«Հայրենիք» – Պոսթըն
125-ի Բացառիկ․- Հոկտեմբեր 2024
Իւրայատուկ եւ դիպուկ է Զահրատի մէկ կարճ (ու կտրուկ) բանաստեղծութիւնը, որուն վերնագիրն անգամ ՝ «Ինքնախօս»-ը խօսուն է։
Ահաւասիկ «Ինքնախօս»-ը․-
Օր պիտի գայ
Մարդիկ
Խօսակիցէ զուրկ
Խօսակիցի սով պիտի ունենան
Եւ պիտի
Իրենք իրենց հետ խօսին զրուցեն
Եւ իրենք իրենց պիտի հարցնեն
Եւ իրենք իրենց
Պատասխանը տան
Պիտի հարցնեն – մարդիկը չկա՞ն
Ու պատասխանեն – մարդիկը չկան
Պիտի հասկնան թէ չկան չկան
Ոչ մարդիկը կան
Ոչ իրենք – չկան
Եւ իրենք իրենց պիտի կորսուին։
․․․Եւ Զահրատը (Զարեհ Եալտըզճեան, 1924-2007) այս քանի մը տողը թուղթին յանձնած է, երբ գոյութիւն չունէին կամ հաւանաբար հազիւ սկսած էին ընկերային ցանցերն ու ելեկրոնային կատարելագործուած դիւրութիւնները, որոնք հետզհետէ աւելի կը դիւրանան եւ կը դիւրացնեն, միեւնոյն ժամանակ դժուարացնելով կարգ մը դասական կառոյցներ։
«Հայրենիք»-ի 125-ամեակին առթիւ, տեղին է նշել այս «Ինքնախօս»-ը։
Այո՛․․․օրը պիտի գայ, մօտալուտ է, իսկ երիտասարդ հայորդիին համար արդէն իսկ օրը եկած է, որ թերթ հասկացութիւնը փոխարինուած է ե-թերթով։ Այդ տպագիր օրինակը, որուն թուղթին «հոտն ու համ»-ը սկսած է սակաւադէպ դառնալ եւ փոխարինուած է ելետրոնային տարբերակներով, որոնք բջիջայինի միջոցաւ, app դրութեամբ կարելի է կարդալ։
Երիտասարդ սերունդին համար, նոյնիսկ կարելի է թերթի մը յօդուածը լսել, ինքնաշարժով գործի ուղղուելու ընթացքին, անշուշտ, եթէ այդ մէկ դրութիւնն ալ հետզհետէ մոռցուի, նկատի ունենալով, որ շատեր հետզհետէ տան մէջ «բանտարկուած» սկսած են գործել։
Դեռ աւելին, բառերն ալ սղելով եւ շրջանցելով «թերթ»-էն աւելի «եթեր»-ն է, որ սկսած է մեծ ժողովրդականութիւն վայելել։ Մարդիկ կը նախընտրեն լսել ու դիտել, կարդալու փոխարէն։
Աշխարհը «Զում»-ահար եղած է։ Դրութիւն մը, որ շուկայի լեզուով «գլուխը առած ու գացած է»։
Սակայն մտահոգիչը այն է, թէ արդեօք ի՞նչ կը լսեն կամ կ՛ըմբոշխնեն։ Վտանգաւոր կացութեան մը մէջ ենք, ուր ընկերային ցանցերը վերածուած են ընկերային ցիցերու, որոնք կը մոլորեցնեն մասսան։ Ասոր ցայտուն օրինակը, 2020-ի մեր չարաչար պարտութեան «Յաղթելու ենք»-ի պլըֆիզմն էր։
Յիշատակելի է 1932-ին առնուած պատմական նկար մը՝ «Ճաշ երկնաքերի վերեւ» (Lunch atop a Skyscraper), որուն ոսպնեակի ետին լուսանկարիչը ցարդ կը մնայ անծանօթ եւ որ մինչեւ օրս կարելի նկատել յաճախ ամենուրեք։ Տասնեակ մը որմնադիրներ, իրենց կէսօրուայ դադարին, բարձր դիրքի վրայ ամրացուած կառոյցի մը վրայ կը ճաշեն եւ միեւնոյն ժամանակ թերթ կը կարդան։ Շատ մելան հոսած է այս եզակի լուսանկարին մասին, որ կը նկատուի Նոր Աշխարհի պատմութեան մէկ պատառը։ Բնականաբար, եթէ այս օրերուն պատահէր այդ կարճ դադարը, ամէն մէկ որմնադիր իր բջիջայինով կլանուած, Զահրատի գրութեան նման պիտի ինքնախօսէին, թէ․․․ո՛չ մարդիկը կան, ո՛չ իրենք – չկան եւ համտեսէին իրենց պատառ մը հացը։
Այսպէս, չորրորդ իշխանութիւնը, այսինքն քարոզչական մեքենան՝ մամուլը իր լսատեսողական ամբողջական կազմուածքով, նոյնքան կարեւոր է եւ առաջնահերթ, որքան առաջին, երկրորդ եւ երրորդ իշխանութիւնները, այսինքն օրենսդիր, գործադիրն ու դատականը։
Չորրորդ իշխանութիւնն ալ այսօր վտանգուած ազատամտութեան կամ այլանդակութեան սեմին է եւ փոխանակ ցուցմունք տալու, ճիշտ ուղիին վրայ զետեղելու, աղաւաղումներէ զերծ մնալու եւ «մաղելու» ընկերային ցանցերը, բազմիցս ինկած է, անոնց ծուղակին մէջ։
Այս գծով, յատկապէս դժուար է կուսակցական պաշտօնաթերթի մը «գիծ»-ին վրայ մնալու պարտաւորութիւնը, գործունէութիւնն ու արեւելումը պահելն ու անոր թիկունք կանգնիլը։
Յաճախ նշած ենք եւ ընդգծած քսաներորդ դարու գրականութեան տիտաններէն՝ Ռէյ Պրէտպըրիի (1920-2012) մէկ գլուխ գործոց գիրքը՝ «Ֆահրընհայթ 451»-ը (ջերմաստիճան մը, որ թուղթը, իմա՝ թերթը կը վերածէ մոխիրի), որուն մէջ կը ներկայացուի գրաքննութիւնն ու ժողովուրդին մտայնութիւնը շեղելու, ազատութիւնը կաշկանդելու, տեսակէտները սահմանափակելու եւ «տուփ»-երու մէջ փակելու արհաւիրքը։
Դժուար է ե-աշխարհին՝ արդի համաշխարհայնացման դէմ պայքարիլը, սակայն «Հայրենիք» պիտի շարունակէ հաստատ հիմերու վրայ իր սուրբ պարտականութիւնը։
Հուսկ, մեր 125-ամեակին առթիւ, նաեւ յատուկ շնորհաւորութիւն մեր հալոց՝ «մելթինկ փոթ» երկրի անգլիատառ «Արմինիըն Ուիքլի»-ի 90-ամեակին։