Լրահոս

Կիսասարկաւագական Ձեռնադրութիւն Զմմառու Մայրավանքին Մէջ 

Նախագահութեամբ Եւ Օրհնութեամբ` Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարք` Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Հայրապետի

Նուիրումի եւ հոգեւոր ուրախութեան նոր հանգրուան`
Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան պատմական մայրավանքը դարձեալ հոգեւոր մեծ բերկրանքի եւ օրհնութեան թատերաբեմ դարձաւ:
Շաբաթ, 8 Օգոստոսի, երեկոյեան, Զմմառու “Փոխման Ս.Կուսին” մայր եկեղեցւոյ կամարներուն ներքոյ, տեղի ունեցաւ կիսասարկաւագական հանդիսաւոր ձեռնադրութիւն` միաբանութեան հայրերու, դպրեվանքի սաներու, ձեռնադրեալներու ծնողներու եւ հաւատացեալներու ներկայութեամբ:
Երեկոյեան ժամերգութեան աւարտին`
Ձեռամբ` Ամեն. եւ Գերերջ.հոգեւոր Տիրոջ` Կիսասարկաւագութեան ձեռնադրութիւն ստացան Ս.Իգնատիոս Մալոյեան դպրեվանքի արժանաւոր ժառանգաւորներ՝ Յովիկ Գոյունեան, Յակոբ Ժամկոչեան եւ Աբրահամ Իսահակեան:
Արարողութեան ընթացքին, ձեռնադրիչ հայրապետը ձեռնադրեալներուն իրաւունք տուաւ մասնակցելու եկեղեցական արարողութիւններուն, Ս. Գիրքէն ընթերցումներ կատարելու եւ Ս. Խորանին սպասարկող սարկաւագներուն եւ քահանաներուն աջակցելու:
Հոգեւոր Տէրը իր սրտի խօսքը փոխանցելով կիսասարկաւագներուն, ըսաւ “Այս նուիրական աստիճանը կարեւոր նախապատրաստական հանգրուան մըն է դէպի սարկաւագական ապա՝ քահանայական բարձրագոյն ծառայութեան:
Ձեզի կը մնայ սոյն նուիրական ձեռնադրութիւնը անաղատ եւ անեղծ պահելով` հասնիլ քահանայութեան եւ ծառայել Ս.Խորանին”։
Հոգեպարար արարողութենէն ետք` Ս. Իգնատիոս Մալոյեան դպրեվանքի եւ Ս. Միքայէլ ընծայարանի սեղանատան մէջ` տեղի ունեցաւ եղբայրական հացկերոյթ` ի պատիւ նորօծ կիսասարկաւագներուն` որոնք
մեծաւոր հօր, ժառանգաւորաց տեսուչ` Գեր.Հ.Կարապետ Վրդ. Գլընճեանի եւ Զմմառու մայրավանքի վարչական հայրերուն հետ միասնաբար` բեկանեցին օրուան կարկանդակը, ուր
Գերպծռ. Մաշտոց Թ.Ծ.Վ. Զահթէրեան իր խրատական պատգամը ուղղեց միաբանակից կիսասարկաւագներուն, ըսելով` “Ձեռնադրութիւնը հոգեւոր ճանապարհի վսեմ հանգրուան մըն է, որ կը պահանջէ մշտական աչալրջութիւն, մտքի եւ հոգիի լարում եւ խորին պատասխանատուութիւն՝ դիմակայելու եւ վերահսկելու` ձեր կոչմանը դէմ հիւսուած որոգայթները”:
Ապա հետեւեալ հիմնական պատուիրանները յորդորեց
“1-Զգուշութիւն՝ իւրաքանչիւր քայլի եւ որոշումի նկատմամբ:
2-Զգօնութիւն` եկեղեցւոյ եւ նուիրական ծառայութեան մէջ տեղ գտնող որեւէ անհոգութեան դէմ:
3-Հսկողութիւն՝ շրջահայեաց, օրինակելի եւ խոնարհ վերաբերմունք շրջապատի հանդէպ:
4-Նուիրում՝ ձեզի վստահուած պարտականութիւններն ու պարտաւորութիւնները կատարելու մէջ, որոնք կը թելադրեն`
ամենայն բծախնդրութեամբ եւ հաւատարմութեամբ կատարել”:
Մեծաւոր Հայրը իր խօսքը եզրափակեց ջերմօրէն շնորհաւորելով ձեռնադրեալները, անոնց ծնողներն ու միաբանութեան ողջ հայրերը:
Ներկաները իրենց սրտագին բարեմաղթանքներն ու շնորհաւորանքները փոխանցեցին կիսասարկաւագներուն` մաղթելով անոնց արդիւնաշատ ընթացք եւ աստուածային իմաստութիւն` դէպի քահանայական Ս. օծում առաջնորդող իրենց նուիրական ճանապարհին վրայ:
Յիշատակի լուսանկարով աւարտին հասաւ ձեռնադրութիւնը։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button