ԲացառիկԳլխաւոր

Թերթը՝ Վաւերագրող, Պատմութիւն, Արխիւ Եւ… Հաճելի Յուշեր

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
«Հայրենիք» – Բացառիկ Դեկտեմբեր 2025

Մուտք
Այս սիւնակը հեքիաթ չէ, սակայն եկէ՛ք, սկսինք հեքիաթ պատմելու պէս:
Կար ու չկար, փոքրիկ տղայ մը կար: Քահանան զինք մկրտած էր Սարգիս անունով, սակայն դեռ պզտլի՜կ ըլլալուն, հարազատները զինք կոչած էին Սագօ: Այս փաղաքշականը ունէր այլ պատճառ մըն ալ. ընտանիքին մէջ կային (ու պիտի ըլլային) ուրիշ Սարգիսներ, որոնք պիտի ունենային իրե՛նց փաղաքշական անունները, բոլորն ալ ժառանգորդները՝ Ցեղասպանութենէն հրաշքով փրկուած Սարգիսի մը, որ փոքրիկն Սագոյին մեծ հայրն էր: Իսկ Սագո՞ն… ես էի:
Սագոն դեռ գրաճանաչ չէր, սակայն շատ կը սիրէր պատմութիւն-հեքիաթ լսել: Ճաշի պահը կամ քնանալը չէին լիանար առանց պատմութիւններու: Երէցները այդ նուէրը առատօրէն կը բաշխէին իրեն, զանոնք կը քաղէին գիրքերէ եւ թերթերէ: Քանի մը տարի ետք, երբ Սագոն դպրոց գնաց եւ, «մեծ տղայ» դարձած ըլլալուն՝ դասընկերներ եւ ուսուցիչներ զինք սկսան կոչել իր աւազանի անունով, ան դարձաւ գրաճանաչ, սկսաւ իր լսած պատմութիւններն ու հեքիաթները անձամբ կարդալ հարազատներու համեստ գրադարաններուն ու տունը մտնող թերթերու էջերէն, դարձաւ… ընթերցասէր: Եւ հոն սկիզբ առաւ կեանքի պատմութիւն մը, որուն կարգ մը մանրամասնութիւնները պիտի գան այս սիւնակի աւելի ուշ բաժիններով…:
Անկէ առաջ, սակայն, ուրիշ պատմութիւն՝ թերթի, բնականաբար նաեւ գիրքի արժէքին մասին, արժէքնե՛ր՝ որոնք անզգալաբար լուսանցք կ’երթան նորարարութիւններու ճնշումին տակ:

Տպագիրէն հեռացնող ազդակներ
Արդի արհեստագիտութեան բերած բարիքները՝ մէկ կողմէ, իսկ միւս կողմէ՝ թուղթի վրայ գրաւոր բան կարդալու «ուռճացող» չկամութիւնը՝ գլխաւոր պատճառներ են, որ թերթ, գիրք կամ որեւէ այլ տպագիր բան կամաց-կամաց հեռանայ մեր կեանքէն, մեզ նետէ առցանց մատուցուածները որսալու մրցավազքին մէջ:
Կան նաեւ այլ պատճառներ, ինչպէս՝ «թերթ-գիրք հրատարակելը սուղի կը նստի» մտահոգութիւնը (հոս ճշմարտութեան բաժին մը կայ բնականաբար), «չեմ ուզեր երկար բան կարդալ» յանկերգ-ինքնարդարացումը, «թերթն ու գիրքը հին բաներ են» շինծու մեղադրականը, «դիմատետրային հաղորդակցութիւնները շատ աւելի բաւարարող են» մտածողութիւնը եւ նման բաներ: Այս ու նման նորութիւններ, որոնք հրապարակ կու գան «նոր ժամանակներու հետ պէտք է քայլ պահենք»ի կասկածելի արդարացումներով, իրենց անմիջական ներգործութիւնը կ’ունենան ԹԵՐԹի հրատարակման գործին վրայ: Բազմաթիւ թերթեր տարուէ-տարի կը նետուին (ըսենք նաեւ՝ կը հարկադրուին ցատկելու) միայն առցանց լոյս տեսնելու լիճին մէջ, որ աստիճանաբար կը դառնայ ծով, կը սպառնայ վերածուիլ ամէն բան կուլ տուող ովկիանոսի (չմտնենք կենսոլորտի տագնապներու ոլորապտոյտին մէջ. ծանօթ է, չէ՞, որ ովկիանոսներն ալ, շատ մը գետերու պէս, ապականումի մատնուած են):
Եթէ թերթերը (օրաթերթ, շաբաթաթերթ թէ ամսագիր ու այլ) այս կամ այն պատճառով կը նետուին այս ճամբուն մէջ, նկատելի է, որ նոյն վարակը սկսած է իր տիրապետութեան տակ առնել նաեւ գիրքերու հեղինակները: Վերջին տարիներուն, հետզհետէ կ’աճի թիւը այն գրողներուն, որոնք իրենց գիրքերը, վերջնական ձեւաւորումէ ետք, կը վերածեն լուսանկարային տարբերակի (PDF) եւ կը տարածեն առցանց: Մեր նպատակը այստեղ նորաստեղծ այս ալիքներուն շուրջ բանավէճ ստեղծել չէ, այլ կ’ուզենք լուսարձակի տակ բերել թերթ հասկացութեան այն ԱՐԺԷՔՆԵՐԸ, որոնք արդիականութեան տուրք տալու հետեւանքով, անզգալաբար կը խամրին եւ դուրս կ’իյնան մեր ուշադրութեան դաշտերէն:
Այս «վարակ»-ին դրական մէկ երեսը այն է, որ մարդս կրնայ որեւէ տեղէ մուտք գործել աշխարհի ամենահեռաւոր մէկ վայրին մէջ լոյս տեսնող թերթի մը կայքէջը եւ ունենալ անսպառ նիւթ. նոյն ճամբով, կան դրական ուրիշ երեսներ, այն՝ որ աշխարհի տարածքին, համալսարաններու, գրականութեան նուիրեալներու եւ պետութիւններու նախաձեռնութիւններով, ստեղծուած են առցանց մատենադարաններ, որոնցմէ մաս մը ձրիաբար գիրք կը տրամադրէ ընթերցողին, տարբեր լեզուներով մատչելի կը դարձնէ համաշխարհային գրականութեան եւ միտքի հին ու ժամանակակից վարպետներու գրաւոր ժառանգութիւնը: Նման կայքեր կան նաեւ մեր՝ հայկական ժառանգութիւններուն մասին: Շեշտենք, որ այդ ժառանգութիւններուն մէջ իրենց անփոխարինելի տեղը ունին մեր թերթերը, եւ մամուլի այս պտուղները մեր այս սիւնակին կիզակէտը կը կազմեն:

Հին մրցակցութիւն
Առանց մանրամասնութիւններու մէջ մտնելու, խոստովանինք, որ թերթ հասկացութիւնը, մասնաւորաբար օրաթերթերը, այսինքն անոնք՝ որոնք օր-աւուր լուրերու եւ անոնց մեկնաբանութեան, լուսաբանութեան տարածման ու հանրութիւնը կողմնորոշելու կը նպաստեն, շատոնց ունեցած են մրցակից-ախոյեաններ: Առաջին մրցակիցը եղաւ ձայնասփիւռը, որուն յաջորդեց պատկերասփիւռը: Բաւական երկար տեւողութիւն ունեցող այդ «դարաշրջանին» յաջորդեց համացանցի դարաշրջանը, որ իր կարգին մտած է զարգացումի խօլ արշաւի մէջ, «հնադարեան»ի զգեստ հագցնելով ձայնասփիւռի՛ն ալ, պատկերասփիւռի՛ն ալ: Եթէ միայն նշենք, որ այսօր, համակարգչային որեւէ սարք (բջիջային հեռաձայն, ելեկտրոնային «տախտակ»-tablets եւ այլ) ունեցող մը վայրկեանը-վայրկեանին իր ափին կամ անմիջական հասողութեան մէջ ունի իր շրջապատի ու աշխարհի նորութիւնները, ու պէտք չունի սպասելու, թէ այդ նորութիւնները ե՞րբ պիտի հասնին ձայնասփիւռի կամ պատկերասփիւռի կայան մը՝ կը կարծենք, որ բաւական բան ըսած կ’ըլլանք արագ հաղորդակցութեան ցունամիին մասին, եւ սա, ինքնին, կը բացատրէ թերթին պարտադրուած տեղատուութիւնը: (Նոյնը՝ շուտով գիրքերու աշխարհին մէջ): Փաստօրէն, թերթ ու ձայնասփիւռ ունին համացանցային գրաւիչ մրցակիցներ, ինչպէս You Tube-ը եւ նման սարքեր, որոնք սակայն յաճախ կը կտրեն-կանցնին հակակշռելիի սահմաններէն անդին, կը վերածուին նա՛եւ կեղծ լուրերու տարածման հրաբուխներու, իսկ հրաբուխները առհասարակ աղէտաբեր են…: Թերթ, ձայնասփիւռ ու պատկերասփիւռ այս իմաստով ընդհանրապէս կը պահպանեն պատշաճութեան սկզբունքները: Թերթին իւրայատկութիւնը այն է, որ անոր բովանդակութիւնը օդին մէջ չի ցնդիր ձայնի ու պատկերաշարի պէս, այլ կը մնայ իբրեւ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԱԾ ԱՐԽԻՒ, կը դառնայ մնայուն արժէք, հարստութի՛ւն:
Եթէ յիշեալ մրցակցութիւնը նորութիւն չէ, եւ կը ցուցահանէ արդի արհեստագիտութեան բարիքներուն պատճառով՝ գրաւոր խօսքի քայլ առ քայլ նահանջի պատմութիւնը, չենք կրնար խուսափիլ հարցումէ մը, որ ընդհանրապէս կը վրիպի մեր քննարկումներէն: Այդ ինչպէ՞ս կըլլայ, որ ԹԵՐԹ ըսուած արժէքը վերջնականապէս չէ պարտուած ու դուրս չէ ինկած մեր կեանքէն, այլ նորութիւններուն հետ քայլ պահելով՝ կը մնայ փնտռուած պտուղ: Իրաւա՛մբ, մարդիկ թերթերը կը նկատեն լրատու սպասարկութիւններու համազօր աղբիւրներ, ո՛չ միայն տեղեկութիւն ունենալու իմաստով, այլ մանաւանդ օր-աւուր զարգացող դէպքերու, քաղաքական ու զինուորական, ինչո՞ւ չէ նաեւ գիտական ու մշակութային աշխարհներու մէջ պատահածներուն մասին մեկնաբանութիւն, լուսաբանութիւն եւ ծալքեր բացայայտողի անոր դերին շնորհիւ: Այլ խօսքով, թերթը, առցանց թէ տպագիր, իր անփոխարինելի տեղն ու արժէքը կը պահպանէ մեր կեանքին մէջ, ոմանք գիտեն, որ անիկա օդի եւ ջուրի չափ կենսական է այս աշխարհին մէջ ապրելու համար: Նոյնը կարելի է ըսել ձայնասփիւռի եւ պատկերասփիւռի որոշ կայաններու մասին, որոնք իրենց առաքելութիւնը առաւելաբար կը կեդրոնացնեն ՄԵԿՆԱԲԱՆՈՂին վրայ, որովհետեւ գիտեն, թէ սկզբնաղբիւր մը ըլլալու մրցումին մէջ շահաւորը առցանց, վայրկեանը վայրկեանին սփռուող լուրերն են: (Չենք անտեսեր կարգ մը թերթերու սկզբնաղբիւրի դերին պահպանումը):
Ուրեմն, եթէ կը խօսինք հինէն եկող մրցակցութեան մասին, պէտք է ընդունինք, որ անիկա վերջ չէ գտած, այլ պարզապէս ձեւ փոխած է:

Պատմութիւն եւ…
Որեւէ թերթ, մասնաւորաբար անոնք՝ որ ունին լրատուութեան լայն բաժին (լրատուութիւն ըսելով, ի մտի ունինք նա՛եւ եղելութիւնները մեկնաբանող յօդուածները), խորքին մէջ ապրող պատմութիւնը օրը-օրին արձանագրող դաշտ են ամէն բանէ առաջ: Նոյն բանը կրնանք ըսել նաեւ գիտական, մշակութային, գրական եւ մասնագիտական այլ պարբերականներու մասին, սակայն հոն պատմութեան արձանագրութիւնը ունի տարբեր բնոյթ: Այս նշումը չենք ըներ բաղդատելու, սա կամ նա հրատարակութիւնը նախամեծար համարելու տրամաբանութեամբ, այլ շեշտելու՝ որ լրատուական աշխարհին ծառայող թերթ մը կամ շաբաթաթերթ մը, ինքնաբերաբար, մեր ապրած աշխարհին «հում պատմութիւն»ը կ’արձանագրէ անզգալաբար (շատեր գիտեն ասիկա): Գիտեն՝ որ վաղը, քանի մը շաբաթ կամ տարիներ ետք, եթէ մէկը ուզէ որոշ ժամանակաշրջանի մը զարգացումները ուսումնասիրել, վերադառնալ հարկադրաբար մոռցուած մանրամասնութիւններու, թերթերը գլխաւոր սկզբնաղբիւր են: Մեր պարագային, մեր հայրենիքի ու գաղութներու կեանքին պատմութիւնն է որ հոն կը հիւսուի գորգի պէս, օր-աւուր:
Շատ պարզ օրինակ մը տալու համար, յիշատակենք հետեւեալը: Եթէ թերթ մը ուզէ տարեվերջին հրատարակել յատուկ թիւ մը, որուն մէջ կ’ուզէ լուսարձակի տակ բերել որոշ տարածաշրջանի մը կամ տուեալ գաղութի մը գլխաւոր «դիպաշարը» եւ զայն համադրող օղակները (օրինակի համար՝ Հայաստանի դէպքեր, Լիբանանի պէս գաղութի մը ազգային կեանքի տարուան համայնապատկերը, միջին արեւելեան զարգացումներ՝ իրենց ենթաբաժանումներով, միջազգային տագնապներ ու պատերազմներ եւ այլն), տուեալ նիւթը համադրող աշխատակիցը չի բաւականանար միայն յիշողութեամբ, այլ արագօրէն աչքէ կ’անցընէ տուեալ գօտիին մասին տարուան արձանագրութիւնները, ու զանոնք քով-քովի բերելով, դէպքերու միջեւ ուղղակի կամ անուղղակի կապերը մատնացոյց ընելով՝ ամբողջական պատկեր մը կը հաղորդէ ընթերցողին: Այլ խօսքով, ան իրողապէս ՊԱՏՄԱԳՐԱԿԱՆ մանր գործ մը ըրած կ’ըլլայ, իսկ եթէ փորձառու մէկն է, չի բաւականանար եղելութեանց սոսկական օղակումով, այլ տեղին մեկնաբանութիւններ ու նշումներ կ’ընէ, ընթերցողին օգնելով՝ որ իր կարգին խորասուզուի եղածները իմաստաւորող ծալքերուն մէջ:

…Վաւերագրում ու արխիւ
Այս ճշմարտութիւնը մեզ կը հասցնէ թերթին մէկ այլ արժանիքին, որ է անոր ՎԱՒԵՐԱԳՐՈՂ ու ԱՐԽԻՒ ըլլալու հանգամանքը:

Պատահական չէ, որ բազմաթիւ հայկական թերթեր, այլ թերթերու նման, իրենց կայքէջին վրայ ունին ԱՐԽԻՒ խորագրեալ բաժին մը, ուր կը մթերեն իրենց հրատարակած նիւթերը (հոն կ’անցնին մինչեւ անգամ… մահազդներ ու կարգ մը ծանուցումներ): Այս արժանիքը բնականաբար կը հետեւի թերթի՝ ՊԱՏՄԱԳՐՈՂի հանգամանքին, կը հանդիսանայ լրացուցիչ բացատրութիւն մը:
Թերթի մը արխիւադարանը, ինքնին, կոչուած է ըլլալու գանձարան մը: Նոյն արդի արհեստագիտութիւնը ընձեռած է միջոցներ, որոնք ընթերցողին, պրպտողին կ’օգնեն որոշ նիւթ մը կամ որոշ հեղինակի մը գրածները դիւրութեամբ որոնելու աշխատանքին մէջ: Արխիւներու բաժինը ընդհանրապէս կը բովանդակէ լուրերուն ու յօդուածներուն «բնագիր»ները: Կան թերթեր, որոնք իրենց օրուան թիւը էջադրեալ տեսքով եւ իբրեւ լուսանկարային տարբերակ (PDF) կը պահեն իրենց արխիւներուն մէջ, կամ զայն մէկ-երկու օր պահելով կայքէջին վրայ՝ առիթ կու տան, որ հետաքրքիր ընթերցողը զանոնք ընդօրինակէ եւ պահ դնէ իր սեփական արխիւներուն մէջ: Այս ձեւով թերթերու պահպանումն ու մատուցումը մէկ այլ տարածքը կը կազմէ ԱՐԽԻՒԱՑՄԱՆ: Կը կարծենք, որ այս մասին աւելի երկար խօսելու պէտք չունինք, եւ ընթերցողն ալ կ’ըմբռնէ, թէ որքա՛ն կարեւոր է այս երեսը՝ հրատարակուած նիւթերու ՊԱՀՊԱՆՈՒՄԸ: Կան նաեւ այլ թերթեր, որոնք իրենք զիրենք զերծ կացուցած են լուսանկարային տարբերակի պահպանումէն, եւ սա պատճառ կը դառնայ (օր մը պատճառ կրնայ դառնալ), որ նիւթեր կորսուին, կամ առնուազն ատեն մը ետք իբրեւ օրը-օրին պահպանուած արխիւ մատչելի չըլլան ընթերցողին, պրպտողին, ուսումնասիրողին: Սա կորուստ մըն է անկասկած: Աւելորդ չենք նկատեր կրկնելը, որ միւս տարբերակները՝ առցանց մնացող գիրն ու ձայնը, պատկերը՝ ընդհանրապէս ենթակայ են ցնդելու, մոռացութեան ովկիանոսին մէջ նետուելու. մնայուն չեն՝ ինչպէս միւսը:

Լուսանկարչական տարբերակին մասին
Թերթի մը խոհանոցային աշխատանքներուն, մանաւանդ տնտեսական-նիւթական վիճակին ծանօթներ գիտեն, որ նման բաժինի մը ստեղծումն ու իբրեւ արխիւ պահպանումը կը կարօտի քիչ մը յաւելեալ ճիգի եւ նիւթական որոշ ներդրումի, որ նոյնինքն թերթի «արտադրութեան» գործին մէկ մանր բաժինը կը կազմեն: Այս երեսին անտեսումը տեղ մը բան մը կը պակսեցնէ թերթին արժանիքներէն: Դարձեալ խօսինք օրինակով. գաղութի մը թերթը առաւել կամ նուազ չափով հայելին է այդ գաղութի իրագործումներուն: Երբ չկայ նշուած ձեւով պահպանուած արխիւ, գաղութի պատմութեան կարգ մը էջերը կը մատնուին կորստեան:
Որպէսզի կարենամ բացատրել թերթի մը լուսանկարային տարբերակին պահպանման կարեւորութիւնը, երթամ մէկ քանի անձնական փորձառութիւններու: Հոն հասնելէ առաջ, փակագիծ մը բանամ եւ արձանագրեմ, որ վերջին տարիներուն, մասնաւորաբար Հայաստանի մէջ, ստեղծուած են համացանցային կայքեր, ուր հետզհետէ կ’աճին թերթերու եւ գիրքերու շտեմարաններ (դժբախտաբար երբեմն արատաւոր ձեւով, ինչպէս՝ կտորի մը հեղինակին անուան սխալ արձանագրութիւնը կամ գրութեան մը անհարազատ վերարտադրութիւնը եւ այլն): Այս իմաստով, բազմաթիւ շտեմարաններու շարքին, ուշագրաւ եւ շատ օգտակար կայքէջ մըն է ԳՐԱՀԱՒԱՔը (Գրահաւաք ԲԱՐԻ ԳԱԼՈՒՍՏ ՄԵՐ ԿԱՅՔ), որուն մէկ ենթաբաժինին վրայ կ’ուզեմ բերել այսօրուան լուսարձակս: Մեր գրաւոր ժառանգութիւններուն մէկ հսկայական գանձարանը ըլլալուն կողքին (կրկնեմ, կան ուրիշներ ալ), անիկա ունի ստորաբաժանում մը, որ ինքնին գոհարներու հսկայ մթերանոց մըն է եւ կը կոչուի «Հայկական թուայնացեալ պարբերականները համացանցում»: Կայքէջը այցելողը հոն կը գտնէ հայկական բազմահազար թերթերու թուայնացեալ, այսինքն՝ թերթին լուսանկարուած ձեւով պահպանուած բնօրինակները, այնպէս՝ ինչպէս որ հրատարակուած են սկզբնական՝ էջադրեալ վիճակով:
Թերթերը ցանկագրուած են այբուբենական շարքով, իւրաքանչիւր թերթի համարները կը ներկայանան տարեթիւներու տախտակներով (կարգ մը թերթերու շարքերը ամբողջական չեն): Հոն կարելի է գտնել Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ լոյս տեսած բոլոր այն թերթերը, որոնք անցած են կայքէջին այս բաժինը կազմողներուն ձեռքը (Պոլիս, Թիֆլիս, Հայաստանի քաղաքներ, Պաքու, արտերկրի հին ու նոր օճախներ), սկսելով… «Ազդարար»էն, որ հայկական առաջին թերթը ըլլալու պատիւը կը վայելէ: Փակենք փակագիծը եւ հասնինք անձնական փորձառութեան խոստումիս, վերը տրուած այն խոստումին՝ թէ սիւնակին աւելի ուշ բաժիններուն մէջ պատմելիք ունինք:
Ա. Պէտք կա՞յ յիշեցնելու, որ «Հայրենիք» ամսագիրը յետ-ցեղասպանութեան մեր կեանքին մէջ ինչպիսի՛ դեր ու ներկայութիւն եղած է անցեալ դարու 20-ական տարիներէ սկսեալ եւ մօտաւորապէս 50 տարի: Անոր հաւաքածոն ունեցողներ զայն կը պահպանէին թանկարժէք գանձի պէս, անկարելի էր զայն խլել արժէքը գիտցողին ձեռքէն: Ուսանողութեան տարիներուս, բաւական օգտուած եմ հաւաքածոյէն, գրադարաններու ճամբով: Ցանկացած եմ ունենալ շարքը, սակայն, ինչպէս ըսի՝ ունեցողը չէր ուզեր ծախել: Յետոյ, եկան Լիբանանի «քաղաքացիական պատերազմ»ի տարիները: Հարկադրաբար երկրէն հեռացողներու թիւը աճեցաւ, մեծ ու փոքր անձնական գրադարաններ ցրիւ եկան, մինչեւ իսկ… փողոց կամ աղբանոց նետուեցան…: Օր մըն ալ բարեկամէ մը իմացայ, որ ճամբորդելու պատրաստուող մէկը կ’ուզէ վաճառել «Հայրենիք» ամսագիրի իր հաւաքածոն: Ուրախութիւնս անսահման էր. բարեկամիս հարցուցի, թէ որքա՞ն կը պահանջէ ծախողը: Քանի մը օր ետք պատասխանը եկաւ. բաւական մեծ գումար մը (թէեւ ո՛չ՝ իսկական արժէքին համազօր), սակայն ատիկա վեր էր իմ կարողութենէս: Զրկուեցայ հաւաքածոն ունենալու առիթէն, դառն յիշատակը մնաց լեղի դեղի մը թողած զգացումին պէս: Եւ ահա, երբ ըրի «Գրահաւաք»-ին գիւտը, ինքզինքս բախտաւոր զգացի, որովհետեւ պահեստանոցին մէջ կար ամբողջ հաւաքածոն: (Կան նաեւ այլ թանկարժէք պարբերականներու հաւաքածոները):
Բ. «Գրահաւաք»-ը ինծի վերադարձուց մանկութենէս երկու համով յուշ: Հաւաքածոյին մէջ գտայ Հալէպի մէջ հրատարակուած երկու պարբերականներ, որոնք կը կոչուին «Բուրաստան» եւ «Արեւելք մարզաշխարհ»: «Բուրաստան»ը Հալէպի ուսուցչական միութեան մէկ նախաձեռնութիւնն էր, լոյս տեսած՝ 1950-ական տարիներուն: Բազմատաղանդ ուսուցչուհի՝ մօրաքոյրս, աշխատակցած է անոր եւ, կը յիշեմ՝ մանուկ աշակերտս բաժանորդագրած էր անոր, օգնած էր կազմելու գրեթէ ամբողջական հաւաքածոն: Այդ օրերու չափանիշներով՝ սքանչելի հրատարակութիւն մըն էր, մեծ ազդեցութիւն ունեցած է վրաս ու զիս տարած՝ ընթերասիրութեան, ի՜նչ կ’ըսեմ, թերթի-գիրքի սիրահարութեա՛ն:
Լիբանանի «քաղաքացիական պատերազմ»ի վերջին փուլի դէպքերուն բերած պատուհասներէն մէկն ալ այն էր, որ այդ հաւաքածոս կորսուեցաւ: Եւ ահա, «Գրահաւաք»ին մէջ գտայ մանկութենէս պատառիկներ, նաեւ ընթերցասիրութեանս առաջին աղբիւրը…: Նոյն զգացումով գտայ բոլորովին տարբեր հրատարակութիւն մը՝ «Մարզաշխարհ»ը, որ այդ օրերուն (50-ականներէն մինչեւ 60-ականներու սկիզբը) Հալէպի մէջ լոյս տեսած տպագիր «փարոս»ի մը՝ «Արեւելք» օրաթերթին յաւելուած էր: Անհամբերութամբ կը սպասէի, որ հօրեղբայրս աւարտէր թերթին ընթերցումը եւ թերթը հասնէր ինծի: Նոյնը կը պատահէր Պէյրութէն հասնող «Նոր Կեանք»-ին: («Բագին»-ի առաջին թիւերուն հետ ծանօթացումս ունի ուրիշ պատմութիւն): Այդ երկու թերթերը ինծի եւ հասակակից զարմիկներուս առջեւ կը բանային հեռաւոր եւ քիչ ծանօթ աշխարհներու լուսամուտները: Ո՛չ պատկերասփիւռ ունէինք, ո՛չ ալ… համացանց եւ այլ բարիքներ: «Բուրաստան»ը ունէր բազմաթիւ պաստառներ՝ հեքիաթներու, մանկական պատմութիւններու, գիտելիքներու, մշակոյթի, նշանաւոր հայերու (առաւելաբար գրողներ, գիտնականներ) եւ պատմական դէմքերու ցուցադրութեան համար, նաեւ՝ ժամանցի բաժիններ (հանելուկ, խաղեր): «Մարզաշխարհ»ը մեզի կը հասցնէր աշխարհահռչակ մարզիկներու, ինչպէս նաեւ ուշագրաւ ժապաւէններու «հրաշապատումները»: Կը սորվէինք Բելէի եւ խմբակիցներուն ու բազում սերնդակիցներու անունները, կ’իմանայինք, որ հայն ալ աշխարհը կը հմայէր իր անուանի մարզիկներով, որոնց «թագաւորն» էր Ալպէր Ազարեանը՝ «օղակներու թագաւորը», իսկ աւելի նեղ տարածքներու մէջ կը փայլէին ըմբշամարտիկներ, բռնցքամարտիկներ եւ այլ ախոյեաններ, առանց մոռնալու հայրենի ֆութպոլի խումբերը: Մարզիկներէն ետք, կարգը կու գար ժապաւէնի աստղերուն եւ անոնց նորակերտ ժապաւէններուն, որոնց աւելի լայն տեղ կու տար «Նոր Կեանք»ը, մեզի ծանօթացնելով նշանաւոր աստղեր ու բեմադրիչներ, որոնց շարքին՝ Ռուբէն Մամուլեան մը եւ այլք:
Եթէ անցնինք «անձնական» որակուած յիշեալ յուշապատումէն անդին, կարելի է կարկինը անսահմանօրէն տարածել թերթերու բնագիրներու հաւաքածոները ընդգրկող յիշեալ կայքէջի լայնքին ու երկայնքին եւ «բռնել», շօշափե՛լ գրաւոր մամուլի անմահ ժառանգութիւնը, վերապրիլ Պարոնեանի ու սերնդակիցներուն Պոլիսը, Րաֆֆիի, Արծրունիի եւ սերնդակիցներու Թիֆլիսը, մեր գրաւոր մշակոյթի արարման այլ օճախներու ԿԵԱՆՔԸ՝ իր տարբեր ստորաբաժանումներով: Այս բոլորը կ’արձանագրենք, շեշտելու՝ թէ որքա՛ն կարեւոր է հաւաքածոներու բնագրային ձեւով պահպանումը:
Հարցը դիտենք «այժմէական»ի ակնոցով: Այսօր, արդի արհեստագիտութեան ընծայած անհաշուելի ծանօթութիւններուն եւ բարիքներուն դիմաց, մարդս կրնայ հարց տալ, թէ նման «համեստ» թերթեր կամ «հնադարեան» հաւաքածոներ ի՞նչ արժէք կրնան ունենալ, ո՞վ պէտք ունի անոնց էջերուն դիմելու, երբ անդին, նոյն համացանցին վրայ կան բոլոր մարզերուն մէջ հանրագիտարանային հարստութեամբ ծանօթութիւններ, տեղեկութիւններ: Պատասխանը պարզ է. մեր այդ թերթերը – եւ նմանները – մաս կը կազմեն մեր գրաւոր մշակոյթի պատմութեան: Հոն վաւերագրուած են ո՛չ միայն այդ օրերու տեղեկութիւնները, այլ նաեւ զանոնք ՀԱՅՕՐԷՆ դիտելու ու մեկնաբանելու վկայութիւններ, որոնք ամբողջ ժամանակաշրջանի մը հայելին են, այդ էջերուն կը տողանցեն նուիրեալ գրողներ, թղթակցութիւններ պատրաստողներ, որոնք կարելի ճշգրտութեամբ քայլ պահած են իրենց օրերու աշխարհին զարգացումներուն, նորութիւններուն հետ, հայ զանգուածը հաղորդ պահած՝ հեռաւոր աշխարհներու: Անոնք վաւերագրումէ աւելի՝ ԱՊՐՈՂ ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆՆԵՐ են մեր կեանքի այս կամ այն երեսին մասին:

Վերջաբանի փոխարէն
Թերթ հրատարակողը՝ խմբագիր, աշխատակից թէ այլ պատասխանատուներ, ազնիւ մարտահրաւէրի մը դիմաց պէտք է զգան իրենք զիրենք, գիտակցելով, թէ իրենց օրը-օրին տարած աշխատանքը պայմանաւորուած չէ ժամանակի նեղ փակագիծի մը մէջ մնալու, այլ անիկա իրողական պատմագրութեան ու վաւերագրումի գործ է, իրաւունք ունի պահպանման եւ վաղուան սերունդներուն հաղորդման, ինչպէս որ մենք՝ ապրողներս, նախորդներէն իբրեւ շօշափելի ժառանգութիւն ստացած ենք ստուար եւ թանկարժէք գանձարաններ:
Խմբագիր մը, յօդուածագիր մը կամ մամուլի աշխատակիցներ երբեմն իրենց գրածներէն փունջեր կը կազմեն եւ լոյս կ’ընծայեն հատորով, ըմբռնած ըլլալով ԲԱՆ ՄԸ ՄՆԱՅՈՒՆ ԴԱՐՁՆԵԼՈՒ, պահպանելու իմաստը, սակայն մէկը մտածա՞ծ է գաղութի մը թատերական, բարեսիրական կամ մարզական (նաեւ մասնագիտական) միաւորներու «օրագրութիւնը» հատորի մէջ հաւաքելու մասին (յուշամատեանները նոյն գործը չեն ըներ): Բնականաբար ոչ: Ինչո՞ւ: Որովհետեւ բոլորն ալ գիտեն, որ իրենց ատենագրութիւններուն եւ տեղեկագիրներուն քովն ի վեր, մամուլը ըստ կարելւոյն վաւերագրած է այդ բոլորը: Ալ ի՜նչ խօսք՝ «դիմատետր»ի եւ նման ծովերու մէջ նետուած արձանագրութիւններու ճակատագիրին մասին, որոնք, ընդունինք կամ ոչ, համազօր են ջուրի վրայ գեղանկարչութիւն ընելու…:
Հետեւաբար, մեր ԱՊՐՈՂ ու ապրուած ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ պահպանումը արժանի է յատուկ գուրգուրանքի, մանաւանդ, որ արդի արհեստագիտութիւնը (համակարգչային եւ նկարչական սարքեր) մեծապէս կը դիւրացնեն այդ առաքելութիւնը:

Armenian Weekly Magazine Armenian Weekly Magazine

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button