Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
9 Դեկտեմբեր 2024
Հալէպի անկումով սկսած եւ Դամասկոսի գրաւումով աւարտին հասած «սուրիական յեղաշրջումը» բազում եւ հակասական մեկնաբանութիւններու, նախատեսութիւններու եւ «բախտագուշակութեան» ալիքներ տարածեց աշխարհով մէկ, միաժամանակ մտավախութեան եւ գոհունակութեան ալիքներ տարածեց տարբեր երկրամասերու մէջ, տարբեր ուժերու մօտ: Ոմանք շուրջ տասնօրեայ դէպքերը դիտեցին միայն այս կարճ ժամանակահատուածին մէջ, ուրախացան, որ արտաքին ու ներքին բազում մարտահրաւէրներու դէմ կանգնած իշխանութիւնը (որ իր երկրի շահերուն հետամուտ էր ընդհանապէս) հասած է վախճանին, իսկ ուրիշներ մտահոգ են, որ Սուրիա եւս, հակառակ առաջին օրերուն տարածուած յուսատու ալիքներուն, կրնայ մատնուիլ Իրաքի, Լիպիոյ եւ «Արաբական գարուն»-ը ճաշակած, ծայրայեղական կրօմամոլներու շահատակութիւններուն զոհ գացած երկիրներու եւ ժողովուրդներու ճակատագիրին (հիմա շա՜տ աւելի յստակ է, որ այդ «ծայրայեղականներ»ը ուրկէ կը խմէին իրենց ջուրը, անհեռատես հզօրները ինչպէ՛ս, ուղղակի եւ անուղղակի միջոցներով նպաստած են անոնց վերելքին):
Մինչեւ իսկ ամերիկեան հեղինակաւոր թերթեր կը տեսնեն, որ այս իմաստով, մութ ամպեր կան հորիզոնին, թէ՝ իշխանութեան տապալումը՝ (իրական կամ շինծու-չափազանցեալ) տագնապին լուծումը չէ, այլ նոր արհաւիրքներով յղի օրեր կան այդ երկրին դիմաց (նաեւ աւելի հեռուները): Ամէնէն շօշափելի ապացոյցները եղան այն՝ որ Թուրքիա եւ Իսրայէլ վար առին թշնամութիւն խաղալու իրենց դիմակները եւ ձեռնարկեցին Սուրիայէն նոր պատառիկներ խլելու «քաջագործութիւններու»: Մարդկային ողբերգութեան նոր դրուագներու նախաճաշակ մըն ալ տեսնուեցաւ Թուրքիոյ սահմանամերձ՝ քրտական շրջաններու մէջ, ուր քիւրտերու դէմ հալածանքի եւ ջարդի ահազանգեր հնչեցին:
Եկէ՛ք, պահ մը մէկդի ձգենք իշխանափոխութեան կապուած վարկածներն ու նախատեսութիւնները եւ այս փուլը դիտենք պատմութեան քիչ մը աւելի ընդարձակ տարածքին մէջ, ցուցահանելու, թէ աշխարհի մէջ քողարկեալ ինչպիսի՜ եւ ահաւո՛ր այլափոխութիւններ տեղի ունեցած են, տեղի կ’ունենան, նաեւ՝ մեր աչքերը սեւեռելու դէպի այն հորիզոնները, որոնց հասնելու կը միտի Թուրքիա:
ՕՍՄԱՆԵԱՆ ԿԱՅՍՐՈՒԹԵՆԷՆ…
Եթէ ետ երթանք քանի մը դար, պիտի յիշենք, որ թրքացեղ ուժերը Փոքր Ասիոյ մէջ իրենց յենարանները ստեղծեցին մօտաւորապէս տասը դար առաջ, յետոյ, ուժի եւ եաթաղանի զօրութեամբ, ստեղծեցին ընդարձակ կայսրութիւն մը, որ աշխարհի պատմութեան մէջ արձանագրեց ընդհանրապէս կարմիր ու սեւ էջեր, այսինքն՝ ջարդ, աւեր ու բռնատիրութիւն:
Օսմանեան կայսրութիւնը նախ ատեն մը ինքն իր ոտքերուն վրայ ապրեցաւ, իր սահմանները տարածեց մինչեւ Եւրոպայի կեդրոնական գօտին, նաեւ՝ դէպի արաբական աշխարհ, ահազանգի մատնեց կայրութիւններ ու թագաւորութիւններ: Եւրոպան (այդ օրերուն աշխարհի ուժերուն ու մրցակցութիւններու քարտէսին վրայ Ամերիկա մը չկար, իսկ Չինաստանն ու արեւելեան այլ երկիրներ կ’ապրէին իրենց աշխարհին մէջ) ի վերջոյ ՏԵՍԱՒ Օսմանեան կայսրութեան բերած պատուհասներն ու սպառնալիքները, սկսաւ քայլ առ քայլ ետ մղել Օսմանի ժառանգորդները, մկրատեց թրքական կայսրութեան սահմանները: Ազգ-պետութիւնները մէկը միւսին ետեւէ հեռացուցին եասթաղանին վտանգը (սպառնալիքը կը մնայ նաեւ այսօր): Յետոյ, բացարձակապէս իր շահերէն ելլելով (ու տեսնելով, որ Օսմանականէն դէպի հիւսիս-արեւելք ծնած է նոր ուժ մը՝ ցարական Ռուսիան), չհասաւ թրքական կայսրութիւնը վերջնականապէս խորտակելու քայլին, զայն վերածեց նոր հակամարտութիւններու իր մէկ խաղաքարտին: Եւ թուլացած ու սնանկացած Օսմանեան կայսրութիւնը հռչակուեցաւ «Եւրոպայի հիւանդ մարդը»:
Շատ աւելի ուշ, բացայայտ ուշացումով տեղի ունեցաւ այդ կայսրութեան խորտակումն ու մասնատումը՝ Ա. Աշխարհամարտի վաղորդայնին: Եթէ օսմանցիները եաթաղան կը գործածէին, եւրոպացիք աւելի նրբաճաշակ դուրս եկան եւ ճաշի դարակներով եւ պատառաքաղներով մասնատեցին կայսրութիւնը, ստեղծեցին գաղթատիրական աշխարհ մը, որուն մէջ մտան ո՛չ միայն Օսմանեան կայրութեան լուծէն դուրս եկողները, այլ նաեւ ափրիկեան երկիրներ, իբրեւ յաւելում՝ Արեւելքի եւ Հարաւային Ամերիկայի մէջ նախորդ դարերուն հաստատուած գաթատիրական գօտիներուն:
Մեր այս սիւնակին խորհրդածութեան կիզակէտը այն է, որ եւրոպացի հզօրները, ճիշդ է որ իրե՛նց շահերուն եւ շահադիտական ծրագիրներուն մղումով, տեսած էին, ըմբռնած՝ թրքական կայսրութեան վտանգաւոր եւ վնասարար էութիւնը, կործանանար դիմագիծը, եւ երկար տատամսումէ ետք անցած էին (այլապէս այլանդակ) վիրահատութեան: Արաբներն ալ, որ լուսաւոր էջեր թողած էին աշխարհի պատմութեան մէջ, օսմանեան տիրապետութեան տարիները որակեցին «աժնկումի, բթացումի դարաշրջան»:
Օսմանեան կայսրութիւնը հասած էր իր անբարունակ վախճանին: Եւ անիկա ԲՆԱԿԱՆ եղելոյթ էր, իբրեւ ԲՆԱԿԱՆ իրադարձութիւն արձանագրուեցաւ պատմութեան էջերուն:
… ՆԵՐԿԱՅ ՕՐԵՐԸ
Չմտնենք պատմութեան ծալքերուն եւ մանրամասնութիւններուն մէջ, որոնք ընդհանրապէս ծանօթ են բոլորիս: Հասնինք մեր օրերը, երբ տեղի կ’ունենան ԱՆ-ԲՆԱԿԱՆ զարգացումներ, այսինքն՝ դէպքեր՝ որոնք ժխտումն են դար մը առաջ բնական սեպուող դէպքերուն:
Թուրքիա գաղտնի չէ պահած, որ ճամբայ ելած է իր կայսրութիւնը վերականգնելու, մինչեւ իսկ զայն աւելի տարածուն դարձնելու հեռանկարով: Մեր սիւնակին ընկերացող քարտէսներէն երկրորդը ցոյց կու տայ այն տարածքները, որոնց աչք ունի Թուրքիա (եւ սա անկախ անկէ, թէ անոր նախագահը Էրտողա՞նն է, նախորդը թէ յաջորդները): Թրքական նոր կայսրութեան մէջ պիտի մտնեն նախ եւ առաջ Հայաստանն ու Վրաստանը, Սուրիոյ ուղղութեամբ նախաքայլեր էին Ալեքսանտրէթին կցումն ու վերջին տարիներուն՝ հիւսիսի սահմանին երկայնքին ստեղծուած «ապահովութեան գօտի»ները, իրողական կամ ծրագրուած Քիւրտիստան(ներ)ը, ու մինչեւ Ղազախստան տարածքներ. Ռուսական դաշնութենէն ալ հսկայական տարածքներ կան «մսավաճառ»ին ճաշացուցակին վրայ: Բացայայտ է, որ Իրանին մօտենալու յաւակնութիւն չկայ:
Դէպի արեւմուք ու հարաւ՝ թրքական ծրագիրները նկատի ունին Լիբանանը, Յորդանանը, Իրաքն ու Սէուտական Արաբիան, մէկ խօսքով՝ ամբողջ Արաբական թերակղզին, յետոյ նաեւ Եգիպտոսը եւ Լիպիան: Մանր համադամներ են Կիպրոսի մնացեալ բաժինն ու Յունաստանը: Իսկ եթէ հաշուի առնենք, որ «ախորժակը ուտելով կը բացուի», դարաւոր «Սահմանք քաջաց, զէնն իւրեանց» նշանախօսքը կը զգենու թրքատիպ նոր մերկնաբանութիւն: Այդ ախորժակներու դիմաց, գոնէ Հայաստանի մէջ կայ իշխանութիւն մը, որ հեծանիւով կը զբաղի եւ ամանորի տօնածառ լուսաւորելով կը հրճուին, նաեւ հանրութիւնը կը զուարճացնեն սա կամ նա պաշտօնազրկելով ու աթոռի փոխանակման խաղերով…
Իրականութիւնները ցոյց կու տան, որ աշխարհի անիւը ծուռ դարձած է: Այլ խօսքով, այն երկիրներն ու ուժերը, որոնք դար մը առաջ տեսած էին թրքական արեան ծովերով կարմրած հորիզոնները, հիմա կարծէք թէ կրաւորականի աչքերով կը դիտեն Թուրքիոյ ծաւալապաշտութիւնն ու Սուրիոյ մասնատումը (բնականաբար մեր մաղթանքն է, որ Սուրիոյ դէպքերը այլ ուղղութիւն ստանան): Արաբական երկիրներ կոյր ու խուլ կը ձեւանան թրքական սպառնալիքներուն դիմաց, անոնց չէ արտօնուած տեսնելու ուղղակի իրենց սպառնացող վտանգները, որովհետեւ մեծ մասամբ կապանքի ենթարկուած են եւ պատանդ բռնուած՝ Թուրքիոյ կողքին կանգնողներուն, անոր տարածումէն շահեր ապահովելու հաշիւներ ունեցողներուն կողմէ:
Քարտէսը ուշադրութեամբ դիտողը կը տեսնէ, որ թրքական կարմիր կայսրութիւնը պիտի չկլանէ… Իսրայէլը, որուն հետ «անհաշտ թշնամութիւն» կը խաղար Էրտողան, մինչեւ երէկ, երբ Իսրայէլ կը ջարդէր պաղեստինցիները, կը քանդէր Կազան, եւ Էրտողան կը սպառնար «Իսրայէլ մտնել այնպէս՝ ինչպէս մտած էր Արցախ…»:
Իսկ ո՞վ կրնայ ինքնավաստահօրէն ըսել, թէ վտանգներ ու սպառնալիքներ պիտի չկախուին այսօր անտարբեր ու Թուրքիոյ զօրակից խաղացողներու գլուխներուն, երբ «հրէշը դուրս ցատկէ սրուակէն»: Այո, Թուրքիան նախկին Թուրքիան չէ, որովհետեւ զայն շահագործողները տարբեր կալուածներու մէջ նպաստած են, որ ան չմտնէ «հիւանդ մարդ»ու կօշիկին մէջ: Անոր նկատմամբ այլանդակ հանդուրժողութիւն մը կը խաղցուի… ցնոր տնօրինութիւն:
Առածը կ’ըսէ. «Երկարականջ չորքոտանին մէկ անգամ կ’իյնայ նոյն փոսը»: Երկարականջը նապաստակը չէ անշուշտ…