ԳԵՐԱՊԱՏԻՒ Տ. ՀՐԱՆԴ Ծ. ՎՐԴ. ԹԱՀԱՆԵԱՆ՝ ՈՒԱԹԸՐԹԱՈՒՆԻ ՍՈՒՐԲ ՍՏԵՓԱՆՈՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՆՈՐ ՀՈԳԵՒՈՐ ՀՈՎԻՒ

1 0
Read Time:1 Minute, 30 Second

 

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա․Կաթողիկոսի տնօրինութեամբ, Գերպ. Տ. Հրանդ Ծ. Վրդ. Թահանեան ծառայութեան առաքուեցաւ Արեւելեան Թեմ։ Ազգային Վարչութեան Կրօնական եւ Քաղաքական ժողովներու որոշումով, Հայր Սուրբը Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցւոյ (Ուաթըրթաուն, Մասաչուսէց) հոգեւոր հովիւ նշանակուեցաւ, փոխարինելով Արժպ. Տ. Անդրանիկ Ա. Քհն. Պալճեանը, որ հանգստեան կոչուած է գրեթէ կէս դարու արժանավայել ծառայութենէ ետք, նախ իբրեւ հոգեւոր հովիւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ (Ինտիըն Օրչըրտ, Մասաչուսէց), իսկ ապա՝ Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցւոյ, վերջին 30 տարիներուն։ Տ. Հրանդ Ծ. Վրդ. Թահանեանի պաշտօնակալութիւնը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, Յունիս 9-ին, յընթացս Ս. Պատարագի, մասնակցութեամբ Գերպ. Տ. Արտակ Ծ. Վրդ. Արապեանի՝ հոգեւոր հովիւ Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ (Ուստըր, Մասաչուսէց) եւ ատենապետ Կրօնական Ժողովի, յանուն Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի։

Գերպ. Տ. Հրանդ Ծ. Վրդ. Թահանեան, աւազանի անունով՝ Յովհաննէս, ծնած է Մոնրէալ, Նոյեմբեր 10, 1987-ին, Հայոց Ցեղասպանութեան վերապրողներու շառաւիղներու ընտանիքի մը մէջ։ Շրջանաւարտ եղած է Սուրբ Յակոբ ազգային վարժարանին, 2005-ին, բարձրագոյն ուսման հետեւելով Մոնմորանսի գոլէճին մէջ։ Գիտութեան ճիւղէն շրջանաւարտ ըլլալէ ետք, յաճախած է Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքը, եւ կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուած՝ 2010-ին։

Կաթողիկոսարանին մէջ տարբեր պաշտօններ վարելէ ետք, 2012-2017-ին Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ (Վանքուվըր, Գանատա) հոգեւոր հովուութիւնը վարած է։ Միաժամանակ, աստուածաբանութեան մագիստրոսի տիտղոսը ստացած է Պրիթիշ Գոլումպիայի համալսարանէն՝ “Speciesism: The Primordial Sin / A Study of rdh and Lynn White’s Article from an Orthodox Perspective” խորագրուած աւարտաճառով։ 2015-ին վարդապետ ձեռնադրուած է՝ աւարտաճառ մը պաշտպանելէ ետք Եղիշէ եպս. Կարոյեանի ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Սահակ Բ. Կաթողիկոսի թղթակցութեան մասին (1921-1931), իսկ 2021-ին ծայրագոյն վարդապետի աստիճանը ստացած է։

2017-ին վերադառնալով Անթիլիաս, Կաթողիկոսարանի միջ-եկեղեցական եւ միջ-կրօնական բաժանմունքի վարիչ նշանակուած է, ներկայացնելով զանազան միջ-եկեղեցական մարմիններու եւ երկխօսութիւններու, իսկ 2022-ին վերընտրուած է Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ։ 2024-ին նշանակուած է նոյն Խորհուրդի խումբերէն մէկուն («Ցեղապաշտութեան, օտարատեացութեան, արտօնեալ դասակարգերու պահպանման եւ խտրականութեան բոլոր ձեւերու յաղթահարում») համակարգող։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles