Առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արք. Դանիէլեանը Այցելեց Ուստըր Եւ Կրանիթ Սիթի
Ուրբաթ, 5 Դեկտեմբերին, Ուստըրի (Մասաչուսէց) Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցի այցելեց Ա․Մ․Ն․ Արեւելեան թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արք․ Դանիէլեանը, օծելու համար եկեղեցւոյ խորանը։
Յաւարտ արարողութեան, Սրբազան Հայրը բարձրօրէն գնահատեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը՝ Գերպ. Տ. Արտակ Ծ. Վրդ, Արապեանը, եկեղեցւոյ հանդէպ ցուցաբերած իր նախանձախնդրութեան համար եւ քաջալերական խօսքերով բոլոր ծխականներուն յորդորեց, որ հաստատ մնան իրենց հաւատքին մէջ, միշտ աջակցելով հովիւին, ինչպէս նաեւ ծուխի բարգաւաճման։ Անոր պատգամը յիշեցում մըն էր Եկեղեցւոյ առաքելութեան մէջ մեր հաւաքական պատասխանատուութեան։
Եկեղեցւոյ փոխադրութենէն ի վեր իր ներկայ վայրը, խորանը երբեք նորոգուած չէր եւ ժամանակի անցումը արդէն նկատառելի էր։ Վերանորոգումը թէ՛ գործնական անհրաժեշտութիւն մըն էր եւ թէ՛ հոգեւոր առիթ մը համայնքին համար։ Տէր եւ տիկ. Յովիկ եւ Սօսի Տօնապետեաններու բարեհոգութիւնը կարելի դարձուց խորանի խնամեալ վերանորոգումը, անոր գեղեցկութիւնն ու սրբութիւնը վերահաստատելով։
Արարողութենէն ետք, ծուխը ընտանեկան բնոյթի հաւաքոյթ մը ունեցաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ բարերար ընտանիքին հետ։
Այցելութիւն՝ Կրանիթ Սիթի
6- 7 Դեկտեմբերին, Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արք․ Դանիէլեանի նախագահութեամբ, Կրանիթ Սիթիի (Իլինոյ) Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին նշեց իր 71-ամեակը։
Շաբաթ, 6 Դեկտեմբերին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը կատարեց ինը դպիրներու ձեռնադրութիւնը՝ Պարպրա Ճին Վարատեան, Մելանի Ասատուրեան Քինի, Լինզի Ճոյ Շուայցըր, Կասիա Սելերթ Պէրպէրեան, Նիքլաս Վարատեան, Տոմինիք Ռիչըրտ Ճովանտօ, Սեսիլիա Ռոզ Ճիովանտօ, Նաթանիէլ Ճուտ Շուայցըր եւ Լեւի Ճոն Շուայցըր։ Նոյն արարողութեան ընթացքին, Սրբազան Հայրը նաեւ ձեռնադրեց երկու կիսասարկաւագներ՝ տոքթ. Ճորճ Կորտըն Շուայցըր եւ Անդրանիկ Յակոբ Ասատուրեան։
Յաջորդ օրը՝ Կիրակի, 7 Դեկտեմբերին, յընթացս Սուրբ Պատարագի, Առաջնորդը Արքեպիսկոպոս սարկաւագ ձեռնադրեց Սթիվըն Սուրէն Յակոբեանը։ Սուրբ Պատարագէն ետք, տեղի ունեցաւ ձեռնարկ մը, որուն հանդիսավարն էր տոքթ. Ճորճ Սրկ. Պէրպէրեան։ Գեղարուեստական բաժինը կատարեց երգեհոնահար Միքայէլ Դարբինեան։

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը եւ եկեղեցւոյ այցելու հովիւ՝ Արժպ. Տ. Դանիէլ Մանճիկեան վկայագիրներ յանձնեցին եկեղեցւոյ նոր ծառաներուն, իսկ Առաջնորդարանի գնահատագրեր՝ տոքթ. Ճորճ եւ տիկ. Լինտզի Շուայցըրին, եկեղեցւոյ եւ համայնքի անոնց նուիրումին համար։ Տէր եւ տիկ. Սթիվ եւ Սիւզըն Յակոբեան եւ ընտանիք, տէր եւ տիկ. Ճէֆրի Սրկ. Յակոբեան եւ ընտանիք եւ տիկ. Քարէն Յակոբեան եւ ընտանիք գնահատանքի արժանացան իրենց մանկութեան տան նուիրատուութեան համար, որ այժմ հովուատունը պիտի դառնայ։
Տէր Հայրը նաեւ խօսեցաւ նորաւարտ երիտասարդական կեդրոնին մասին, երախտապարտութիւն յայտնելով Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ Առաջնորդարանին՝ համայնքի ապագան զօրացնելու կոչուած այս ծրագրին հանդէպ ցուցաբերած զօրակցութեան ու բերած նպաստին համար։

