Լրահոս

ՍՐԲԱԶԱՆՆԵՐԸ ՆԵՐԿԱՅ ԵՂԱՆ Մ.Ա.Կ.-Ի ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՈԳԵԿՈՉՄԱՆ 

 

ՆԻՒ ԵՈՐՔ․- Երեքշաբթի, 9 Դեկտեմբերին, Հայաստանի Հանրապետութեան Մ․Ա․Կ․-ի մէջ մշտական ներկայացուցիչ՝ դեսպան Պարոյր Յովհաննիսեանի հրաւէրով, էջմիածնական եւ կիլիկեան Արեւելեան Թեմերու առաջնորդները՝ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպիսկոպոս Պարսամեան եւ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեան, ներկայ եղան Ցեղասպանութեան օրուան ոգեկոչման նուիրուած Մ․Ա․Կ․-ի նիստին։

Նշենք, թէ այս նիստին ելոյթ ունեցաւ Հայաստանի Արտաքին Գործոց նախարարի տեղակալ Ռոպերթ Աբիսողոմոնեանը։ Ան յայտնեց, թէ Հայաստանի կառավարութիւնը կը շարունակէ հաստատ կերպով պայքարիլ աշխարհի տարածքին ցեղասպանութիւնները կանխարգիլելու համար, զերծ մնալով Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ ներկայ օրերու Արցախի ցեղային զտումը յիշատակելէ:

 

Armenian Weekly Magazine Armenian Weekly Magazine

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button