Գլխաւոր

ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՇՈՒՐՋ 

 

Թուրքիա մեծ ճիգ կը թափէ Ուքրայինայի տագնապին լուծման նախաձեռնութիւններուն մէջ, իրեն համար դերակատարութիւն մը վերապահելու համար։ Մինչ նախագահ Էրտողան կը յայտարարէր, որ պատերազմը կասեցնելու բանակցութիւնները կրնան Պոլսոյ մէջ կատարուիլ, արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան ընդգծեց, որ Եւրոպա պէտք է օգնէ Ուքրայինայի՝ դժուար ընտրութիւն մը կատարելու համար։

Ֆիտան նշեց, որ Անգարա կը շարունակէ նպաստել երկու կողմերուն միջեւ բանակցութիւններուն, ձայնակցելով Էրտողանի, թէ Պոլիս կրնայ կրկին հիւրընկալել բանակցութիւնները։

Տեղին է նշել, որ Էրտողան Աշխապատի մէջ տեսակցութիւն մը ունեցաւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ՝ քննարկելով Ուքրայինայի տագնապին կապուած հարցեր։

*

     Թուրքիա եւ Հունգարիա կնքեցին տարբեր մարզերու մէջ գործակցութեան համաձայնագրեր, ներառեալ՝ ապահովութեան, քաղաքացիական օդանաւորդութեան, արհեստագիտութեան, մշակոյթի եւ կրթութեան, զարկ տալու համար երկկողմանի յարաբերութիւններուն։

Հունգարիոյ վարչապետ Վիքթոր Օրպանի հետ կատարած իր միացեալ ասուլիսին ընթացքին, Էրտողան նշեց, որ երկու երկիրներուն միջեւ առեւտուրի ծաւալը մօտ է վեց միլիառ տոլարի հասցնելու թիրախին։

Օրպան Անգարա այցելեց մասնակցելու համար Թուրքիա- Հունգարիա ռազմավարական գործակցութեան բարձրագոյն խորհուրդին 37-րդ հանդիպման։

*

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան Տոհայի մէջ հանդիպումներ ունեցաւ տարբեր երկիրներու նախագահներու, վարչապետներու եւ արտաքին գործոց նախարարներու հետ՝ քննարկելով երկկողմանի յարաբերութիւնները։

Ֆիտան խորհրդակցութիւններ ունեցաւ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ասաատ Շիպանիի, Իրաքի արտաքին գործոց նախարար Ֆուատ Հիւսէյնի, Լիբանանի վարչապետ Նաուաֆ Սալամի, ինչպէս նաեւ Սուտանի նախագահին եւ Նորվեկիոյ արտաքին գործոց նախարար Էսփըն Պարթ Այտըի հետ։

Տեղին է նշել, թէ Ֆիտան Տոհայի մէջ մասնակցեցաւ երկօրեայ խորհրդաժողովի մը, որ նուիրուած էր զարգացման խնդիրներու։

*

    Թուրքիա յաջողութեամբ փորձարկեց «Թայֆուն» հրթիռը, որ ներկայիս մեծ քանակութեամբ կ՛արտադրուի։ «Թայֆուն»-ը թրքական ամէնէն երկար հասողութեամբ միջցամաքամասային հրթիռն է, որ մնայուն կերպով արդիականացման եւ փոխակերպման կ՛ենթարկուի՝  զայն կատարեալ կարողութիւններու հասցնելու համար։

Թրքական Պաշտպանական Ճարտարարուեստի քարտուղար Հալուք Կորկիւն յայտնեց, որ «Թայֆուն» հրթիռը Թուրքիոյ վճռականութեան կարեւորագոյն արտայայտիչն է՝ իր օդային տարածքները սեփական ուժով պաշտպանելու իմաստով։ Տեղին է նշել, որ «Թայֆուն» հրթիռը կ՛արտադրուի «Ռոքեթսան» ընկերութեան կողմէ։

*

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան յայտարարեց, որ Թուրքիա թոյլ պիտի չտայ, որ Սուրիոյ մէջ նոր քաոս մը ստեղծուի՝ մատնանշելով քրտական ուժերու սուրիական բանակին մէջ համարկման դէմ ցցուած խոչընդոտներուն եւ Իսրայէլի ծաւալապաշտական ախորժակներուն, զորս համարեց Սուրիոյ դէմ ցցուած կարեւորագոյն մարտահրաւէրները։

Թուրքիոյ դիւանագիտութեան պետը շեշտեց, որ Սուրիոյ քիւրտերը պէտք է հասկնան,որ մէկ երկրի մէջ երկու զինեալ կառոյցներ չեն կրնար գործել։

*

ՆԱԹՕ-ի խորհրդարանական վեհաժողովի թրքական պատուիրակութեան նախագահ Մեւլութ Չաւուշօղլուի համաձայն, Միացեալ Նահանգներու Քոնկրէսին մէջ Թուրքիոյ նկատմամբ դրական մթնոլորտ մը կը տիրէ։

Ուաշինկթընի մէջ տարբեր քոնկրէսականներու հետ իր ունեցած տեսակցութիւններուն լոյսին տակ, Չաւուշօղլու նման տպաւորութիւն փոխանցեց։

Միւս կողմէ, ամերիկեան հաւաստի աղբիւրներ հաղորդեցին, որ ամերիկեան վարչակազմը կրնայ մօտիկ ապագային Թուրքիոյ համար ստեղծել կարելիութիւններ՝ ԷՖ – 35-ի ծրագրին վերամիանալու համար։

*

Միջազգային մասնագէտներ եւ փորձագէտներ Պոլսոյ մէջ կայացած քննարկումներու ընթացքին Անգարայի կառավարութեան կոչ ուղղեցին՝ կտրուկ քայլերու դիմելու, որպէսզի առաջքը առնուի բախտախաղի մոլութեան, որ շատ տարածուած է Թուրքիոյ մէջ։

Գրեթէ ամէն տարիքի պատկանող մարդիկ՝ կին եւ տղամարդ, ինչպէս նաեւ պատանիներ, այս մոլութենէն վարակուած են, դիւրին կերպով դրամ շահելու մոլուցքով մը, որ ընկերային լուրջ ախտի մը վերածուած է, յատկապէս թրքական մեծ քաղաքներու մէջ։

Բախտախաղի այս մոլութեան հիմնական հարթակը առցանց խաղերն են,որոնք միլիոնաւոր տոլարներու գործառնութիւններ են։

*

Թրքական «Արենոլ Կրուփ» շինարարական ընկերութեան տնօրէն Թոլկա Շահին կոչով մը դիմեց նախագահ Էրտողանի, որպէսզի միջամտէ եւ ապահովէ բռնագրաւուած Արցախի մէջ շինարարական աշխատանքներ կատարած ընկերութեան իրաւունքները։

Շահին նշեց, որ ընկերութեան բոլոր բաժնետոմսերը ատրպէյճանական համապատասխան մարմինները բռնագրաւած ու զանոնք Իլհամ Ալիեւի դստեր՝ Լեյլա Ալիեւայի անունով արձանագրած են։ Ան գանգատեցաւ,որ ատրպէյճանցիները իրենց հետ շատ աւելի վատ վարուած են, քան՝ հայերու։

Թրքական ընկերութիւնը Լաչինի եւ Քելպաճարի մէջ 44 ծրագիրներ իրականացուցած է՝ դպրոցներ, պանդոկներ, զինուորական հանրակացարաններ եւ գործարաններ կառուցելով։ Շահին նշեց, որ բազմիցս դիմած է թուրք պատասխանատուներու, սակայն ոչ մէկ արձագանգ ստացած է։

 

 

 

 

 

 

 

 

Armenian Weekly Magazine Armenian Weekly Magazine

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button