ՍԼՈՎԱՔԻՈՅ ՄԷՋ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԵՐԺՈՒՄԸ ՔՐԷԱԿԱՆԱՑՆՈՂ ՆԱԽԱԳԻԾԸ ԳՐԱՆՑՈՒԱԾ

0 0
Read Time:2 Minute, 44 Second

ՊՐԱԹԻՍԼԱՒԱ (“Արմ­իաՆաու“, “Եր­կիր“) .- Սլո­վաք­իոյ Գե­րա­գոյն դա­տա­րա­նի նա­խա­գահ, փոխ վար­չա­պետ Շթե­ֆան Եա­րա­պին, յայտ­նեց թէ, Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան մեր­ժու­մը քրէ­ա­կա­նաց­նող օրէն­քին նա­խա­գի­ծը, զոր ան տա­րի­ներ առաջ ներ­կա­յա­ցու­ցած էր Ազ­գա­յին խոր­հուրդ, ար­դէն հաս­տատ­ուած է եւ նոյ­նիսկ ստա­ցած օրէն­քի ուժ:

Իբ­րեւ փոխ­վար­չա­պետ եւ Ար­դա­րա­դա­տու­թեան նա­խա­րար, եր­կու տա­րի առաջ Հա­յաս­տան իր պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թեան ըն­թաց­քին, Եա­րա­պին յայ­տա­րա­րած էր, որ ան պատ­րաս­տած է հրէ­ա­կան Ող­ջա­կի­զու­մը մեր­ժող­նե­րուն նկատ­մամբ քրէ­ա­կան պա­տի­ժի կի­րառ­ման օրէնք մը, որ պի­տի ընդգր­կէր նա­եւ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ու­րաց­ման պա­րա­գան:

Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան մա­սին բա­նա­ձե­ւը, որ վա­ւե­րաց­ուած էր Սլո­վաք­իոյ Ազ­գա­յին խոր­հուր­դին կող­մէ 2004ին, հնա­րա­ւո­րու­թիւն կու տայ որ վե­րո­յիշ­եալ օրէն­քը կի­րառ­ուի նա­եւ Ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը ու­րա­ցող­նե­րու եւ մեր­ժող­նե­րու նկատ­մամբ:
Անոնքորոնք հրա­պա­րա­կայ­նօ­րէն կ՛ար­դա­րաց­նեն մի­ջազ­գա­յին քրէ­ա­կան դա­տա­րա­նի 6, 7 եւ 8րդ յօդ­ուած­նե­րունհա­մա­պա­տաս­խան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րըորոնք կը հա­մա­պա­տաս­խա­նեն ցե­ղաս­պա­նու­թեան յար­կա­նիշ­նե­րունկը հա­մար­ուինյան­ցա­գործ­ներ եւ այդ յան­ցա­գոր­ծու­թիւնը կա­տա­րող ան­ձը կամ ան­ձե­րու խում­բը կը պատժ­ուի բան­տար­կու­թեամբմէկեր­կու տար­ուանժամ­կէ­տով:

Եթէ այդ յան­ցա­գոր­ծու­թիւնը կա­տար­ուի յա­տուկ նպա­տակ­նե­րով կամ մի­տում­նա­ւորապա յան­ցա­գոր­ծու­թիւն կա­տա­րող ան­ձը կըպատժ­ուի 2-5 տար­ուան բան­տար­կու­թեամբ“:

Եա­րա­պին յայտ­նած է թէ Փետր­ուար 2012ին, Եւ­րո­պա­յի Հայ­կա­կան Միու­թիւն­նե­րու Հիմ­նար­կի նա­խա­գահ Աշոտ Գրի­գոր­եա­նի հետ գոր­ծակ­ցա­բար, վե­րոնշ­եալ նիւ­թին շուրջ գի­տա­ժո­ղով մը պի­տի կազ­մա­կեր­պէ, որուն մաս­նակ­ցե­լու հա­մար ար­դէն հրա­ւէր ստա­ցած են Հ.Հ. վճռա­բեկ դա­տա­րա­նի նա­խա­գահ Ար­ման Մկրտում­եան եւ Սահ­մա­նադ­րա­կան դա­տա­րա­նի նա­խա­գահ Գա­գիկ Յա­րու­թիւն­եան: Այս­պէս, եթէ ոե­ւէ անձ Սլո­վաք­իոյ մէջ, օտար թէ տե­ղա­ցի, կամ Սլո­վաք­իոյ ոե­ւէ քա­ղա­քա­ցի` աշ­խար­հի որե­ւէ երկ­րի մէջ, հան­դէս գայ Ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը մեր­ժող յայ­տա­րա­րու­թեամբ, ապա պի­տի են­թարկ­ուի 2-5 տար­ուայ ազա­տազրկ­ման:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles