ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ԱՊԱՔԻՆՄԱՆ ՄԱՂԹԱՆՔ

1 0
Read Time:30 Second

Վերջերս, Ա․Մ․Ն․ Արեւելեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեան, այցելեց New York-Presbyterian հիւանդանոցի Weill Cornell բժշկական կեդրոնի ողնաշարի բաժանմունքը, ուր յետ ողնաշարի գործողութեան դրուած քսան կարերը հանուեցան։ Սրբազան Հայրը հանդիպեցաւ անուանի ջղավիրաբոյժ տոքթ. Ռոճըր Հարթլին, որ գործողութիւնը կատարած էր եւ որ ապաքինման ընթացքէն շատ գոհ մնաց, թելադրելով, որ ան խստիւ շարունակէ հետեւիլ իրեն եղած դարմանման ցուցմունքներուն։

Այս առթիւ, Սրբազան Հայրը, իր երախտագիտութիւնը յայտնելով, բժիշկին ներկայացուց հայկական ոճով գեղեցիկ խաչ մը, զոր ան ընդունեց մեծ գոհունակութեամբ։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը կը շարունակէ գործադրել իր առօրեայ պարտականութիւնները իր բնակարանէն։

«Հայրենիք» իր կարգին շուտափոյթ ապաքինում կը մաղթէ բարեջան Առաջնորդին։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles