ՎԱՀԱԳՆ ԳԱՐԱԳԱՇԵԱՆ
Երբ այսօր կ՛ոգեկոչենք Այնճարի հիմնադրութեան 85ամեայ յոբելեանը, բնականաբար պիտի յիշատակենք նաեւ Մուսա Լերան դիւցազնամարտը, երբ բուռ մը հայեր պատմական իրենց բնօրրանը պաշտպանելու համար, Վարդանանց հաւատքով կոփուած, լերան հետ միաձոյլ` բարձրացա՛ն, խոյացա՛ն ու ծառացա՛ն:
Թշնամին դիմագրաւելու եւ «Որ ոչ գիտէ զմահ, երկնչի ի նմանէ, իսկ որ գիտէ զմահ, ոչ երկնչի ի նմանէ» նշանաբանով աներկիւղ ու աննահանջ` մահուան հետ գոյամարտ էր Մուսա Լերան հերոսամարտը, որուն ընթացքին Մուսա Լերան գիւղերու հայութիւնը համակուած էր այն խոր ինքնագիտակցութեամբ, որ իր հաւատքն ու իրաւունքները մինչ ի մահ պիտի պաշտպանէ:
Հայոց Ցեղասպանութեան յաջորդող ժամանակահատուածին, տարասփիւռ հայկական գաղթօճախներու հիմնադրման փուլին, Մուսա Լերան վտարանդի ժողովուրդը, բազում դժուարութիւններու ու տառապանքներու բովէն անցնելով, Լիբանանի մէջ հիմը դրաւ սփիւռքեան իր կանգառին: 1939ի Այնճարի առաջին սերունդին վիճակուած էր` կազմակերպել նորաստեղծ գիւղին կեանքը, ազգային եւ հոգեւոր արժէքներով կրթել սերունդները ու կերտել գաղափարապաշտ եւ ազգային իր պատկանելիութեան գիտակից Այնճարի երիտասարդութիւնը:
Ժողովուրդի մը ազատ, անվտանգ ու բնականոն զարգացումն ու յառաջխաղացքը կը կերտուին մշակոյթի, պատմական յիշողութեան, հայրենասիրութեան եւ ընտանիքի արժեհամակարգերուն վրայ: Վերոնշեալ արժեհամակարգերը առողջ հիմքերու վրայ կառուցելու համար անհրաժեշտ է համայն հաւաքականութեան կողմէ ազգին ծառայելու սկզբունքի ընկալումը: Ազգային գաղափարախօսութեան յենասիւներն են հայրենասիրութիւնն ու հայրենատիրութինը: Այնճարի պարագային, 85 տարիներու ընթացքին պահպանուեցան ազգային արժէքները, եւ Այնճարը արգասաւորուեցաւ հայրենատէր սերունդով: Այնճարի 85 տարիներու մաքառումն ու կենսագործունէութիւնը մուսալերեան մեր մարտունակութիւնը վերանորոգելու եւ վերընձիւղելու ուղեցոյցն է:
Մուսա Լերան լանջերու դիւցազնական մեր խոյանքէն ետք, հերոսական գոյապայքարէ ետք, կորուսեալ ծննդավայրէն ետք, կամքը ունեցած ենք յառնելու եւ կենսագործելու Այնճարի լանջերուն: Գիտակից ենք նաեւ, որ բազում մարտահրաւէրները դիմագրաւելու համար անհրաժեշտ է Մուսա Լեռ-Այնճարի բոլոր զաւակներու միասնութիւնն ու ամբողջական ներուժի համախումբ մէկտեղումը` ամրակուռ պահելու համար հայկական միջնաբերդ Այնճարը:
Ստեղծագործ հայեր ենք, հերոսաբար հող պաշտպանած հայեր ենք, «Դաշոյն»ներու ռազմապարի ծնունդ հայեր ենք, եւ եթէ մահն ու համաճարակները յաղթահարած ենք, հաւատացէ՛ք, որ մենք կը յաղթահարենք գալիք դժուարին փուլերը, որովհետեւ Խաչը` մեր հետն է, Լեռը` մեր հետն է, Հաւատքը` մեր հետն է: