Թունաւոր Գրասենեակը. Ինչպէ՞ս Սփիւռքեան Գործերու Պատասխանատուն Կը Շարունակէ Թոյն Սրսկել

«Ան որ կը տիրէ սփիւռքը, կը տիրէ Հայաստանի Հանրապետութեան ապագան» — գաղափար մը որ շատ լաւ հասկցաւ սփիւռքի գործերու պատասխանատու Զարեհ Սինանեան
Կարէն Շահէ Ճինպաշեան
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ամէնահայաշատ ու հայահոծ նահանգի՝ Քալիֆորնիոյ համալսարաններէն մէկուն սրահներէն ներս, Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի Գործերու Յանձնակատարի գրասենեակի պատասխանատու Զարեհ Սինանեան ունեցաւ մտերմիկ ու փակ դռներով հանդիպում մը հայ ուսանողական երիտասարդութեան հետ։ Ոչ աւելի քան տասնեակ մը հայ երիտասարդներ, որոնք կ՚անդամակցին իրենց համալսարանի հայկական ուսանողական Կազմակերպութեան (Armenian Student Association), թագուն կը խմբուին Երեւանէն եկող պետական պաշտօնեային հետ զրոյց մը ունենալու համար։ Ներկաներու խումբը այն խումբն է որ աշխուժօրէն կը պայքարի արցախահայութեան իրաւունքներուն վերականգնման համար։ Այն խումբը որ ոչ մէկ առիթ չի խնայեր գերպետութիւններուն լսելի դարձնելու իր հայրենիքի դէմ դաւադրութիւններուն եւ մարդկային իրաւունքներու խախտումները։ Այն միեւնոյն խումբն է որ իր անձնական կեանքը կը զոհէ, որպէսզի կազմակերպչական կեանքին ծառայէ ու կարողանայ որոշ բարելաւում յառաջացնել Հայաստանի Հանրապետութեան թշուառ իրականութեան։ Այս խումբը կը պատկերացնէր թէ այս հանդիպումը իրենց պիտի ոգեւորէ ու խրախուսէ որպէսզի աւելիով կարողանան անոնք նուիրել իրենց աշխատանքներն ու ճիգերը ի նպաստ Հայաստանի Հանրապետութեան։ Սակայն այդ պատկերացումները կը մնան միայն երեւակայական, երբ կը լսեն կանխամտածուած, թրքամէտ լոզունգներ. պարտութեան ընդունում, հայ ռազմագերիներու եւ քաղաքական բանտարկեալներու հարցի մոռացում, երկարամեայ պահանջներէ հրաժարում, քրիստոնէական արժէքներու դրժում եւ ազգային զգացումի ուրացում։
Զարեհ Սինանեան՝ Հայաստանի Հանրապետութեան «Սփիւռքի գործերի գլխաւոր յանձնակատար»-ը այլեւս չէ սահմանած իր յուդայական աշխատանքը հսկայ դահլիճներու մէջ։ Այլ ան սկսած է իր աշխատանքը տանիլ նոյնատիպ մտերմիկ, ջերմ ու որոշ հրաւիրուած անհատներու, մասնաւորապէս աշակերտներու հետ։ Այս ռազմավարութեան փոփոխութեան պատճառներէն մէկը կարելի է ըլլար տարիներու ընդդիմադիր աշխատանքը անոր հանրային ծրագիրներուն ու ձեռնարկներուն։ Այսպիսով, դիմադրութիւնները նախօրօք կը շրջանցեն, եւ առիթ իսկ չեն ունենար լուսաբանելու եւ ճշմարտութիւնը ցուցադրելու իր սուտերուն դիմաց։ Եւ ահաւասիկ, ան ոչ թէ կը դառնայ կամուրջ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ սփիւռքի միջեւ, այլ աշխուժօրէն կ՚աշխատի ու կը ձեռնարկէ անոր կործանումն եւ ուժային նօսրացումը։ Ան կը դառնայ սփիւռքեան առաջնակարգ դէմքը Արցախեան հիմնահարցի մոռացութեան արշաւին, եւ Փաշինեանի կամակատար կարերագոյն խաղալիքներէն մէկը։ 2019-ին ան կը նշանակուի իր այժմու պաշտօնին, եւ այդ օրուընէ ի վեր կը շարունակէ սփռել ու տարածել ապատեղեկութիւն եւ պառակտիչ առանցքներ, որոնք կը նպաստեն սփիւռքի թուլացման ու կործանման։
Օրին սփիւռքի զաւակ՝ այսօր դաւաճան իշխանութեան կամակատար, Սինանեան իր քաղաքական կեանքը սկսաւ Քալիֆորնիոյ համայնքի Պըրպէնքի Հայ Դատի յանձնախումբին մէջ, որպէսզի կարողանայ տեղւոյն կապերն ու կարելիութիւնները շահագործելով հասնիլ Միացեալ Նահանգներու բարձրաստիճան պաշտօններու։ Եւ այդպէս ալ ըրաւ, 2013-ին ան թեկնածութիւնը հռչակեց Կլենտէյլի քաղաքապետի պաշտօնին, եւ Հայ Դատի յանձնախումբին միջոցաւ կարողացաւ ապահովել բարձրաստիճան մարդկանց զօրակցութիւնը։ Աւելի համարձակ ու ժողովրդական ոճով՝ սփիւռքի այն կազմակերպութիւնները որոնք կը քարկոծուին այսօր Սինանեանի կողմէ, իրեն նեցուկ կանգնող այդ միեւնոյն կազմակերպութիւններն են։ Սակայն ժամանակը փաստեց թէ այդ նախաձեռնութիւնը հանդիսացաւ ամբողջական ձախողութեան։
Աւելին՝ 2013-ի ընտրապայքարի ընթացքին, մէջտեղ ելան անոր կողմէ տեղադրուած գրառումներ, որոնք կը բովանդակէին ցեղային, կրօնական, դաւանանքի, սեռային եւ կանանց հանդէպ խտրականութիւն եւ ատելութիւն սփռող մեկնաբանութիւններ։ Այս խայտառակութիւնը վնասեց իր քաղաքական կարելիութիւնները Միացեալ Նահանգներու մէջ։ Անշուշտ շատ մեծ տարաձայնութիւն յառաջացաւ հայ եւ օտար համայնքին մէջ, եւ շատ մը քաղաքական դէմքեր հեռացան իրմէ, իրենց հետ վերացնելով բոլոր զօրակցութիւնները։ Սինանեան սկզբնական շրջանին փորձեց անտեսել եւ ուշադրութիւն չտալ իր յանցագործութիւններուն, բայց երբ այլեւս կարելի չէր լուռ մնալ, ան զղջումնագիր գրեց եւ հրապարակեց։ Այդ զղջումնագիրը հանդիսացաւ, որպէս իր դամբանականը, Միացեալ Նահանգներու քաղաքական կեանքէն։
Եւ այսպիսով, Ամերիկեան քաղաքական կարելիութիւններու կաշկանդումն ու վանդը պատճառ դարձաւ որ ան տեղափոխուի Հայաստան, 2019 թուականին։ Հոն, կը զօրագրուի Փաշինեանի վարչակազմի կողմէ, ու կը ստանձնէ «սփիւռքի գործերի գլխաւոր յանձնակատարի» պաշտօնը։ Պաշտօն մը որուն կատարեալ անձը՝ անսակարկօրէն ինքն էր։ Հաշուի առնելով թէ որքան մօտէն ծանօթ է հայկական համայնքի իրադարձութիւններուն, յատկապէս այն կազմակերպութիւնները որոնք օրին զինք կերտած են իբրեւ քաղաքական գործիչ։ Այս գրասենեակով զինք պարտականութիւն կը տրուի զանոնք ոչնչացնել։ Եւ ան կը սկսի տարաձայնութիւններ սփռել, որոնք բոլորովին հակառակ են այն կազմակերպութիւններուն, կը սկսի խեղաթիւրել սփիւռքի պատմական հզօրութիւնը ինչպէս նաեւ կասկածի տակ դնել դարերու հսկայական աշխատանքը՝ ի նպաստ Ազատ Անկախ ու Միացեալ Հայաստանի։
Եւ այսպիսով, գրասենեակ մը որ պէտք էր աշխատեր ի նպաստ պատմական ու մշակութային հարստութեանց պահպանման, Հայոց Ցեղասպանութեան համաշխարհային ճանաչման աշխատանքին, հայրենադարձերու օժանդակութեան, այսօր՝ Փաշինեանի ղեկավարութեամբ եւ Սինանեանի կամակատարութեամբ, դարձած է սուտերու տարածման օրկան մը, որ կ՚օժտուի Հայաստանի Հանրապետութեան պետական քսակով։
Վերադառնանք մեր այժմու նիւթին՝ Սինանեանի հետ հանդիպումը հայ ուսանողական կազմակերպութեան աշակերտներու հետ։ Այս այցելութեան ընթացքին, Սինանեանի պարտականութիւն տրուած էր չորս նիւթերու մասին ապատեղեկութիւն սփռել երիտասարդական շարքերուն մէջ։ Այդ չորս նիւթերը հետեւեալներն էին.-
ա. «Արցախը մերը չէ, էջը փակեցէ՛ք»
Սինանեան կը ներկայացնէ Արցախը որպէս Հայաստանի վերահսկողութենէն դուրս հողամաս մը, որուն հետ այլեւս որեւէ կապ չունինք եւ պէտք է մոռնանք։ Ան յստակ կը փոխանցէ թէ արցախեան հարցի հետապնդումը ծայրայեղ է, եւ խիստ վտանգաւոր Հայաստանի Հանրապետութեան։
բ. «Ռազմագերիներու եւ քաղաքական բանտարկեալներու ազատ արձակումը երկրորդական է»
Սինանեան բազում անգամներ շեշտած է, թէ Պաքուի մէջ չարչարուող անթիւ հայ ռազմագերիներու, անհետ կորածներու եւ քաղաքական բանտարկեալներու ազատ արձակումն ու վերադարձը այնքան ալ առաջնակարգ խնդիր մը չէ։
գ. «Խաղաղութիւնը կը պարտադրէ զիջում»
Ան կը շարունակէ միակողմանի զիջումները ներկայացնել որպէս «քաջութիւն» եւ ոչ թէ դաւաճան արարք։ Աւելին, ան յանդգնութիւնը կ՚ունենայ, անոնց որոնք կը շարունակեն պահանջել հայութեան իրաւունքները, կը պայքարին Հայաստանի Հանրապետութեան պետականութեան պահպանումին համար, ներկայացնել որպէս ոճրագործներ եւ ծայրայեղներ։
դ. «Սփիւռքը Հայաստանի քաղաքականութեան մէջ գործ չունի»
Կծու հեգնական իրականութեամբ, սփիւռքի գրասենեակը՝ փոխանակ օգտուի սփիւռքի տարիներու փորձառութենէն եւ քաղաքական հմտութիւններէն, կը հետապնդէ անոր արտաքսումը Հայաստանի քաղաքական կեանքէն։ Այս «դրամ տու՛ր, բայց գործիս մի՛ խառնուիր» ռազմավարութիւնը սփիւռքը շա՜տ լսած է, բայց ոչ եւս։
Երբ Սիանեան խօսի, կարելի է պատկերացնել հայախօս թուրք կամ ազերի մը, որուն միակ նպատակն է Հայաստանի Հանրապետութեան պետականութեան տկարացումն ու հայ ժողովուրդի ցուլումը։ Անոր պատգամները առիթ կու տան որ Ատրպէյճանի ոճրագործութիւնները, ցեղասպան ու մարդկային իրաւունքներու խախտումի արարքները մնան անպատասխան, ճամբայ բանալով առհասարակ Հայոց ոչնչացման։ Եւ դժբախտաբար, այս հայ ուսանողական կազմակերպութեան անդամներէն մի քանին՝ վախնալով, որ դարձեալ չհրաւիրուին այսպիսի հանդիպումներու, լուռ մնացին, երբ Երեւանէն ժամանած այս սողուն սուտասանը իր թրքական քարոզը կ՚արտասանէր։ Բայց անոնք որոնք լուռ չմնացին, անոնք որոնք բարձրաձայնեցին իրենց արդար մտահոգութիւնները, անոնք որոնք շարադրեցին իրենց դժգոհութիւնները հանդէպ Հայաստանի Հանրապետութեան այժմու իշխանութեան եւ Սփիւռքի գործերու գրասենեակին, անոնց կ՚ըսեմ «հազար ապրի՛ք։ Դու՛ք էք իրաւունքով, դու՛ք էք արդարացի, դու՛ք էք հայրենասէր, եւ դու՛ք էք Հայոց փրկարար ուժը՝ սփիւռքի մէջ։ Օրը կու գայ, որ իւրաքանչիւրին կը տրուի իր արժանիքը. լռողը կը դատապարտուի մոռացութեան Հայոց Պատմութեան էջերուն մէջ, եւ բուռն պայքարողը կ՚արժանանայ անմահութեան»։
Յարգելիներ, դժբախտաբար այսօր իրականութեան մը դէմ յանդիման կը գտնուինք, ուր «սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարը» սփիւռքը չի ներկայացներ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ։ Ան մեր ականջին Փաշինեանի թոյնն է։ Սփիւռքի ծոցէն մէջտեղ ելած, քաղաքական գայթակղութեամբ սպիացած, հիմա կը սպառնայ մեր միասնականութեան, յատկապէս թիրախաւորելով երիտասարդութիւնը։ Դիմադրութիւնը անհրաժեշտ է, պայքարը՝ կենսական։ Մեր միակ փրկութիւնը մեր հաւաքական ուժի մէջ է, ոչ թէ գլխատման ու դաւաճան ռազմավարութեան։ Սփիւռքի պարտականութիւնը յստակ է՝ մերժել այս կեղծաւոր սուտասաններու թրքամէտ ու կործանարար լոզունգները, եւ ոչ մէկ ջանք խնայել բարձրաձայնելու համար Արցախ վերադարձի, քաղ-բանտարկեալներու ազատ արձակման պահանջը, ցեղասպան Ատրպէյճանի հաշուետուութեան հրամայականը, եւ Հայոց Ցեղասպանութեան աշխարհով մէկ ճանաչումն ու արդար հատուցումը, Ազատ Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի տեսլականի հետապնդումը։

