Բուռն  Բախումներ` Ազգային Ժողովի Շէնքին Մօտ

0 0
Read Time:49 Second

ԵՐԵՒԱՆ.- Չորեքշաբթի, Յունիս 12-ին, «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժումը կազմակերպեց  ժողովրդային հաւաք մը, տեղի ունեցաւ Ազգային ժողովի շէնքի մուքին: Շարժումի ղեկավար Բագրատ արք. Գալստանեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանէն պահանջեց հանդիպիլ` քննարկելու անոր «խաղաղ եւ անցնցում ճամբով հեռացման» պայմանները: Այս մասին սրբազանը յայտարարեց հաւաքին ընթացքին, այն պահուն, երբ Ազգային ժողովին մէջ կառավարութեան հետ հարցուպատասխանի նիստ կ՛ընթանար:

«Այս կառավարութեան ղեկավարը իր իշխանութեան ամբողջ կազմով պէտք է հեռանայ: Այսօր այդ վճռականութեամբ պարտաւոր է հանդիպիլ եւ քննարկել իր խաղաղ, անցնցում հեռացման պայմանները», յայտնեց Բագրատ արքեպիսկոպոս:

Անոր համաձայն, վարչապետի հեռացումը պիտի կատարուի օրինական ճանապարհով, առանց բռնութեան` աւելցնելով, որ իրենք պիտի չպաշարեն խորհրդարանի շէնքը, բայց պէտք է արգելակեն Նիկոլ Փաշինեանի ելքը:

Հաւաքի ընթացքին բախումներ տեղի ունեցան ցուցարարներուն եւ ոստիկանութեան միջեւ: Ոստիկանութեան կիրարկած բռնութեան եւ խիստ միջոցներուն պատճառով բազմաթիւ ցուցարարներ մարմնական վնասուածքներ ստացան:

: Ազգային ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեանը խորհրդարանին մէջ յայտարարեց, որ ոստիկանութիւնը արդարացիօրէն կիրարկած է լուսաձայնային նռնակներ: Իսկ  վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը իր կարգին Ազգային ժողովին մէջ յայտարարեց, որ ոստիկանութիւնը խստիւ կ՛իրականացնէ օրէնքով իրեն վերապահուած գործառոյթները օրէնքի շրջանակներուն մէջ:

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
100 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles