Գլխաւոր

Խաւարի Մէջ Լոյս. Սուրբ Ծննդեան Տօնը Արցախի Հայաթափման Եւ Քրիստոնեայ Աշխարհի Անտարբերութեան Դիմաց

 

Շուշիի Ղազանչեցոց Ս. Ամենափրկիչ եկեղեցին՝ հռթիրակոծուած ատրպէյճանական զինուժին կողմէ, 8 Հոկտեմբեր 2020

 Դոկտ. Աբէլ քհնյ. Մանուկեան

Քրիստոնէական ընկալումով՝ Ս. Ծնունդը յոյսի, սիրոյ, խաղաղու­թեան եւ մարդկութեան հանդէպ Աստուծոյ անընդմիջելի մերձա­կայութեան տօնն է։ Աւետարանի այս պատգամը, սակայն, բազմիցս կտրուկ կը հակադրուի պատմա­կան եղելութիւններուն, պետու­թիւններու որդեգրած քաղաքա­կան իրականութեան ու անկէ թե­լադրուած դիւանագիտական գոր­ծողութիւններուն։ Այս հակասու­թիւնը յատկապէս ակնյայտ կը դառնայ այն պարագային, երբ քրիստոնէական կրօնին ու մշակոյթին պատկանող ազգեր ուղղակի կը դառնան բռնութեան, տեղահանութեան, իրաւազրկութեան, ընդ­հուպ մինչեւ իսկ ցեղասպանութեան զոհ, երբ միաժամանակ դիտումնաւոր կը լքուին նոյն հաւատքը դաւանող՝ այսպէս կոչուած քրիստոնեայ ազգերու եւ պետութիւններու կողմէ։ Այս փաստը առաւել եւս հիասթափութիւն կը պատճառէ, երբ անոնք ունին բոլոր հնարաւորութիւնները օժանդակելու իրենց հաւատակից քոյրերուն ու եղբայրնե­րուն՝ առնուազն կանխարգիլելու անոնց սպառնացող օրհասական վտանգը։

Արցախի հանրապետութեան շուրջ տեղի ունեցած իրադարձութիւնները լուրջ հարցա­դրումի կ’ենթարկեն համատես աւետարաններուն հաղորդած սուրբծննդեան ուղերձը։ Ժողովուրդ մը, որ մահմետականներով գերակշռուած աշխարհագրական միջավայրի մը մէջ դարեր շարունակ բարձր պահած է քրիստոնէական հաւատքին ջահը, կառուցած է վանքեր ու եկեղեցիներ, մշակած եւ զարգացուցած է քրիստոնէական մշակոյթի մա­սին վկայող եզակի արժէքներ, կարճատեւ ժամանակամիջոցի մը ընթացքին զրկուեցաւ իր հազարամեակներու օրրանէն՝ դառնալով վտարանդի եւ հայրենազուրկ։ Քաղաքա­կան եւ ռազմական պարտութիւնը յանգեցուց ոչ միայն տարածքային կորուստի, այլեւ Արցախի պետական այրերու բանտարկութեան, մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման եւ ամբողջ բնակչութեան պարտադիր արտագաղթին։ Այն փաստը, որ այս իրավիճակը մեծաւ մասամբ հեշտութեամբ ընդունուեցաւ աշխարհի քրիստոնեայ հա­մարուող պետութիւններու կողմէ, կը յառաջացնէ աստուածաբանական լուրջ հարց մը. ի՞նչ հաւաստիութիւն ունի այսօր Աւետարանի սուրբծննդեան պատգամը, երբ զայն կրողները կը պահպանեն դաւաճան լռութիւն մը, այլապէս հանդէս կու գան ընդամէնը դատարկ լոզունգներով կամ կը նահանջեն վճռորոշ պահերուն, երբ իրենց հաւատակից քոյրերն ու եղբայրները Քրիստոսի սիրոյն կը նահատակուին, կը կորսնցնեն քրիստո­նէական հաւատքի վկայութիւններով կնքուած ամբողջ տարածաշրջան մը՝ տեղի տա­լով մահմետականութեան հեղեղին։

Գուցէ կարելի է առարկել, թէ հարցը ամենեւին չունի կրօնական բնոյթ, այլ տեղի ունե­ցած ամբողջ ողբերգութիւնը կը կրէ բիրտ քաղաքականութեան մը օրակարգը։ Սա­կայն, միեւնոյն է, խորապատկերը ունի նաեւ կրօնական կնիք՝ նկատի ունենալով այն փաստը, որ տարածաշրջանը անուանափոխուելով այսօր նուաճող պետութիւնը զայն կը կոչէ Qarabağ iqtisadi rayonu, որ իր մէջ կը ներառէ Ağcabədi, Ağdam, Ağdərə, Bərdə, Füzuli, Xocalı, Xocavənd, Şuşa və Tərtər inzibati rayonları, həmçinin Xankəndi şəhəri քա­ղաքներն ու շրջանները։ Տարակոյսէ վեր է, որ այս ամբողջ տարածաշրջանը հետզհետէ պիտի վերաբնակեցուի թուրք-ազերի կամ ընդհանրապէս մահմետական ազգաբնակ­չութեամբ, որ կը  նշանաւորուի մահիկով եւ ոչ թէ խաչի խորհրդանշանով։ Արդեօ՞ք սոյնը կորուստ մը չէ քրիստոնեայ աշխարհին համար։ Սակայն ի՜նչ փոյթ, վաղուց արդէն վկայուած իրողութիւն է, որ պետութիւններ կ’առաջնորդուին իրենց գերագոյն շահերէն եւ ոչ թէ հաւատքի այն զգացողութենէն, զոր կը թելադրէ Աւետարանը։ Սուրբ­ծննդեան տօնը, որ կը միաւորէ ամբողջ քրիստոնեայ աշխարհը Բեթղեհէմի մսուրի խորհուրդին շուրջ, տեղ մը կը դառնայ անհասկնալի, միանգամայն ձեւական եւ նոյնիսկ անընդունելի, երբ նոյն հաւատակից ազգերու եւ պետութիւններու միջեւ կը պակսին սէրն ու միութիւնը, իսկ վճռորոշ պահերուն՝ նաեւ զօրակցութիւնը։

Այսօր ի՞նչ սրտով պիտի տօնէ արցախցի հայը Քրիստոսի սուրբծննդեան տօնը, երբ ան դարձած է փաստօրէն հայրենազուրկ եւ վտարանդի իր պապենական հողերէն, հեռու՝ իր պատմական սրբավայրերէն, անցեալին կաթողիկոսութիւն դարձած Գանձասարէն, Դադիվանքէն, Ամարասէն, Շուշիի Ս. Ամենափրկիչ Ղազանչեցոց տաճարէն ու հայոց այն բազմաթիւ սրբավայրերէն, որոնց ապագան անորոշ է եւ ենթակայ հետզհետէ թշնամիին բարբարոս ձեռքերով իրագործուող ոչնչացումին։ Նշուած սրբավայրերը դա­րեր շարունակ եղած են ոչ միայն մշակութային կամ կրօնական կեդրոններ, այլեւ հա­ւաքական յիշողութեան եւ հոգեւոր ինքնութեան կրողներ։

Եթէ իրաւ է տառապանքը, ապա անոր ամենածանր դրսեւորումներէն մէկն ալ ոչ թէ տունն ու տեղը, սեփական այգին կորսնցնելն է, այլ զրկուիլը սգալու իրաւունքէն՝ ստի­պողաբար լքել իր ընտանիքի սիրելի անդամներուն եւ հարազատներուն գերեզմաննե­րը, այցելել չկարենալ արցունք թափելու անոնց շիրիմներուն վրայ, թէկուզ վառելու մոմ մը կամ խունք ծխելու անոնց հոգիի խաղաղութեան եւ լուսաւորութեան համար։ Եւ սոյնը տակաւին առաւել եւս ծանր է, երբ արցախցի հայը ակամայ դարձած է անձնա­տուր՝ դատապարտուած ըլլալով առ այժմ ընելու ոչինչ, այլ յանձնուելու ունայնութեան, իրավիճակ, որ թերեւս հոգեկան շատ աւելի խոր տանջանք է, քան սեփական ունե­ցուածքին կորուստը։

Վերոնշեալ սրբավայրերէն ստիպողական բաժանումը հոգիին վրայ չսպիացող վէրք մըն է։ Քանզի հայ մարդու ընկալած քրիստոնէութեան մէջ հաւատքը անբաժանելիօրէն կապուած է պաշտամունքային որոշակի վայրերու հետ, ուր կը միահիւսուին աւանդու­թիւնները, հոգեւոր-եկեղեցական արարողութիւնները, պաշտամունքը, սուրբ պատա­րագը, պատմութիւնն ու յիշողութիւնը։ Հետեւաբար, հոգեւոր-մշակութային այս ժա­ռանգութեան սպառնալիքին տակ գտնուելու, պղծուելու եւ ոչնչացման ենթարկուելու վերաբերեալ իրազեկուածութիւնը ոչ միայն մշակութային, այլեւ ինքնին կը ներկայացնէ աստուածաբանական խնդիր։ Արդարեւ, աստուածարդարացում (Théodicée) մը, որ կը վերաբերի աստուածաբանական այն փորձին՝ արդարացնելու համար բարի եւ ամենա­կարող Աստուծոյ նկատմամբ հաւատքը՝ աշխարհի մէջ տիրող տառապանքին, չարիքին եւ անարդարութեան հանդէպ։ Ինչո՞ւ արդարը կը տառապի այս աշխարհի մէջ, երբ Աստուած արարիչն է բարիին՝ ողորմած է ու արդար։ Սուրբգրային աւանդոյթը կը հրաժարի պարզ պատասխաններ առաջարկելէ այս հիմնարար հարցումին եւ չի լուծեր առկայ խնդիրը։ Աստուածաշունչ մատեանը, բնականաբար, արդարին տառապանքը չի ներկայացներ իբրեւ Աստուծոյ ողորմածութեան հակափաստարկ, այլ կը մատնանշէ աշխարհ մը, ուր գերազանցապէս առկայ են ու կը գործեն ազատութիւնը, մեղքը եւ բռնութիւնը, եւ ուր Տիրոջ խոստացած արդարադատութիւնը լիովին ակնյայտ կը դառնայ միայն իր վախճանաբանական իրականացումին մէջ։ Սոյնը, անշուշտ, կը հանդիսանայ միաժամանակ հաւատքին ուղղուած լուրջ մարտահրաւէր մը, թէ ինչպէ՞ս կարելի է ընկալել Աստուծոյ մերձակայութիւնը, երբ Անոր անմիջական ներկայութեան տեսանելի նշանները ոչնչացած կամ ստոյգ ոչնչացուելու սպառնալիքի տակ կը գտնուին։

Այստեղ կրկին հարց պէտք է տալ, թէ ի՞նչ կենսունակութիւն կրնայ ունենալ հաւատքը, ի՞նչն է սուրբծննդեան պատգամը, երբ քրիստոեայ պետութիւններ կը ձախողին, կը բացակայի արդարութիւնը, իսկ անոնց ուժային-քաղաքական շահերը դուրս կը մղեն միջազգային իրաւունքի բոլոր սկզբունքները։

Այս հարցը բնականաբար տեսական հետաքննութիւն մը չէ, այլ գոյաբանական փոր­ձառութիւն։ Ան կը յառաջանայ այն պարագային, երբ մարդիկ փատօրէն կը գիտակցին, թէ Քրիստոսի անունը չի պաշտպաներ զիրենք եւ քրիստոնէական պատկանելիութիւնը արդարութիւնը չ’երաշխաւորեր։ Արդարեւ, այս լարուածութիւնը յատկապէս զգալի կը դառնայ սուրբծննդեան տօնին, որովհետեւ ան կը բացայայտէ մարդկութեան նկատ­մամբ Աստուծոյ փրկարար մերձակայութիւնը՝ աւետելով. «Բարձունքներուն մէջ Աս­տուծոյ փա՜ռք, խաղաղութի՜ւն երկրի վրայ եւ մարդոց միջեւ հաճութիւն» (Ղուկ. Բ, 14)։ Արդեօ՞ք սոյնը անկատար խոստում մըն է, թէ յաւիտենապէս սպասողական վիճակ։ Սակայն Մարդեղութեան խորհուրդին աւետած այս պատգամը աշխարհի սկիզբէն ի վեր ուղղակի կը հակադրուի տիրող բռնութեան, ձախողութեան եւ անարդարութեան իրականութեան հետ, որ առաւել եւս տեսանելի կը դարձնէ աստուածային տնօրինու­մին եւ մարդկային արարքներուն միջեւ առկայ անջրպետը։

Այնուհանդերձ, Նոր կտակարանը չի խուսափիր պատասխանելէ այս հարցին։ Ընդհա­կառակը՝ զայն ուղղակի կը դնէ քրիստոնէական պատմութեան սկիզբը։ Սուրբ Ծնունդը յաղթողներուն տօնը չէ, այլ՝ հիասթափածներուն, տեղահանուածներուն եւ անզօրնե­րուն։ Սուրբծննդեան աւետիսը առաջին հերթին աղքատներուն կ’ուղղուի եւ զանոնք մխիթարելու կու գայ։ Քաղաքէն դուրս, մարդոց հիւրընկալութենէն մերժուած՝ գոմի վերածուած այր մը, իր կիսամութին մէջ կը դիմաւորէ լոյսին Արարիչը։ Աղքատիկ մայր մը, որ խանձարուրով կը փաթթէ իր նորածինը եւ զայն կը դնէ յարդէ խշտիքի՝ մսուրի մը տրտում խոնարհութեան մէջ։ Մարդուն հանդէպ խանդաղատանքը խեղճութիւնն է, որ կը նուիրագործուի, եւ ոչ թէ իշխողներուն ու բռնաւորներուն փառքը, հարուստին պալատն ու ապարանքը, ոսկին ու արծաթը։ Յիսուսի ծնունդը որեւէ քաղաքական իշխանութեան պաշտպանութեան տակ չի կատարուիր, այլ՝ աշխարհի պատմութեան անշուք մէկ ծայրամասին մէջ։ Արդէն սուրբծննդեան նախընթաց պարագաները եւս զուրկ են բարեբաստիկ ըլլալու բոլոր կարելիութիւններէն, որովհետեւ հռոմէացիներէ պարտադրուած մարդահամարին բերումով Յիսուսի ծնողքը հեռու են իրենց բնակա­վայր Նազարէթ գիւղաւանէն, ուր կարելի ըլլար թէկուզ ընտանեկան օճախին մէջ լսել նորածին մանկան առաջին ճիչը։ Բայց ադպէս չեղաւ, ո՛չ հարազատներէ, ո՛չ մանկա­բարձի մը կամ դուռ-դրացիներու օժանդակող ներկայութենէ, այլ անասուններով շրջա­պատուած՝ տեսակ մը օտարութեան եւ լքուած պայմաններու մէջ կ’իրականանայ Աստուածորդւոյն ծնունդը։ Աղքատներն են Յիսուս մանկան առաջին այցելուները՝ բաց երկինքի տակ իրենց հօտերուն պահպանութիւնը ընող հովիւներ, որոնք կու քան գուր­գուրանքով խոնարհելու Փրկիչ մանուկին առջեւ։ Ապա, այս խեղճերէն ետք, իմաստուն­ներն ու մեծերն են, որ պիտի գան՝ Արեւելքի մոգերը՝ սրտաբուխ տալու իրենց նուէր­ները եւ ծնրադրելու աստուածային մարմնացած սիրոյն առջեւ։

Պատմական իրադարձութեան այս խորապատկերին վրայ՝ ուղղակի ապշեցուցիչ է կրօ­նական վերնախաւին լռութիւնը։ Քահանաները, օրէնքի ուսուցիչները, դպիրներն ու փարիսեցիները, որոնք քաջ գիտէին մարգարէութիւնները խոստացուած մեսիային մա­սին, միեւնոյն է, կը պահպանեն քար լռութիւն մը։ Նոյնքան զարմանալի է քաղաքա­կան հեղինակութիւններու ցուցաբերած արհամարհոտ վարքագիծը, մարդիկ, որոնց համար մարդկային կեանքը հետաքրքրական է միայն այն պարագաներուն, երբ զայն կարելի է ծառայեցնել իրենց իշխանութեան կայունացման եւ քաղաքական առաւելութիւն­ներուն։ Ահաւասիկ այս պայմաններուն մէջ կը ծնի Յիսուս։ Ոչ թէ որպէս գործող համա­կարգի մը ուղղիչ, այլ որպէս հակադրութեան խորհրդանիշ աշխարհի մը դէմ, ուր ճշմարտութիւնը կը բացակայի, յոյսը կը դալկանայ, իսկ հաւատքը կը բռնաճնշուի։

Սուրբծննդեան պատմութիւնը ռոմանթիկ իտէալականցում մը չէ։ Հազիւ ծնած՝ երե­խան արդէն սպառնալիքի տակ է։ Հերովդէս Մեծ,⎯  Յուդայի թագաւորը,⎯ անպաշտ­պան մանուկի մը անձին մէջ նոյնիսկ վտանգ կը տեսնէ իր իշխանութեան հանդէպ։ Հին կտակարանի մարգարէութիւններէն նորածին Յիսուսին տրուած «Թագաւոր հրէից» պատուանունն իսկ բաւական է, որ ան իր իշխանութիւնը կորսնցնելու հիւանդագին մոլուցքէն մղուած դիմէ քաղաքական սարսափելի ոճիրի՝ կոտորել տալով Բեթղեհէմի մէջ մինչեւ երկու տարեկան բոլոր մանուկները։ Արդարեւ, սուրբծննդեան պատմութիւ­նը կը սկսի ոչ թէ գրկաբաց ընդունելութեամբ, այլ փախուստով։ Ոչ թէ նորածինին պար­գեւած ուրախութեամբ, այլ վախով կը համակուի սուրբ ընտանիքը։ Եգիպտոս՝ աքսորի եւ պանդխտութեան վայրը, կը դառնայ մարմնացած Աստուածորդւոյն առաջին ապաս­տանարանը։

Ահաւասիկ ճիշդ այս է սուրբծննդեան յաւիտենական ուղերձը։ Հաւատքը հիմնուած չէ քրիստոնէական քաղաքականութեան յաջողութեան, կրօնական հաստատութիւններու բարոյական ամբողջականութեան եւ հզօրներու արդարադատութեան վրայ։ Ան հիմ­նուած է աստուածային մարմնացած Սիրոյն վրայ, որ գիտակցաբար կը մտնէ մեր պատմութենէն եւ ժամանակի սահմաններէն ներս, ուր կը բացակայի արդարութիւնը եւ երաշխաւորուած չէ ճշմարտութեան պաշտպանութիւնը։

Սուրբ Ծնունդը չի պատգամեր, որ այս աշխարհը արդար է կամ թէ անկէ վերացած են տառապանքն ու անարդարութիւնը։ Սակայն կ’աւետէ, որ Աստուած զայն չի լքեր։ Ս. Ծնունդով կը բացայայտուի մարդկութեան հանդէպ Աստուծոյ անվերապահ սէրը, որ ենթակայ չէ պայմաններու, եւ հաւատարմութիւն, որ կը յարատեւէ նոյնիսկ մարդկային կեանքի ու պատմութեան ձախողութիւններուն մէջ։

Ս. Ծնունդով սկիզբ առած Փրկագործութեան խորհուրդը կը կայանայ ոչ թէ մեր վարած աշխարհակարգի արդարացումին, այլ խաչին խորհուրդով կնքուած մարդկութեան փրկութեան մէջ։ Այս փրկութիւնը քաղաքական յաղթանակ չի պահանջեր մեզմէ, այլ հաւատք եւ համակ ինքնանուիրում՝ վստահելու մեր անձը աստուածային հաւատար­մութեան, նույնիսկ հոն, ուր խորտակուած է մարդկային յոյսը։

Ի վերջոյ, հաւատքէն ի՞նչ կը մնայ… Ամենեւին ոչ այն պատրանքը, թէ քրիստոնէական գերհզօր պետութիւնները ամբողջապէս վստահելի են։ Ոչ ալ այն ակնկալիքը, թէ հա­ւատքը մեզ կը պաշտպանէ տառապանքէն։ Այլ՝ այն վստահութիւնը, որ Աստուած ներկայ է այնտեղ, ուր մարդիկ զրկուած են իրենց իրաւունքէն, հալածուած, տեղահա­նուած եւ լռութեան մատնուած են։ Սուրբծննդեան պատգամը յաղթանակի մը հռչա­կումը չէ, այլ, բառին բուն իմաստով, աւետիս մը, աստուածային խորախորհուրդ խոս­տում մըն է։ Եւ թերեւս ճիշդ այս է պատճառը, որ հաւատքը կը գոյատեւէ այնտեղ, ուր մնացած ամէն ինչ խորտակուած է։

Քրիստոնէական հաւատքի հորիզոնին վրայ պատմութիւնը պարզապէս կորուստներու յաջորդականութիւն չէ, այլ անաւարտ գործընթաց, որ միշտ բաց է փոփոխութիւններու եւ նոր սկիզբներու համար։ Ոչինչ անշրջելիօրէն կը մատնուի մոռացութեան, քանի որ Աստուծոյ ներգործութիւնը չի սահմանափակուիր միայն պահի մը մէջ, այլ կը գերա­զանցէ ժամանակի վերաբերեալ մեր բոլոր ընկալումները։ Այն, ինչ կորած կը թուի ներ­կայիս, տակաւին ենթակայ է վերափոխուելու հնարաւորութեան, քանի որ Աստուծոյ հաւատարմութիւնը կապուած չէ մարդկային ուժի տրամաբանութեան կամ պատմա­կան որոշումներու արդիւնքին հետ։ Այս իմաստով յոյս ունենալ չի նշանակեր մխիթա­րուիլ՝ մտահանելով կորուստը, ոչ ալ վաղաժամ յուսադրուիլ՝ զայն վերստին նուաճելու պատ­րանքով, այլ համբերատար հաստատակամութեամբ յարատեւել կորսնցուցածի ու դեռ չիրականացած ապագայի յարաբերութեան միջեւ։ Այստեղ կարեւոր նշանակու­թիւն ունի հաւաքական յիշողութիւնը։ Յիշողութիւնը կրաւորական յետադրաձ հայ­եացքով անցեալին նայիլը չէ, այլ գիտակցուած մերժումն է անցեալը անցած եւ զայն անդառնալի իրավիճակ մը համարելու իրավիճակին։ Անոնք, որոնք կը յիշեն՝ կը պահ­պանեն իրենց ինքնութիւնը։ Անոնք, որոնք կը յիշեն ու կը մերժեն մոռնալ անցեալը, բաց կը պահեն վերադարձի, վերականգնումի եւ վերանորոգումի բոլոր հնարաւորութիւն­ները: Հետեւաբար, Քրիստոսի միջոցով փրկութեան հանդէպ հաւատքը միշտ կը նե­րառէ այն համոզումը, որ տունդարձն ու կորսուածը վերստին ձեռք բերելը ամենեւին բացառուած չեն։ Այսպիսով յոյսը կը դառնայ հոգեւոր դիրքորոշում, հաւատքը՝ գո­յաբանական կենսաձեւ, որ կը դիմակայէ ժամանակի մաշումին իսկ սէրը՝ կեանք պարգեւող զօրութիւն, որ չի լքեր կորսուածը, այլ զայն կը վստահի Աստուծոյ հաւա­տարմութեան։

Սուրբծննդեան պատգամը միայն կորուստի փորձառութիւն չի ներառեր, այլ նաեւ վերադարձի եւ նոր սկիզբի մը խոստումը։ Յիսուսի ծնունդի հրեշտակաձայն աւետիսին հետեւեցաւ բռնութիւնը՝ Բեթղեհէմի մանուկներու կոտորածին տխուր իրադարձու­թիւնը եւ սուրբ ընտանիքին պարտադրուած պանդխտութիւնը։ Սակայն այս եղելու­թիւնը չ’աւարտեցաւ օտարութեան մէջ, այլ աքսորավայր Եգիպտոսէն տունդարձը եւ հայրենի օճախին մէջ կեանքի հետագայ զարգացումը կը կազմեն Աստուծոյ փրկա­գործութեան ծրագրի կատարումին սկիզբը։ Այս լոյսին տակ Ս. Ծնունդը անմիջական ցաւէն անդին կը մատնանշէ վերակառուցման եւ հայրենադարձութեան հնարաւո­րութիւնը՝ ոչ որպէս անցեալի պարզ վերականգնումը, այլ իբրեւ նորոգուած կեանք, որ կը ծնի անձնուէր հաւատարմութենէ, աննահանջ համբերութենէ եւ անսպառ յոյսէ։

Ժընեւ, 5 յունուար  2026

Ճրագալոյց Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան

Տեառն մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի

Armenian Weekly Magazine Armenian Weekly Magazine

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button