Յօդուածներ

Հայաստանի Ապագայի Առաջնագիծը՝ Լռութեան Տեղագրութիւնը

 

Յովհաննէս Ներսէսեան

(Յապաւումով թարգմանուած՝ անգլերէնէ)

 

Հայաստան–Ատրպէյճան խաղաղութեան գործընթացի յայտարարութենէն ի վեր, հետզհետէ աւելի դժուար դարձած է անտեսել, թէ ինչպէս Հայաստանի ներկայ մթնոլորտը ուղղակիօրէն կը նպաստէ սահմանէն միւս կողմ գործող փանթուրանական գործօնին։ Այս ահաւոր ճնշումը հող կը պատրաստէ Հայաստանի վրայ ներխուժումը օրինականացնելու, եթէ համաձայնագրի պարտադրողական դրոյթները չկատարուին։ Այս իրավիճակին մէջ սահմանամերձ համայնքները, յատկապէս Սիւնիքին մէջ, յաճախ խրատ կը ստանան չխօսիլ իրենց անձնական փորձառութիւններուն մասին։ Իսկ երբ խօսին, իշխանութեան պաշտօնական քարոզչութիւնը ակնթարթի մը մէջ կը ծածկէ անոնց վկայութիւնները, պնդելով թէ խաղաղութիւնը արդէն «հաստատուած» է, նախքան որեւէ համաձայնագիր ստորագրուիլը։ Այս ակներեւ հակասութիւնը կը պայմանաւորէ հանրութիւնը՝ լռութիւնը հաւասարեցնել ապահովութեան։

Ինծի համար Ճշմարտութիւնը հասկնալու միակ ձեւը եղաւ անձամբ այցելել Սիւնիք, քանի որ դեռ հնարաւոր է։

Կոռնիծորի Սուրբ Յովհաննէս եկեղեցին

Առաջին կանգառս սահմանամերձ գիւղ մը՝ Կոռնիծորն էր, որ կը գտնուի Արցախ նայող Որոտանի կիրճին մօտ։ Նորոգուած ու անթերի էր ճամբան, որ շրջապատուած էր նոր ռազմական դիրքերով՝ կիսակառուցուած, ժանգոտած հանգստավայրերուն ու սննդատաղաւարներուն կողքին։ Մուտք գործելէ առաջ, ուղղուեցայ ճամբուն ամենահեռու կէտը, ուր յստակօրէն կարելի էր տեսնել Հաքարիի կամուրջը՝ շփման գիծը։

Երկու տարի առաջ, այդ նոյն կամուրջը դարձած էր Արցախի բնիկ հայութեան՝ հարիւր հազարաւորներու, դէպի Սիւնիք միակ փրկութեան ուղին՝ ատրպէյճանական 9-ամսեայ շրջափակումէն ետք։ Արտագաղթ մը, որ բազմաթիւ ցեղասպանագէտներ ու իրաւաբաններ կը ճանչնան իբրեւ ցեղասպանութիւն։ Արցախցիի ժառանգորդ մը ըլլալով՝ պահ մը կանգնած մնացի այդ խեղդող լռութեան մէջ։ Հեռաձայնովս կը նկարահանէի, գիտնալով հանդերձ, որ կը կը դիտուէի ատրպէյճանեան դիրքերէն։ Եթէ աւելի յառաջանայի, ամենադոյզն սխալ մը եւ գրգռած պիտի ըլլայի թշնամին։

Տարածքը՝ դատարկ ու գրաւուած, սարսափազդու պատկեր մը ստեղծած էր։ Միակ շարժումը՝ գոլորշիին մէջ շինարարական աշխատանքն ու ազերի զինուորներու երթեւեկն էր Ատրպէյճանի ծածանող հսկայ դրօշին տակ։

Եւ սակայն՝ այս սպառնական տեղագրութեան մէջ, Կոռնիծորը դիմաւորեց մեզ սրտաբաց ջերմութեամբ։ Քիչ ետք, եւ արդէն նստած էի հարուստ սեղանի մը շուրջ, ճաշակելով լեռներու պարգեւները, այդ թանկարժէք թութի բանդակը (compote), որ վտանգաւոր սահմանամերձ շրջանի մէջ կը մշակուի։ Մարդիկ կը պատմէին պատերազմական փորձառութիւններ իրենց անկոտրում ինքնավստահութեամբ, բայց ասոր կողքին, ես կը նշմարէի նաեւ թաքուն անհանգստութիւն մը, նահանջի եւ մեկուսացման զգացում մը։

«Մենք կտրուած ենք աշխարհէն, բայց կը փորձենք ապրիլ տեսլականով մը, որ հայկական ազգը կանգուն է։ Սահմանամերձ գիւղերը չլքելով՝ կը պահպանենք Հայաստանը: Արցախը իմ ողնաշարս է… իմ արմատներս։ Ինչպէս ծառ մը կ՛ապրի իր արմատներով, այսօր իմ արմատներս կտրուած են։ Չեմ կարծեր որ Հայաստանը կրնայ գոյատեւել առանց Արցախի եւ Սիւնիքի», կը յայտնէ Արցախէն ժամանած Կարինէ Ղուկասեանը, որ կը բնակի Կոռնիծոր՝ մօտ ըլլալու համար իր բնօրրանին։

Պատերազմի օրերուն, գիւղացիներու միակ ապաստարանը եղած էին գիւղին ծայրը գտնուող  միջնադարեան քարայրները։ Բայց այսօր, երբ ատրպէյճանական բանակը հետզհետէ աւելի կը զինուի եւ երբ գոյութիւն ունին «Պայրաքտար»-ի նման անօդաչու թռչող սարքեր, նոյնիսկ այդ քարայրները կը վերածուին մահաբեր թակարդներու։

Այս մտահոգութենէն մղուած՝ մեր ստեղծած «Աղմուկ» ընկերակցութեան անունով, որոշեցինք  կապ հաստատել սահմանային անվտանգութեան նախաձեռնութիւններով զբաղող տեղական կազմակերպութեան մը հետ։ Շուտով դրամահաւաք մը նախաձեռնեցինք՝ կառուցելու համար պատսպարան մը։ Չորս ամիս ետք, շնորհիւ հետեւողական աշխատանքի, կարելի եղաւ կառուցել այս կարեւոր պատսպարանը։ Անհրաժեշտ են նմանօրինակ նախաձեռնութիւններ անհրաժեշտ են։ Մէկ պատսպարանով ալ կարելի չէ բաւարարուիլ։

Ատրպէյճանը համակարգուած կերպով կը ստեղծէ ահաւոր դժնդակ պայմաններ՝ ստիպելով հայերը հեռանալ «աւելի անվտանգ» տարածքներ, որոնք հետեւաբար կը դառնան նոր թիրախ։ Այս ռազմավարութիւնը յաւելեալ ճնշում կը բանեցնէ Հայաստանի վրայ։

Ուղեւորութիւնս շարունակեցի Դէպի Կապան H45 մայրուղիի միջոցով, որ կը մնայ Սիւնիքի միակ գործածելի ճամբան։ Նկատեցի, որ սահմանները աւելի «նեղ» են համեմատած քարտէսին։

Առտու մը այցելեցի Ներքին Հանդ, որ երեք ատրպէյճանական անօրինական յենակէտերով շրջապատուած է։ Բնակիչներուն հետ խօսեցանք կորուստներու, գիւղատնտեսութեան կազմալուծման, եկեղեցւոյ եւ գերեզմանոցի գրաւման մասին։ Դիմադրութեան ցայտուն օրինակ մըն են այս գիւղի բնակիչները։ Անոնք կը գիտակցին, թէ իրենց հեռանալը կը նշանակէ Սիւնիքի հողերու յանձնում։

Ջուրի սպասարկումը ազերիներու կողմէ գրաւուած ըլլալով, գիւղացիները կը ստիպուին գործածել գետին ջուրը։ Գիշերները անօդաչու սարգեր կը թռչին, եւ կրակոցներ կրնան սկսիլ որեւէ պահու։ Բայց բնակիչները որոշած են ապրիլ հոն։

Այդ պահին, կը զգայի 1915-ի ցեղասպանութեան վերապրողներն ու անոնց հետեւողական պայքարը դէմ յանդիման՝ բնաջնջման։ Այս խոր մտածումներով որոշեցի արշաւել Նախիջեւանի ու Իրանի սահմանի մօտ. բայց անմիջապէս կանգ առնուեցայ։ Հայ զինուորները զգուշացուցին, որ կը վտանգեմ կեանքս եւ կրնամ ձերբակալուիլ։

«Միշտ ալ պէտք է ի մտի ունենալ, որ խաղաղութեան մասին դաշինք կնքելը առժամեայ խօսքեր են», կը շեշտէ Կապանի բնակիչներէն Ռազմիկ Սրապեանը։

Շուանիծոր – Ալաւանք ճամբուն վրայ, ռուս զինուորները կանգնեցուցին զիս եւ գրաւեցին հեռախօսս։ Հարցաքննուեցայ, ատրպէյճանական ծաւալապաշտութեան մասին կարծիքներու համար՝ յստակ քաղաքական դրդապատճառներով։ Ապա յանձնեցին զիս Մեղրիի ոստիկանութեան՝ իբր «արգիլուած գօտի» մուտք գործած ըլլալուս համար։ Ի տարբերութիւն ռուսերուն, հայրենի ոստիկանները մտահոգուեցան եւ խնդրեցին շատ չհեռանալ քաղաքէն։

Հայաստանէն մեկնեցայ մէկ հիմնական հարցով․ եթէ մեր գոյութիւնն է խարխլուողը, բայց այդ մասին խօսիլը կը ներկայանայ իբրեւ վտանգ ապագայի համար, ապա ի՛նչ ազատութիւն ունինք մենք՝ որպէս հայեր։

Յոյսը կը սկսի այնտեղ, ուր կը լսենք սահմանամերձ համայնքներուն։ Անոնց ինքնաբաւ դիմադրութիւնը կարող է օրինակ ունենալ եւ գործի լծուիլ Հայաստանի սահմանային անվտանգութիւնը կենսական մակարդակի բարձրացնելու։

Անձնապէս, այս սահմանամերձ բնակչութիւնը վերաիմաստաւորեց իմ ըմբռնումն ու մասնակցութիւնն հայկական դիմադրութեան՝ Արցախի ցեղասպանութենէն ետք, եւ այս մէկը ո՛չ ազգայնամոլութենէ մղուած, այլ՝ գոյատեւման պահանջքով, ոչ ալ կորսւած հողերու առասպելական ձգտումով, այլ՝ մեր անմիջական իրաւունքներու վերատիրացման միտումով։

Armenian Weekly Magazine Armenian Weekly Magazine

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button