Դեկտեմբեր 7, 1984
Երջանիկ լաւատեսները կրնան հեգնե՜լ, նոյնիսկ մեղադրել իրենց «յոռետես» բարեկամները, երբ անոնք մռայլ հեռանկարներու մասին խօսին եւ ազգային փլուզումի մը վտանգը մատնանշեն՝ դիտել տալով որ ներկայ ընթացքով տարասփիւռ հայութիւնը քանի մը սերունդ տատանելէ եւ դանդաչելէ, իյնալէ-ելլելէ վերջ, կրնայ դատապարտուիլ ապասերումի, – նախ օտարախօս եւ օտարախոհ՝ ապա նաեւ օտարազգի դառնալու, եթէ չկարենայ պահել ԼԵԶՈՒՆ, ԳԻՐԸ, ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ՝ ըստ ամենայնի։
Ոչ ոք յուսահատութեամբ թող մեղադրէ իր ընկերը, դրացին կամ հեռաւոր ծանօթը՝ երբ անոր բերնէն ափսոսանքի բառ լսէ։ Ուաշադրութիւն ըրէք, ու պիտի տեսնէք որ ապագայի հաշւոյն մտահոգ մարդոց մեծամասնութիւնը մտքի ու գրչի մարզերուն կը պատկանի, հանրային ճանաչում ունի, հայ դպրոցին ու հայ եկեղեցիին բոլորանուէր աջակցող տարրը կը կազմէ, ազգային գոյատեւման պայքարի առաջին գիծերուն վրայ՝ հաւաքական զօրաշարժի մը կոչը կը հնչեցնէ, հաճոյքի սեղաններէն ու թմրութեան բազմոցներէն ինքնագիտակցութեան հրաւիրելու համար անտարբերներու դասալիքներու մեծամասնութիւնը։ – Հիմ չունի, ծիծաղելի է «յոռետես»-ի եւ «յուսահատ»-ի վերագրումը բոլոր անոնց հասցէին՝ որոնք ամէնօրեայ անդոհանքով կը հետեւին սփիւռքի տագնապներուն ¥ընկերային-գաղութային մարզերէ մինչեւ քաղաքականը, տնտեսականը, գաղափարականը, ազգային-եկեղեցականը, կրթական-մշակութայինը եւ կենցաղայինը¤, ու ահազանգ կու տան երկրէ երկիր, քաղաքէ քաղաք, որպէսզի սթափի մեր ժողովուրդը։
Օգուտ ունեցա՞ծ են, օգուտ պիտի ունենա՞ն հօտէն հեռացող, հողէն տարուցիր եւ կեանքի յորձանքէն քշուած ինքնագոհներու, իրենց բախտն ու բարօրութիւնը օտարի տան մէջ որոնող անտարբերներու, կամքէ անկախ ազգէն խզուած ազնիւ ու բարի մարդոց եւ իրենց ընտանեկան ապահովութենէն անդին ոչինչ մտածել ուզող բազմութեանց ուղղուած հրաւէրները։
– Շատ քիչ։ Կրնանք ըսել՝ աննշան։ 1980-ական թուականներու Սփիւռքը, իր աշխարհագրային, քաղաքական եւ ընկերային-տնտեսական պայմաններով, իրաւունք չի տար մեզի լաւատես ըլլալու ազգային գոյատեւման պայքարին առընչուող մարզերու մէջ։ Այսուհանդերձ, նաե՛ւ իրաւունք չի տար զինաթափ ըլլալու, լռելու, եւ կամ – ինչպէս կը նախընտրեն ընել ուրիշներ- իրաւատեսութիւնն ու ինքնաքննադատութիւնը… «յոռետեսութիւն» նկատելու՝ որպէսզի հանգի՜ստ ու անխռով շարունակեն մրափել երջանկութեան բարձերու վրայ։
«Հայրենիք»-ի ընթերցողները ծանօթ են մեր կեցուածքին ու վերաբերումին՝ հանդէպ համահայկական, հայրենական եւ սփիւռքեան հարցերու,- մտահոգութիւններո՛ւ, որոնց բնոյթը եւ տարողութիւնը որոշ տարբերութիւններ ի յայտ կը բերէ, սակայն հաւասար ստիպողականութեամբ հրապարակային արծարծումի կը կարօտի։
Պայման չէ ու արդար ալ չէ ակնկալել, որ հայ թերթ մը կարենայ վճռական եւ ազդու լուծումներ ներկայացնել. էականը ա՛յն է, որ հայ մամուլը անհատ-Հայուն եւ ազգ-Հայուն միջեւ կարենայ կենդանի կապի մը դերը կատարել, տարացիր մեր ժողովուրդի հոգեկան կամրջումը անխախտ պահել, համազգային թէ շրջանային մտահոգութիւններ համահայկական ոգիով քննարկումի նիւթ դարձնել, հրաւիրել ընթերցողը՝ կարծիք ու տեսակէտ պարզելու, իսկ մտաւորականութիւն եւ հանրային հաստատութիւններ՝ մղիչ եւ յանձնառութիւններու յօժար յառաջապահ տարրերու դերին մէջ տեսնելու։
Կարելիութեան առաւելագոյն սահմաններու մէջ՝ ամէնօրեայ մատնանշումի, հաստատումներու եւ խորհրդածութեան նիւթ դարձուցած ենք հայրենական թէ սփիւռքեան հայ կեանքը յուզող խնդիրներ,- յաճախ կրկնութեա՛ն գնով։ Համոզուած ենք թէ ԿՐԿՆՈՒԹԻՒՆԸ ո՛չ միայն թերութիւն մը չէ ազգային հիմնական նշանակութիւն ունեցող հարցերու պարագային, այլե՛ւ ՊԱՀԱՆՋ ու ԱՆՀՐԱԺԵՇՏՈՒԹԻՒՆ է, որքան ատեն որ մատնանշուած յոռի եւ վտանգաւոր երեւոյթներ, աններելի անտարբերութիւններ եւ պարտազանցութիւններ դարմանուած կամ սրբագրուած չեն։
Անոնցմէ մէկն է միայն ՀԱՅ ԼԵԶՈՒԻՆ, ՀԱՅ ԴՊՐՈՑԻՆ, ՀԱՅ ԳՐԻՆ ՈՒ ԳՐՔԻՆ ՍՊԱՌՆԱՑՈՂ ՎՏԱՆԳԸ՝ իբր հետեւանք գաղութային-սփիւռքեան բացասական եւ անխուսափելի ազդակներու, այլեւ ու մանաւանդ՝ մե՛ր իսկ կրաւորական ու անտարբեր վերաբերումին, անփութութեան եւ օտարամոլ հակումներուն, դրամատիրական երկիրներու յատուկ կենցաղային ու ընկերային բարքերէ դէպի հայ ընտանեկան կեանք խուժող հակումներու եւ սովորութեանց։ Վտա՛նգ՝ որուն ծաւալման եւ աղէտալի հետեւութիւններուն մասին ահազանգ կը հնչեցնէ նաեւ հայ մամուլը։ Վտա՛նգ՝ որուն գոյութեան փաստը կարելի չէ հերքել այլեւս։