«ԱԲԱԼՕ»-Ն՝ ՄԵՐ ՏԱՆ ՆՈՐ ԱՆԴԱՄԸ
Գէորգ Պետիկեան
Արեւոտ ու տխուր իրականութիւններու այս աշխարհին մէջ, «ըսելիքս» նորութիւն մը պիտի չըլլայ, եւ չէ՛ իսկ: Բոլոր տուներէ ներս ալ նոյնը կրնայ պատահիլ: Խօսքս՝ այդ օր մեր տան մէջ, անժամանակ ծնունդ առած փոքր վէճի կամ վիճաբանութեան մասին է, մեր տան ամէնօրեայ խաղաղութիւնը «բզկտող»: Ձայն: Աղմուկ: Մէկ խօսքով՝ անկոչ տագնապ: Ամէն ինչ՝ խառնակ: Հետաքրքիր ու քիչ մըն ալ մեզի համար անօրինակ եւ մեզի համար՝ անվայել:
Բայց բարեբախտաբար եւ փառք Աստուծոյ, որ այս անգամ ես չէի հարց-աղմուկ ստեղծողը կամ «հեղինակը», այլ՝ կինս եւ տղաս:
Ուրեմն, իբրեւ հաշտարար, արագօրէն մօտենալով աղմուկին, համարձակ ներկայութեամբ, նախ փորձեցի եղելութիւնը հասկնալ, եւ ապա՝ դատել: Նկատեցի, որ իսկապէս լեղիի համ կար մեր տան մթնոլորտին մէջ: Ու որքան վիճաբանողներուն մօտենայի, այնքան աղմուկը կը բազմանար: «Անպայման բան մը փուլ եկած ըլլալու էր»,¨ կ’ըսէի մտովի: Փորձեցի վերջ մը տալ այս ստեղծուած անհամութեան, եւ եզրակացութեան մը յանգիլ: Քանի մը հարցումներէս ետք, ամէն բան պարզուած է:
Այսպէս.- տղաս կ’ուզէր՝ իր աղջկան տարեդարձին, շուն մը նուիրել: Բայց որովհետեւ ամէնէն յարմար վայրը մեր տունն էր, ուստի եկուորին «բնակավայրը» արդէն ճշդած էին, առանց մեր գիտակցութեան: Կինս՝ միւս կողմէ, հակառակը կը պնդէր, ըսելով.- ա՛յս տարիքէն ետք, մենք պարտաւոր չենք շուն մեծցնել…ձեզ մեծցուցինք. կը բաւէ. մեղա՜յ, շուն պիտի մեծցնենք եղեր. շուն պիտի խաղցնե՛նք. այս մէկը չէինք երազած. չենք ուզեր…վերջ:
Անկեղծօրէն ըսելով, այր եւ կին, մեր այս տարիքին, դժգոհելու, տրտնջալու եւ բողոքելու, հազար ու հազար պատճառներ ունէինք: Հիմա այս շունին ներկայութեան, ամէն «բան» պիտի բազմապատկուէր: Իր կարգին, տակաւին տղաս կ’արդարանար ըսելով,¨մամ…եղածը ի՞նչ է որ… միայն շաբաթվերջին պիտի նայիք…, քանի մը օր, կամ՝ քանի մը ժամ. այսչափ. մնացեալ օրերուն՝ ես եւ աղջիկս…: Անկեղծօրէն, տղուս որոշումին եւ կնոջս ժխտականօրէն պնդումին վրայ, հանդարտութիւնս եւ հոգեկան խաղաղութիւնս ցնդած էին: Գլխուս մէջ, անորոշ տողեր սկսած էին երգել: Անհասկնալի: Է՜հ, աշխարհ…: Մեր հաշւոյն ծրագիր-որոշումներ առած էին: Մի՛ ծերանաք:
-Մենք ո՜ւր…շուն պահողը ուր,¨ կ’ըսէի մտովի, գլուխս անընդհատ ձախ-աջ շարժելով,¨ շուն պահե՞լ. այսինքն՝մեր կեանքը բանտի՞ վերածել. նաեւ կը նշանակէր «շնապահակ» դառնալ…, շուն «խաղցնել»…, կերցնել…,պտտցնել…, խնամել…, կարծես այս օրերուն մեզի միայն ա՛յս էր պակսածը:
Բայց, որովհետեւ խնդրոյ առարկան՝ այս պարագային մեր շատ սիրելի թոռնուհի՝ Վանան էր, ուստի երկուքով վերջ տալու համար վէճին՝ զիջեցանք:
Թէեւ պատասխանատու գործ էր, սակայն թոռնիկին սիրոյն «օքէյ» ըսինք: Եւ ահա իր տեսակին մէջ իւրայատուկ եւ աննախընթաց, այս անգամ տղաս եւ թոռնիկս, քիչ մնաց տեղւոյն վրայ մեր արձանը «շինել տային» իրենց անսահման ուրախութենէն:
Եւ ճիշդ շաբաթ մը ետք, փոխադրական ընկերութենէ մը տուփ մը ստացանք, որուն մէջ շնավանդակ մը կար: Խանդավառութեամբ՝ բացինք: Ճերմակ, գրեթէ փակ աչքերով՝ տասը օրեր առաջ ծնած շնիկ մը: Ծրարը յանձնող պաշտօնեան, կեղծ ժպիտ մը դէմքին, ինծի մօտենալով թելադրեց որ իր թուղթին վրայ, «ընտանիքիս նոր անդամը» ստանալս՝ ստորագրեմ: Հաստատեմ:
¨ Ձեր մականունը կը կրէ,¨ ըսաւ քմծիծաղով:
Թէեւ պարտաւոր էի ստորագրել, թէեւ նման մանր «հարցեր» սովորական բնոյթ ունէին այս երկրին մէջ, սակայն իրապէս որ սանկ տեսակ մը եղայ: Նեղուեցայ: Անվայել նկատեցի, բայց ի՞նչ կրնայի ընել, օրէն ք էր:
Վայրկեանին յիշեցի Համաստեղն ու Զարդարեանը: Մէկուն «Չալո»ն, միւսին՝ «Գամփռ»ը: Բայց այս մէկը տարբեր էր: Նոյն օրը երեկոյեան հարազատներով հաւաքուեցանք, որպէսզի նոր անուն մը նշանակենք:
-Պապիկ ես անունը դրած եմ… «Աբալօ» է…գիտես ի՞նչ է «Աբալօ»-ն…
Ու մեր թոռնիկը սկսաւ յունական պատմութիւն-աւանդութիւն իրար խառնելով ուրախութեամբ երկար- բարակ բացատրեց: Հնազանդ եւ նոյնքան ալ քաղաքավար մտիկ ըրի: Այդ օր, բոլորս ալ ուրախ, իրարմէ բաժնուեցանք: «Աբալօ»-ն ալ, առաջին անգամ ըլլալով գնաց իր նոր «հօր» տունը, մեղայ-մեղայ. ամչցայ… իր նոր տիրոջ տունը: Բանականութիւնս կարծես ժանգ կապել սկսած էր: Որոշած էին նաեւ այս «խեղճը» երեք շաբաթ դպրոց, դասընթացքներու ղրկել…ամէն «բան» սորվելու համար:
Բայց, հարցը հոս չի վերջացաւ։ Ա՜խ, այս բայցը…յաջորդ օրը մեր տան նորեկ «անդամը» անակնկալօրէն մեզի բերին: Թոռնիկս, որ մօրը հետ յարկաբաժինի մը մէջ կ’ապրի, պատճառաբանեց թէ շէնքէն ներս կարելի չէ շուն-կատու պահել: Արգիլուած է: Իսկ տղաս ալ իր յարկաբաժինէն եւ կամ բժշկական գրասենեակէն ներս յարմար չէր տեսներ «Աբալօ»-ի ներկայութիւնը: Անհաւատալի: Ու իբրեւ արդիւնք՝ շուն պահելը, մեր գլխուն «պայթեցաւ»:
Ու երբ իր դասընթացքները «աւարտեց», մեր անկոչ հիւրը մեր մօտ եկաւ:
Դպրոց: Վրաս գրէ՛: Ահագին ծախս: Բան չէր սորված: Այնպէս կ’երեւէր թէ ամբողջ երեք շաբաթներ միայն կերած, խմած ու խաղցած էր: Ինծի համար, ուղղակի ծոյլ աշակերտ մը: Ի՞նչ ընէինք, մենք պիտի ստանձնէինք անոր «ուսուցումը»: Ու նոյն օրն իսկ, քառակուսի, առանց առաստաղի վանդակ մը բերուեցաւ, կակուղ բազմոցներով, ջուրի եւ ուտելիքի պնակներով, գունաւոր գնդակներով, «խաղալիքներով», տեսակաւոր «թրիթ»-ուտելիք տոպրակներով ու այս բոլորին հետ՝ մեզի հասցէագրուած անհատնում պատուէրներով,-
«Օրական երկու անգամ կերակրեցէ՛ք…,հետը անգլերէն խօսեցէք՛, առանց վզակապի դուրս չհանէ՛ք, ամէն բան չտաք…, անօթի չպահէ՛ք, իր ուտելիքները ունի…, արեւոտ օրերուն, զգոյշութեամբ դուրսերը երբեմն քալելու տարէ՛ք… եւ… եւ… ու շատ «եւ»-եր…:
Ինծի համար այդ պահուն, բացի ինձմէ, բոլորն ալ մէկական «շնագէտներ » դարձած էին կարծես:
Արդ, ըսէ՛ք, այս բոլորէն ետք ինչպէ՞ս կարելի է չափել մեր ժամերուն տխուր կամ ուրախ հետեւանքները: Պղտորեցաւ մեր կեանքին հոսքը: Անստոյգ օրերու եւ պահերու շարան: Աչքերուս մէջ կարելի է կարդալ տեսակաւոր մտահոգութիւն: Այս բոլորը ինչպէ՞ս պիտի ընէինք:
Ու ամէն օր, այր եւ կին պատրաստեցինք իր «դասացուցակ-յայտագիրը»: Մեր տան ետեւի պարտէզը հանել…գնդակով խաղցնել, կերակրել… եւայլն:
Ամէն առիթով եւ ինքնաբերաբար սկսած էի զինք ապշած դիտել: Դէմը նստելով մեր տան այս նոր անդամը, իր ամչկոտ նայուածքով, եւ գեղեցիկ ու վայելուչ դիմանկարով, հնազանդ իր բնազդին, որ զիս «զինաթափ» կ’ընէր: Յաճախ փոխան բառերու, լռութեամբ կը խօսէի իր հետ:
-Անմեղ արարած,- կ’ըսէի մտովի,- ուրկէ՜ ուր ինկար մեր շրջանակէն ներս: Ակամայ, քու ճակատագիրդ կապեցիր մերինին ու մեզի նման դուն ալ դարձար տարագիր: Թէեւ դուն չես կրնար հասկնալ մեր վիճակը…բայց մենք լաւապէս կը գիտակցինք, ինչ ըսել հայրենական տունէն զրկուիլ…հեռանալ…:
Եւ այսպէս, իրարայաջորդ օրերուն, քիչ մը բողոքելով, քիչ մըն ալ պոռալ-բարկանալով՝ եւ մանաւանդ սիրելով, միշտ հայերէն խօսելով, երբեմն մեր հրահանգները բարձր ձայնով արտայայտուելով, կապուեցայ:
Ամիս մը առաջ, այդ նախկին «ընդարձակ» մեր խօսքերէն ետք, ինք հիմա մեր տան մէջ, մեր քիթին տակ, իրաւ եւ հաճելի ներկայութիւն մըն էր: Ամէն վայրկեան երբ իրար հանդիպէինք, սենեակէս ներս կամ պարտէզը, բիբերը վրաս միշտ լայն բացած կը սպասէր «հրահանգներուս»: Վազէ՛, խմէ՛, կեցի՛ր: Կը զարմանայի որ մէկ ամսուան մէջ այս որքա՜ն հայերէն սկսած էր հասկնալ:
Է՜հ, հարեւանիս ութ տարեկան թոռը,«Աբալօ»-ին չափ այսքան հայերէն չէր հասկնար: Ու ինքզինքս ձեւով մը հպարտ կը զգայի: Իրապէս որ իր
խաղաղ նայուածքով, կանթեղի նման իր խոշոր աչքերովը, կը խածնէին սիրտդ եւ ուղեղդ, կը գրաւէին բոլոր զգացումներդ: Բարի: Պարզ: Հաւատարիմ: Իր հետ ժամանակ անցուցած պահերուս ինքնաբերաբար տրամադրութիւնս զիս տարբեր ուղիներ կ’առաջնորդէր: Ու այսպէս, կամաց-կամաց հակառակ ֆիզիքակական «տառապանքիս», ժպիտս, խօսքերս, կատակներս գտած էին իրենց նախկին կակուղ եւ երջանիկ վիճակը: Իր սիրոյ զսպանակը մագնիսի նման քաշած էր զիս: Նոր մտերմութիւն յուշող, յաճախ պաղատագին: Իրեն համար էականը այն էր, որ միշտ իրեն պարտաւոր էի գոհ ձգել՝ հացի կամ պանիրի կամ իր նախընտրած ուտելիքի կտորներով:
Վերջապէս…շուն էր չէ՞… միշտ դիմացինէն ակնկալութիւններով եւ բաղձանքով, քծնելով եւ իր տիրոջ միշտ հաւատարիմ ապրելով:
Ի՞նչ կը նշանակէր այս: Ինքնաբերաբար իրեն կապուած էի: Ազատ ժամերուս իր ներկայութիւնը կը փնտռէի, տարօրինակ զգացումով: Դէպքեր եւ դէմքեր կան, պատահարներ, որոնց հետ անձնապէս խորհրդաւոր յարաբերութեամբ կապուած կ’ըլլաս: Այս մէկը անոնցմէ էր: Զիս իրեն կապած էր ջերմօրէն: Ապրող իրականութիւն: Բայց նաեւ շուն ալ է չէ՞, ինքզինք չէր մոռցած, յաճախ ո՛չ ոքի կ‘երնթարկուէր: Հաստատօրէն կը պարտադրէր իր կամքը: Երբեմն՝ հետը երկար կը խօսէի: Տեսակ մը լեղի-քաղցր խառն խօսակցութիւն: Ու ես ինծի կը զարմանայի: Ի՞նչ ըսել է խօսիլ մէկու մը, առանց պատասխան ստանալու: Միայն դէմքի եւ թաթիկներու շարժում: Անոր համար յաճախ յուսախաբ եւ տխուր զիրար կը դիտէինք, անձայն, հաւանաբար ալ մտահոգութեան ալիքներով լեցուն: Այդ պահուն կը զգայիր որ հոգիէդ բան մը կը փոխուէր: Միամիտ հաւատք:
Ու երբեմն մինակութեանս մէջ երկար կը մտածեմ: Արդեօ՞ք մարդ արարածն ալ այս էակին նկարագրէն ունի: Սակայն, այս ուրիշ հարց էր: Կ’ամփոփուիմ:
Հիմա ինքն է մեր տան մէջ մեծ ձայնաւորը: Մեր սրտերուն մէջ հաճելի տաքութիւն պահողը: Մեր ամէնօրեայ կեանքին մաս կազմողը: Ուրեմն կեանքին մէջ եղեր, ներքին հաշտութիւնը երբեմն տիրաբար դուռը կը բանայ ու նոյնիսկ անկարելին կը թուի ըլլալ նախապատուելին: Արդէն ամէն բան վարժութենէն կը ծնի: Ու մենք …իրար վարժուեցանք:
Ու այսպէս.- օրերս սկսած էին սահիլ: Եւ ամէն անգամ, երբ «Աբալօ»-ն մեր տունէն քիչ մը երկար բացակայէր, անզգալաբար կարօտի մը երանութիւնը կ’ապրէի: