ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
Դեկտեմբեր 3-4, 2011-ին Պէյրութի մէջ տեղի ունեցաւ Հ.Յ.Դ. կազմակերպական կառոյցներու միջ-մարմնական խորհրդաժողովը:
Ժողովի ընթացքին ՀՅԴ Բիւրոն ներկայացուց իր գործունէութեան հնգամսեայ ամփոփ տեղեկագիրը, որուն մէջ տեղ գտած էր յաջորդ քառամեակի կուսակցութեան գործունէութեան ծրագիրը իր ընդհանուր գիծերուն մէջ: Կազմակերպական հարցերու կողքին մանրամասն կերպով քննուեցան Հայաստանի ներքին քաղաքական իրավիճակը, երկրի ընկերա-տնտեսական կացութինը, յաջորդ գարնան տեղի ունենալիք Ազգային Ժողովի ընտրութիւններուն հետ առնչուող հարցերը: Յատուկ կերպով արծարծուեցան աշխարհաքաղաքական ներկայ բեմին վրայ Հայ Դատի աշխատանքներու ռազմավարական ու մարտավարական առաջնորդող սկզբունքները. այս ծիրէն ներս շեշտ դրուեցաւ Ցեղասպանութեան 100-ամեակի առիթով հայութեան պահանջատիրական ընտրանքներու համահայկական դրսեւորման անհրաժեշտութեան վրայ: Շեշտուեցաւ նաեւ Արցախի վերաբնակեցման աշխատանքներուն նոր որակ ու տարողութիւն տալու կարեւորութիւնը:
Նաեւ ժողովը քննեց Միջին Արեւելքի հայութեան դիմագրաւած հարցերը տարիէ մը ի վեր շրջանը ցնցող քաղաքական ու ապահովական վերիվայրումներու լոյսին տակ:
Հ.Յ.Դ. ԲԻՒՐՕ