Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ԿՐԱՆԻԹ ՍԻԹԻ 

0 0
Read Time:1 Minute, 51 Second


Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը շարունակեց Ա․Մ․Ն․ Արեւելեան Թեմին շնորհած հովուապետական այցելութիւնը։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 15-ին, Պոսթընէն ետք, Նորին Սրբութիւնը եւ իր շքախումբը ուղղուեցան Իլինոյ նահանգի Կրանիթ Սիթիի հայ համայնքը։ Յայտնենք, որ տեղւոյն Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ օծումը կատարած է Վեհափառ Հայրապետը, իբրեւ նորաօծ Հայրապետ, 1997 թուականին։ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Դանիէլ Քհնյ. Մանճիկեան, եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ներկայացուցիչները, կիրակնօրեայ դպրոցի տեսչութիւնն ու աշակերտութիւնը եւ հաւատացեալ ժողովուրդը, եկեղեցւոյ մուտքին ջերմօրէն դիմաւորեցին Նորին Սուրբ Օծութիւնը։ Կատարուեցաւ «Հրաշափառ»-ի արարողութիւն, որուն մասնակցեցան շրջանի օտար եկեղեցականները եւս։

Արարողութեան աւարտին, թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արք. Դանիէլեան հրաւիրեց Վեհափառ Հայրապետը՝ իր պատգամը ուղղելու ժողովուրդին։ Անդրադառնալով այս եկեղեցւոյ օծումը կատարելուն՝ Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ, թէ եկեղեցւոյ խորանը, սիւները եւ այլ բաժինները կ՚օծենք ու եկեղեցին կը մկրտենք սուրբի մը անունով, սակայն եկեղեցւոյ օծումով ժողովուրդն է որ կ՚օծուի, ան է որ եկեղեցին եկեղեցի կը դարձնէ: Հայրապետը շեշտեց, թէ ժողովուրդը եկեղեցի դառնալով պէտք է ինքզինք արժեւորէ որպէս եկեղեցի՝ մասնակցելով եկեղեցւոյ հաւաքական կեանքին ու վկայութեան: Իր խօսքը ներկայ օտար հոգեւորականներուն ուղղելով՝ Նորին Սուրբ Օծութիւնը ըսաւ, որ իրենց ներկայութիւնը վկայութիւն մըն է, թէ հակառակ պատմութեան ընթացքին եկեղեցւոյ կեանքին մէջ տեղի ունեցած բաժանումներուն, այսօր միջ-եկեղեցական շարժումին շնորհիւ եկեղեցիներ կը գործակցին, թէ՛ տեղական եւ թէ՛ միջազգային մակարդակներու վրայ: Այս ծիրին մէջ ան շեշտեց միջ-եկեղեցական գործակցութիւնը աւելի ծաւալելու հրամայականը:
Վեհափառ Հայրապետին պատգամին յաջորդեց աջահամբոյր, որմէ ետք եկեղեցւոյ սրահին մէջ հովուապետ եւ հօտ միաբնաբար համախմբուեցան սիրոյ սեղաանի մը շուրջ։

Ընթրիքի ընթացքին խօսք առին եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ատենապետ Սթիվըն Յակոբեան, ազգային վարչութեան ատենապետ Արամ Սարաֆեան, Հայր Ճոն Պրունէթ ընթերցեց Իլինոյ նահանգի Սփրինկֆիլտ քաղաքի կաթողիկէ եկեղեցւոյ առաջնորդ Փափրաքի եպիսկոպոսին նամակը, որմէ ետք թեմի առաջնորդ սրբազան հայրը, յաւուր պատշաճի իր արտասանած խօսքէն ետք, հրաւիրեց Նորին Սրբութիւնը՝ փակման խօսքը կատարելու: Համայնական կեանքին մէջ երիտասարդներուն ունենալիք դերակատարութիւնը լուսարձակի տակ բերելով՝ Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ. «Ինծի համար սիրելի են բոլոր ներկաները, սակայն աւելի սիրելի են այնտեղ նստած երիտասարդները, որովհետեւ ես զանոնք կը նկատեմ արիւնը մեր համայնքին: Երիտասարդութիւնը մեր կեանքի լուսանցքին վրայ չէ եւ պէտք չէ ըլլայ, այլ՝ մայր էջին վրայ: Մենք պէտք է խօսի՛նք երիտասարդութեան հետ, լսե՛նք զինք, որովհետեւ ան ըսելիք ունի եւ աւելի ծանօթ է ժամանակակից աշխարհի պայմաններուն»: Ապա, Վեհափառ Հայրապետը պատասխանեց իրեն ուղղուած հարցումներուն, որոնք առնչուած էին ընկերային ցանցերու ազդեցութեան, եկեղեցւոյ դերակատարութեան եւ Սիսի Կաթողիկոսարանի վերադարձի դատին:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles