Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Հայոց Թեմին շնորհած իր հովուապետական այցելութիւնը աւարտեց Միշիկըն նահանգի Տիթրոյթ քաղաքին մէջ հաստատուած հայ համայնքին հետ հանդիպումներ ունենալով։
Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 22-ին, Նորին Սրբութիւնը եւ իր շքախումբը ժամանեցին Տիթրոյթ։ Հայրապետին պատուիրակութեան մաս կազմեցին Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արք. Դանիէլեան, Գանատայի Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեան, Կաթողիկոսարանի տեղեկատուական բաժանմունքի տնօրէն Հոգշ. Տ. Յովակիմ Վրդ. Բանճարճեան եւ Միջին Արեւելքի միջ-եկեղեցական եւ քրիստոնեայ-իսլամ յարաբերութեանց վարիչ Հոգշ. Տ. Սարգիս Վրդ. Աբրահամեան։
Արդարեւ, Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 23-ին, Տիթրոյթի Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ մուտքին Վեհափառ Հայրապետը դիմաւորուեցաւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Հրանդ Քհն. Գէորգեանի, բազմահարիւր հաւատացեալներու, եկեղեցւոյ յարակից մարմիններու եւ քոյր կազմակերպութիւններու կողմէ:
Եկեղեցական արարողութեան աւարտին, յանուն Արեւելեան թեմին խօսք առնելով առաջնորդ սրբազան հայրը՝ յայտնեց, որ Վեհափառ Հայրապետը հակառակ Լիբանանի մէջ տիրող ծանր պայմաններուն, յանձն առաւ այցելութիւն շնորհել Ամերիկայի ափերուն վրայ հաստատուած իր ժողովուրդի զաւակներուն։ Հետեւաբար, մեր որդիական երախտագիտութիւնը կը յայտնենք Նորին Սուրբ Օծութեան եւ իբրեւ եկեղեցւոյ ծառայողներ կը վերանորոգենք մեր ուխտը՝ հաւատարմօրէն շարունակել ծառայելու մեր ազգի զաւակներուն։ Ապա, ան հրաւիրեց Հայրապետը՝ ուղղելու իր պատգամը։
Արամ Ա. Կաթողիկոս իր հայրապետական պատգամին մէջ բարձօրէն գնահատեց առաջնորդ սրբազան հօր գլխաւորութեամբ թեմին մէջ կատարուող տքնաջան աշխատանքը: Ան յիշեցուց, թէ հայ եկեղեցւոյ առաքելութիւնը մեր ժողովուրդի սիրեցեալ զաւակներո՛ւն ուղղուած առաքելութիւն է:
Եկեղեցական արարողութեան աւարտին, Տիթրոյթի հայորդիները մօտենալով Վեհափառ Հայրապետին՝ համբուրեցին անոր աջը եւ ստացան անոր հայրական օրհնութիւնը: Ապա, եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հաւաք՝ ի պատիւ Նորին Սրբութեան: Հաւաքի ընթացքին համայնքի զանազան մարմիններու ու կազմակերպութիւններու աշակերտները ամփոփ յայտագիր մը ներկայացուցին ներկաներուն: Յաջորդաբար խօսք արտասանեցին հովուապետական այցելութեան ժամանակաւոր յանձնախումբի ատենապետ Արա Թոփուզեան, եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ատենապետ Սեդա Չոպանեան, Հ.Յ.Դ.-ի շրջանի հերթապահ Սեպուհ Հացագործեան եւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Հրանդ Քհն. Գէորգեան։ Ապա, տէր հայրը եկեղեցւոյ ընտանիքին անունով Վեհափառ Հայրապետին նուիրեց անոր դիմապատկերը:
Ընթրիքի աւարտին, Սրբազան հայրը յանուն Արեւելեան Թեմին խնդրեց Վեհափառ Հայրապետին վերջին օրհնութիւնը եւ զինք հրաւիրեց իր հայրական յորդորները փոխանցելու: Նորին Սրբութիւնը իր եզրափակիչ խօսքին մէջ շեշտեց հայ արժէքներուն, իտէալներուն ու եկեղեցւոյ կառչած մնալու անհրաժեշտութիւնը։ Ան ըսաւ, թէ այսօր գեղեցիկ նուէր մը ստացայ ձեզմէ, սակայն ինծի տրուելիք ամենաշքեղ նուէրը մեր եկեղեցւոյ, նուիրական արժէքներուն ու երազներուն նկատմամբ ձեր հաւատարմութիւնն է մեր եկեղեցւոյ ու այս համայնքին նկատմամբ։
Երեկոն աւարտեցաւ Հայրապետին «Պահպանիչ» աղօթքով եւ «Կիլիկիա» օրհներգրով։