Սերժ Թանգեանի Նոր Հատորը՝ «Համակարգին Անկում»-ը

0 0
Read Time:4 Minute, 17 Second

ՊՕՂՈՍ ԳՈՒԲԵԼԵԱՆ

Վըրճինիա (Ռիչմընտ)

Վըրճինիա ոտք դրած օրէս, եթէ հաշուենք զանազան առիթներով այս գրողին նուիրուած գիրքերուն քանակը, մարդ իսկապէս պիտի շշմէր, պիտի սահմռկէր… Եւ դեռ բոլորն ալ չորս հինգ հարիւր էջերէ կազմուած հատորներ: Մեծ մասամբ՝ անգլերէն ու բացառութեան համար՝ քանի մը հատն ալ հայերէն ու ֆրանսերէն լեզուով՝ մեծ մասամբ տասնամեակներ առաջ լոյս տեսած գործեր:

Չեմ ուրանար, սկիզբէն ի վեր ֆանաթիք (մոլեռանդ) ընթերցող եղած եմ ֆրանսերէն, հայերէն ու անգլերէն գլուխ գործոցներու, դասական եւ արդի գրողներու գործերուն, այնքան մը որ ապրուստ վաստկելու, քաղաքականութեան հետեւելու, Հայ Դատը պաշտպանելու եւ մասնաւորապէս՝ գրական գործեր արտադրելու եւ հրապարակագրութեամբ ալ պարապելու պահանջած ժամանակը թոյլ տուած է նախընտրած գրողներուս գործերը ընթերցելու: Եթէ օրական 24 ժամ միայն ընթերցանութեամբ զբաղէի, դեռ պիտի չկարենայի գլուխ հանել ստացած թանկագին նուէրներուս ընթերցումը…. Քիչ մնար որ նուիրատուներուս երեսին գոռայի՝ «Ես համեստ գրող մըն եմ, անկուշտ ընթերցող մը չեմ… խնդրեմ, թոյլ տուէք որ աստուածատուր կոչումս լի ու լի կատարեմ…»

Այո, ներկայ հոգեվիճակիս մէջ, սկսած եմ սարսափիլ հաստափոր հատորներով լոյս տեսնող գործերէն: Նախ, ինչպէս վերը յիշեցի, ժամանակի չգոյութեան հետ առնչուած է սարսափս, ապա համբերութեան: Իբրեւ տասնամեակներու գրական փորձառութեամբ զրահուած հեղինակ, սա ալ աւելցնեմ, թէ բացի գրողի մը գործերու հաւաքածոներէն, հինգ հարիւր էջանոց վիպագրութիւն մը կրկնութեան ու շատախօսութեան կը վերածուի: Տաղանդաւոր գրողը կրնայ այդ հինգը խտացնել երկուք կամ լաւագոյն պարագային՝ երեք հարիւր էջերու մէջ: Այսքանը՝ հաստափորներու հանդէպ սնուցած «ֆոպիա»իս (վախ) մասին…

Հիմա գալով մեր սիրելի երգահան, երաժշտագէտ բարեկամին հաստափոր հատորին՝ Down Of The System-ին («Համակարգին Անկում»), զոր մանչէս՝ Հրաչ-Ռոճըրէն նուէր ստացայ տարեդարձիս առիթով, ի՜նչու մեղքս պահեմ, յառաջաբանի ընթերցումէս ետք, հոգեփոխութեան ենթարկուեցայ ու հիացումով շարունակեցի ընթերցումը: Այստեղ կ՛ուզեմ մատնանշել, թէ Սերժ Թանգեանին ծանօթացայ Ռոճըրին միջոցաւ, քանի որ երիտասարդ այս արուեստագէտները սրտակից բարեկամներ ըլլալու կողքին, նաեւ գործակիցներ են ու շատ մը առումներով նման են իրարու, նաեւ՝ բազմակողմանի շնորհներով օժտուած ըլլալու տեսակէտով: Օսքարակիր մանչս ալ ֆիլմարուեստի մէջ ձեռք բերած յաջողութեան կողքին, գրողի շնորհ եւ նկարիչի տաղանդ ունի, ինչպէս է Թանգեանի պարագան՝ երգիչ, յօրինող երաժշտագէտ, գրող ու նկարիչ: Անոր յանձնուած էր Վարդանանց պատերազմի նուիրուած Ռոճըրին Warrior And Saints ժապաւէնին երաժշտութեան յօրինումը, զոր Սերժը կատարած է գերազանցօրէն ու մեծ վարպետութեամբ:

Եւ ամենէն կարեւորը՝ երկուքն ալ խոր հայրենասէրներ են ու Հայ Դատի հաւատաւոր նուիրեալներ: Հատորին ընթերցանութեան ամբողջ տեւողութեամբ, ի յայտ կու գայ Սերժին այդ յատկանիշը, որ բան մը կ՛աւելցնէ անոր յաջողակ, ինչ կ՛ըսեմ՝ աշխարհահռչակ երգիչի ու երաժշտագէտի էութեան վրայ:

Արդարեւ Թանգեան, զաւակը եղած է հայրենասէր ու արուեստասէր ծնողքի եւ կանուխէն հայ վարժարան յաճախելու կողքին, մաս կազմած է երիտասարդ ՀՅԴականներու (AYF) խումբին, եւ ուր ալ ծլարձակած է Հայ Դատի ու Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման հանդէպ անոր աննկուն հաւատքն ու նուիրումը: Ան իր հայրենասէր հօր՝ Ճորճին հետ սկսած է փոքր տարիքէն երգել ազգային կուսակցական երգեր ու կանուխէն գրել սկսած է: Թանգեաններուն նախասիրած երգերէն մէկը եղած է գրքին մէջ յիշատակուած «Բարի Արագիլ» երգը: Գրքին մէկ ծայրէն միւսը ազգային ոգին տիրական է ու թուրքին կատարած խժդժութիւնները՝ խօսուն: Չորս երիտասարդ ու տաղանդաւոր տղաք, կանուխէն, ինքնաշխատութեամբ, առանց յաւակնութեանց, System Of The Down անուան տակ, կեանքի կը կոչեն իրենց երգչախումբը: Խումբին երեց անդամը՝ Սերժը, գլխաւոր երգիչը, միւս տղոց՝ Տարօնի, Շաւոյի ու Ճանի հետ կը յօրինէ ու կը գրէ երգացանկի մեղեդիներու բառերը: Գիրքի երկայնքին, Թանգեան վարպետօրէն կը ներկայացնէ խումբին ոդիսականը՝ համեստ սկիզբէն մինչեւ բարեդէպ այն օրը, երբ հրաշքի նման, Ամերիկայի թիւ մէկ նուագախումբին պատուաւոր տիտղոսին կ՛արժանանայ: Անոնց երգերու հիւսուացքէն ու գործածած բառամթերքը քիչ մը ամէն տեղ տիրող ընկերային անարդարութիւններուն ու համակարգին դէմ բարձրացող ըմբոստութեան պոռթկում ու ճիչ է… Հայկական երաժշտական խումբը ազգային անտեսուած միայն մեր իրաւունքներու ձեռք բերման ջատագովը չէ հանդիսացած, այլ նաեւ՝ միջազգային մաշտապով տարած է այդ պայքարը, իրեն դէմ հանելով ամերիկեան պահպանողական լրատուամիջոցներն ու քաղաքական հուժկու կազմակերպութիւնները…

Միւս կողմէ, փառքի գագաթնակէտը հասնելով, խումբին անդամներուն միջեւ տեղի կ՛ունենան նաեւ ուռած եսերու անխուսափելի բախումներ: Ի վերջոյ, անոնք ալ ողն ու ծուծով արուեստագէտ տղաք էին եւ ոչ թէ միաձոյլ վանքի ժառանգաւորներ… Անոնք ալ ողն ու ծուծով եւ ուռած եսերով նորելուկ երաժիշտներ էին, որոնք իրենց սեփական երազներն ու կեանքի հանդէպ իրենց մօտեցումը ունէին, ապագայ իրագործումներու ուղղութեամբ:

Բան մը, որ սրատես ու քիչ թէ շատ փորձառու ընթերցողը գուցէ հարցականի տակ դնէ, գիրքին հերոսներուն անհատական կեանքէն բացակայող սիրային ու սեռային տարերգն ու չգոյութիւնն է: Կարծես կուսակրօններ են եւ ոչ թէ կրակ ու բոց արուեստագէտ երաժիշտներ: Գուցէ հեղինակը յատուկ նպատակով խուսափած է այդ կէտին դպչելէ:

Օրինակ մըն ալ Սերժի զանցումներէն: Երբ իրեն բարեկամին եղբօրը՝ Արմէնին անունը կը յիշէ, իբրեւ զիրենք Հայաստան հրաւիրող գործարար անձը, հեղինակը տեղեակ էր անոր ինքնութեան, թէ Արմէնը գրողի մը զաւակն էր ու իրեն մտերիմ բարեկամ՝ օսքարակիր Ռոճըր Գուբելեանին եղբայրը եւ ոչ թէ հասարակ մահկանացու մը:

Գրական բոլոր գործերու մէջ ալ, յատկապէս անոնք որոնք ինքնակենսագրական բնոյթ ունին, բացառուած չէ որ խորաթափանց ընթերցողը հանդիպի նման բացթողումներու: Ինչ որ բան չի պակսեցներ անոր գրական արժանիքէն: Այն ինչ որ հմուտ ընթերցողը կը գրաւէ ու կը մագնիսացնէ, այս անյաւակնոտ տղոց երթն է դէպի յաջողութեան գագաթնակէտը ու անոնց անանձնական նուիրումը Հայ Դատին ու ինքնութեան:

Առանց խպնելու, բարձրաձայն պէտք է խոստովանիմ, հազիւ սկսայ ընթերցման, գիրքը ձեռքէս վար չկրցայ դնել ու շաբթուան մը միջոցին աւարտեցի ու դժկամութեամբ գրադարանս զետեղեցի Սերժիկին գլուխ գործոցը: Այստեղ չմոռնամ աւելցնելու, թէ գիրքին ընթերցումը ինծի յիշեցուց եւ վերապրիլ տուաւ ափրիկեան փորձառութիւններս, երիտասարդական անսակարկ նուիրումս գրականութեան եւ անոր կողքին՝ ազգային անտեսուած, անմեռ մեր դատին…

– Սերժ ջան, քու եւ բազմատաղանդ, բազմավաստակ խմբակիցներուն հազար շնորհակալութիւն, ձեր ցեղին ու արմատներուն, հայութեան ընծայած մեծ պատուին համար: Դուք խմբովին ձեր ցեղին՝ հայութեան, մեր պարծանքն էք…

Կեցցէ՛ք…

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles