ՊԱՆԴՈ՞ՒԽՏ ԹԷ ԳԱՂԹԱԿԱՆ

0 0
Read Time:6 Minute, 16 Second

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Մեր լեզուի գանձարանին մէջ ունինք երկու բառեր` պանդուխտ եւ գաղթական, որոնք ըստ բառարաններու` նոյնիմաստ են եւ կը նշանակեն օտարական, վտարանդի: Սակայն եթէ պահ մը անցնինք բառարանային իմաստէն անդին ու զանոնք լուսարձակի տակ բերենք մեր հին ու նոր պատմութեանց պարունակին մէջ, պիտի նկատենք, թէ անոնց միջեւ կայ նրբերանգայինէն անդին անցնող, քաղաքական խորք ունեցող տարբերութիւն:

Մեր նպատակը լեզուագիտական մարզանք չէ, այլ ի յայտ բերել այս բառերուն տարբերութենէն բխող ողբերգական վիճակներ:

Եթէ պեղենք մեր գրականութիւնը, ու ճամբորդենք կանուխ միջնադարէն մինչեւ 19-20րդ դարերը, հայրեններէն մինչեւ նորագոյն բանաստեղծութիւններ, պատմուածքներ ու նմանօրինակ գրական արտայայտութիւններ` ՊԱՆԴՈՒԽՏ բառին ներշնչած են հետեւեալ իմաստը. անձ մը, որ կեանքի-ապրուստի պայմաններու դժուարութեանց բերումով, կը ստիպուի պանդուխտ դառնալ (ասկէ` “պանդուխտի ցուպը ձեռք առնել“ ըսելու ձեւը), ի՛նք կ՛որոշէ հեռանալ հայրենի տունէն, գիւղէն, քաղաքէն, ընտանիքին օրապահիկը ապահովելու համար ԺԱՄԱՆԱԿԱՒՈՐԱՊԷՍ հաստատուիլ հեռաւոր երկիր մը, քաղաք մը. երկուստեք, այսինքն` հեռացողին ու տունը մնացողին աչքերն ու հոգիները իրարու կը յառին, սպասում ու յոյս ունին, որ պանդխտութիւնը երկար չտեւէ, գացողը շուտով վերադառնայ` նիւթական բարեկեցութեան միջոցներ բերելով: Գրական ստեղծագործութիւններուն մէջ առաւելաբար վեր կ՛առնուին ողբերգական, յուզիչ պարագաներ. գացողը ստիպուած կ՛ըլլայ իր նախատեսածէն շատ աւելի երկար մնալու պանդխտութեան մէջ, բախտաւոր պարագային` նորածին մը պատանութեան կամ երիտասարդութեան սեմին կը ծանօթանայ իր հօր (իր կարգին շուտով հետեւելու հօրը օրինակին), երիտասարդ կինը կը դառնայ ալեհեր` սպասելով ամուսնոյն վերադարձին, ալեհեռ մայր մը զաւկին նամակ կը գրէ “Ո՜վ իմ որդեակս պանդուխտ, դեռ մինչեւ երբ օրերդ օտար լուսնի պիտի անցնին ու ոտքերդ պիտի չսեղմեմ տաք ափիս մէջ“ բառերով (ոչ բառացի մէջբերում Վարուժանէն), իսկ դժբախտութեան պարագային, պանդուխտը աշխարհէն կը հեռանայ հիւանդութեան, ծանր աշխատանքի կամ սպանութեան ու այլ դաժան պատահարներու հետեւանքով, տունը մնացողը երկար ատեն լուր իսկ չ՛ունենար կորուստին մասին…:

ԳԱՂԹԱԿԱՆը ստեղծուած է ու կը ստեղծուի քիչ մը տարբեր պայմաններու տակ. գաղթողը առաւելաբար բռնարարքի կամ նման հարկադրանքի հետեւանքով կը հեռանայ հայրենի օճախէն ու հողէն, առանց մեծ յոյս կամ մտածում ունենալով վերադառնալու մասին, անկախ այն իրողութենէն, որ ան ալ, պանդուխտին պէս, միշտ աչքն ու հոգին կապուած կը պահէ ետին ձգուածին` հարազատներու, բարեկամներու, ընկերներու: Ուշագրաւ է, որ բռնագաղթ բարդ բառը հիմնուած է գաղթականի արմատին վրայ ու որեւէ ձեւով չ՛աղերսուիր պանդուխտ արմատին հետ…

 

***

          Պանդուխտ կամ գաղթական դառնալը նոր կամ իւրայատուկ վիճակ չէ մեզի` հայերուս համար, թէեւ իրաւունք ունինք այսօրուան հոսանքներուն թելադրած հայեցակէտով լուսարձակի տակ բերելու անոնց բացասական եւ ողբերգական հետեւանքները:

Հայ պանդուխտին համար, ուղեւորութեան հասցէները դարերու ընթացքին աշխարհագրական գօտի փոխած են ու կարկինը հետզհետէ լայն բացուած է: Եթէ նախընթաց դարերուն, Հայաստանէն ու Կիլիկիայէն պանդխտութեան ցուպը ձեռք առնողներ կ՛երթային Պոլիս, թրքական կամ ռուսական (եւ այլ մերձակայ երկիրներու) ծովեզերեայ քաղաքներ կամ առեւտրական-արհեստներու կեդրոններ, համեմատաբար նուազ չափով` Եւրոպա կամ աւելի հեռաւոր շրջաններ (Պարսկաստանէն դէպի Հնդկաստան ու արեւելեան այլ երկիրներ տարածումը այլապէս իր իւրայատուկ պատմութիւնը ունի), աւելի ուշ, վերջին երկու դարերուն, պանդուխտները հասան նաեւ Միացեալ Նահանգներ ու Նոր Ցամաքամասի այլ շրջաններ, բայց նաեւ Արաբական Ծոցի երկիրներ. սկզբնական շրջանին, այդ երկրամասները գացողներ չունէին հոն վերջնական կայք հաստատելու որոշում (խօսքը մեծամասնութեան մասին է): Ամերիկեան ցամաքամաս հասնողներ տունդարձի տրամադրութեամբ դիմած էին հոն. յետոյ, Ցեղասպանութեան ու բռնագաղթի հետեւանքով, տեղի ունեցաւ կամուրջներու քանդում ու պանդուխտները “բանտարկուեցան“ այդ երկիրներուն մէջ, վերածուեցան գաղթականի: Ա. Աշխարհամարտի վերջին տարիներուն, Ամերիկա կամ այլ հեռաւոր երկիրներ աշխատանքի գացած երիտասարդներու Կամաւորական Շարժումին կամ ֆրանսական բանակի “Օտարականներու Զօրամասեր“ուն միացումը մէկ արտայայտութիւնն էր պանդխտողի անոնց հոգեվիճակին: Աւելի ուշ, Բ. Աշխարհամարտէն ետք, միջին արեւելեան երկիրներէ դէպի Գերմանիա ու արաբական քարիւղի երկիրներ հասնողներն ալ վերադարձի տրամաբանութեամբ ճամբորդած էին, ու շատեր վերադարձան, մինչեւ այն օրերը, երբ յետ-Ցեղասպանութեան բնակավայր դարձած հայրենամերձ երկիրները ապրեցան քաղաքական-ապահովութեան ծանր վերիվայրումներ ու պանդուխտներէն շատեր անցան գաղթականի վիճակի: (Ծոցի երկիրներուն մէջ ալ ստեղծուեցան մնայուն գաղութներ):

Բռնագաղթի, այսինքն` բռնի կերպով ու ընդհանրապէս անվերադարձ հեռացումի երեւոյթ ալ նորութիւն չէ: Եթէ Մեծն Տիգրան հազուադէպ վիճակ ստեղծած է իր օրերուն, այլ ժողովուրդներէ զանգուածներ բռնի կերպով Հայաստան բնակելու բերելով, դարեր ետք, հակառակ ուղղութեամբ շարժումներ տեղի ունեցած է նոյնինքն հայ իշխաններու (աւատապետներու) որոշումով ու նախաձեռնութեամբ: Շահ Աբբասի կազմակերպած բռնագաղթէն աւելի քան հինգ-վեց դար առաջ, Հայաստանի վրայ Կեդրոնական  Ասիայէն վայրագ արշաւանքներու հետեւանքով, Վասպուրականէն ու մերձակայ նահանգներէ զանգուածային գաղթեր տեղի ունեցած են հայ իշխաններու առաջնորդութեամբ: Արեւելեան ու Արեւմտեան կայսրութեանց մրցակցութիւններէն “յոգնած“, եւ նորելուկ յարձակումներէն խուսափելու համար, բազմաթիւ հայ իշխաններ իրենց սեփական բերդերն ու շրջակայ կալուածները ՓՈԽԱՆԱԿԱԾ են բիւզանդական կայսրութեան մէջ գտնուող հողամասերու հետ, գացած են ու հոն հաստատուած, իրենց հետ բռնի կերպով տանելով իրենց հարկատու ժողովուրդը, տասնեակ հազարաւոր հայ գիւղացիներ ու արհեստաւորներ, զինուորներ…:

Աւելի ուշ դարաշրջաններու պատմական դէպքերուն չենք ուզեր անդրադառնալ մանրամասնօրէն: Միայն արձանագրենք, որ Ցեղասպանութեան ընկերացող բռնագաղթն ու մեր հայրենիքին մեծ մասին հայութենէ պարպումը այլապէս հազուադէպ պարագայ է մեր (ու համայն մարդկութեան) պատմութեան մէջ, անոնց բազմերես հետեւանքները կը կրենք, կ՛ապրինք մինչեւ այսօր: Իսկ վերջին տասնամեակներուն, հայրենամերձ հայօճախներէ գաղթի ալիքներու պատճառներն ու հետեւանքներն ալ ծանօթ են, անոնց մէջ դրական երեւոյթներ ու արդիւնք փնտռողը… ձեռնունայն չի մնար:

 

***

Պանդուխտ եւ գաղթական հասկացութիւններուն ու անոնց տարբերութեան մասին վերոյիշեալ մտորումները կատարեցինք, ըսելու համար, որ այսօրուան մեր հայրենիքը, վերանկախացումէն կարճ ատեն մը ետք, դիմագրաւեց ու ցայսօր կ՛ապրի արտագաղթի տագնապ, սեփական հողն ու հայրենիքը լքելու հարկադրուած զանգուածներու հեռացումին պատճառով:

Հայաստանէն հեռացողներու շարքին, պանդխտելու տրամաբանութեան կը հետեւին միայն փոքրաթիւ անհատներ, իսկ հայրենադարձութեան տրամաբանութիւնը, որ վերանկախացման նախօրեակին ու առաջին տարիներուն բաւական տարածուն էր, շուտով մաշումի գնաց, որովհետեւ իրերայաջորդ իշխանութիւնները, սնանկ` պետութիւն կերտելու տրամաբանութենէն ու կառչած` իշխող, շահամոլութկեամբ տարուած իշխող ըլլալու թակարդին, ծուլացան (գործածելու համար մեղմ որակում մը) իրենց պատմական առաքելութեան մէջ:

Մեր ակնարկած ծուլութիւնը միայն մէկ փոքր պատճառն է Հայաստանի ու հայութեան դիմագրաւած նորագոյն ողբերգութեան, պատուհասին: Կայ աւելի ծանրը` ԳԱՂԹի իրերայաջորդ ալիքները, իբրեւ հետեւանք Հայաստանի ընկերային ու տնտեսական վիճակի անկումին, արագ նահանջին: Արտագաղթողներուն, այսինքն` ընդհանրապէս չվերադառնալու տրամադրութեամբ մեկնողներուն թիւը տարուէ տարի կը դառնայ աւելի ահաւոր ու ահազանգային, որովհետեւ այդ զանգուածները իրենք զիրենք կը գտնեն հայրենիքին մէջ տեղ ու ապագայ չունեցողի կօշիկներուն մէջ, կը հրապուրուին այլ երկիրներու մէջ հանգիստ կեանքի կարելիութիւններով: Մինչդեռ, իշխանութեան մը տարրական պարտականութիւնն է տանելի կեանքի պայմաններ ստեղծել, գործի ու արդար շահու միջոցներ ստեղծել երկրի զաւակներուն համար, ի՛նչ ասպարէզի ալ որ ծառայեն անոնք: Երկիր մը, ապրելու ու զարգանալու համար, պէտք  է ամէն ասպարէզի մէջ գործող հպատակներու, եւ ոչ միայն շահամոլներու եւ անոնց թողած փշրանքներէն կախեալ “դասակարգ“ներու:

Ճիշդ է, որ ամբողջ աշխարհը մատնուած է տնտեսական տագնապի (որուն մարդակերտ, շինծու բաժինը աղաղակող է ու կը կարօտի առանձին քննութեան), սակայն հայրենի պետութեան այսօրուան վարմունքը` պաշտօնական թէ ստուերային ոլորտներու մէջ մաֆիայի տրամաբանութեան տիրապետութիւնը մեծ բաժին ունի մեր ազգային ողբերգութեան մէջ, որ աղէտի համազօր է: Պետական վարչամեքենային անհակակշիռ չարաշահումը, իր “դաշտէն դուրս“ գտնուողներուն, մանաւանդ մտաւորականութեան պարտադրուած սեղմումները ստեղծած են այնպիսի վիճակներ, որոնք կը յիշեցնեն կանուխ միջնադարուն, հայրենի հողերը յունական կայսրութեան կարգ մը հողամասերով փոխանակող իշխաններու վարմունքը, այն տարբերութեամբ, որ անցեալին, հայրենիք լքող իշխաններ իրե՛նք կը պարտադրէին իրենց ճորտերուն, որ գաղթի ելլեն իշխանաւորներուն հետ, մինչդեռ այսօր, իշխանաւորները լծուած են հայրենիքը կուլ տալու մոլուցքի, գաղթի մղելով “անմարսելի“ ժողովուրդը…:

Ստեղծուած ու զարգացող տագնապը դիմակալելու եւ դարմանումի միջոցներ որոնելու համար, Հայաստան կը կարօտի հիմնայատակ բարեփոխումի, զարգացնելով ԱԶԳԱՅԻՆ ՊԵՏԱԿԱՆ մտածողութիւն, այսինքն` հայրենիքն ու ժողովուրդը արդար պայմաններու մէջ ու արդար շահերու ճամբով ապրեցնելու առաջնորդող քաղաքականութիւն: Նման բարեփոխութիւն իրագործելու համար, կարելի չէ բաւարարուիլ յառաջիկայ ընտրութիւններուն ապաւինելով, որովհետեւ նոյնինքն այսօրուան լծակներուն տէրերն են որ այլանդակ կիրարկում կ՛ընծայեն ժողովրդավարութեան:

Հայաստան եւ անոր հայող մեր ողջ ժողովուրդը կը կարօտին “Հայկական Գարուն“ի մը, որ չըլլայ նման` արաբական երկիրներու մէջ ծաւալած “գարուն“ին, որ շինծու էր իր շատ մը կիրարկումներով, շարժառիթներով ու ընդհանուր առմամբ գնաց դէպի վիժում, ընդվզումի նոր շարժումներու առջեւ նոր դուռներ բանալով (Եգիպտոսի երեսփոխանական ընտրութեանց նախօրեակին ծաւալած բողոքի արիւնալի երկրորդ շարժումը աղաղակող օրինակ էր): Կը կարօտինք “գարուն“ի մը, ուր պետութիւնը եւ երկրի կարողականութիւնները մենաշնորհի, սեփական գրպաններու գերի դարձնելու ընթացքը վերջ գտնէ, “գարուն“ մը, որ հայրենիքին ու ժողովուրդին համար բանայ իսկական անկախութեան, բարօրութեան ու զարգացման, ինքնաճանաչումի ու ինքնագիտակցութեան էջերը, հայաստանաբնակ թէ արտերկրի օճախներուն զաւակները կապէ հայրենի հողին:

“Գարուն“` որ եթէ վերջակէտ պիտի չդնէ ՊԱՆԴԽՏՈՒԹԵԱՆ, անպայմանօրէն դադրեցնէ ԳԱՂԹը, հող պատրաստէ հայրենադարձութեան,

Որպէսզի`

Վերանկախացած Հայաստանը գործնապէս դառնայ ողջ հայութեան առանցք-հայրենիքը, Հայաստանի բնակչութեան աճը վերածուի մեզմէ խլուած հողերուն վերատիրացման յենակէտի:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles