Լրահոս

Հայաստանի Պետական «Սիմֆոնիք» Նուագախումբը՝ Ա․Մ․Ն․-ի Մէջ

Յառաջիկայ օրերուն, Հայաստանի պետական «սիմֆոնիք» նուագախումբը, ղեկավարութեամբ մաէսթրօ Սերգէյ Սմբատեանի, ելոյթներ պիտի ունենայ Միացեալ Նահանգներու մէջ։

Չորեքշաբթի, Յունիս 26, երեկոյեան ժամը 8-ին, Պոսթընի «Սիմֆընի» սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ առաջին ելոյթը, ապա օր մը ետք, Նիւ Եորքի մէջ ելոյթ մը, երեկոյեան ժամը 8-ին, «Քարնըկի» սրահին մէջ։

Երրորդ եւ վերջին ելոյթը տեղի պիտի ունենայ Յունիս 29-ին, Լոս Անճելըսի «Ուոլթ Տիզնի» համալիրին մէջ։

Այս ելոյթներուն յայտագիրը կ՛ընդգրկէ գործեր՝ Արամ Խաչատուրեանէն, որոնց կարգին «Կայանէ» եւ «Սփարթաքիւս» պալէներէն կտորներ եւ յատկապէս ջութակի «քոնչերթօ»-ն (Violin Concerto in D minor, Op. 46), որ պիտի կատարէ հանրահռչակ ջութակահար Սերգէյ Խաչատրեանը։

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button