ԴԱՒԻԹ ՂԱՀՐԱՄԱՆԵԱՆԻ ԼՈՒՍԱՆԿԱՐՆԵՐՈՒ ՑՈՒՑԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

0 0
Read Time:1 Minute, 13 Second

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ․- Արցախի հայթափման առաջին տարելիցին առթիւ, Դաւիթ Ղահրամանեանի լուսանկարները ցուցադրուեցան «Ռասըլ» ցուցասրահին մէջ։ Սեպտեմբեր 19-էն 27 թուականներուն ցուցադրուեցան այս լուսանկարները, որոնք առնուած էին 44-օրեայ պատերազմին եւ ապա պաշարման եւ տեղահանման օրերուն։

Ծերակուտական Շելտըն Ուայթհաուզի (Դեմոկրատական – Ռոտ Այլընտ) հետեւողական աշխատանքի արդիւնք, կարելի եղաւ իրագործել այս ծրագիրը։

«Հայ Դատի գրասենեակը հետեւողականօրէն ահազանգեց եւ այս գծով, իմ կարգիս աշխատանք պիտի տանիմ, որպէսզի քոնկրէսը հաիւ պահանջէ Պաքուէն։ Յստակ է, թէ պատահածը անմարդկային ու անընդունելի է», ըսաւ Ուայթհաուզ։

Հայ Դատի արեւելեան Ա․Մ․Ն․-ի յանձնախումբի անդամներէն Սօսի Պուրուճեան շնորհակալութիւն յայտնեց ծերակուտական Ուաթհաուզին, որ հետեւողական ձեւով գործի լծուեցաւ, այս ցուցահանդէսը կազմակերպելու։

Սեպտեմբեր 19-ի բացման հանդիսութեան, «Համազգային»-ի Արցախի գործավար Հերմինէ Աւագեան ներկայացուց «Արցախ․- Անաւարտ Պատերազմ» ալպոմը, աւելի մանրամասնօրէն տեղեկութիւններ փոխանցելով Արցախի պաշարման եւ անոր յաջորդող հայաթափման մասին։

«Պատահածը պատերազմ չէր, այլ Ցեղասպանութիւն։ Յոյսով եմ, որ կարելի պիտի ըլլայ արդարութեան ձայնը հասցնել իր նպատակին», ըսաւ ան։

Ղահրամանեան իր կարգին խօսք առնելով յայտնեց, թէ մինչեւ վերջին պահը, նոյնիսկ երբ Շուշիի մօտ էր թշնամին, չէր հաւատար, թէ Շուշին պիտի իյնար։

«Վերջին անգամ երբ Շուշի էի, Նոյեմբերի 5 էր։  Քարինտակը արդէն ամբողջութեամբ ազերիներն էին: Մեր զինուորները ոգեւորուած էին, մէկը կը պատմէր, որ արդէն հարիւր զինուոր սպաննած է, միւսը՝ 150 հոգիի մասին կը խօսէր: Կը մտածէի ակնթարթ մը, այդ ինչքան շատ են, որ հարիւրներով կը խօսուի», ըսաւ Ղահրամանեան:

Նշենք, թէ տարբեր քաղաքներու մէջ կը ցուցադրուեցան Դաւիթ Ղահրամանեանի լուսանկարները։

Հայ Դատի կեդրոնական գրասենեակի նախաձեռնութեամբ եւ «Համազգային»-ի  կազմակերպութեամբ տեղի ունեցան ցուցահանդէսներ՝ Ֆիլատելֆիոյ, Նիւ Եորք-Նիւ Ճըրզիի, Ֆիլատելֆիոյ, Պոսթընի, Տիթրոյթի եւ Շիքակոյի մէջ։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles