Մարինա Մարգարեանի Գործերը՝  «Երաժշտական Ուղեւորութիւն Մը»

0 0
Read Time:1 Minute, 7 Second

Յառաջիկայ Կիրակի, Նոյեմբեր 3-ին, Մասաչուսէցի Ռաքփորթ քաղաքի հռչակաւոր «Շալին Լիու» սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ եզակի համոյթ մը։

Գաղութէն ներս հանրածանօթ է դաշնակահար Մարինա Մարգարեանը, որուն աշակերտները միշտ ալ առաջնահերթ դիրքեր կը գրաւեն, մասնակցելով զանազան մրցանքներու։ Երեւան ծնած եւ հոն ալ ուսանած,Մարգարեան մասնագիտացած է տեղւոյն  «Կոմիտաս» երաժշտանոցէն եւ հոն ալ ստացած է իր տոքթորականը։ «Տօ-Ռէ-Մի» երաժշտանոցի հիմնադիրն է ան, եւ այսօր աւելի քան 45 աշակերտներ կը հետեւին իր դասընթացքներուն։ Ան երկար ժամանակ դասաւանդած է գաղութէն ներս գործող զանազան կրթօճախներու մէջ։ 2015-ին հիմնած է «Մեղեդի» պատանեկան երգչախումբը։

Մարինան արժանացած է բազմաթիւ մրցանակներու եւ ճանաչումներու, որոնց կարգին,  2017-ին՝ Մասաչուսէցի ներկայացուցիչներու պալատի պատուոյ ճանաչում։ Ան նաեւ ստացած է Հայաստանի Առաքելական Եկեղեցուոյ Արեւելեան Առաջնորդարանի «Կոմիտաս» հեղինակաւոր մրցանակը։

Գրեթէ 10 տարիէ ի վեր, Մարգարեան յատուկ համոյթներ կը կազմակերպէ, որոնց հասոյթները ձեռամբ կը յանձնէ Արցախի համար պատերազմած եւ վիրաւորուած զինուորներուն։ Այս տարուան համոյթը տեղի պիտի ունենայ վերոյիշեալ սրահին մէջ եւ ամբողջութեամբ Մարգարեանի յօրինած գործերը պիտի ներկայացուին։

Այս առթիւ, իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն Ասատուր Պալճեան (պարիթոն), Յասմիկ Յարութիւնեան (սոփրանօ), Արմենուհի Յովակիմեան (ջութակ), Գեղամ Մարգարեան (դաշնակ)։

Երեւան այցելելով եւ յատկապէս ծանրօրէն վիրաւորուած հայրենի զինուորներուն վիճակը տեսնելով, Մարգարեան խորապէս զգացուած է եւ այդ պատճառով մտադրած է տարեկան դրութեամբ, այս եզակի համոյթներուն հասոյթը ամբողջութեամբ տրամադրել կարիքաւոր ու հաշմանդամ զինուորներուն։

Այս ձեռնարկը կազմակերպուած է գործակցութեամբ Ա․Մ․Ն․ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանին, որ միշտ ալ նեցուկ կանգնած է Մարինային։

Happy
Happy
50 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
50 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles