Դուք Ձեր Արիւնէն Է, Որ Պէտք Է Վախնաք

0 0
Read Time:13 Minute, 49 Second
Silhouette of two men chatting and having drinks at a bar table, with two glasses on the table.

Մովսէս Ծիրանի

«Դրօշակ», Մարտ 2024  

Վենետիկ, մայիս, 2000: Հռոմէն մինչեւ Վենետիկ հասնիմ, Փերքորսիե ցուցասրահի տնօրէնը՝ Անթոնիօ Գուատրիօ, յանկարծամահ եղած էր, եւ կազմակերպուելիք ցուցահանդէսը՝ յետաձգուած։ Հակառակ անոր, որ կինը՝ Մանուէլա Ֆերացցիոնի, խոստացած էր մեր պայմանագիրը նոյնութեամբ գործադրել, սակայն ես ներքնապէս հանգիստ չէի… հարազատ մը կորսնցուցած ըլլալու ցաւը կ՛ապրէի։ Այդ օրերուն Մուրատ Ռափայէլեան վարժարանը վերածուած էր հիւրանոցի, ուր կ’ապրէր նաեւ գեղանկարիչ Գր. Սգայեանը: Երբ տրամադրութիւնս փոխելու համար մտայ իր սենեակը, յանկարծ Հայր Յարութիւն Պզտիկեանը եկաւ եւ հրաւիրեց մեզ իւրայատուկ փիցայի տեսակ մը ճաշակելու։ Երեքով դուրս ելանք. Հայր Յարութիւնը ճանապարհին կը փորձէր զուարթ մթնոլորտ մը ստեղծել: Քամփօ Սանթա Մարկարիթա հրապարակը հասանք, մեզ դիմաւորեցին երկու երիտասարդներ, որոնց հեռակայ արտայայտութիւնները բարեկամական էին ու նշանակալից։ Հայր Յարութիւնը իր իւրայատուկ հիւմըրով ըսաւ.

– Ահաւասիկ քեզի կը ներկայացնեմ կէս թուրք, կէս հայ մը՝ Արան եւ ամբողջական թուրք մը՝ Օսմանը, լաւ տղաք են… մերոնցական։

Մինչ կը շարունակէր զիս ծանօթացնել, արդէն իսկ Արային ձեռքը սեղմած էի, սակայն երբ կարգը եկաւ Օսմանին, բնազդաբար ձեռքս քաշեցի… Մեր աչքերը իրարու հանդիպեցան, եւ Օսմանին ձեռքը մնաց օդին մէջ…։

Այս ակնթարթային միջադէպը դարաւոր պատմու թիւն եւ սարսռազդեցիկ առհաւական զգացողութիւն կը պարունակէր իր մէջ… երկուստեք։ Հայր Յարութիւնն ու Արան շարունակեցին խօսակցութիւնը, Օսմանն ու ես չհամարձակեցանք անգամ մը եւս իրարու… նայիլ։ Ընթրիքը փառաւոր էր, ամէն ինչ լաւ կ’ընթանար։ Սակայն Օսմանին աչքերը բազմաթիւ հարցականներ կը ստեղծէին մէջս։ Ինչո՞ւ… Ինչո՞ւ եւ ինչո՛ւ։

Յոգնածութեան պատրուակով վերադարձայ պանդոկ՝ Մուրատ Ռափայէլեան վարժարան եւ անկողին մտայ։ Օսմանին աչքերն ու ինչուները կը տանջէին զիս, անկարելի էր քնանալ։ Կէս գիշեր էր արդէն, երբ բնազդային մղումով անկողնէն ելայ, բնազդաբար ուղղուեցայ դէպի Քամփօ Սանթա Մարկարիթա:

Հրապարակը սկսած էր դատարկուիլ։ Մտայ առաջին հանդիպած բացօթեայ սրճարանը եւ գարեջուր ապսպրեցի։ Թխադէմ իտալուհիին կիսաբաց կուրծքերն ու անշպար աչքերը թէեւ յոգնած կը թուէին ըլլալ, սակայն համարձակ ու ինքնավստահ տեսք ունէր։ Առանց կարծիքս առնելու՝ մէկի փոխարէն երկու շիշ եւ երկու գաւաթ դրաւ դիմացս՝ բացատրելով, թէ հնարաւոր էր, որ երկար նստիմ, իսկ իրենք սրճարանը պիտի գոցէին։ Չառարկեցի։ Վենետիկեան կէսգիշերային զեփիւռը, որ կոյուղիի գարշահոտը իրեն հետ բերելու սովորութիւն ունէր, յապաղած կը թուէր ըլլալ։ Ձեռքս կը դողար, եւ մատներս ակամայ կը թմբկահարէին սեղանը։ Գարեջուր լեցնելու ատեն գաւաթը յորդեցաւ, ոտքի ելայ եւ յանկարծ Օսմանը տեսայ դիմացս։ Չզարմացայ, եւ ոչ ալ ինք զարմացած էր։ Միաժամանակ մեր ձեռքերը երկարեցինք ու սեղմեցինք բնականէն աւելի երկար ու տարբեր…։ Հաշտութեան առաջին քայլը յաջող էր։ Նստանք, երկրորդ գաւաթը դիմացը դրի եւ գարեջուրը լեցուցի զգուշութեամբ։

Օսմանը առարկեց.

– Թերեւս ուրիշի մը կը սպասէիք։

– Ո՛չ, գիտէի, որ պիտի գաս, աւելի ճիշդը՝ կ’ուզէի, որ գաս…

– Իսկ ես չկրցայ քնանալ, բնազդաբար հոս եկայ, ուրիշ հասցէ չունէի…

– Կը հասկնամ, ես սխալ վարուեցայ հետդ, ոչ մարդկային, աւելի ճիշդը՝ ոչ թէ չուզեցի, այլ չկրցայ, շատ բան կուտակուած է մէջս՝ մեր մէջ, այդ կուտակումները շրջանցելը դիւրին չէ, հոգեկան բարդ հարցեր կան…։

– Ըսածներդ ճիշդ են, բացատրելի, Արային հետ շատ խօսած ենք այս մասին, եկուր՝ խմենք իր կենացը եւ բացատրեմ, թէ ինչո՛ւ։ Հայր Յարութիւնն ըսաւ, որ ան կէս թուրք է եւ կէս հայ, կ’ուզեմ սրբագրել. Արան թէ՛ թուրք է եւ թէ՛ հայ, եւ հոս է իր տագնապի բանալին ու տառապանքին աղբիւրը։ Ան թէ՛ անմեղ զոհ է եւ թէ՛ ոճրագործ։ Անձնասպանութիւն գործած եւ ողջ մնացած ըլլալու տանջալից վիճակի մէջ կը գտնուի։ Մեր երկուքին պարագան աւելի մխիթարական է, քան իրը. դուն անմեղ զոհն ես, ես ոճիր գործած մեղադրեալը, մեր կեցուածքները յստակ են, իսկ Արան երկուքն է միաժամանակ։ Այս կացութիւնը մէկ կողմէ՝ կապարի նման կը ճնշէ իր խղճին եւ միւս կողմէ՝ մրուրի պէս նստած է անոր ներաշխարհին խորքը։ Ան տեսակ մը անիծեալ ծնունդ է, զինք մխիթարելը դիւրին չէ, թերեւս անկարելի։ Սակայն ես կը փորձեմ ըմբռնել քու կացութիւնդ, աւելի ճիշդը՝ կը փորձեմ հասկնալ քեզ եւ կամ ձեզ ընդհանրապէս…

– Ի զուր մի՛ փորձեր հասկնալ մեզ, Օսմա՛ն։ Դուք չէք կրնար կարծիք կազմել մեր ցաւի խորութեան ու տեսակի մասին։ Որքան ալ փորձէք մարդկային վերաբերմունք ցուցաբերել, որքան ալ ուզէք լայնախոհ եւ արդարամիտ ըլլալ, որքան ալ մարդկայնօրէն սիրէք մեզ եւ գնահատէք մեր ազգային արժանիքները, դուք պիտի չկրնաք ըմբռնել մեր ահաւոր կացութիւնը… արդարամտութիւնը յարաբերական իմաստ ունի ձեր քով… ի վերջոյ թուրք էք։

– Ներողութի՛ւն, ի՞նչ ըսել է՝ ի վերջոյ թուրք էք։ Թուրքը մարդ չէ՞, թուրքը չի՞ կրնար վեհանձն եւ կամ մարդկային ըլլալ։

– Խնդրեմ… ի հարկէ մարդ էք, կրնաք նաեւ վեհանձն ու մարդկային ըլլալ, ինչպէս դուն, Թանէր Աքչամը եւ ուրիշներ։ Զտարիւն ազգ կամ ժողովուրդ գոյութիւն չունի, բացառութիւն չեն նաեւ ո՛չ հայերը եւ ո՛չ ալ թուրքերը, սակայն պէտք է նկատի ունենաք, որ թուրքը տակաւին մարդկայնօրէն քաղաքակրթուած չէ իբրեւ ժողովուրդ եւ ոչ ալ կազմաւորուած է իբրեւ ազգ։ Դուք նոյնիսկ մե՛ր օրերուն կ’առաջնորդուիք 28 Դրօշակ Մարտ 2024 անասնական բնազդով, այսինքն՝ նախնադարեան հոր դաներու նման…։

– Կոտորածներո՞ւն կ’ակնարկէք…

– Կոտորածներ շատ եղած են պատմութեան ընթացքին, հիմա ալ տեղի կ’ունենան տարբեր երկիրներու մէջ, թէեւ եղեռնը այլ բնոյթ ու բովանդակութիւն ունի, սակայն իմ խօսքը կը վերաբերի ձեր մշակած ու գործադրած ժամանակակից ռազմավարութեան ու մարտավարութեան, որոնք հիմնուած են աւելի անտառային, քան մարդասիրական…։

– Ինչպէ՞ս… ինչպէ՞ս…

– Դուք ձեր պատմութեան ընթացքին եղած էք միշտ նուաճող ու յարձակողապաշտ։ Ձեր հայրենիքը դուք բռնագրաւած էք ուրիշներէն, կողոպտած էք թէ՛ բնիկ ժողովուրդները եւ թէ՛ դրացիները, այս պատճառով ալ դուք չէք գիտեր, թէ ի՛նչ կը նշանակէ ինքնապաշտպանութիւն եւ աւելի ճիշդը՝ հայրենիքի կամ սեփական հողի պաշտպանութիւն։ Նոյնիսկ մարդկային իրաւունքներու այս լուսաւոր դարուն բիրտ ուժի կը դիմէք քաղաքական թէ՛ ներքին եւ թէ՛ արտաքին հարցերը լուծելու պարագային։

– Ինչպէ՞ս…

– Օրինակի համար՝ ուժի դիրքերէ սպառնալիքներ կ’ուղղէք այն բոլոր պետութիւններուն եւ կազմակերպութիւններուն, որոնք կը ճանչնան եւ կամ հակա մէտ են ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը։ Զարտուղի եւ ապօրէն միջոցներով կ’արգելակէք այն բոլոր դրական վերաբերումները (նոյնիսկ արուեստի պարագային), որոնք մարդկայնական են եւ կ’առնչուին ցե  ղա սպանութեան եւ չէք անդրադառնար, որ ձեր սպառ  նալիքներով նախ կը հաստատէք ցեղասպանութեան ճշմարտացիութիւնը եւ ապա մարդն ու մարդկա յինը շրջանցելով՝ կը վերադառնաք նախնադարեան ժամանակներուն, երբ տակաւին նախամարդը կ’առաջ նորդուէր անասնական բնազդով եւ ոչ թէ առողջ դատողութեամբ։

– Կ’ընդունիմ, որ մեր ժողովուրդին մեծամաս նութիւնը տակաւին մարմնական պահանջները բաւարարելու առօրեայ մտահոգութիւնը ունի եւ զարգացած չէ, սակայն երկիրը կ’առաջնորդուի կրթուած ու դատողութեան տէր անձնաւորութիւններով։

– Խնդիրը ա՛յս է արդէն, դատողութիւն ունեցողներն իսկ անմարդկային միջոցներու կը դիմեն, եւ այս է պատճառը, որ դուք չէք կրնար ըմբռնել մեր ցաւի մեծութիւնն ու խորութիւնը…։

– Լաւ, բայց ինչո՞ւ…

Թուրք պապերդ հայ պարմանի կոյսերուն սեռային առաջին հաճոյքը փոխարինած էն ցաւագին բռնաբարումներով, երբ անոնք սահմանուած էին տեղի ունենալու սիրային զգացական գեղեցիկ պա  հերու ընթացքին, ուր կեանքը կը գեղեցկանայ այնքան, որքան սիրոյ առաջին պտուղը։ Ասկէ աւելի անմարդկային վիրաւորանք կրնա՞յ ըլլալ։

– Ինչպէ՞ս…

– Ժամանակին Կիպրոսի յոյն-թրքական սահմանին վրայ յոյն պատանի մը, երբ դրօշակ կը զետեղէր, թուրք զինուոր մը կրակեց անոր վրայ ու սպաննեց։

– Կրնայ ըլլալ, յետո՞յ…։

– Մինչեւ հոս կը հասկնամ, զինուորը հրահանգներ ունի եւ կամ հնարաւոր է, որ գիտակից չըլլայ իր կատարած ոճիրին։ Սակայն, երբ երկրին վարչապետը՝ Թանսու Չիլլեր, կին ըլլալով հանդերձ, կ’արդարացնէ այդ արարքը, այն ատեն խնդիրը կը փոխուի, որովհետեւ ի յայտ կու գայ թուրքին անմարդկային նկարագիրը՝ ազգային խառնուածքը գիտակցական գետնի վրայ։ Մինչ Լիզպոնի մէջ հայ տղաքը անձնասպան եղան, սակայն խնայեցին թուրք դեսպանին կինն ու զաւակը, իսկ թուրք բանաստեղծը արդարութիւնը կ’ուզէ կապել սուրի ծայրին եւ քաղաքակրթութիւնը՝ ձիու սմբակներուն, որպէսզի քաշկռտէ զայն ամայքներու մէջ։ Մինչ «կանանց երբէք ձեռք տալու չէ» կ’երգէր վրէժխնդիր հայ ֆետային, թուրք զինուորը պետական որոշումով հրահանգ կը ստանար կեդրոնէն, որպէսզի յղի կիներուն արգանդները խողխողէր սաղմերն իսկ ոչնչացնելու համար։ Այո՛, Օսմա՛ն, ի վերջոյ թուրք էք… Ինչպէս մոռնանք այն վիրաւորանքը, որ քու պապերդ հասցուցած են հայու էութեան. մեր ազգային արժանապատուութիւնը տրորած էք՝ առանց անդրադառնալու, որ այս եւ նմանօրինակ արարքներով ինքնաբերաբար դուրս կու գաք մարդկային սահմաններէն…։ Մի՛ մոռնար, որ ձեր հերոսականութեան չափանիշը (ձեր դիւցազներգութիւնը վկայ) գլուխ կտրելու քանակով կը չափուի՝ առանց նկատի առնելու, որ այդ գլուխները թշնամական են, թէ բարեկամական:… Թեթեւ հով մը սկսաւ փչել, եւ վենետիկեան կոյուղիի գարշահոտը իր ներկայութիւնը զգալի դարձուց…։

Օսմանը զարմացած ու զայրացած կը թուէր ըլլալ միաժամանակ։ Քիչ մը տատամսոտ ոճով ըսաւ.

– Ինչո՞ւ անպայման կ’ուզես հակաճառեմ քեզի, ին չո՞ւ բրտօրէն կը վիրաւորես ազգային արժանապատ ուութիւնս, երբ ես պատրաստ եմ քու դատդ պաշտպանելու, ցեղասպանութեան հարցով քու կողքիդ կանգնելու եւ իմ ազգիս շահերուն դէմ գործելու։ Բոլոր թուրքերը չէ, որ ոճրագործ են, կամ թուրքը ամբողջովին ժխտական յատկութիւններով չէ օժտուած։ Հայերն ալ գէշ մարդիկ ու ոճրագործներ ունեցած են եւ ունին իրենց մէջ, դուք վրէժ լուծեցիք ջարդարարներէն ու շարունակեցիք ահաբեկչութիւնը, որ մերժուած ու քննադատուած է միջազգայնօրէն։ Վրէժխնդրութիւնն ալ ոճրագործութիւն է։

– Ներողութի՛ւն, հոս պէտք է, որ կանգ առնէք՝ ճշդում մը ընելու եւ կամ, աւելի ճիշդը, հարցը յստակացնելու համար։ Այն, ինչ որ ըրին մեր ահաբեկիչները, յատկապէս անոնք, որ սպաննեցին Թալէաթը, Էնվէրն ու անոնց ընկերները, այդ մէկը վրէժխնդրութիւն չէր…

– Հապա ի՞նչ էր…

– Այդ մէկը արդարադատութեան հատուցում էր, տեսակ մը աստուածահաճոյ արարք, այն իմաստով, որ մաքրագործուեցան անոնք, որոնց սերմերը՝ ժառանգները, կրնային ապագային ոչնչացնել այլ ազ նիւ ցեղեր ու ազգեր եւս…: Իսկ ինչ կը վերաբերի վրէժխնդրութեան, այդ մէկը ուրիշ բան է արդէն:

– Եթէ վրէժխնդրութիւն չէ ահաբեկումը, հապա ի՞նչ է:

– Մեր պարագային մեր ազգային վրէժը կը լուծուէր, եթէ երբէք վառելանիւթով ողողէինք ամբողջ Թուրքիան ու այրէինք զայն՝ ծայրէծայր մաքրագործելով երկ րագունդը թրքական վայրըսեէն…: Օսմանը սահմռկած էր, ոտքի ելաւ, աչքերը լայն բա ցած՝ գոչեց.

– Ահաւոր է այս մէկը, այդքա՞ն կ’ատէք մեզ…:

– Ինչո՞ւ, միայն մե՞նք է, որ կ’ատենք ձեզ: Կը տեսնե՞ս այս երկյարկանի շէնքը, որ չոր ու անհրապոյր գիծերով կառուցուած է հրապարակին մէջտեղը: Գիտե՞ս, թէ ո՛վ բնակած է անոր մէջ:

– Գիտեմ, Վենետիկի դահճապետին բնակարանն է, սակայն ի՞նչ կապ ունի մեր զրոյցին հետ:

–Վենետիկի բոլոր շէնքերը իրարու փակած են եւ շրջապատուած դրացիներով՝ բացի այս մէկէն: Ո՛չ ոք ուզած է դրացի ըլլալ դահճապետի մը: Թուրքիան շրջապատուած է եօթը երկիրներով, անոնք բոլորն ալ թշնամիներ են, բոլորն ալ կ’ատեն թուրքը: Երբէք մտածա՞ծ էք այս մասին… մտածա՞ծ էք, թէ ինչո՛ւ թուրքը բարեկամ-դրացի չունի…:

– Նախ՝ բոլորը չեն, օրինակի համար՝ վրացիները, որոնք քրիստոնեայ են, լաւ են մեզի հետ…:

– Խօսքս ժողովուրդներու մասին է եւ ոչ՝ պետական կամ դրացիական յարաբերութիւններուն, որոնք փոխադարձ շահերու վրայ հիմնուած կ’ըլլան ընդհանրապէս: Հնարաւոր է, որ Հայաստանն ալ բարիդրացիական կապեր հաստատէ Թուրքիոյ հետ, սակայն հայը պիտի չդադրի ձեզ ատելէ՝ մարդասէր ու մարդկայնական ըլլալով հանդերձ:

– Ահաւո՛ր է, ահաւո՛ր…:

– Սակայն դուք պէտք չունիք վախնալու մեզմէ, ըսել կ’ուզեմ՝ հայերէն: Դուք ձեր արիւնէն է, որ պէտք է վախնաք, այն արիւնէն, որ թրքական է եւ ակամայ կը հոսի հայկական երակներու մէջ:

– Դարձեալ չեմ հասկնար…

– Քու պապերդ բռնաբարեցին ու լլկեցին նաեւ մեր մայրերը, քոյրերն ու մանաւա՛նդ մանկամարդ աղջիկները: Ողջ մնացած այդ աղջնակներէն որոշները թրքա կան սաղմը կրեցին իրենց մէջ յաճախ անգիտակցաբար: Եղան մայրեր, որոնք իրենց ձեռքերով իրենց երեխաները խեղդեցին, եղան նաեւ ուրիշներ, որոնք անսալով իրենց մայրական բնազդին՝ սնուցին թրքական արիւնը հայու մէջ: Ահաւասիկ այդ արիւնէն է, որ դուք կը վախնաք: Դուք գիտէք, թէ հայը վրէժխնդիր չէ, այլ՝ ստեղծագործ ժողովուրդ: Կան Սինան փաշային, Պալեաններուն եւ շատերու օրինակները:

– Սինանը, այո՛, մեր ճարտարապետութեան փառքն է…

– Սինանը հայ էր եւ միակ հայը չէ, որ թրքական մշակոյթի փառքերէն կը համարուի: Դուք զայն դաս տիարակեցիք իբրեւ ենիչերի, այսինքն՝ իբրեւ մարդասպան, սակայն ան հայ էր եւ դարձաւ ստեղծագործող ճարտարապետ: Իսկ այն բոլոր թրքական սաղմերը, որոնք դրուեցան հայ ժողովուրդի մէջ, վտանգ են ձեզի համար: Այն իմաստով, որ յանկարծ անոնցմէ մէկը կրնայ հասնիլ ղեկավար դիրքի եւ ուզէ վրէժ լուծել թուրքերէն. ո՛չ արհեստագիտութիւնը կը պակսի հայուն եւ ո՛չ ալ քաջութիւնը… հետեւանքը կրնաք երեւակայել: Երբ հայ Սինանը վերադարձաւ իր արմատներուն, գիտակցաբար դարձաւ ստեղծագործող, իսկ եթէ ծագումով թուրք հայ ղեկավարը դառնայ իր արմատներուն… անգիտակցաբար ի՞նչ կրնայ ըլլալ…:

– Մովսէ՛ս, եղբա՛յր, ես կ’ուզէի քեզ տեսնել ցաւդ կիսելու համար, սակայն դուն զիս կը մղես ազգային ինքնապաշտպանութեան: Դուն կը խօսիս քաջութեան մասին, կը կարծես, թէ թուրքին կը պակսի՞ այդ քաջութիւնը…:

– Ներողութի՛ւն, քաջութիւնը տեղ մը վեհանձնութիւն կ’ենթադրէ, իսկ վայրագութիւնը տակաւին քաջութիւն չէ, դուք ոչ թէ քաջ էք, այլ ռազմատենչ, որ հիմնուած է վախկոտութեան, անգթութեան ու մանաւանդ ընչաքաղցութեան վրայ…:

– Մենք վախկո՞տ, ըսել կ’ուզես՝ թուրքը վախկո՞տ ժողովուրդ է…:

– Ըսել չեմ ուզեր, այլ այդպէս է: Դուք ձեր յանցանքներէն է, որ կը վախնաք: Յանցագործ ժողովուրդը կը կռուի թալանի, բռնագրաւման եւ կամ բռնաբարելու համար, բոլորն ալ անասնական պահանջները գոհացնելու կը ծառայեն, իսկ քաջը կը կռուի ինքնապաշտպանութեան, պատուախնդրութեան եւ թէկուզ ուրոյն մշակոյթ մը ապրեցնելու համար:

– Բայց մեր պատմութիւնը…

– Ձեր պատմութիւնը կը վկայէ, թէ վերջին երկու հարիւր տարիներու ընթացքին ոչ մէկ յաղթանակ արձանագրած է թուրքը… դուք ռազմատենչ էք, բայց ռազմունակ չէք, վայրագ էք, բայց քաջ չէք…: Ասոնք տարբեր բաներ են…:

– Ինչպէս չէ, մի՛ մոռնար, որ…։

– Գիտեմ, կ’ակնարկէք Առաջին համաշխարհային պատերազմի վերջաւորութեան յոյներու դէմ տարած ձեր յաղթանակին, նախ՝ այդ մէկը մասնակի երեւոյթ է եւ ապա՝ մի՛ մոռնաք, որ դուք յաղթեցիք շնորհիւ ֆրանսացիներու եւ յատկապէ՛ս անգլիացիներու օգնութեան: Դուք նոյնիսկ չկրցաք յաղթել ժողովուրդի մը, որ ջարդուած, տկարացած ու քամուած էր թէ՛ ֆիզիքապէս եւ թէ՛ հոգեպէս։ Ե՛ւ Մուսա լերան վրայ, ե՛ւ Սարդարապատի մէջ խայտառակօրէն պարտուեցաք: Սարդարապատի եւ Մուսա լերան վրայ կռուող ձեր սպաներն իսկ կը վկայեն հայ ժողովուրդի քաջութեան մասին:

– Թուրքը վախկո՞տ, չեմ կրնար երեւակայել… իսկ եթէ պատահի, որ այսօր պատերազմ սկսի մեր եւ ձեր միջեւ…

– Անկասկած, որ դուք պիտի պարտուիք…

– Ծիծաղելի է, Մովսէ՛ս, իսկապէս այդպէ՞ս կը հաւատաս, քեզի նման մտածողները շա՞տ են հայերու մէջ…:– Ծիծաղելին այս մակերեսային դատումն է, որուն համաձայն՝ ժամանակաւոր յաղթանակները կու գան ու կ’երթան…: Այո՛, հակառակ ձեր թուաքանակի եւ ռազմական արհեստագիտութեան տարբերութեան՝ ի վերջոյ դուք դատապարտուած էք պարտութեան: Բացատրե՛մ: Քիւրտերը ամէնէն տկար, աղքատ, անուս եւ ռազմականօրէն թոյլ ժողովուրդ են, դուք՝ ընդհակառա՛կը, դուք ձեզ Եւրոպայի մակարդակին կը դասէք բազմակողմանիօրէն: Կրցա՞ծ էք, կրնա՞ք ընկճել եւ կամ ծունկի բերել զանոնք: Չէ’ք կրնար ու պիտի չկրնաք ալ, եւ գիտէք՝ ինչո՞ւ…:

– Ինչո՞ւ…

– Մարդը, իբրեւ բանական արարած, արժէք մը ունի, այդ արժէքը կախեալ չէ իր մտային կարողականութենէն, իր ուժէն, իր հարստութենէն, ուսումէն եւ կամ հագած հագուստէն: Այդ արժէքը կայ, անվիճելի է, մարդու «ես»-ն է, ատիկա իր ինքնուրոյնութիւնն ու գոյութեան իմաստն է: Երբ մարդ դուրս կու գայ պայքարի՝ այդ ԱՐԺԷՔԸ պաշտպանելու, կը դառնայ անպարտելի, նոյնիսկ եթէ ցեղասպաններ, ծայրահեղ անգութ ըլլալով, որոշեն ոչնչացնել զայն:

– Մենք ծայրահեղօրէ՞ն անգութ ենք..․

– Այո՛, եւ ձեր անգթութիւնը ու անխղճութիւնը վաւերացուած են պատմականօրէն ու կնքուած ձեր մեծագոյն սուլթանի՝ Սելիմ Բ.ի կողմէ:

– Ինչպէ՞ս…

– Սուլթան Սելիմ Բ.ն չորս արու զաւակ ունէր, ան իրմէ ետք աւելի զօրաւոր սուլթան մը ունենալու եւ յատկապէս միահեծան իշխանութիւն հաստատելու համար մասնագէտ խորհրդատուներու միջոցով ընտրեց ամենաառողջ, ամենախելացի եւ ամենա անգութ զաւակը՝ իբրեւ իրեն արժանի յաջորդ, իսկ միւսները տարբեր միջոցներով եւ տարբեր առիթներով սպաննել տուաւ: Ան նոյնիսկ չյարգեց իր սեփական զաւակներուն անվիճելի իրաւուքը, անոնց ապրելու իրաւունքը: Եթէ այս է թուրքին հեռատեսութիւնն ու Դեմքեր եւ դեպքեր հայրենասիրական դրսեւորումը, ապա բնականաբար ան բնաւ պիտի չմտածէ այլ անմեղներու ոչնչացումով եւ կամ անմարդկային չարչարանքներու մասին: Հոս Սուլթան Սելիմ Բ.-ն պատմականօրէն անգթութեան չափանիշ կը սահմանէր: Իրմէ ետք ո՛չ Սթալինը եւ ո՛չ ալ մողոլներու արքան՝ Օրանկզէպը, կրցան գերազանցել զինք: Ինչպէս որ սուլթան Սելիմ Բ.ն ձախողեցաւ իր ապագայ ծրագիրներուն մէջ, այնպէս ալ դուք պիտի պարտուիք ու վերադարձնէք մեր հայրենիքն ու իրաւունքները, որովհետեւ մենք գիտենք գնահատել մարդկային անվիճելի արժէքները (նաեւ ձերը), իսկ դուք՝ ո՛չ: Ահաւասիկ, թէ ինչու դուք դատապարտուած էք պարտութեան:

– Կը փորձեմ թափանցել ձեր խօսքերուն խորքը, սակայն շատ բան երազային կը թուի ինծի, պէտք է իրապաշտ մօտեցում ցուցաբերել կեանքին հանդէպ, որ իրապէս դաժան է եւ անգութ…:

– Անկասկած, որ կեանքը դաժան է ու անգութ, սակայն երբ մարդու անուրանալի եւ անվիճելի արժէքները չեն գնահատուած, երբ ներքնապէս խոցուած արժանապատուութեան տէր ազգեր ելած են սրբազան պայքարի, յաճախ անոնց երազները իրականութիւն դարձած են…

– Ես գիտեմ, որ խոցուած ու ցաւոտ սիրտն է, որ կը խօսի իւրաքանչիւր հայու մէջ, ես չեկայ հետդ վիճելու, այլ եկած էի քեզմէ ներողութիւն խնդրելու…

– Օսմա՛ն, ես կը համակրիմ քեզի, հայրս կ’ըսէր, թէ ինք հաւատարիմ թուրք ընկերներ ունեցած է, բոլոր թուրքերը չէ, որ վատ են, սակայն եթէ Քրիստոս ծնած ըլլար Հայոց ցեղասպանութենէն ետք, կը կարծե՞ս, թէ պիտի ներէր ձեզի: Եւ ապա կը կարծե՞ս, թէ ցեղասպանութիւնը ճանչնալով եւ ներողութիւն խնդրելով՝ հարցը կը վերջանայ, թէ նո՛ր կը սկսի…: Հապա հատուցո՞ւմը, արիւնը, որ թափեցաւ, մարդկային եւ մշակութային կորուստնե՞րը, որոնք համեմատական են: Ներողութիւն խնդրելէ առաջ մտածա՞ծ էք այս մասին: Այն երկիրները, որոնք այսօր կը ճանչնան ցեղասպանութեան իրողութիւնը, կը կարծե՞ս, որ իրապէս մարդկային արժէքներով օժտուած են, թէ… Այո՛, անոնց շատերու աչքերուն առջեւ եւ նոյնիսկ ոմանց գիտակցութեամբ տեղի ունեցաւ Եղեռնը, սակայն այս մէկը եւս չի նսեմացներ ձեր արարքին տարողութիւնն ու յանցանքը: Դուք ձեր պապերուն սխալը կրնաք դարմանել միայն ու միայն արդար եւ ամբողջական հատուցմամբ… Գարեջուրը վերջացած էր, հրապարակին լամբերը, իբրեւ լուսատու, սկսած էին իրենց ուժը կորսնցնել: Վաղ առաւօտեան Բորեասը արթնցած էր, ու վենետիկեան գարշահոտը կը յամենար: Այնքան քրտնած էի, որ պէտքը կը զգայի ներքնաշապիկս փոխելու: Օսմանը ոտքի ելաւ: Ես ալ: Օսմանը ձեռքս սեղմեց երկու ձեռքով, ես ձախ ձեռքս անոր աջ ուսին դրի եւ իրարու նայեցանք անխօս: Երկուքս ալ գլուխնիս շարժեցինք իբրեւ հաւանութեան նշան: Ի՞նչ բանի հաւանութիւն կու տայինք, չե՛մ գիտեր: Օսմանը գիտէ՞ր. դժուար թէ: Անոր աչքերը, որոնք կարեկցանքէ աւելի սարսափ կ’արտայայտէին, թաց էին ու կարմրած: Մարդ էր Օսմանը, լաւ մարդ, լաւ թուրք: Ես շատ առաջ գացած էի, քան պէտք էր: Առնուազն այդպէս կը զգայի բաժանման պահուն: Ան քանի մը քայլ յետընթաց երթալէ ետք շտկուեցաւ ու ձեռքով մնաք-բարովի նշան տալով՝ մեկնեցաւ… Մինչ Օսմանը կը հեռանար, վենետիկեան առաւօտեան անդորրութեան մէջ հեռո՜ւն, շա՜տ հեռուն շուն մը կը կաղկանձէր…

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
100 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles