ԴԱՏԷՆ ԱՒԵԼԻ ԱՆԴԻՆ

0 0
Read Time:1 Minute, 16 Second

 Հայ Դատն ու իր երկարամեայ տարիներու վրայ կատարած եւ կատարելիք աշխատանքը լուսարձակի վրայ է այս շաբաթավերջին:

Ամբողջ օր մը տրամադրուած է այս սուրբ կառոյցին համար դրամարշաւ կատարելու:

Արագ մը թերթատելով անցեալ քանի մը տասնամեակներու էջերը, կարելի է նկատել թէ որքա՜ն աշխատանք տարած են Հայ Դատի զանազան գրասենեակները, աշխարհի զանազան գաղթօճախներէն ներս:

Այսպէս, տարասփիւռ հայ զանգուածներուն ինքնուրոյն դիմագիծի, նկարագրի, ինքնութեան եւ արդար դատի պաշտպանութեան եւ դեռ հատուցման կռուան, որպէս ամրոց գործի լծուած է այս սուրբ հիմնարկը:

Հայ Դատ հասկացողութիւնը շարունակ վերարժեւորման եւ վերաորակման ենթարկուած է, ամենուրէք իր հովանիին տակ գտնուող գրասենեակները վերածելով արդիւնաբեր եւ զօրեղ կառոյցներու:

Ծառայել Հայ Դատին, կը նշանակէ լաւապէս դաստիարակուիլ, թրծուիլ եւ պայքարիլ յաչս ազգին. ազգութեան, հայրենիքին, անոր պատմութեան: Պատմութիւն մը, որուն մութ էջերը կարիքն ունին վերատեսութեան Հայոց Ցեղասպանութեան …արդար  եւ պատշաճ ճանաչման:

Գոյութեան համար…գոյութենական կառոյց մըն է…բնագաւառ մը` Հայ Դատը, որու մէկ իւրայատուկ օրն է այս Կիրակին:

Նախապէս հայրենազուրկ, անտէր եւ անտիրական, ապա այդ բարդոյթէն ձերբազատուած, Հայ Դատին գործունէութեան դաշտը..միշտ ալ մնաց անծայրածիր:

Իր կատարած աշխատանքին եւ ստեղծած աւանդին համար, ո՛չ թէ միայն ակնածանքի առարկայ է Հայ Դատը, այլ նաեւ յարգանքի տուրքի:

Այո՛…բառին բուն իմաստով տուրք ունինք տալիք…լումա ունինք փոխանցելիք, իբրեւ ձօն, յարգանք, երախտագիտութիւն:

Հայութեան եւ անոր արդար պահանջներուն համար ժրաջան աշխատանք տանող, սոսկ ազգային կառոյց մը չէ Հայ Դատը, այլ առաքելութիւն մը…սուրբ առաքելութիւն մը, որ կը կարօտի հետեւողական աշխատանքի եւ անհրաժեշտօրէն կը պահէ ազգային, քաղաքական եւ ընկերային միաձոյլութիւն մը, մի՛շտ անվհատ եւ մի՛շտ անսասան:

Զանգը հնչած է նեցուկ կանգնելու կամքի՛ն, հաւատքի՛ն, հպարտութե՛ան…    ՀԱ՛Յ ԴԱՏին:

 

ՀԱՅՐԵՆԻՔ

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles