ԵՐԵՒԱՆ, “Արմէնփրէս“, “Երկիր“.- Երեքշաբթի, Մայիս 29ին, Հ.Հ. նախագահ Սերժ Սարգսեան պատուեց թուրք գրող, հրապարակախօս Ռակըպ Զարաքօլուն, Հայոց Ցեղասպանութեան պատմական ճշմարտութեան մասին թուրք հասարակութեան ճշմարտութիւնը փոխանցելու, խօսքի ազատութեան եւ մարդու իրաւունքները յարգելու համար մղուած հետեւողական պայքարին համար:
Հայաստանի նախագահի 2011 թուականի մրցանակին արժանացաւ նաեւ ազգագրագէտ Յարութիւն Մարութեանը` Հայոց Ցեղասպանութեան յիշողութեան շարունակականութեան երեւոյթի, Մեծ Եղեռնի եւ Ղարաբաղեան շարժման միջեւ եղած աղերսներուն կապակցութեամբ անոր իրականացուցած հետազօտութեան համար:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան բարձր գնահատեց Զարաքօլուին կատարած աշխատանքը եւ նշեց, որ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գործով Թուրքիոյ քաղաքացի Զարաքօլուի գործունէութիւնը բացառիկ առաքելութիւն է:
“Նրա մղած պայքարը խիզախութեան փայլուն օրինակ է“, ըսաւ նախագահը:
Զարաքօլու, իր կարգին, շնորհակալութիւն յայտնեց մրցանակին համար եւ նշեց, որ այդ տիտղոսը, իրեն համար առանձնայատուկ նշանակութիւն ունի:
Ըստ անոր` հայերուն հեռացումէն ետք Անատոլիան կորսնցուցած է իր հոգին ու վերածուած է տափաստանային գաղութի, որ պատմութենէ զուրկ է: Անոր համաձայն` Անատոլիոյ տարածքները, որոնք ժամանակին կեանքով լեցուն էին, այժմ վերածուած են հնագիտական պեղումներու վայրերու, իսկ ամենացաւալին այն է, որ Անատոլիոյ մէջ մարդաթափութեան գործընթացը այսօր իսկ կը շարունակուի:
Անոր գնահատումով` Անատոլիոյ մէջ հայերու հազարաւոր տարիներու գոյութիւնը ժխտելը ու հայկական անունները աշխարհագրութենէն ջնջելը Հայոց Ցեղասպանութեան շարունակութեան արտառոց օրինակ է:
“Անատոլիան կը կարօտնայ իր անհետացած հայ զաւակներուն:…Թուրքիան կուրացած է, ականջները խուլցած են: Երկիրս վերածուած է յամրերու գերեզմանոցի“, ըսաւ ան եւ ցաւով նշեց, թէ հազարաւոր տարիներու եղբայրութիւնը, պատմութիւնն ու մշակոյթը մէկ վայրկեանի մէջ անխղճօրէն ջնջուեցան թուրքերու կողմէ: Ան աւելցուց թէ կը մօտենայ Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակը, եւ դեռ յանցաւորը կը սպասէ խիղճի պարտքը յայտնելու: 1915ին իրագործուած Հայոց Ցեղասպանութեան, անոր հետեւած կործանիչ քաղաքականութիւններու ճանաչումն ու ներողութիւնը պարտադիր նախապայման է` Թուրքիոյ մէջ ժողովրդավարական հասարակութիւն կառուցելու համար“, աւելցուց Զարաքօլու` շեշտելով, որ Թուրքիան պէ՛տք է ընդունի պատմական ճշմարտութիւնը, որովհետեւ միայն այդ ճանապարհով պիտի կարենայ վերականգնել իրեն նկատմամբ յարգանքը: