Լրահոս

Շնորհահանդէս՝ «Ռուբէն Զարդարեանի Անտիպ Նամակները» Հատորին 

ՊԷՅՐՈՒԹ․- Հինգշաբթի, 11 Դեկտեմբերին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ, կազմակերպութեամբ Հ․Յ․Դ․ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին տեղի ունեցաւ «Ռուբէն Զարդարեանի Անտիպ Նամակները» հատորին շնորհահանդէսը:

Զարդարեան նշանաւոր եղած է արեւմտահայ գրականութեան մէջ ունեցած իր մեծ նպաստով, սակայն հանրութեան համար գրեթէ անծանօթ էր Զարդարեան կուսակցական-հասարակական գործիչը: Այդ բացը լրացնելու կը ծառայէ «Վէմ»-ի մատենաշարով լոյս տեսած «Ռուբէն Զարդարեանի անտիպ նամակները» հատորը` խմբագրութեամբ պատմաբան Երուանդ Փամպուքեանի:

Բացման խօսքը արտասանեց Յարութ Մարկոսեան: Հատորը ներկայացուց Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի նախկին անդամ Տիգրան Ճինպաշեան, ապա խօսք առին Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի եւ հատորի խմբագիր Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի նախկին անդամ Երուանդ Փամպուքեան:

Այս հատորին մէջ նկատի առնուած են միայն 1897-էն 1903 թուականներուն Խարբերդի շրջանէն գրուածները: Վերոյիշեալ թուականներու գրութիւններէն ի յայտ կու գայ այդ տարիներուն Զարդարեանի կեանքին վերաբերող բոլորովին անծանօթ մէկ իրողութիւն, այն, որ ի յայտ բերուած է Հ․Յ․Դ․ արխիւներէն: Հարցը կը վերաբերի անուանի գրողին նախ հնչակեան կուսակցութեան պատկանելիութեան, մինչեւ իսկ Խարբերդի շրջանի հնչակեան կեդրոնական կոմիտէի անդամակցութեան, ապա անոր յարիլը Հ․Յ․Դաշնակցութեան` իբրեւ ղեկավար Խարբերդի կոմիտէին: Ներկայ հատորով ներկայացուած Զարդարեանի 63 նամակներով չի սպառիր անշուշտ անոր ամբողջական նամակագրութիւնը:

Ձեռնարկի աւարտին կատարուեցաւ հատորէն օրինակներու մակագրում:

 

Armenian Weekly Magazine Armenian Weekly Magazine

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button