ԿիզակէտՅօդուածներ

«ՀԱՅՐԵՆԻՔ» 125-ԱՄԵԱԿ․- ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐԸ ԵՒ ՀԱՆՐԱՅԻՆ ԿԱՐԾԻՔԸ

 

Խմբագրական

Հոկտեմբեր 14, 1917

 

Ամերիկեան թերթերը շահեկան եւ հետաքրքիր լուր մը կու տան մեզ, որուն վրայ կ’արժէ խորհրդածել վայրկեան մը։

Երկրին մէջ, պատերազմի շուրջ նպաստաւոր կարծիք ստեղծելու եւ զայն շարունակ թարմ ու կենդանի պահելու համար ստեղծուեր է Ազգային Միութեան Լիկա մը, ուր ներկայացուցիչներ կ’ունենան «երկրի եկեղեցական, քաղաքական, աշխատաւորական, երկրագործական եւ ճարտարարուեստական կազմակերպութիւնները»։

Գուցէ ոմանք տարօրինակ գտնեն այս լուրը եւ աւելորդ՝ նոր ստեղծուած մարմնի գոյութիւնը, նկատի ունենալով այն հանգամանքը թէ՝ արդէն երկրի կառավարութիւնը եւ անոր ետեւ կանգնած ժողովուրդը գիտակցաբար եւ խոր համոզումով նետուած են պատերազմի դաշտ եւ ուրեմն գիտակցաբար եւ վճռական կամքով ալ անոնք կը շարունակեն սկսուած գործը։

Չարաչար կը սխալին, ի հարկէ, բոլոր այդպիսի լաւատեսները, կարծելով թէ ժողովուրդներ եւ կառավարութիւններ, անգամ մը գործի սկսելէ յետոյ, կարող կ’ըլլան շարունակելու անսայթաք կերպով իրենց յառաջխաղացքը՝ առանց յետադարձ շարժումներ փորձելու։ Ահա Ռուսաստանը։ Խանդավառութեան յորդ հոսանքը քանի՜ քանի անգամ նահանջներ ունեցաւ այնտեղ՝ պատերազմի ընթացքին տեղի ունեցած ձախորդութիւններու պատճառաւ. զանազան կազմակերպուած ուժեր ինչքա՜ն աշխատեցան պատերազմի անիւը շրջել եւ ժողովուրդն ու կառավարութիւնը մղել անջատ հաշտութեան։

Պատերազմի օրերուն մանաւանդ, երբ տակն ու վրայ կ’ըլլայ ամէն ինչ, կը խորտակուին մէկէն ամենազօրաւոր յոյսերն անգամ, անբանական բան չէ, երբ ժողովուրդներ ալ, ընկճուած այդ աննպաստ դէպքերու ազդեցութենէն, սարսափած՝ թափուող արեան հոսանքէն, կը վճռեն զէնքը վար դնել եւ հրաժարիլ իրենց ամենաարդար դատը հետապնդելէ։ Ահա այդպիսի րոպէներուն է գլխաւորաբար, երբ անհրաժեշտ պէտքը կը զգացուի մարմնի մը, որ կ’աշխատի ցրել վհատութեան սեւ ամպերը, եռանդ ու ոգեւորութիւն ներշնչել թուլցած հոգիներուն, ստիպելով զանոնք, որ շարունակեն տակաւին կուրծք տալ փոթորիկներուն։

Քաջալերելու, խրախուսելու, ժողովրդական տրամադրութիւնը բարձր պահելու գործը՝ պարտականութիւնն է գլխաւորաբար մամուլին, բայց այդ մամուլն ալ կրնայ երբեմն սայթաքումներ ունենալ։ Զանազան հոսանքներու ներկայացուցիչներէն կազմուած մարմին մը սակայն, մամուլի ղեկավար տարրերուն հետ միասին, այս ուղղութեամբ կրնայ շատ հրաշալի արդիւնքներ տալ։

Այդպիսի կարեւոր պէտք մը լրացնելու համար է ահա, որ կառավարութիւնը կը կազմէ մարմին մը, որուն միակ գործը պիտի ըլլայ՝ պատրաստել ամերիկեան ժողովուրդի կարծիքը՝ պատերազմին ի նպաստ, ջնջել աշխատիլ բոլոր թիւր հասկացողութիւնները, զօրացնել միութեան շաղկապը՝ բոլոր տարրերուն միջեւ, հասկցնել անոնց թէ կը կռուին իրենք շատ կոպիտ, անմարդկային ուժի մը դէմ, որուն վերջնական ջախջախումը անհրաժեշտ է մարդկութեան շահերուն համար։

Գովելի քայլ մըն է, որ առած է Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը։ Երանի՜ թէ Դաշնակից բոլոր երկիրներու մէջ ալ կազմուէին այդպիսի մարմիններ, որոնք գիշեր ու ցերեկ աշխատէին ժողովուրդի եռանդը վառ պահել, մտածումի եւ կամքի ընդհանուր ներդաշնակութիւն ստեղծել։

Մենք յոյսով ենք, որ Միացեալ Նահանգներու տուած այս գեղեցիկ օրինակը կ’ունենայ իր բարերար ազդեցութիւնը նաեւ Դաշնակից երկիրներու ժողովուրդներու վրայ։

Եռանդագին գործունէութիւն մը, որ յանուն վերջնական յաղթութեան, շարունակ ծաւալ կը գտնէ փոքր ազգերու ազատութեան համար կռուող ժողովուրդներուն մէջ, կը սարսափեցնէ Գերմանիան եւ անոր զինակիցները, որոնք արդէն սկսած են վար գահավիճիլ իրենց ուժի բարձունքէն։ Հանրային կարծիքը, որ հետզհետէ կ’ուժեղանայ Դաշնակից երկիրներու մէջ, կը պատրաստէ արդէն վերջնական ջախջախումը միլիտարիզմին, որուն տապալման համար ի սպաս դրած է իր ուժերը՝ գրեթէ բովանդակ մարդկութիւնը։

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button