Լրահոս

ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՆ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳ ՄԱՏՈՒՑՈՒԵՑԱՒ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

 

2026 տարուան առաջին օրուան՝ Հինգշաբթի, 1 Յունուարի առաւօտեան, Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ մատուցուեցաւ տարուան անդրանիկ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագը, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ մասնակցութեամբ միաբան հայրերու, դպրեվանեցիներու ու հաւատացեալներու։ Պատարագիչն էր Հոգշ. Տ. Դաւիթ Աբղ. Ասայեան։

Յաւարտ Սուրբ Պատարագին, վեհարանի դահլիճին մէջ համախմբուելով՝ Հոգշ. Տ. Աւետիք Վրդ. Տէր Կարապետեան թարգմանը հանդիսացաւ ներկաներուն եւ ընթերցեց ուղերձ մը։ Ողջունելէ ու շնորհաւորելէ ետք Վեհափառ Հայրապետը, միաբան հայրերն ու ներկաները՝ ըսաւ, թէ գեղեցիկ է տարուան առաջին ողջոյնը ստանալ եկեղեցիէն՝ Տիրոջ տունէն։ Ուստի, եկէք Քրիստոսի սիրով ողջունենք իրար, որ իր մէջ կ՚ընդգրկէ խաղաղութիւն, որ աշխարհի տուած խաղաղութենէն տարբեր է։ Հայր սուրբը անդրադարձաւ հայրապետական հռչակագիրին՝ «Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի»-ին կարեւորութեան՝ ﬔր ընտանիքներու, ﬔր կառոյցներու ու կազմակերպութիւններու եւ մեր եկեղեցւոյ կեանքին մէջ։ Աւարտին, ան յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Սուրբ Աթոռի զինուորագրեալ ﬕաբաններուն եւ հաւատաւոր ժողովուրդին, շնորհաւորեց Հայրապետին Նոր տարին՝ մաղթելով ընդ երկար գահակալութիւն, կատարեալ առողջութիւն, նոր ծրագիրներու յաջողութիւն եւ ալեկոծ ծովերուն դիմաց յաջող նաւավարութիւն։

Ապա, Նորին Սրբութիւնը իր հայրապետական պատգամը յղեց։ Ան փառք ու գոհութիւն առաքեց Ամենակալին, որ մեզ տարի մը եւս արժանացուց իր անսահման օրհնութեան ու սիրոյն։ Հայրապետը անդրադարձաւ Նոր տարուան խորհուրդին եւ անկէ եկող պատգամին։ Ան ըսաւ, որ Նոր տարին առիթ է վերատեսութեան ենթարկելու մեր կեանքը եւ սրբագրելու այն ինչ որ սխալ էր։

«Նոր տարին իւրաքանչիւր անհատի, կազմակերպութեան եւ ազգի համար վերանորոգուելու հրաւէր է՝ Աստուծոյ օրհնութեամբ եւ Անոր Միածին Որդւոյն աշխարհ բերած երկնային շնորհներով, ճշմարտութիւններով ու արժէքներով։ Անցնող տարին մեր ժողովուրդի կեանքին երկնակամարը ամպամած էր, յատկապէս Հայաստանի մէջ. մաղթանքս ու աղօթքս է, որ մեզմէ հեռանան ամէն տեսակ մութ ամպեր եւ մեր կեանքը լեցուի գարունով, նոր մտածումներով։ Թող մեր կեանքը շաղախուի եղբայրական սիրով, ազգային, ընդհանրական եւ գերագոյն արժէքներով ու իտէալներով։ Մաղթանքս է նաեւ, որ բացուող Նոր տարին մեր ժողովուրդին համար ըլլայ նոր իրագործումներով ու յաջողութիւններով լեցուն տարի մը՝ հայրենիքէն սկսեալ մինչեւ սփիւռս աշխարհի։ Հետեւաբար, թող Ամենակալը մեր հայրենիքը պահէ հզօր, մեր ազգը՝ անսասան, մեր եկեղեցին՝ պայծառ եւ մեր ընտանիքները՝ երջանիկ. հիւանդներուն պարգեւէ առողջութիւն, գործոց՝ յաջողութիւն եւ մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակներուն՝ երկար, երջանիկ ու առողջ կեանք», եզրափակեց իր պատգամը Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը։

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ՝ ԱԶԳԱՅԻՆ ԾԵՐԱՆՈՑ 

 Երկուշաբթի, 29 Դեկտեմբեր 2025-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը, խումբ մը միաբան հայրերու ընկերակցութեամբ, ուղղուեցաւ ծերանոց, ուր զինք դիմաւորութեան կը սպասէին հաստատութեան տնօրէն պատուելի Սեպուհ Թէրզեան, խնամակալութիւնը, տիկնանց յանձնախումբը եւ ծերանոցի բնակիչ մամիկներն ու պապիկները:

Պատուելի Թէրզեան յանուն ազգային ծերանոցին ողջունեց Հայրապետին ներկայութիւնը եւ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց արդէն աւանդութիւն դարձած այցելութեան համար:
Ապա, իր օրհնութեան խօսքը ուղղեց Վեհափառ Հայրապետը։ Ան բարձրօրէն գնահատելով հայ ծերերու տան մէջ տարուող ազգային ու քրիստոնէական գործունէութիւնը, որ էութեամբ առաքելութիւն է, վերահաստատեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան մնայուն նեցուկն ու զօրակցութիւնը: Նորին Սրբութիւնը յիշեցուց տարեցներուն, որ անոնք կը գտնուին ազգին տան մէջ, ազգին խնամատարութեան տակ։ Այս առիթով, ան բարձր գնահատեց տնօրէնութեան, խնամակալութեան, տիկնանց յանձնախումբին եւ պաշտօնէութեան կողմէ տարուող նուիրուական աշխատանքը։ Իր խօսքի աւարտին, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ողջունեց ազգային ծերանոցին առաքելութեան հաւատացող ու զօրավիգ կանգնող բարերարները, նուիրատուներն ու բարեկամները եւ Նոր տարուան ու Սուրբ Ծննդեան բարեմաղթութիւններով՝ շնորհաւորեց բոլորը։ Մթնոլորտը ջերմ էր տօնական երգերով: Միաբաններն ու տարեցները միասնաբար երգեցին Նոր տարուան եւ Քրիստոսի Սուրբ Ծննդեան ոգին ու պատգամը փոխանցող երգեր։

Աւարտին, Հայրապետը «Պահպանիչ» աղօթքով օրհնեց ազգային ծերանոցն ու անոր բնակիչները։

 

Armenian Weekly Magazine Armenian Weekly Magazine

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button