Յօդուածներ

ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՇՈՒՐՋ

Թուրքիոյ Զինուորական Գերագոյն Խորհուրդը 25 զօրավարներու եւ ծովակալներու շնորհեց աստիճանի բարձրացումներ, իսկ 69 գնդապետներու ալ շնորհեց զօրավարի եւ ծովակալի աստիճաններ։

Խորհուրդը նաեւ 24 զօրավարներու պաշտօնավարութեան ժամանակաշրջանը մէկ տարիով, իսկ 530 գնդապետներու պաշտօնավարութիւնը երկու տարիով երկարաձգեց, Մինչ երկու զօրավարներ հանգստեան կոչուեցան։ Միւս կողմէ 61 զօրավարներ եւ ծովակալներ հանգստեան կոչուեցան, որովհետեւ իրենց համար թափուր պաշտօններ չկան։

Ծովուժի հրամանատար ծովակալ Էրճումենթ Թաթլիօղլուի պաշտօնավարութիւնը մէկ տարիով երկարաձգուեցաւ, իսկ հանգստեան կոչուեցաւ օդուժի հրամանատար զօրավար Զիա Ճեմալ Քատիօղլու, որուն փոխարինեց զօրավար զօրավար Ռաֆէթ Տալքիրան։

Զինուորական Գերագոյն Խորհուրդին նիստին աւարտին, ընդունուած աւանդութեան համաձայն, Էրտողան եւ խորհուրդին անդամները այցելեցին Աթաթուրքի հոյադամբարանը, ուր ծաղկեպսակ զետեղեցին։ Էրտողան՝ իշխանութեան հասնելէն ի վեր, հազուադէպօրէն կ՛այցելէ Աթաթուրքի հոյադամբարանը, ինչ որ զայն քննադատութիւններու թիրախ դարձուցած է։

*

  Թրքական «Հաւելսան» ընկերութիւնը օդուժի տեղեկատուական կառավարման եւ ղեկավարման համակարգի ծիրին մէջ մշակուած շարք մը կարեւորագոյն սարքեր փոխանցած է Ատրպէյճանի։

Advertisement Subscribe Today

Համակարգը մշակուած է համարկուած թուային պայմաններու մէջ օդուժի գործողութիւններու ծրարման, գործադրութեան, հսկողութեան եւ գնահատման աջակցելու համար, ինչպէս նաեւ՝ ապահովելու օդուժի գործողութիւններու աւելի արդիւնաւէտ կառավարում մը։

Թուրքիա եւ Ատրպէյճան աշխատանք կը տանին, որպէսզի ապահովեն  թուային միացեալ ճարտարապետութեան մէջ ղեկավարման առաքելութիւններու համարկումը, որ նշանակալիօրէն կը բարձրացնէ ծրագրումներու եւ գործողութիւններու արագօրէն կատարման ճշգրտութիւնն ու արդիւնաւէտութիւնը։

*

Թուրք ճարտարագէտ Քորայ Քաւուքճիօղլու նշանակուեցաւ «Կուկըլ»-ի արհեստական բանականութեան «ՏիփՄայնտ» ընկերութեան փոխ տնօրէն։

Քաւուքճիօղլու կը գործէր իբրեւ ընկերութեան արհեստագիտութեան գլխաւոր պաշտօնեան եւ Կուկըլի Արհեստական Բանականութեան գլխաւոր մասնագէտն է։ Ան այսուհետեւ ուղղակի պիտի տեղեկագրէ «Կուկըլ»-ի եւ «Ալֆապեթ»-ի ընդհանուր տնօրէն Սունտար Փիչայի։

Քաւուքճիօղլուի նոր պարտականութիւնն է հսկել արհեստական բանականութեան Ճեմինի նախատիպին եւ համանուն «Էփփ»-ին, ինչպէս նաեւ պիտի ղեկավարէ ներդրողներու հետ գործող խումբերուն աշխատանքը։

*

Թուրքիոյ զբօսաշրջութեան մարզին եկամուտը՝ ընթացիկ տարուան առաջին կիսամեակին համար, 25.75 միլիառ տոլար է։ Իսկ ինչ կը վերաբերի զբօսաշրջիկներուն թիւին, ապա Թրքական Վիճակագրական Հիմնարկին հրապարակած թիւին համաձայն, 2.7 առ հարիւրի նահանջ արձանագրուած է՝ բաղդատած անցեալ տարուան թիւին հետ։ Այս տարուան առաջին վեց ամիսներուն ընթացքին 24.84 միլիոն զբօսաշրջիկներ Թուրքիա այցելած են։

Ելեւմուտքի նախարար Մեհմէտ Շիմշէքի համաձայն, 2026ին զբօսաշրջութեան մարզին ընդհանուր եկամուտը կրնայ մինչեւ 65 միլիառ տոլարի հասնիլ։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button