Խուզարկութիւն՝ Արցախի Ներկայացուցչութեան Մէջ
ԵՐԵՒԱՆ․- Հինգշաբթի 11 Դեկտեմբերին, քննչական կոմիտէն յայտնեց, թէ քրէական գործի նպատակով, Արցախի Ներկայացուցչութեան շէնքին մէջ կը կատարուին անհրաժեշտ քննչական գործողութիւններ։
Այս գծով, Արցախի Ազգային Ժողովի նախագահ Աշոտ Դանիէլեանը մեկնաբանելով Ներկայացուցչութեան մէջ կատարուած խուզարկութիւնը, յայտնեց․- «Նշած ենք եւ կը շարունակենք նշել, որ Արցախի հարցը փակուած չէ, եւ մենք պիտի պայքարինք մեր իրաւունքներուն համար։ Քննչական գործողութիւնները դեռ կը շարունակուին։ Ես կը տեսնեմ որոշ կապ այն ամենուն հետ, ինչ որ քննարկեցինք երէկ։ Այստեղ այնպիսի փաստաթուղթ չկայ, որ կրնայ վնաս հասցնել մեզի կամ Հայաստանի Հանրապետութեան։ Եթե ալ որեւէ փաստաթուղթ ըլլայ, ան միայն կրնայ օգտակար ըլլալ Հայաստանին կամ մեր ժողովուրդին։ Այո՛, ես այս ամբողջին մէջ կապ կը տեսնեմ մեր երէկուան խորհրդակցութիւններուն հետ»։
Ան աւելցուց, թէ ճնշումներ եղած են իր վրայ եւ Ստեփանակերտի, Մարտակերտի, Ասկերանի քաղաքապետերուն եւ պատգամաւորներուն վրայ։
«Մենք կը շարունակենք մեր աշխատանքները։ Այսօր որ աշխատանք կը տանենք, կը նկատի ունենանք Հ․Հ․ Սահմանադրութիւնը, օրէնքները, եւ մեր գործողութիւններուն մէջ ոչինչ կայ, որ կրնայ հակասահմանադրական նկատուիլ։ ․․․Բոլոր քայլերը ուղղուած են Հայաստանի, Արցախի եւ մեր ժողովուրդի շահերուն»,– եզրակացուց Դանիէլեան։

