ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ Ա.Մ.Ն.-Ի ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԸ ՄԵԾԱՐԵՑ ԾԵՐԱԿՈՒՏԱԿԱՆ ԿԵՐԻ ՓԻԹԸՐԶԸ ԵՒ ՃԷՔ ՄԱՐՏՈՅԵԱՆԸ

0 0
Read Time:2 Minute, 21 Second

Ուրբաթ, Մայիս 17 -ին, Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի նիստերու երկրորդ օրուան աւարտին, Ազգային Առաջնորդարանը կազմակերպած էր տարեկան ճաշկերոյթը The Henry (Տիրպորն, Միշիկըն) պանդոկին մէջ։ Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի ազգային քայլերգներու երգեցողութենէն ետք, կատարողութեամբ Յարութ Աշըգեանի, Մանօ Աշըգեանի եւ Ալեքս Քոչէեանի, առաջնորդական փոխանորդ՝ Գերպ. Տ. Սահակ Ծ. Վրդ. Եմիշեան, կատարեց բացման աղօթքը։ Ընթրիքէն ետք, հանդիավարը՝ Ազգային Վարչութեան ատենապետ՝ գնդապետ Արամ Սարաֆեան, բացման խօսքը կատարեց եւ յիշեց երեկոյեան պատուոյ հիւրերու ներկայութիւնը՝ Ա.Մ.Ն.-ի ծերատուական Կէրի Փիթըրզ եւ Ազգային Վարչութեան նախկին ատենապետ, փաստաբան Ճէք Մարտոյեան։

Սարաֆեան շնորհակալութիւն յայտնեց Սուրբ Սարգիս (Տիրպորն, Միշիկըն) եկեղեցւոյ, հոգեւոր հովիւ՝ Արժպ. Տ. Հրանդ Քհն. Գէորգեանին, հոգաբարձութեան, օժանդակ մարմիններուն եւ կազմակերպիչ յանձնախումբին, որոնք ջանք չէին խնայած ժողովի հեզասահ կազմակերպութեան համար։ Մօտալուստ հանգստեան կոչման առիթով, ան անդրադարձաւ Սուրբ Ստեփանոս (Ուոթըրթաուն, Մասաչուսէց) եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժպ. Տ. Անդրանիկ Ա. Քհն. Պալճեանին, «որ անձնուէր ծառայութեան եւ Հայ Եկեղեցւոյ մեծ նուիրման օրինակելի փաստը տուած էր 48 տարուան հովուական ծառայութեան ընթացքին», եւ արժանացաւ յոտնկայս ծափահարութեան։ Գնդ. Սարաֆեան նաեւ գնահատեց երեք անհատներու 40-ամեայ ծառայութիւնը Արեւելեան Թեմէն ներս՝ Սիւզըն Չթճեան-Էրիքսըն՝ նախկին երեսփոխան եւ Ազգային Վարչութեան անդամ, փաստաբան Ռիչըրտ Սարաճեան՝ Ազգային Վարչութեան նախկին ատենապետ եւ այժմ երեսփոխան, եւ Նորա Տաղլեան-Սարաճեան՝ նախկին երեսփոխան, որոնք բոլորն ալ իրենց գործունէութիւնը սկսած են, զուգադիպութեամբ, 1984 թուականին։

Ձեռնարկի գեղարուեստական բաժնին իր մասնակցութիւնը բերաւ Համազգայինի «Արաքս» պարախումբը, ղեկավարութեամբ՝ Նայիրի Կարապետեանի։

Բարի գալուստի խօսքեր արտասանեցին Արժպ. Տ. Հրանդ Քհն. Գէորգեան եւ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ատենապետուհի՝ Սեդա Չօպանեան։ Տ. Հրանդ Քահանայի ներկայացումով, Առաջնորդարանի գնահատագրեր յանձնուեցան Տիրպորնի համայնքէն չորս երիտասարդներու՝ Յարութ Աշըգեանին, Մանօ Աշըգեանին, Քնար Թոփուզեանին եւ Հայկան Չոլաքեանին, Հայ Եկեղեցւոյ կեանքին մէջ անոնց օրինակելի մասնակցութեան եւ համայնքի երիտասարդութեան իբրեւ օրինակ ծառայելուն համար։

Տէր Հայրը նաեւ ներկայացուց Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ չորս անդամներ, որոնք Առաջնորդարանի գնահատագրեր ստացան իրենց երկարամեայ ծառայութեան համար՝ Քարէն Կիւլէսէրեան, Մովսէս Սրկ. Շրիգեան, Մայքլ Քրէյն եւ Քարոլին Սիրեան-Քրէյն (յետմահու)։

Սարաֆեան ներկայացուց փաստաբան Ճէք Մարտոյեանը՝ Առաջնորդարանի եւ Հայ Եկեղեցւոյ երկարամեայ ծառայ մը իբրեւ սարկաւագ, նախկին երեսփոխան եւ Ազգային Վարչութեան նախկին ատենապետ, իբրեւ Առաջնորդարանի Տարուան Մարդը։ Իր խօսքին մէջ,  Մարտոյեան ընդգծեց. «Թէեւ դուք զիս կը մեծարէք այս երեկոյ, իսկապէս ե՛ս պէտք է մեծարեմ ձեզ, որ առիթ տուիք մեր Եկեղեցւոյ, մեր Առաջնորդարանին եւ մեր ազգին ծառայելու մօտ վաթսուն տարուան ընթացքին։ Դուք ինծի առիթ տուած էք, որ աճիմ քրիստոնէական հաւատքիս մէջ եւ ճամբորդեմ հոն ուր ոչ ոք կրնար տրամաբանօրէն ենթադրել, երբ ճամբայ ելայ Ուոքիկընի մէջ»։

Ծովինար Հացագործեան՝ Միշիկընի Հայ Դատի Յանձնախումբի ատենապետուհի, ներկայացուց Ա.Մ.Ն.-ի ծերակուտական Կէրի Փիթըրզ, ընդգծելով անոր հայանպաստ աշխատանքը թէ՛ նահանգային եւ թէ՛ դաշնակցային մակարդակի վրայ, ներառեալ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումն ու ոգեկոչումը, ինչպէս եւ անսակարկ աջակցութիւնը արցախահայութեան, որոնք զինք արժանացուցած էին Առաջնորհարանի «Հայաստանի ոգի» մրցանակին, զոր յանձնեց Հ. Սահակ Ծ. Վարդապետ։ Ծերակուտական Փիթըրզ շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդարանին այս պարգեւատրումին համար եւ վերահաստատեց իր զօրակցութիւնը Հայ Դատին իր բոլոր ձեւերով։

Առաջնորդական փոխանորդ՝ Գերպ. Տ. Սահակ Ծ. Վրդ. Եմիշեանի փակման խօսքէն եւ «Կիլիկիա» երգի յոտնկայս երգեցողութենէն ետք, օրուան վերջին պահը կազմեցին Ազգային Առաջնորդարանի եւ Տիկնանց Միութիւններու Ընկերակցութեան վիճակահանութիւնները։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles