ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ՂԵԿԱՎԱՐՆԵՐ ՊԱՊԻՆ ԿՈՉ Կ՚ՈՒՂՂԵՆ ՀԱՅ ԳԵՐԻՆԵՐՈՒ ԱԶԱՏ ԱՐՁԱԿՄԱՆ ՀԱՄԱՐ
ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- Ա.Մ.Ն. Արեւելեան թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեան, էջմիածնական Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպս. Պարսամեանի, հանգստեան կոչուող Նիւ Եորքի կաթողիկէ առաջնորդ՝ Գերշ. Թիմոթի Տոլընի եւ այլ եկեղեցական ղեկավարներու հետ, կոչ մը ուղղեցին Լեւոն ԺԴ. Պապին, հայցելով որ ապահովէ հայ գերիներու ազատ արձակումը, որոնք ապօրինի կերպով բանտարկուած են Ատրպէյճանի մէջ, յիշելով անոնց վատթարացող պայմանները եւ Արցախի մշակութային ժառանգութեան կործանումը ատրպէյճանցի մենատէր Իլհամ Ալիեւի վարչակարգին կողմէ։ Նամակին մէջ կը նշուի.- «Սուրբ Աթոռի բարոյական հեղինակութիւնն ու դիւանագիտական կապերը, ներառեալ Պաքուի հետ յարաբերութիւնները, եզակի առիթ մը կ՚ընծայեն արդարութիւն եւ կարեկցանք քաջալերելու համար։ Յարգանքով կը խնդրեն Ձերդ Սրբութենէն, որ ձեր ազդեցութիւնը օգտագործեցէք այս գերիներուն անմիջական արձակման ի խնդիր։ Ձեր կոչը հսկայական բարոյական կշիռ կրնայ ունենալ եւ վերջ տալ անմեղ ընտանիքներու տառապանքին։
Մինչ խաղաղութեան, սիրոյ եւ մեր Փրկիչի ծննդեան տօնը՝ Սուրբ Ծնունդը կը մօտենայ, ջերմեռանդօրէն կ՚աղօթենք, որ այս մարդիկը կարողան վերամիանալ իրենց ընտանիքներուն եւ սրբազան այս եղանակի լոյսն ու ջերմութիւնը բաժնել։ Ո՛չ մէկ քրիստոնեայ ընտանիք պէտք է Ծնունդը անցընէ ցաւով ու բաժանումով, երբ ազատութեան ու ողորմութեան ընծան հասանելի է»։


