Հայիթիցին, Որ Կատու Կերաւ…

0 0
Read Time:5 Minute, 6 Second

ՊՕՂՈՍ ԳՈՒԲԵԼԵԱՆ

Ռիչմընտ, Վըրճինիա

Իբրեւ Ամերիկայի քաղաքացի, եւ ալ խոնարհ իմ անկիւնէս, անյագ հետաքրքրութեամբ հետեւեցայ նախագահութեան թեկնածու Քամալա Հերիսին ու նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփին միջեւ տեղի ունեցած բանավէճին: Անկեղծօրէն, շատ բան չէի ակնկալեր այդ հանդիպումէն, քաջ գիտնալով դերակատարներուն մտաւորական ու քաղաքական մակարդակն ու կարողութիւնները:

– Աղբարիկ, ասիկա Ամերիկա է… ասկից աւելի չի փայլիր, սակայն այն միջավայրն է ուր միջակութիւնները յաւիտեան կը փայլատակեն:

Չերկարենք․ բանավէճը ընթացաւ ըստ նախատեսուածին, առանց խորացումներու եւ զոյգ թեկնածուներու կողմէ ապագային որդեգրուելիք քաղաքական ուղղութեանց յստակ բացայայտումներու: Սակայն, երբ հարցը սահմանէն ներխուժող հարիւր հազարաւոր անօրէն գաղթականներուն հասաւ, Թրամփ թարգմանը հանդիսացաւ հանրապետականներու արեւելումին ու դիրքորոշման եւ ունկնդիր հասարակութիւնը ցնցելու մտոք, յանկարծ նախագահութեան թեկնածուի մը անվայել թեթեւամտութեամբ, օդին մէջ արձակեց այնքան գորովանքով ու գուրգուրանքով պահած ռումբը, ողջ աշխարհին առջեւ մատնանշելով, Օհայոյի Սփրինկֆիլտ քաղաքի սահմանին վրայ նահատակուած տարաբախտ կատուի մը ոդիսականը, երբ անիկա ենթադրաբար զոհ կ՛երթար Հայիհիթիէն անօրէն կերպով ամերիկեան սահմանը հատած նորեկի մը անյագ ախորժակին:

– Մեր շնիկները, մեր կատուները ու մեր ընտանի կենդանիները կ՛ուտեն անօրէնները… գոռաց ան բազմահազար ունկնդիրներու բազմութեան ու սաղ քաղաքակիրթ աշխարհին դիմաց կանգնած:

Խեղճ կատու… կենդանասէր եղիր, եկուր ալ դիմացիր պարոն Թրամփին ամբողջ երկրին առջեւ բացայայտած ողբերգական եղելութեան: Իսկ անոր հետ բանավիճող ընդդիմադիրը, տիկին Հերիս, յանկարծակիի գալով, զարմանք յայտնող անդիմադրելի լայն ժպիտով ողջունեց զրուցակիցին «մէթէլիք» չարժող վերագրումը, որ աւելի կը միտէր կուսակիցներուն սիրտը թունթ հանելու, քան թէ կենդանասէրի իր չունեցած զգայնութիւնն ու յուզումը ցոյց տալու:

Մարդ անպայման դեմոկրատ ըլլալու պէտք չունէր բեմադրուած թատրոնին բուն էութեան ու խորքը թափանցելու: Հետեւաբար, շատերու նման փորձեցի մոռացութեան տալ մեր երեսին շպրտուած «կաֆ»ն ու բեմադրուած աժանագին կատակերգութիւնը: Հազիւ հայիթիցներու կատուի միսով սնանելու հանելուկը կուլ տուած, «թարսի պէս», մեր տան մուտքին դրուած նամակատուփին մէջ ուրիշ անակնկալ մը կը սպասէր մեզի: Կորսուած կատուի մը տիրոջ կողմէ փոստարկղին մէջ զետեղուած թռուցիկ մը՝ հէգ կատուին լուսանկարով ու այլ մանրամասնութիւններով ճոխացած: Թրամփին բացայայտումէն ետք, այս մէկը եկաւ աւելնալու ապրուած մղձաւանջին ու յարատեւող տագնապին: Ակամայ սկսայ շուրջ-բոլորս հայիթիցիի արտաքինով նորեկ փնտռել, տիրող կասկածանքս փարատելու:

Ախր, այս ի՜նչ օրերու հասանք, երբ հանրապետութեան ապագայ նախագահին կողմէ շպռտուած ու չհաստատուած կատուակերութեան ենթադրեալ արարք մը, ամբողջ ցեղի մը մաքուր անունը կ՛արատաւորէ ու զանոնք կասկածանքի սիւնին կը քամէ: Փոթորկոտ կեանքիս ընթացքին, վկան դարձած եմ մէկէ աւելի ընտանի կենդանիով սնանելու արաքներու, որոնց հեղինակները ենթակայիս վրայ խոր հետք թողած են նախամարդու վայել իրենց պիղծ արարքով: Գրական գործերուս մէջ անդրադարձած եմ անոնց, սակայն մոռացութեան տուած Սիէրա Լիոնի մայրաքաղաք Ֆրիթաունի մէջ պատահածներէն ամէնէն խօսունը՝ երբ չինական դեսպանատան անձնակազմը , առոք-փառոք ֆրանսական դեսպանատան գամփրը կ՛ուտէ ու սատկած շան մորթը չինացիներուն աղբամանին մէջէն կը յայտնուի: Եթէ հայերս չմիջամտէինք, գուցէ համաշխարհային երրորդ պատերազմը ծայր տար զոյգ գերպետութիւններու միջեւ…

Ասոր նման ուրիշ դէպք մը՝ մանկական գրականութեանս յայտնի հերոսներէն՝ Չիգօ անունով ազնուատոհմ կապիկս, որ անչափահաս զաւակներուս խաղընկերն ու սիրելին դարձաւ, այն օրէն երբ բնիկներու շուկայէն քանի մը տոլարով գնեցի հէգ կենդանին, զայն ազատ արձակելու համար իր բանտախուց-թակարդէն: Օրերով կը բացակայէր ան, անտառին խորը անպայման սիրուհիի մը հանդիպած ըլլալով…

Այդ քանի մը օրուան բացակայութիւնը եւս սիրարկածային համարելով, անտագնապ կը սպասէինք նորին վսեմութեան տուն դարձին, մինչեւ որ մեր բանուորներէն մէկը դրացիին աղբամանին մէջէն խեղճ կենդանիին կաշին յայտնաբերեց: Բնիկները կերան ճէյրանի պէս գեղեցիկ արտաքինով մեր սիրելի Չիգոն…

Կը զգուշացնեմ, յետագայ դէպքը նողկալի բնոյթ ունի…

Ափրիկէ, գործատեղիիս մօտակայքը, երբ մեքենայիս հրամբարը կը լեցնէի, դիմացէն գալող խափշիկուհին յանկարծ կանգ առաւ բացօդեայ կոյուղիին մօտ եւ գլուխէն վար դրաւ մանր ձուկերով լեցուն ափսէն, ծռեցաւ կոյուղիին մէջէն սատկած առնէտ մը հանեց ու ձկնեղէնին վրայ զետեղեց… Հետաքրքրութենէ մղուած, անմիջապէս մօտեցայ ենթակային ու տեղական լեզուով հարց տուի, թէ նեխած այդ առնէտը ինչու շալակելով տուն կը տանէր: «Մասթըր, նա պիֆ» (Տէր իմ, համեղ մսացու է…), պատասխանեց ան, զանձ մը գտնողի ոգեւորութեամբ:

– Հալալ թող ըլլայ, աչք չունինք…- պիտի ըլլար հայերէն իմ պատասխանս…

Հիմա հասանք կամովին ու ակամայ մարդակերութեան դրուագներուն, որոնք տեղ գտած են իմ «Փտախտ» ու «Առաքելութիւն Ի Մարաշ» հատորներուս մէջ: Այն անհատները, որոնք կարդացեր են այդ գործերը, պիտի վերյիշեն այն մանկամիտ ափրիկեցի նախարարին կերած ապուրը, երբ ընտրութիւններու նախօրէին, անպարտելի դառնալու մոլուցքով, դիմած էր յայտնի կախարդի (ճու-Ճու) մը: Այդ «սարսախ»ն ալ խորհուրդ տուած էր յղի կին մը գնել ու անոր արգանդին մէջ հասունցած մանուկին սիրտը հում հում ուտել… («զըխըմ» ընէ, պիտի ըլլար ճիշդ բնորոշումը): Այս մէկը Mission to Marash հատորիս մէջ տեղ գտած է, որ դեղագործ մեծ հօրս պատահած քստմնելի դէպքին նկարագրութիւնն է: 1915ի Հայոց Եղեռնի ու ջարդերու օրերուն, բժիշկներու հայ անձնակազմը, թուրք առողջապահական նախարարին հրամանագրով՝ տարագրուելով հանդերձ, պիտի հետեւէր հայ աքսորեալներու կարաւաններու երթին, առաջքը առնելու համար զանոնք հարուածող թիֆոյիտին եւ միւս համաճարակներուն, որպէսզի թուրք բանակն ու պաշտօնեաները զերծ մնային ընդհանուր վարակէն: Ի պաշտօնէ, Աւագեաններն ալ պիտի հետեւէին մահուան երթին մինչեւ Տէր Զօր ու Սուրիոյ մարդակուլ անապատները: Գերզգայուն, մտաւորական մարդու համար, մահուան չափ դժուար էր օրն ի բուն մասնակից ու վկան դառնալ տարագիր հայրենակիցներուն հոգեվարքին ու Գողգոթային: Գաղթակայան մը հերթական իրենց այցելութեան ատեն, մեծ հօրս հրահանքով, թուրք կառապանը յանկարծ կը կանգնեցնէ կառքը, երբ վրանի մը առջեւ անոնց ուշադրութիւնը կը գրաւէ եռացող կաթսայէն բարձրացող միսի սուր հոտը, բան մը որ այդ օրերուն, գաղձի մատնուած գաղթականներու համար, չտեսնուած շռայլանք էր, յատկապէս երբ անոնք պատառ մը չոր հաց չէին գտնէր իրենց քաղցը փարատելու: Կառքէն վար կ՛իջնէ Աւագ էֆէնտին, մօտիկէն հետեւելու համար եռացող կաթսայի սէնֆոնիային: Նորեկին մօտենալը տեսնելով ինքզինք վրանէն դուրս կը նետէ հոն կանգնած տարաբախտ հայուհիին միս ու ոսկոր դարձած ամուսինը, տէր կանգնելու համար եռացող կաթսային: Ու էրիկ կնիկ բարձրաձայն կը սկսին հեկեկալ ու ողբալ, անիծելով իրենց բախտը: Մեծ հայրս, իր հայ օգնականներու միջոցով, մէկ կողմ կը հռէ կաթսային տէրը ու հրահանգ կու տայ բանալ կափառիչը: Անոր հուժկու օգնականը՝ Կարապետը, քուրջի կտորով կը բանայ կափառիչը ու տեսածին չհաւատալով, կեցած տեղը սառած ու այլայլած, դեղագործին կողմը կ՛ուղղէ սարսափահար նայուածքը: Աւագ էֆէնտին չկարենալով զսպել զայրոյթը, կը մօտենայ կրակին ու անզուսպ շարժումով, ոտքով կը հարուածէ եռացող կաթսան, որուն մէջէն եռամսեայ մանկիկի մը թերխաշ ոտքերն ու ձեռքերը կրակին բոլորտիքը կը թափին… Մեծ հայրս, կեանք մը ամբողջ չգործածած հայհոյնքին կ՛արժանացնէ իթթիհատական թուրք ղեկավարութիւնը: Քիչ ետք ինքզինք վերագտնելով, իր օգնականին՝ Կարապետին ականջին բաներ մը կը փսփսայ ու այս վերջինը դէպի ձիաքարշ կառքը կ՛ուղղուի ու տոպրակ մը սննդեղէն ու հաց կը բերէ սոված ընտանիքին անդամներուն բաշխելու: Սգաւոր զգացումով համակուած՝ կառք կը բարձրանայ Աւագ էֆէնտին ու կառապանին կը հրահանգէ զինք ուղղակի թուրք գայմագամին (կառավարիչ) նստավայրը տանիլ, անկէ հաշիւ պահանջելու…

Արդարեւ, վտանգաւոր քայլ մը որ հէգ կառապանը իր հայ բարեկամին պիտի յանձնարարէր չառնել…

Այն ատէն ո՜ւր էին Տանըլտ Թրամփերը, երբ ամբողջ ցեղ մը կը բնաջնջուէր Երիտասարդ թուրքերուն կողմէ:

 

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
100 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles