Կը Սպասենք Սարդարապատի Զանգերու Երկրորդ Ղօղանջին

0 0
Read Time:5 Minute, 48 Second

 

Ստորեւ լոյս կ՛ընծայենք Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Խաժակ Մկրտիչեանի արտասանած խօսքը Հալէպի մէջ տեղի ունեցած Հայաստանի անկախութեան 106-ամեակի տօնակատարութեան:

Այսօր, բոլոր ժամանակներէ աւելի հայն ու Հայաստանը ականջ պէտք է դնեն Սարդարապատէն հնչած զանգերու ղօղանջին, որովհետեւ դժբախտաբար այդ զանգերը լռեցնելու ելած է մեր դարաւոր թշնամին եւ այս անգամ ներքին, համազգային, անխոհեմ ու անվճռական մօտեցումներու հետ միասին, փորձելով ազգս կերակրել, իբր թէ նոր Հայաստանի ստեղծման սին ու հայրենակործան քաղաքականութեամբ:

Շատեր հայ ժողովուրդի պատմութիւնը կը նմանցնեն Քրիստոսի կեանքին, այնպէս ինչպէս Քրիստոս բարձրացաւ իր Գողգոթան եւ երեք օր վերջ Յարութիւն առաւ, նոյն նմանութեամբ հայ ժողովուրդը 1915 թուականին ապրեցաւ իր գողգոթան, 20-րդ դարու առաջին Ցեղասպանութեան հետեւանքով, տալով մէկ ու կէս միլիոն նահատակ, բայց այդ մոխիրներուն մէջ եւ երեք տարի վերջ հայ ժողովուրդը ունեցաւ իր յարութիւնը:

106 տարի առաջ հայ ժողովուրդը յարութիւն առաւ եւ Ցեղասպանութենէն երեք տարի վերջ Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի ու Ղարաքիլիսէի մէջ մղելով իր գոյամարտը, 600 տարուան ստրկութեան վերջ տալով, հայ ժողովուրդի պատմական հայրենիքի մէկ կտորին վրայ անկախ հանրապետութիւն ստեղծեց:

Գերագոյն զոհաբերութեամբ, նահատակութեամբ հայ ժողովուրդը կրցաւ նուաճել իր ազգային պետութիւնը եւ այստեղ նահատակութեան լաւագոյն բնութագրումը թարգմանաբար կը մէջբերեմ զօրավար Հաֆէզ Ասատի խօսքը. «Նահատակները աշխարհի ամէնէն նուիրեալներն ու մարդկութեան ազնուագոյն օրինակներն են»։ Այդ զոհաբերութեան եւ նուիրումին շնորհիւ հայ ժողովուրդը կազմեց իր հայոց եռագոյնը, հայ ժողովուրդին կամքը արտայայտող արծիւն ու առիւծը վահանապատեցին Արարատի վեհ շուքին տակ հիմնադրուած հայոց ազգային պետութիւնը:

Այսօր, ոմանք կը փորձեն հակադրուիլ հայոց պետականութեան մեծ երազին ու իրենց ձեռքին մէջ բռնած աջ ու ձախ կը ճօճեն Հայաստանի 29․743 քառ. քիլոմեթր մետաղեայ քարտէզը, իբրեւ թէ սահմանագծուած Հայաստանը, զայն ներկայացնելով որպէս մեծ ձեռքբերում: Մոռացութեան մատնելով, որ իրենք պատճառ դարձած են Արցախի կորուստին, հազարաւոր հայորդիներու արեան հեղումին, թշնամիի լկտի ու ցեղասպան պահուածքին եւ ընթացքին:

Կ՛ուզեմ շատ կարճ զուգահեռ մը անցընել Սարդարապատի փառապանծ յաղթանակով ստեղծուած Հայաստանի եւ այսօրուան իբրեւ թէ «Նոր Հայաստանի» միջեւ: Առաջինը, որ կ՛ուզեմ մատնանշել այն ղեկավար դէմքերն են, որոնք ղեկավարեցին, ստեղծեցին թէկուզ կարճ ժամանակի մը համար Հայաստանի Առաջին Հանրապետութիւնը: Մեծութիւններ, ինչպէս Արամ Մանուկեան, զօր. Դրո, մշակոյթի կարկառուն գործիչ Նիկոլ Աղբալեան, զօր. Սիլիկեան եւ շարքը կարելի է երկարել այն ականաւոր ու փայլող դէմքերուն, որոնք ամբողջ ուժով ու կամքով լծուեցան հայոց պետականութեան շինութեան: Այս անունները թուելէն վերջ, նոյնիսկ չեմ համարձակիր յիշել այսօրուան Հայաստանի ղեկավարները, որոնք իսկապէս անհամեմատելի են: Երկրորդ զուգահեռը որ կ՛ուզեմ անցընել այն աշխարհաքաղաքական բարդ կացութիւնն էր, որուն մէջ ստեղծուեցաւ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութիւնը, որ յար եւ նման է այսօրուան Հարաւային Կովկասի բարդ աշխարհաքաղաքական կացութեան, մէկ տարբերութեամբ, որ այդ օրերուն Հայաստանի Հանրապետութիւնը աշխարհաքաղաքական այդ բարդ կացութիւնը կը դիմագրաւէր իր նորաստեղծ տարիքով, հազիւ քանի մը տարուան կեանք ունենալով: Այսօրուան Հայաստանը 30-ամեայ փորձ, 30-ամեայ պետական կեանք անցնելէ ետք է որ կը դիմագրաւէ այդ աշխարհաքաղաքական բարդ իրավիճակը: Երրորդ. Առաջին Հանրապետութեան ժամանակ ալ կային ազգին ներսը գործող ապազգային մօտեցումներ եւ այդ ապազգային շարժումները եւ խմբաւորումները չզլացան նոյնիսկ պայքարելու նորաստեղծ հանրապետութեան դէմ, յանձինս պոլշեւիկեան խմբաւորումներու, որոնք իրենց ապազգային համոզումներով ոգի ի բռին կը պայքարէին ընդդէմ ազգային ուղղութիւն ունեցող նորաստեղծ Հայաստանի Հանրապետութեան:

Այսօր եւս Հայաստանի մէջ կան ապազգային գաղափարախօսութեամբ եւ մօտեցումներով առաջնորդուող խմբաւորումներ, տարբերութիւնը Առաջին Հանրապետութեան օրերուն եւ այսօրուան այն է, որ անցեալին, ապազգային շարժումները եւ խմբաւորումները ընդդիմութիւն էին, իսկ այսօրուան ապազգային շարժումները ցաւօք սրտի իշխանութեան ղեկին կը գտնուին:

Չորրորդ. Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան հիմնադիրները իրենց կամքը եւ իրենց ամբողջ գաղափարական աշխարհահայեացքը խտացուցին ստեղծելու իրենց ազգային երազանքը եւ համարձակօրէն ու վճռականութեամբ յայտարարեցին Ազատ, Անկախ բայց նաեւ Միացեալ Հայաստանի գաղափարը:

Այսօրուան Հայաստանի մէջ՝ նոր 29743 քիլոմեթր սահմաններու մէջ տեղաւորուելու եւ գերեզմանային խաղաղութիւն մը խոստանալու լծուեցան։

Քանի մը տողով անդրադառնամ նաեւ Հայաստանի այսօրուան իշխանութեան քաղաքական կենսագրութեան եւ ընթացքին:

Այս իշխանութիւնը 2018 թուականին ստանձնելով Հայաստանի Հանրապետութեան ղեկը, առաջին իսկ օրէն եւ շատ կարճ ժամանակի մը ընթացքին յստակօրէն իր միտումները եւ պատկերացումները սկսաւ յայտնել եւ հրապարակել: Բոլորս կը յիշենք Կրթութեան, Գիտութեան, Մշակոյթի եւ Մարզանքի Նախարարութեան առաջին քայլերը, որոնք կը միտէին հայոց դպրոցներէն դուրս հանել Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ պատմութիւնը, Հայոց լեզուին երկրորդական տեղ տալ եւ քայլ առ քայլ հայ ժողովուրդի ազգային արժէքները նսեմացնել՝ ստորագնահատման յստակ եւ տեսանելի քաղաքականութեամբ:

Այդ օրերուն, շատեր այս վտանգի գիտակցութիւնը ունեցողներուն կ՛ըսէին համբերեցէ՛ք, ձգեցէ՛ք, որ աշխատին, յետոյ կը պատրաստուին, կը շտկուին, բայց դժբախտաբար այդ առաջին քայլերը ունեցան իրենց շարունակութիւնը: Երկրորդ քայլը, որ տեղի ունեցաւ այս իշխանութեան ժամանակ Արցախի բանակցային գործընթացի ամբողջական տապալումն էր: Հակառակ անոր, որ այս իշխանութիւնները ժառանգեցին յստակ ճանապարհ անցած Արցախի բանակցութիւններու ինչ որ ժամանակահատուած, այդ ամբողջը զեռոյացնելով որոշեցին Արցախի բանակցային գործընթացը սկսիլ իրենց կէտէն՝ զեռոյէն: Յետոյ եկան համոզելու, որ Արցախի կարգավիճակի մեր նշաձողը պէտք է իջեցնել եւ իրենց քաղաքական տհաս մօտեցումներով իսկապէս հրահրեցին 44-օրեայ պատերազմը: Այսպիսով, իբրեւ արդիւնք, մենք ունեցանք հազարաւոր հայորդիներու հեղուած արիւն, կորսուած Արցախ, Արցախի մէջ իրագործուած Ցեղասպանութիւն եւ կենդանի վկան դարձանք Ապրիլ 1915-ին մեր ժողովուրդին ապրած Առաջին Ցեղասպանութեան կրկնութեան: Իրենց քաղաքական մօտեցումներով, Հայաստանի իշխանութիւնները արդէն իսկ աշխարհաքաղաքական այս բարդ իրավիճակին մէջ Հայաստանը վերածեցին տարածաշրջանային եւ միջազգային հակամարտող ուժերու բախման կիզակէտին: Եւ այդպիսով Հայաստանին կը բերէին Արեւմուտքի եւ Միացեալ Նահանգներու, Ռուսիոյ, Իրանի եւ Չինաստանի հակադրութեան թատերաբեմ դարձնելու ողբերգական արդիւնքը: Հայաստան շատ փոքր է այսպիսի մեծ տէրութիւններու քաղաքական հակադրութիւններու թատերաբեմը դառնալու համար։ Այս բոլորը, ցաւօք, կը շարունակուին մինչեւ այսօր իրենց աղէտաբեր բոլոր հաւանականութիւններով: Իշխանութիւնները իրենց քաղաքականութեամբ վանեցին եւ կորսնցուցին հայ ժողովուրդին ձեռք բերած դաշնակիցները, անոնց փոխարէն նոր դաշնակիցներ ձեռք չբերելով: Եւ աստիճանաբար այս քաղաքական արդիւնքով Հարաւային Կովկասի մէջ սկսաւ աճիլ թրքական գործօնը:

Արցախի կորուստը ունեցաւ նաեւ աւելի ցաւալի շարունակութիւն։ Ատրպէյճանական նկրտումները կանգ չառին։ Ատրպէյճան գրաւեց նոյնինքն Հայաստանի ինքնիշխան տարածքներ, իր պայմանները սկսաւ թելադրել պահանջելով նոյնիսկ մեր ազգային արժէքներէն հրաժարիլ, մեր Արարատէն իբրեւ խորհրդանիշ հրաժարիլ եւ զայն փոխարինել Արագածով կամ այլ լեռով: Թելադրեց նոյնիսկ մեր սահմանադրութիւնը փոխել, որովհետեւ այդ սահմանադրութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան հռչակագրի ինչ որ ակնարկութիւն կայ: Այս իշխանութիւնները այդտեղ ալ կանգ չառնելով այսօր ապազգայնութեան գագաթնակէտը հասնելով Ցեղասպանութեան փաստը նոյնիսկ հարցականի տակ կ՛առնեն։ Այս գահավիժող ընթացքը մեզ կը հասցնէ Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային անվտանգութեան հիմքերու խարխլման: Այստեղ ազգովին պարտաւոր ենք ըսել՝ բաւ է, պէտք է կասեցնել յանձնուողականութեան, պարտուողականութեան այս շղթան: Հայ ժողովուրդը այսօր պարտաւոր է իր մէջքը շտկել՝ պարտուողական այս ընթացքը շրջել եւ դէպի նոր ինքնակազմակերպման ընթացք ուղղուիլ:

Այս հեռանկարով եւ այս տեսլականով Հայաստանի ամենապաշտպանուած տարածքէն Տաւուշի շրջանէն ծայր առած «Տաւուշը Յանուն Հայրենիքի» շարժումը այսօր իր զայրոյթը, իր պահանջքը շատ յստակ դրած է սեղանին, ըսելով, որ բաւական է: Համահայկական այս շարժումը մինչեւ այսօր եւ այս քանի մը շաբաթներու ընթացքին յաջողեցաւ համախմբել ազգային գաղափարախօութեան հաւատացող բոլոր ուժերը։ Այսօր մտաւորականներ, արուեստի գործիչներ, քաղաքական գործիչներ, քաղաքական կուսակցութիւններ, գիտական եւ կրթական հաստատութիւններ համախմբուած են մէկ գաղափարի շուրջ, հեռու մնալով քաղաքական տարաբնոյթ հաշուարկներէ։ Այսօր վերկուսակցական եւ վերքաղաքական ազգային շարժումի մը կոչում ստացած է այս շարժումը։ Շարժում մը, որ սկիզբ առաւ յանուն Հայաստանի անվտանգութեան հաստատման, յանուն հայ ժողովուրդի ներքին համերաշխութեան, յանուն հայ ժողովուրդի կարողականութիւններու մէկտեղման, յանուն այս պարտուողականութիւնը կասեցնելուն եւ յանուն Արցախի երաշխաւորուած վերադարձի առաջին հիմքերու հաստատման: Այս շարժումը սկիզբ առաւ ընդդէմ պարտուողականութեան, ընդդէմ զիջողականութեան, ընդդէմ Արցախի հարցի ուրացման, ընդդէմ անվտանգութեան հիմքերու խարխլման, եւ այսօր համարձակօրէն կրնանք ըսել, այո՛, պէտք է իսկապէս սկիզբ առնէ հայոց նորագոյն Սարդարապատը:

Եւ այսպէս՝ Սփիւռքէն մինչեւ հայրենիք, Հայաստանի մէջ տիրող այս կացութեան ի տես պէտք է գիտակցինք, որ եղածը չորս գիւղերու կամ ինչ որ սահմաններու խնդիր չէ, այլ հայրենիք ունենալու-չունենալու հարց է։

Ուստի մեր աջակցութիւնը յայտնելով Հայաստանի մէջ իրենց բողոքի ճիչը բարձրացուցած հարիւրհազարաւոր հայութեան, կը ձայնակցինք անոր եւ նոր Սարդարապատի յոյսով ու հեռանկարով կը սպասենք Սարդարապատի զանգերու երկրորդ ղօղանջին։

«Զանգե՛ր, ղօղանջէ՛ք Սարդարապատից»:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles