ՏՈՄՍ.- ՍՊԻՏԱԿ ՏՈՒՆԸ ԱՃՈՒՐԴԻ ՀԱՆՈՒԱԾ Է…

0 0
Read Time:2 Minute, 26 Second

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

23 Հոկտեմբեր 2024

Մօտաւորապէս 10 օր ետք, ամերիկացիք քուէատուփ պիտի երթան, ընտրելու համար հանրապետութեան յաջորդ նախագահը, խորհրդարանական ներկայացուցիչներ եւ քուէ տալու այս կամ այն օրինագիծին: Ինչպէս միշտ, այս տարի ալ լուսարձակները առաւելաբար կեդրոնացած են նախագահի յաւակնորդներուն եւ անոնց մղած ընտրապայքարին վրայ:

Եթէ մրցակիցներուն (առաւելաբար Թրամփի) ցնդաբանութիւններէն եւ այլանդակ յայտարարութիւններէն բարձրացած աղմուկէն ու փոշիէն անդին նայինք, տեսանելի կ’ըլլայ, որ նախագահական աթոռի աճուրդի հանուած է (իսկ պարզ է թէ ցնդաբանութիւնները յաճախ կը սարքուին՝ էական հարցերէ ուշադրութիւն շեղելու դիտաւորութեամբ): Սա նորութիւն չէ, սակայն տարուէ տարի այս աճուրդը առանց քողարկումի կ’ըլլայ, ամօթի որեւէ զգացումէ ձերբազատած է ինքզինք: Աղաղակող դարձած է, թէ ընտրապայքարի համար առաւելագոյն գումարը հանգանակո՛ղն է որ կը մտնէ Սպիտակ Տուն, անկախ, թէ ի՞նչ արժանիք ունի (եթէ ունի), կամ՝ արդեօք օրինազա՞նց է, ստախօ՞ս, կամ իրազե՞կ՝ պաշտօնին պահանջներուն:

Որպէսզի «օդէն չխօսինք», արձանագրենք քանի մը փաստ. Քամալա Հէրիս 5 Օգոստոսին մտաւ ընտրարշաւի դաշտ: Հիմա, դեմոկրատները կը յոխորտան, որ նուազ քան 3 ամսուան մէջ, յաջողած է հանգանակել մէկ միլիառ տոլար (մի՛ հարցնէք, թէ այդ գումարները ո՞ւր եւ ինչպէ՞ս կը ծախսուին, ո՞վ է շահողը): Հիմա, վերջին օրերուն, դեմոկրատները օրական քանի մը կոչերով դրամ կը մուրան համակիրներէ, որպէսզի Թրամփ յաջողութեան չհասնի:

Հանրապետականները կը փորձեն ետ չմնալ: Թրամփ ո՛չ միայն նոյնանման արշաւի կը դիմէ, յենած է իր հարստութեան, այլ իր կողքին շահած է քանի մը միլիառատէրեր, որոնք օր-ցերեկով դրամ կը բաժնեն, հսկայական գումարներ կը նետեն ընտրական կրկէսին մէջ (մի՛ հարցնէք, թէ հետագային քանի՛ պատիկը վերաշահելու համար):

Մէկ խօսքով, ինքզինք ժողովրդավարութեան եւ մարդկային ամէն տեսակի իրաւունքի պաշտպան հռչակած երկրին մէջ նախագահական աթոռին կը հասնի, կրնայ հասնիլ ան՝ որ աւելի՛ հարուստ կը խաղայ: Նախորդ քանի մը ընտրապայքարներն ալ փաստած են այս իրականութիւնը: Օրինակ, Օպամա 2008-ին հանգանակութեան մրցանիշ հաստատեց. ըսուեցաւ, որ ան մօտաւորապէս մէկ միլիառ տոլար գոյացուցած էր (մրցակիցներէն շա՜տ աւելի), եւ մտաւ Սպիտակ Տուն: «Աւանդութիւն»-ը շարունակուեցաւ: Ի դէպ, ան նախապէս խորհրդարանի անդամ էր, ու երբ ընտրուեցաւ ու այդ աթոռը թափուր մնաց, Իլինոյի կառավարիչը աճուրդի հանած էր անոր աթոռը եւ… դատական հետապնդումի ենթարկուեցաւ իբրեւ չարաշահ օրինազանց: Հիմա, նման օրինազանցութիւններ պաշտօնական կնիք կը կրեն եւ կը կատարուին օր-ցերեկով, հրապարակաւ, առանց խպնանքի կամ հետապնդումի, ընողն ալ հերոս կը դառնայ, ինչպէս… նոյնիքն Թրամփ, որուն 6 Յունուար 2001-ի շահատակութիւնները ամրագրուեցան պատմութեան մէջ:

Ի՜նչ ժողովրդավարութիւն: Քուէի ի՜նչ  իրաւունք: Ու մարդիկ, բարեմիտ մարդիկ կը հաւատան, թէ ընտրուողները իրենց քուէով կը հասնին պաշտօնի (իսկ թէ անկէ ետք ի՞նչ կ’ընեն, խորքին մէջ՝ ի՞նչ չեն ըներ՝ իրենց խոստումները իրականացնելու համար՝ բոլորովին այլ պատմութիւն է): Աճուրդին գլխաւոր մասնակիցները հսկայական գումարներու տիրապետող ընկերութիւններն են ու խմբաւորումները՝ շահու, չարաշահութեան դաշտերու մէջ մրցակիցները, եւ ըստ էութեան՝ անոնք է որ վեր-վար կը խաղցնեն թեկնածուները, անոնց դիմաց կը տնկեն իրենց պահանջներուն ցուցատախտակները, յաղթանակ կը շնորհեն անոր (անոնց), որ կը խոստանայ առաւելագոյնն գոհացում տալ այդ պահանջներուն, դուք հասկցէք՝ շահու ակնկալութիւններուն: Ո՛չ ոք նստած ու հաշիւը պահած է, թէ իսկապէս քանի՞ միլիառ տոլար «կը խաղայ» ընտրապայքարի քուլիսներուն, սակարանին մէջ:

…Իսկ փոքր երկիրներու մէջ, երբեմն մե՜ծ աղմուկ կը բարձրանայ փոքրագումար ընտրակաշառքի պատճառով:

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
100 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles