Ապրիլ 27-ի առաւօտեան առաջին ժամերէն մինչեւ երեկոյ, Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրի շրջակայքէն ներս, տեղի ունեցաւ ծաղկահաւաք:
Յաջորդաբար, երկրորդ տարին է որ այս ծաղկահաւաքը կը կատարուի, այդ ալ շնորհիւ «Վայրի բնութեան եւ մշակութային արժէքներու պահպանման հիմնադրամ»ին, որ Ապրիլի 24-ին անմար կրակի մօտ բերուած ծաղիկները, խնամքով կը հաւաքէ, յետագային վերամշակելու համար:
Նախապէս, Ծիծեռնակաբերդի հաւաքուած միլիոնաւոր ծաղիկները կը փճացուէին որպէս աղբ:
Վերոյիշեալ հիմնադրամը առաջարկեց անմեղ զոհերու յիշատակին այս ծաղիկները հաւաքել եւ տեղափոխել յուշարձանի հետնամաս շրջանէն ներս:
Ցողունները կ՛օգտագործուին յուշահամալիրի այգիներու մշակման համար, իսկ չորցած թերթիկները` հիմնադրամի թղթի վերամշակման եւ ձեռքով պատրաստուած բացիկներու ձեւաւորման համար:
Այդ թուղթը կ՛օգտագործէ նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկը յուշագրեր, շնորհակալագրեր եւ հրաւիրատոմսեր պատրաստելու համար:
Լուսանկարներ` ԻՆՆԱ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆի