Յօդուածներ

«Read the Room»-էն Մինչեւ «Read the Field»

Արդիւնաւէտ հաղորդակցութիւնը, պատասխանատու առաջնորդութիւնը եւ հեռատես քաղաքականութիւնը կը սկսին ոչ թէ խօսքով կամ գործով, այլ՝ իրականութիւնը ճիշդ ընթերցելով: Այլ խօսքով, նախ պէտք է ընկալել այն միջավայրը, ուր կը գտնուինք, եւ միայն ապա՝ արտայայտուիլ կամ գործել։

Այս սկզբունքը լաւագոյնս կ’արտայայտուի անգլերէնի մէջ լայնօրէն գործածուող Read the Room արտայայտութեան մէջ, որ առաջին հայեացքով հաղորդակցական պարզ խորհուրդ մը կը թուի։ Իր խորքային իմաստով, սակայն, ան կը ներկայացնէ իրավիճակային գիտակցութեան հիմնարար սկզբունք մը, որուն նշանակութիւնը կը տարածուի անհատական հաղորդակցութենէն մինչեւ առաջնորդութիւն եւ պետական ռազմավարութիւն։

Այս արտայայտութիւնը լիովին հասկնալու համար արժէ կանգ առնել անոր երկու բաղադրիչներուն վրայ։ «To read» բային անգլերէն գործածութիւնը երկար ատենէ ի վեր սահմանափակուած չէ միայն գրութիւն «կարդալու» իմաստով։ Ան նաեւ կը նշանակէ «ճիշդ մեկնաբանել», «ընկալել», «գնահատել» կամ «վերծանել» իրավիճակը։ Նոյնպէս, «Room»-ը այստեղ բառացի սենեակը չէ, այլ կը խորհրդանշէ այն ամբողջ ընկերային միջավայրը, ուր անհատը կը գտնուի՝ իր մասնակիցներով, յարաբերութիւններով, տրամադրութիւններով եւ ուժային փոխազդեցութիւններու բարդ ցանցով։ Հետեւաբար, Read the Room արտայայտութիւնը բառացիօրէն կը նշանակէ «կարդա՛ սենեակը», մինչդեռ իր խորքային իմաստով կը յորդորէ՝ «ընկալէ՛ ամբողջ իրավիճակը»։

Թէպէտ անգլերէն այս արտայայտութիւնը խօսակցական դարձուածք մըն է եւ չունի յայտնի հեղինակ, այսօր անիկա հաղորդակցութեան, առաջնորդութեան եւ բանակցային մշակոյթին մէջ լայնօրէն ընդունուած սկզբունք մըն է։

Այս սկզբունքը ռազմավարական գործընթաց մըն է, որովհետեւ որեւէ արտայայտութիւն կամ որոշում երբեք դատարկ տարածութեան մէջ չի կատարուիր։ Ան միշտ կը ձեւաւորուի որոշակի համատեքստի մէջ՝ դերակատարներու, փոխյարաբերութիւններու, փորձառութիւններու եւ ուժային դասաւորումներու ազդեցութեան տակ։ Հետեւաբար, իրականութեան ճիշդ ընկալումը կը նախորդէ ճիշդ դատողութեան։

Advertisement Subscribe Today

Այս ընկալումը կը պահանջէ նաեւ ճանաչողական խոնարհութիւն։ Ան կը սկսի այն գիտակցութենէն, որ դիմացինը կամ ունկնդիրը կրնայ ունենալ աւելի խոր գիտելիք, աւելի հարուստ փորձառութիւն կամ աւելի ամբողջական տեղեկութիւն, քան մենք։ Այդ պատճառով իմաստութիւնը ոչ միայն շատ գիտնալն է, այլ նաեւ գիտնալը, թէ ո՞ւր, ե՞րբ, ի՞նչ միջավայրի մէջ եւ ի՞նչ լսարանի հետ խօսիլ։ Ճանաչողական խոնարհութիւնը ոչ թէ անվստահութեան արտայայտութիւն է, այլ մտաւոր հասունութեան կարեւոր ցուցանիշ։

Այս մտածողութիւնը առաջին հերթին կը դրսեւորուի առօրեայ մարդկային յարաբերութիւններուն մէջ։ Այն անհատը, որ կը հասկնայ իր ունկնդիրներուն գիտելիքը, փորձառութիւնը եւ սպասումները, բնականաբար աւելի ճշգրիտ կը ձեւաւորէ իր խօսքը եւ կը խուսափի այնպիսի պնդումներէ, որոնք անմիջապէս կրնան կասկածի տակ դնել իր հեղինակութիւնը։ Ընդհակառակը, այն անձը, որ չի «կարդար սենեակը», կրնայ ինքզինք դնել անհարմար իրավիճակի մը մէջ՝ արտայայտելով կարծիքներ կամ ներկայացնելով «փաստեր», որոնց մասին իր ունկնդիրները աւելի լաւատեղեակ են։ Այդպիսի պարագաներուն խնդիրը միայն սխալ տեղեկութիւն փոխանցելը չէ։ Աւելի լուրջ հետեւանքը վստահութեան կորուստն է, որովհետեւ հեղինակութիւնը կը կառուցուի ոչ միայն գիտելիքի, այլ նաեւ իր կարողութիւններու սահմանները գիտակցելու վրայ։

Նոյն սկզբունքը կը ստանայ աւելի մեծ նշանակութիւն կազմակերպական եւ միութենական կեանքին մէջ, ուր սխալ ընթերցումին հետեւանքները այլեւս չեն սահմանափակուիր անհատով, քանի որ առաջնորդը միայն որոշումներ կայացնող անձը չէ, այլ տեսլական ձեւաւորող, ռազմավարական ուղղութիւն սահմանող եւ կազմակերպութեան հանրային դէմքն ու հեղինակութեան հիմնական կրողն է։ Անոր խօսքը շատ յաճախ կը նոյնացուի ամբողջ կազմակերպութեան դիրքորոշման հետ։

Այդպիսի պարագային վտանգը սակայն այլեւս միայն անձնական հեղինակութեան կորուստը չէ։ Երբ առաջնորդին նկատմամբ վստահութիւնը կը խախտի, այդ անվստահութիւնը աստիճանաբար կը տարածուի նաեւ կազմակերպութեան վրայ, որովհետեւ հանրային ընկալման մէջ առաջնորդն ու կազմակերպութիւնը յաճախ անբաժանելի են։ Այստեղ սխալ իրավիճակային ընթերցումին գինը արդէն կազմակերպութեան հանդէպ վստահութեան եւ անոր հեղինակութեան կորուստն է։

«Read the Field». Սենեակէն դէպի ռազմավարական դաշտ

Սակայն Read the Room սկզբունքը իր ամբողջական ռազմավարական նշանակութիւնը կը ստանայ, երբ անհատական եւ կազմակերպական միջավայրէն կը տեղափոխուի պետական եւ միջազգային քաղաքականութեան ոլորտ։ Այստեղ «սենեակը» այլեւս սահմանափակ տարածք մը չէ, այլ կը վերածուի աւելի ընդարձակ եւ բարդ իրականութեան մը, ուր կը փոխազդեն բազմաթիւ դերակատարներ, շահեր, ուժեր եւ անտեսանելի գործընթացներ։ Այս մակարդակին Read the Room հասկացութիւնը բնականօրէն կը ընդլայնուի դէպի Read the Field՝ որպէս անոր քաղաքական-ռազմավարական կիրառութիւնը։

«Դաշտ» հասկացութիւնը այստեղ պէտք չէ հասկնալ միայն աշխարհագրական իմաստով։ Ան կը ներառէ այն ամբողջ համակարգը, որուն մէջ պետութիւն մը կամ կազմակերպութիւն մը կը գործէ՝ ուժերու դասաւորումը, դերակատարներու նպատակները, դաշինքները, մրցակցութիւնները, սահմանափակումները, փոփոխուող պայմանները եւ ապագայի հաւանական զարգացումները։ Այս իմաստով, Read the Field-ը կը նշանակէ ոչ միայն տեսնել առկայ իրադարձութիւնները, այլ հասկնալ անոնց ետին գործող կառուցուածքային ուժերը։

Ինչպէս Read the Room-ը, Read the Field-ը նոյնպէս նորաստեղծ լեզուական դարձուածք մը չէ, որ ունի հաստատուած հեղինակ կամ տեսական դպրոց։ Սակայն ան կը ներկայացնէ ռազմավարական մտածողութեան մէջ արմատացած սկզբունք մը՝ ըստ որուն ճիշդ գործողութիւնը կը սկսի ոչ թէ անմիջական արձագանգէն, այլ իրավիճակի ամբողջական գնահատումէն։ Պետութիւնը կամ կազմակերպութիւնը, որ կը գործէ առանց իր միջավայրը ճիշդ հասկնալու, կը վտանգէ իր նպատակները, որովհետեւ որոշումները կը կառուցէ ոչ թէ իրականութեան, այլ իրականութեան մասին իր ունեցած պատկերացման վրայ։

Միջազգային քաղաքականութեան մէջ այս տարբերութիւնը վճռական է։ Պետութիւնները չեն գործեր մեկուսացած միջավայրի մէջ։ Անոնք կը գտնուին փոխկապակցուած համակարգի մը մէջ, ուր իւրաքանչիւր քայլ կրնայ ունենալ բազմաշերտ հետեւանքներ, իսկ արտաքին միջավայրն ալ շարունակաբար կը փոխէ իր ազդեցութիւնը։ Հետեւաբար, քաղաքական իմաստութիւնը միայն սեփական նպատակներու սահմանումը չէ, այլ նաեւ այն դաշտին խորքային ըմբռնումը, ուր այդ նպատակները պիտի հետապնդուին։

Պետութիւնը, որ անկարող է «կարդալ դաշտը», կրնայ սկսիլ առաջնորդուիլ ենթադրութիւններով, ցանկութիւններով կամ անցեալի փորձառութիւններու վրայ հիմնուած պատկերացումներով՝ փոխանակ ներկայ իրականութեան փոփոխութիւնները գնահատելու։ Նման ռազմավարական կուրութիւնը կրնայ պատճառ դառնալ սխալ հաշուարկներու, անարդիւնաւէտ դիւանագիտութեան, անվտանգային ձախողումներու եւ երկարաժամկէտ ազգային վնասներու։

Հայաստանի պարագային, 2020-ի Քառասունչորսօրեայ պատերազմը կարելի է դիտարկել նաեւ այս տեսանկիւնէն։ Խնդիրը միայն ռազմական ուժերու համեմատութիւնը չէր, այլ նաեւ այն ռազմավարական պատկերացումը, որով տարիներ շարունակ գնահատուած էր տարածաշրջանային անվտանգային միջավայրը։ Տարածաշրջանային ուժային հաւասարակշռութիւններու փոփոխութիւնները, Ազրպէյճանի ռազմական կարողութիւններու զարգացումը, Թուրքիոյ աճող ներգրաւուածութիւնը եւ միջազգային միջավայրի վերադասաւորումները գոյութիւն ունեցող ազդանշաններ էին, որոնք կը պահանջէին աւելի խորքային եւ համապարփակ ընթերցում։

Երբ ռազմավարական դաշտի մասին գոյութիւն ունեցող պատկերացումը կը տարբերի իրական դաշտէն, պետութիւնը կը դառնայ խոցելի։ Այս տարբերութիւնը՝ ենթադրութիւններու եւ իրականութեան միջեւ, կրնայ ստեղծել այնպիսի իրավիճակ մը, ուր որոշումները կը կայացուին արդէն փոխուած աշխարհի մը համար՝ հիմնուելով ժամանակավրէպ դարձած տրամաբանութիւններու վրայ։ Այս իմաստով, 2020-ի փորձառութիւնը ցոյց կու տայ, թէ ազգային անվտանգութիւնը կախեալ չէ միայն հակառակորդի ուժէն կամ սեփական միջոցներէն, այլ նաեւ սեփական ռազմավարական ընկալման ճշգրտութենէն։

Հետեւաբար, Read the Field-ը պարզ վերլուծական կարողութիւն մը չէ։ Ան պետական իմաստութեան, ռազմավարական հեռատեսութեան եւ ազգային անվտանգութեան հիմնական նախապայմաններէն մէկն է։ Պետութիւնը պէտք է ոչ միայն հարցնէ՝ «ի՞նչ կ’ուզենք ընել», այլ նաեւ՝ «ի՞նչ դաշտի մէջ կ’ընենք զայն, ո՞վքեր են այդ դաշտի դերակատարները, եւ ինչպէ՞ս կրնայ դաշտը փոխուիլ մեր գործողութիւններէն կամ անկախ մեր գործողութիւններէն»։

Դաշտը որպէս կենդանի համակարգ եւ Սփիւռքի ռազմավարական մարտահրաւէրը

Read the Field հասկացութեան խորքային իմաստը աւելի ամբողջական կը դառնայ, երբ դիտարկենք թէ ժամանակակից ընկերային եւ քաղաքական համակարգերը գծային կառոյցներ չեն, ուր պատճառներն ու հետեւանքները միշտ պարզ եւ ուղղակի կապով կը յառաջանան։ Անոնք փոխկապակցուած, բազմաշերտ եւ մշտապէս փոփոխուող համակարգեր են, ուր փոքր փոփոխութիւն մը կրնայ ունենալ լայնածաւալ հետեւանքներ, իսկ տեսանելի իրադարձութիւններու ետին կրնան գործել խորքային գործընթացներ։

Այսպիսի միջավայրի մէջ իրականութիւնը հասկնալը կը պահանջէ աւելի քան առանձին փաստերու հաւաքում։ Ան կը պահանջէ տեսնել ամբողջ պատկերը՝ նկատի առնելով դերակատարներու փոխազդեցութիւնները, շահերու բախումները, յետադարձ կապերը, անորոշութիւնները եւ յառաջացող գործընթացները։ Այս իմաստով, «դաշտը» միայն աշխարհագրական կամ քաղաքական տարածք մը չէ։ Ան փոխյարաբերութիւններու, ազդեցութիւններու եւ շարունակական փոխակերպումներու կենդանի համակարգ մըն է։

Այստեղ է, որ Read the Field սկզբունքը կը ստանայ իր ամբողջական խորութիւնը։ Դաշտը կարդալ չի նշանակեր միայն գիտնալ, թէ ո՞վ ինչ ուժ ունի այսօր, այլ հասկնալ, թէ այդ ուժերը ինչպէ՞ս կը փոխուին, ինչպիսի՞ նոր յարաբերութիւններ կրնան ձեւաւորուիլ եւ ի՞նչ անտեսանելի գործընթացներ կրնան ապագայի ընթացքը փոխել։ Այս պատճառով ռազմավարական մտածողութիւնը միշտ ունի նաեւ ապագայամէտ բնոյթ, որ կը պահանջէ ոչ միայն ներկայ իրավիճակի գնահատում, այլ նաեւ հաւանական զարգացումներու պատկերացում։

Այս սկզբունքը առանձնայատուկ նշանակութիւն ունի Հայ Սփիւռքի կազմակերպական իրականութեան մէջ։ Սփիւռքի կազմակերպութիւնները կը գործեն այնպիսի միջավայրի մը մէջ, որ վերջին տասնամեակներուն արմատական փոփոխութիւններու ենթարկուած է։ Փոխուած են համայնքներու ժողովրդագրական կառուցուածքները, սերունդներու կապերը, հաղորդակցութեան ձեւերը, ազգային ինքնութեան արտայայտութիւնները եւ Հայաստանի ու Սփիւռքի փոխյարաբերութիւններու բնոյթը։

Այս պայմաններուն մէջ կազմակերպութիւն մը կամ առաջնորդ մը, որ կը շարունակէ գործել միայն անցեալի փորձառութիւններու եւ հաստատուած ենթադրութիւններու հիման վրայ, կրնայ աստիճանաբար հեռանալ իրական դաշտէն։ Ան կրնայ շարունակել խօսիլ «երէկուան սենեակին» հետ, մինչդեռ «իրական սենեակը» արդէն փոխուած է։ Այդ պարագային խնդիրը միայն հաղորդակցութեան ազդեցութեան նուազումը չէ, այլ կազմակերպութեան հասարակական նշանակութեան եւ վստահութեան աստիճանական կորուստը։

Սփիւռքի պարագային Read the Field-ը կը նշանակէ կարողութիւն ունենալ տեսնելու ոչ միայն կազմակերպութեան ներքին վիճակը, այլ նաեւ այն լայն միջավայրը, ուր ան կը գործէ։ Անիկա կը պահանջէ հասկնալ նոր սերունդներու ակնկալութիւնները, համայնքային փոփոխութիւնները, Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու նոր իրողութիւնները, միջազգային միջավայրի վերափոխումները եւ այն նոր մարտահրաւէրները, որոնք կը ձեւաւորեն հայկական ինքնութեան ապագան։

Այս իմաստով, ապագայամէտ առաջնորդութիւնը չի կրնար հիմնուիլ միայն անցեալի ձեռքբերումներու պահպանման վրայ։ Ան պէտք է հիմնուի իրականութիւնը շարունակաբար վերագնահատելու, նոր ազդանշանները նկատելու եւ անհրաժեշտ փոփոխութիւնները ժամանակին կատարելու կարողութեան վրայ։ Դաշտը կարդալը կը նշանակէ ոչ թէ հրաժարիլ անցեալէն, այլ հասկնալ, թէ անցեալի արժէքները ինչպէ՛ս կարելի է վերածել ապագայի կենսունակ ուժի։

Հետեւաբար, Read the Room-ը եւ անոր քաղաքական-ռազմավարական ընդլայնումը՝ Read the Field-ը, պէտք չէ դիտել որպէս պարզ լեզուական արտայայտութիւններ։ Անոնք ռազմավարական մտածողութեան երկու փոխկապակցուած սկզբունքներ են, որոնք կը պահանջեն դիտարկում, համատեքստային ըմբռնում, ճանաչողական խոնարհութիւն եւ իրականութեան բազմակողմանի գնահատում։

Նախքան խօսիլը, առաջնորդելը կամ որոշում կայացնելը՝ պէտք է հասկնալ այն միջավայրը, լսարանը, մարդիկը եւ դաշտը, որոնց մէջ պիտի գործես։ Որովհետեւ իրականութեան սխալ ընթերցումը շատ աւելի վտանգաւոր է, քան սխալ որոշումը։ Սխալ որոշումը երբեմն կարելի է ուղղել, իսկ սխալ ընկալուած իրականութեան վրայ կառուցուած քաղաքականութիւնը, առաջնորդութիւնը կամ կազմակերպական ռազմավարութիւնը կրնայ առաջնորդել հեղինակազրկման, ռազմավարական ձախողումներու եւ երբեմն ալ՝ պատմական ծանր հետեւանքներու։

Վերջապէս, իմաստուն խօսքը չի սկսիր բառերէն, այլ՝ լսարանի եւ միջավայրի ընկալումէն։ Իմաստուն առաջնորդութիւնը չի սկսիր հրահանգներէ, այլ՝ համակարգի ընթերցումէն։ Իսկ իմաստուն պետականութիւնը չի սկսիր գործողութենէն, այլ՝ այն աշխարհի խորքային ըմբռնումէն, ուր այդ գործողութիւնը պիտի կատարուի։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button