Իրան՝ Հարաւի Դարաւոր Մեր Հարեւանը

0 0
Read Time:3 Minute, 20 Second

Գէորգ Պետիկեան

 

Նախ.- պարզապէս պատմական յիշեցում մը։

1604-05-ին, շուրջ 300 հազար հայեր բռնագաղթի ենթարկուեցան դէպի Իրան եւ յատկապէս Սպահան եւ շրջակայ գիւղերը: Հայաստանի շէն եւ ծաղկուն Ջուղա քաղաքի բնակիչները օտար հողի վրայ հիմնեցին իրենց նոր քաղաքը՝ զայն անուանելով Նոր Ջուղա: Շատ շուտով ջուղահայութիւնը կազմակերպուեցաւ եւ ոչ միայն առաջին իսկ հերթին իր Ս. Ամենափրկիչ հանրայայտ վանքը շինեց, այլեւ նոյնիսկ ներազդեց մայր հայրենիքի հասարակական-քաղաքական-գիտական-հոգեւոր եւ մշակութային կեանքին վրայ:

Իսկ հիմա…։

Համայն աշխարհը մօտէն ու երբեմն ալ սրտատրոփ կը հետեւի Արեւմուտք-Իրան, յարաբերութիւններուն, բանակցութիւններուն, թշնամական արտայայտութիւններուն եւայլն:

Ու ինչ որ ալ ըլլան հարցերը, մեզի, ամէնէն առաջ մեր երկիրն է, որ դրական կամ ժխտական ցնցումներ կ’ապրի եւ պիտի ապրի, որովհետեւ մեր երկրի հարաւի դարաւոր հարեւանն է խնդրոյ առարկան:

Մենք, իբրեւ հայեր, աշխարհի այդ բաժնի քարտէսին վրայ, նոր չէ որ կը ճանչնանք մեր հարեւան Իրանը։  Անոր հետ, Իր Պարսկաստան անունով պատմութիւն կերտած էինք։ Միասին կիսած՝ մեր մայր Արաքսը, որ կենդանի դեր խաղցած էր մեր պատմութեան, գրականութեան եւ հաւատքին մէջ ու դարձած խորհրդանիշ ու ներշնչում։

Պատմութիւնը չի մոռցուիր։ Եւ կրնան պատմաբանները հաստատել, թէ մենք այդ ժողովուրդին հետ լեզուի, արեան եւ կենցաղի ու մշակոյթի մօտիկ ազգականութիւն ալ ունինք եւ կամ ունեցած ենք դարերէ ի վեր։ Վկայ՝ Թեհրանի, Ատրպատականի եւ Սպահանի թեմերը եւ մեծագոյնը՝ իրանահայութիւնն ու Նոր Ջուղան։

Հայը, հո՛ս, Իրան կոչուած այս երկրին մէջ ալ շատ կանուխէն իր արմատները նետած էր ինքնատիպ ու պատշաճ։ Ու Իրանահայ գաղութը կրնայ այս մէկը հաստատել։ Պարսկաստան եւ կամ պարսկահայութիւն մեր ամենէն հին գաղութն է եղած ու միշտ ամուր պահած իր աւանդոյթներն ու սովորութիւնները, իր ստեղծագործ ու շինարար ոգին ու կազմակերպուածու-թիւնը ու զանոնք փոխանացած իրարայաջորդ իր սերունդներուն, օրինակելի եւ հաստատ։

Քարիւղով շատ հարուստ երկիր մըն է Իրանը՝ շրջապատուած իսլամ երկիրներով, բայց միայն իր հիւսիսը կը գտնուի քրիստոնեայ փոքր երկիր մը, որուն հետ դարերով կիսած է իր  բարեկամութիւնն ու դրացնութիւնը։

Այդ՝ մեր Հայաստանն է։ Ոչ մէկ կասկած։ Ու այս օրերուն, ինչպէս միշտ, պարսիկը տէր է իր երկրին եւ իր ճակատագրին։

Ինծի համար պարսիկը բանաստեղծ ալ է։ Ո՛չ մէկ խօսք։  Այս տարբեր հարց է։

Անկախ այս բոլորէն, մտովի արագ եւ սակայն կարճ ակնարկ նետելով կարգ մը պատմական  իրողութիւններու վրայ, որոնք կիսած էինք հարաւի դարաւոր այս դրացիին հետ, արդէն ամէն բան կը յստականայ։

Այսպէս, անձնապէս կը հաւատամ, որ Իրանի կամ Պարսկաստանի մեր ժողովուրդը, ժամանակ մը առաջ, հայրենիքէն ետք, երկրորդ Հայաստանը եղած  էր մեզի համար։ Ան, եթէ կ՛ուզէք, իր կառոյցներով, մեծ եւ հարուստ գանձատուն մըն է մեր մշակութային կոթողներուն։

Հոն, այդ հսկայ երկրին մէջ, իրանահայութիւնը ունեցած է եւ ունի նաեւ պատմական անժխտելի առաքելութիւն, օրինակելի եւ սրբազան։ Իսկ գալով հողատարածքին կամ սահմանային գիծին, յստակ է, երկու հարեւան պետութիւններու միջեւ գտնուող սահմանը պատմութեան ամբողջ ընթացքին շատ յաճախ ետ ու առաջ գացած է։  Այս բոլորը նաեւ կ՛ապացուցանեն, թէ մենք իբրեւ ժողովուրդ հողային, մշակութային անքակտելի կապեր ունեցած էինք մեր այս նախկին կրակապաշտ եւ կամ ներկայի իսլամ դրացիին հետ։

Պատմութիւնը վկայ.-շատ յաճախ հոնկէ եկած էին մեր իշխանական ու արքայական տոհմերը։ Լուսաւորիչի ընտանիքը մեծագոյն օրինակներէն մէկն է։

Աւելին՝ լեզուաբաններու եւ լեզուագէտներու համաձայն, մեր լեզուին մէջ ներկայիս կան աեւելի քան 1400 պարսկական արմատ բառեր, անուններ, որոնք կ՛ապացուցանեն, թէ այս երկու ժողովուրդներու իրարու հետ բաժնած  եւ ստեղծած են հասարակաց կեանքը։ Հարիւրաւոր տարիներու վրայ երկարող այս մնայուն բարեկամութիւնը, խնամիական մեր կապերը, սոսկ պատմական իրականութիւններ չեն, այլ խորք ալ ունին։ Մենք ալ իրենց հողին վրայ ալ արիւն թափած ենք։ Մեր արմատները նոյնիսկ հոն թաղուած են։

Այս բոլորը, դարերու ընթացքին կատարուած ու կերտուած են, կամ կռիւով, կամ պատերազմներով, եւ կամ ալ դաւադրութիւններով, եւ սակայն միշտ համերաշխութեամբ եւ բարեկամութեամբ ու նոյնիսկ վստահութեամբ եւ բարի դրացիութեան ոգիով։

Ուստի այս օրերուն եւ միշտ հիմնուելով մեր պատմական կապին եւ մեկնելով մեր հին ու նոր դրացնութեան պատեհութենէն, կը կարծեմ, որ պարտաւոր ենք լաւագոյնս օգտուելու Իրանի ընձեռուած իրավիճակէն ու տարիներու շրջափակման մեր մթնոլորտին մէջ տեսնելու հարաւէն մեզի եկող նոր լոյսն ու յոյսը։

Ժամանակին ռուսը հիւսիսի մեր քեռին էր, մօրեղբայրը։ Այսօր ան կարծես բոլորին քեռին է դարձած ու յաճախ՝ մեզ մոռցած։ Ահաւասիկ պատեհ առիթն է, որ մենք ալ վերադառնանք մեր նախնիներու իմաստութեան ու մշակոյթի ուժով ու բարի դրացնութեան փոխադարձ յարգանքով ծրագրուած շարունակենք բաժնել մեր կեանքը մեր այս հարեւանին հետ, իբրեւ ապագայի լաւագոյն ճանապարհ։

Անպայման կը շահինք։

bedig43@aol.com

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles