Յօդուածներ

ՀԱՅՐԵՆԻ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՍՈՒՐԲ ՍՏԵՓԱՆՈՍ ԱՄԵՆՕՐԵԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆ

 Յատուկ հաղորդագրութեամբ մը, կը տեղեկանանք թէ Ուաթըրթաունի (Մասաչուսէց) Ամենօրեայ Սուրբ Ստեփանոս վարժարան այցելած է Հ.Հ. պատուիրակութիւն մը, որ կը բաղկանար Արտաքին Գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանէ, Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանէ եւ Ուաշինկթընի մօտ, դեսպան` Թաթուլ Մարգարեանէ: Այս պատուիրակութեան կ՛ընկերակցէին Ա.Մ.Ն. Արեւելեան Շրջանի Առաջնորդներ` Օշական Արք. Չօլոյեան (Մեծի Տանն Կիլիկիոյ), Խաժակ Արք. Պարսամեան (Ամէնայն Հայոց), տեղւոյն Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցւոյ Տէր Հայր Անդրանիկ Պալճեան եւ մօտակայ շրջաններէն ժամանած այլ հովիւներ:

Այցելողներու շարքին էին նաեւ, Պոսթընի “Ժառանգութեան Այգի“ի պատասխանատուները, որոնց կարգին` Ճէյմս Գալուստեան: Նշենք թէ, նոյն օր առաւօտեան պատշաճօրէն կատարուած էր բացման հանդիսութիւն, եւ այդ պատճառով ժամանած էր հայրենի պատուիրակութիւնը:

Աշակերտները մեծ խանդավառութեամբ եւ եռագոյն դրօշ ծածանելով դիմաւորեցին հիւր պատուիրակութիւնը:

Տնօրէնուհի Հուրի Պոյամեան խօսք առնելով, առաջին հերթին բարի գալուստ մաղթեց, ապա տեղեկութիւններ փոխանցեց այս կրթօճախին մասին: Ան անդրադարձաւ հիմնադրութեան առաջին օրերէն ցայսօր կատարուած իրագործումներուն մասին:

Ապա բեմ բարձրացան աշակերտները, եւ ներկայացուցին գեղարուեստական ճոխ յայտագիր մը:

Արտաքին Գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան քանի մը խօսք փոխանցեց, շնորհաւորելով աշակերտները, ուսուցչական կազմն ու տնօրէնութիւնը: Նաեւ, խօսք առին Առաջնորդներ Օշական Արք. Չօլոյեան եւ Խաժակ Արք. Պարսամեան, որոնք իրենց կարգին նշեցին թէ հայեցի կրթութիւնը կը մնայ ամէն բանէ վեր: Անոնք գոհունակութեամբ արտայայտուեցան աշակերտներուն եւ անոնց հրամցուցած գեղարուեստական յայտագրին մասին:

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button