
Ամերիկեան Յառաջդիմութեան Կեդրոնը, 2020-ին հրապարակուած իր հետազօտութեան մէջ նկատել կու տայ, որ Եւրոպայի մէջ գոյութիւն ունին թրքական ծագում ունեցող հինգ միլիոն բնակիչներ: Սակայն, հետաքրքրականը այն է, որ 72 առ հարիւրը կ՛ուզէ Եւրոպական իր երկրին մէջ մնալ, մինչ միայն 20 առ հարիւրը փափաք յայտնած է վերադառնալու Թուրքիա, իսկ երկու առ հարիւրը յայտնած է, որ կ՛ուզէ երկու երկիրներուն մէջ բնակութեան մնայուն վայր ունենալ: Այստեղ երկու հիմնական պատկերներ կան: 3,600,000 թուրքեր կը նախընտրեն մնալ Եւրոպա, մինչ 1,000,000 թուրքեր կ՛ուզեն վերադառնալ Թուրքիա: Այս մէկը ցոյց կու տայ, որ տակաւին կապուածութիւն կայ հայրենիքին: Սակայն, կու գայ այլ պատկեր մը, որ ցոյց կու տայ, թէ թուրքը վերադարձի ծրագիրէն անկախ կապուած է շատ աւելի ամուր կերպով իր հայրենիքին, այսպէս.
Հարցը այն է, որ թուրքերուն մեծամասնութիւնը համաձայն է կառչած մնալու իր ինքնութեան, Թուրքիա չվերադառնալու, ոչ նոյնքան մեծամասնութեան այլ գաղթականներ ընդունելու, հակառակ, որ իրենք գաղթականութեան ճամբով հասած են Եւրոպա եւ վերջապէս հաւասարապէս գոհ ու դժգոհ թուրքեր կան իրենց համարկման իմաստով բնակած երկրի ջանքերուն շուրջ, մինչ ինքնին պատասխանողները չեն ուզեր համարկուիլ:
Վերադառնալով Թուրքիոյ իշխանութիւններու դերակատարութեան, պէտք է անդրադառնալ զանազան քաղաքական-կրօնական կազմակերպութիւններուն, որոնք հաստատուեցան կազմակերպելու ու համակարգելու ոչ միայն թրքական սփիւռքը, այլեւ՝ զայն մղելու այս կամ այն քաղաքական ուղղուածութեամբ: Գերմանիան հիւրընկալած է թրքական ամենէն մարդաշատ գաղութը: Այսպիսով, Գերմանիոյ մէջ կազմուած են զանազան կազմակերպութիւններ: Քաղաքական կազմակերպութիւններու պարագային.
Այս պատկերը ցոյց կու տայ, որ թրքական սփիւռքը իրապէս միմիայն ազգութեան վրայ հիմնուած չէ եւ քարոզչութենէն անդին, մասնատուած ու բաժնուած է: Կրօնական կազմակերպութիւններու պարագային.
Հետեւաբար, կրօնական կազմակերպութիւններու պատկերը համապատասխան է քաղաքական կազմակերպութիւններու պարզած պատկերին:
Հայկական սփիւռքը եւս ունի նոյնանման կազմակերպութիւններ ու միութիւններ, որոնք կ՛ապահովեն անոր բազմազանութիւնը: Սակայն, տակաւին բացակայութիւնը կայ ուղղակիօրէն Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ կազմուած ու ֆինանսաւորուած ազդեցիկ միութիւններու:
Այս բոլոր պատկերները, սահմանումները եւ տեղեկութիւնները ցոյց կու տան, որ սփիւռքի կազմակերպումը դժուար, սակայն կարեւոր աշխատանք է: Պէտք չէ մոռնալ, որ սփիւռք մը նաեւ քաղաքական զէնք է: 2009-2010 տարիներուն, հայկական սփիւռքն էր, որ արգիլեց հայ-թրքական փրոթոքոլներու ստորագրումը: Թուրքիոյ իշխանութիւնները լաւ հասկցած են հայկական սփիւռքի ուժը եւ կարողականութիւնը: Այդ պատճառով, Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն, ապահովական վիճակը լաւագոյն պատռուակ նկատելով, Թուրքիոյ իշխանութիւնները գործադրեցին ղեկավար զանազան դէմքերու առեւանգումը ու սպաննութիւնը: Այդ մէկը տեղի ունեցաւ կոտրելու համար հայկական սփիւռքի ողնայարը: Միւս կողմէ, անցնող երեք տասնամեակներուն Հայաստանի իշխանութիւններուն անբաւարար հոգածութիւնը հայկական սփիւռքին հանդէպ պատճառ կրնայ դառնալ յաւելեալ հեռաւորութեան ստեղծման իրականութեան մէջ նոյն ազգի զաւակներու միջեւ, ինչ որ վտանգաւոր է:
Հայկական ու թրքական սփիւռքներու բաղդատականը լայնածաւալ ուսումնասիրութեան կը կարօտի: Սակայն, պէտք է տեսնել հիմնական նոյնութիւնը: Թուրքիոյ իշխանութիւնները յաջողած են ճարպիկ քաղաքականութեամբ լայն ազդեցութիւն ձեռք ձգել եւ որոշակի մակարդակով կանոնաւորել ոչ միայն սփիւռքի մէջ իրենց աջակից զանգուածները, այլեւ՝ ընդդիմադիրները: Այս մէկը ամբողջական եւ միասնական բացատրութիւն չէ, սակայն մեծամասնութեան պարագային իրողութիւն է: Ներքին քաղաքական իմաստով եւս, Թուրքիոյ ընդդիմութիւնը, նոյնիսկ քրտական խմբաւորումները հետզհետէ կ՛անցնին պետութեան հովանիին ներքեւ: Այսինքն, Արդարութիւն ու Բարգաւաճում կուսակցութիւնը յաջողած է պարտադրել «խաղին օրէնք»-ը եւ կառավարել աջակից ու ընդդիմադիր խմբաւորումներու քաղաքական քայլերը: Հետեւաբար, ազգային շահերու կամ հայութեան դէմ Թուրքիոյ իշխանութիւններու, թրքական սփիւռքի եւ ընդդիմադիր խմբաւորումներու կարծիքը գրեթէ համահունչ են:
2020-ի Արցախ-Ատրպէյճան պատերազմին ընթացքին, թրքական ամբողջ աշխարհը աջակցութիւն յայտնեց Ատրպէյճանաթրքական դաշինքին: Դժբախտաբար, հայկական կողմը նոյն միասնութիւնը չի պարզէր: 1958-ի Լիբանանի դէպքերը, 1975-1985 տարիներու զինեալ պայքարը, 1990-ական ԼՏՊ-ի հետ հարցերը, 2009-2010-ի փրոթոքոլները, 2018-ի Թաւշեայ Յեղափոխութիւնը եւ 2020-ի Արցախեան պատերազմը ու 2023-ի Արցախի յանձնումը վկայ, ազգային շահերու շուրջ ոչ միայն միասնականութիւն չկայ, այլեւ՝ ինքնին «իրական» Հայաստանի գաղափարին շուրջ համաձայնութիւն չկայ:

