Երեսուն տարիէ ի վեր, Թալինի շրջանի շարք մը գիւղեր, Ամէն Ապրիլ 24-ի երե-կոյեան, Թուրքիոյ կողմէն տեսանելի սարերու գագաթներէն կը բոցավառեն կրակ, ցոյց տալով թէ աղաղակող անցեալ մը` չէ մոռցուած:
Այսպէս, Արտին լերան գագաթը մօտ է Թուրքիոյ սահմանին եւ տեսանելի` բոլոր կողմերէն:
Այս լերան գագաթը Կարսի շրջանէն միայն յիսուն քիլոմեթր (շուրջ 31 մղոն) հեռու է:
Շրջակայ գիւղերու բնակիչները այս տարի ալ երեկոյեան, լերան գագաթ բարձրացուցին հնամաշ եւ անգործածելի առարկաներ հրոյ ճարակ դարձնելու:
Շրջանի բնակիչները նախկին Կարսեցիներ են, որոնք Հայաստան հաստատուած են 1915-1918 թուականներուն, տեղահանումներէն ետք:
Լուսանկարներ` ԻՆՆԱ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆի
Read Time:27 Second