Յիսնակ՝ Պատրաստութեան Եղանակ

0 0
Read Time:3 Minute, 23 Second


Վեր. Դոկտ. Վահան Յ. Թութիկեան

Բայց հիմա յարմար ժամանակը հասած համարելով՝ Աստուած աշխարհ ղրկեց իր Որդին (Գաղ. 4:4):

Ս. Ծննդեան նախորդող քանի մը շաբաթներու ժամանակաշրջանը կը կոչուի Յիսնակ: Յիսնակի յիշատակութիւնը որպէս մասնայատուկ եղանակ սկսաւ Ֆրանսայի մէջ Յամի Տեառն չորրորդ դարուն: Ատեն մը անիկա կը տարուբերուէր չորսէն եօթը շաբաթներու միջեւ, մինչեւ վեցերորդ դար, երբ վերջնականապէս հաստատուեցաւ չորս շաբաթներու պահեցողութեան աւանդութիւնը, որուն տրուեցաւ Adventus անուն Լատիներէն բառը: Adventus բառը կը նշանակէ «Գալոցը» կամ «Եկողը» ակնարկելով Յիսուս Քրիստոսի գալստեան:
Ծնունդի նախորդող յիսնօրեայ շրջանը Հայ Եկեղեցւոյ համար եւ միամսեայ շրջանը Արեւմտեան եկեղեցիներու համար, պատրաստութեան շրջան մըն է Քրիստոսի գալստեան: Հետաքրքրական է որ Աստուած Ինքն ալ կը պատրաստուի մարդոց գալու՝ զանոնք փրկելու եւ յաւիտենական կեանքի արժանացնելու համար: Օրինակ, երբ նկատի առնենք Քրիստոսի առաջին գալուստը ասկէ շուրջ 2000 տարիներ առաջ, կը նշմարենք որ Աստուած հարիւրաւոր տարիներու պատրաստութիւն տեսաւ մինչեւ Յիսուս Քրիստոսով մարդկութեան եկաւ: Պօղոս Առաքեալ նկարագրելով այս պարագան այսպէս կը գրէ. «Երբ ժամանակը լեցուեցաւ, Աստուած Իր Որդին ղրկեց» (Գաղ. 4: 4): Ուրիշ թարգմանութիւն մը կ’ըսէ, «Երբ յարմար ժամանակը հասած էր, Աստուած ղրկեց Իր Որդին»:
Ի՞նչ կը նշանակէ «Երբ ժամանակը լեցուեցաւ» կամ «յարմար ժամանակը հասած էր» քանի մը տեսանկիւնէն կարելի է դիտել եւ հասկնալ: Արդարեւ, երբ Յիսուս աշխարհ եկաւ «յարմար ժամանակը հասած էր» քաղաքական, աշխարհագրական, մշակութային եւ կրօնական իմաստով:
Այսպէս, Յիսուսի ծննդեան օրերուն, «յարմար ժամանակը հասած էր» քաղաքական առումով: Երբ յետադարձ ակնարկով կը նայինք թէ այդ օրուան տիրապետող պետութիւնը, Հռոմէական Կայսրութիւնը, ստեղծած էր համատարած խաղաղութիւն լայնածաւալ կայսրութեան սահմաններէն ներս, այսպէս կոչուած «Հռոմէական Խաղաղութիւնը» (Pax Romana): Անկայուն ու անօրէն ընկերութեան մը մէջ հռոմէացիներուն ստեղծած այս քաղաքական դրութիւնը ձեռնտու եղաւ Քրիստոսի Աւետարանի տարածման: Քրիստոնէական կրօնի առաջին աւետարանիչերուն համար քաղաքական այս կայունութիւնը իր նպաստաւոր դերը ունեցաւ եւ հնարաւոր դարձուց այդ մեծ կայսրութեան մէջ ամէնուրեք տարածելու Քրիստոնէութիւնը:
Յիսուսի ծննդեան ժամանակ աշխարհագրական իմաստով նաեւ «ժամանակը լեցուած էր», «յարմար ժամանակը հասած էր» այն իմաստով որ հռոմէական բաղդատաբար ազդու եւ հեզասահ ճամբորդական դրութիւնը առաջին քրիստոնեայ աւետարանիչներու առաքելութիւնը մեծապէս դիւրացուց: Անոնք հեշտ կերպով կրցան շրջագայիլ քաղաքէ քաղաք, նոյնիսկ մինչեւ հեռաւոր ամայի վայրերը շնորհիւ հռոմէական նշանաւոր սալահատակ մայրուղիներուն եւ ճամբաներուն:
Յիսուսի աշխարհ եկած ժամանակ, մշակութային առումով ճամբան հարթուած եւ գետինը պատրաստ էր Քրիստոսի բերած նոր կրօնին: Յիսուսի գալուստէն քանի մը դարեր առաջ արդէն Մեծն Աղեքսանդր դարձուցած էր Յունարէն աշխարհաբարը (Koine Greek) իբրեւ համաշխարհային լեզու ընդարձակ կայսրութեան մէջ: Յունարէնը համաշխարհային լեզու էր Յիսուսի օրերուն եւ այդ լեզուով էր որ նոր Կտակարանը եւ քրիստոնէական սկզբնական գրականութիւնը շուտով տարածուեցաւ եւ մատչելի դարձաւ զանգուածներուն: Յոյն գրականութիւնը, փիլիսոփայութիւնն ու դպրութիւնն ալ իրենց նպաստաւոր դերը ունեցան Քրիստոնէութեան տարածման մէջ:
Յիսուսի աշխարհ եկած ժամանակ, կրօնական իմաստով «ժամանակը լեցուած էր», այսինքն «ժամանակը հասած էր», քանի որ Եբրայական կրօնը, մանաւանդ Հին Ուխտը զօրեղ կերպով հաստատած էին հիմերը բարոյագիտական միաստուածութեան: Հին Ուխտի մարգարէութիւնները իրենց լրումը գտան Քրիստոսի մէջ: Երկար սպասուած եւ ցանկացուած Մեսիան եկած էր ըստ նոր կրօնի հետեւորդներուն:
Յիսնակի եղանակը նաեւ պատրաստութեան առիթ մըն է նաեւ մարդոց համար: Եսայի մարգարէին ազդարարութեան նման Յիսնակի այս եղանակը, կը յիշեցնէ մեզի թէ պատրաստուելու ենք կեանքի կարեւոր դէպքի մը ─ Աստուծոյ աշխարհ գալու դէպքին: Մարգարէն կը պատգամէ մեզի, «Պատրաստեցէ’ք Տիրոջը ճամբան»:
Բոլորս ալ իրազեկ ենք, որ ակնկալելի կարեւոր դէպքեր եւ իրադարձութիւններ, ինչպէս նոր տան մը գնումը, ընտանիքի անդամի մը ամուսնութիւնը, մանկան մը աշխարհ գալու իրողութիւնները, պատրաստութիւն կ’ենթադրեն:
Նմանապէս Քրիստոսի ծննդեան ոգեկոչումը պատրաստութեան կը կարօտի: Յիսնակի եղանակը մեր Տէր Յիսուսի Ծնունդը ոգեկոչելու պատրաստութեան եղանակ է:
Հարց կը ծագի, թէ ի՞նչպէս պատրաստուելու ենք Ս. Ծնունդը ոգեկոչելու: Շատեր միայն արտաքին, ցուցական բաներով կը պատրաստուին Անոր Ծնունդը տօնելու, ինչպէս պսպղուն զարդարանքներով, կերուխումի խնճոյքներով, ընկերային եւ ընտանեկան այցելութիւններով, նուէրներու փոխանակութեամբ, եւ այլ բազմաթիւ տօնախմբութիւններով: Այդ պատճառով անոնց համար Ս. Ծնունդը, ուրիշ տօնկատարութիւններու նման, սովորամոլութեամբ կատարուած բան մը կը դառնայ՝ առանց խոր ազդեցութիւն եւ ազդու ներգործութիւն ունեցող իրականութիւն մը ըլլալու:
Սակայն, անոնց համար, որ արտաքին երեւոյթներէն անդին կը տեսնեն Ս. Ծննդեան խորհուրդը, Աստուծոյ մարդեղութիւնը մեղաւոր մարդկութեան փրկութեան համար, Յիսնակի եղանակը կը դառնայ նշանակալից ժամանակաշրջան մը խոկումի, պաշտամունքի, հոգեկան սպասումի եւ հոգեւոր ակնկալութեան:
Երկու հազար տարիներ առաջ, թէեւ ոմանք գիտէին, որ Մեսիան պիտի ծնէր փոքրիկ քաղաք Բեթլեհէմի մէջ, բայց պատրաստ չէին զԱյն դիմաւորելու: Նմանապէս, այսօր ալ շատեր պատրաստ չեն զԱյն ընդունելու: Անոնք կը շարունակեն ապրիլ այնպէս թէ Ան երբեք աշխարհ չէ եկած:
Մաղթենք որ Յիսնակի այս սուրբ եղանակը հոգեւոր պատրաստութեան ժամանակաշրջան մը ըլլայ բոլորին, յատկապէս մեզի եւ մեր եկեղեցիներուն:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles