ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱՅՑԵԼԵՑ ՌԷՅՍԻՆ

0 0
Read Time:1 Minute, 56 Second

Ուիսքանսին Նահանգի Ռէյսին քաղաքին մէջ բնակութիւն հաստատած հայորդիները որդիական խանդավառութեամբ ողջունեցին իրենց հովուապետ Արամ Ա. Կաթողիկոսին օրհնաբաշխ այցելութիւնը, որ տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի,  Հոկտեմբեր 17-ին: Արդ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, իր շքախումբով, ժամանեց Ռէյսին քաղաքի Սուրբ Յակոբ եկեղեցի, ուր դիմաւորուեցաւ եկեղեցւոյ ծխայիններուն, շրջանի հայ հոգեւորականներուն, եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին ու հոգաբարձութեան կողմէ:

Նորին Սրբութեան շքախումբին մաս կը կազմէին Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արք. Դանիէլեան, Գանատայի Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեան, Արեւելեան թեմի ազգային վարչութեան ատենապետ գնդապետ Արամ Սարաֆեան, Կաթողիկոսարանի տեղեկատուական բաժանմունքի տնօրէն Հոգշ. Տ. Յովակիմ Վրդ. Բանճարճեան եւ Կաթողիկոսարանի Միջին Արեւելքի միջ-եկեղեցական եւ քրիստոնեայ-իսլամ յարաբերութեանց վարիչ Հոգշ. Տ. Սարգիս Վրդ. Աբրահամեան։

«Հրաշափառ»ի հոգեպարար արարողութեան աւարտին, Արեւելեան Հայոց Թեմի առաջնորդ Անուշաւան արքեպիսկոպոս ողջունեց Հայրապետին հովուապետական այցելութիւնը եւ ըսաւ, որ Նորին Սրբութեան այցը, բառին հարազատ իմաստով, օրհնութիւն է՝ իրենց ինքնութիւնը եկեղեցւոյ սուրբ յարկին տակ գտած հայ ազգի զաւակներուն համար։ Վստահաբար, այս այցելութենէն ետք, հոգեւոր վերանորոգութեան ու աշխուժութեան նոր էջ պիտի բացուի այս համայնքի զաւակներու կեանքին մէջ։

Հովուապետին պատգամին յաջորդեց աջահամբոյր, որուն ընթացքին ան առիթ ունեցաւ մօտէն ծանօթանալու գաղութի անդամներուն։ Ապա, եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն, որուն ընթացքին, կիրակնօրեայի աշակերտները ազգային-ժողովրդական երգերով ճոխացուցին մթնոլորտը: Յաջորդաբար խօսք առին եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ատենապետ Ժան Պչագլեան, թեմի ազգային վարչութեան ատենապետ Արամ Սարաֆեան եւ Անուշաւան Արք. Դանիէլեան:

Երեկոյեան փակման օրհնութեան խօսքը ուղղեց Նորին Սրբութիւնը՝ ընդգծելով հայ համայնքին պատկանելութեան հրամայականը: Ան պարզեց, թէ քրիստոնէական վսեմ արժէքները, հայկական բարքերը, պատմութիւնն ու մշակոյթը, որոնք ժառանգած ենք մեր ծնողներէն, կ՚ամրապնդեն ու կը շեշտեն մեր պատկանելիութիւնը: Այո՛, մենք ազգ մըն ենք, որ պայմաններու բերումով փոքր համայնքներու բաժնուեցանք, սակայն մեր ունեած պատկանելիութեան ոգին մեզ կը կապէ մեր ազգին: Հետեւաբար, այսօրուան մեր մարտահրաւէրն է միշտ վառ պահել մեր պատկանելիութեան ոգին՝ եկեղեցւոյ ու ազգին նկատմամբ, ընդգծեց Վեհափառ Հայրապետը:
Ճաշկերոյթի աւարտին, միահամուռ կերպով երգուեցան «Կիլիկիա» օրհներգը եւ «Ի վեհ բարձանց» հայրապետական մաղթերգը:

Յաջորդ առաւօտ, Ուրբաթ, 18 Հոկտեմբեր 2024-ին, ընդառաջելով Շիքակոյի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոս Օսքար Թաթոսեանի հրաւէրին, Վեհափառ Հայրապետը ներկայ գտնուեցաւ ի պատիւ իրեն տրուած ճաշկերոյթին. ներկայ էին Ֆրեզնոյի մէջ պատուոյ հիւպատոս Պերճ Աբգարեան եւ Շիքակոյէն քաղաքական անձնաւորութիւններ եւ ազգայիններ։ Յաջորդաբար խօսք առին պատուոյ հիւպատոսը, Շիքակոյի եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Սամուէլ Քհն. Աճէմեանը եւ այլ հիւրեր, որոնք կեդրոնացան Հայրապետին հովուապետական բազմաբեղուն գործունէութեան վրայ, ինչպէս նաեւ լայն տեղ տուին Դպրեվանքին մէջ կատարուող հոգեմտաւոր առաքելութեան։ Ապա, ցուցադրուեցաւ Դպրեվանքին առօրեային առնչուած կարճ տեսերիզ մը։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles