5- ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅ ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԵԾ ԲԱՑԱԿԱՆ՝ ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԻՒՆԸ
Սուրիոյ սարսափելի տագնապի պատմագրական մանրամասնութիւնները թարմ են տակաւին մեր մտքերուն մէջ, տեղին չէ՞ արդեօք հարց տալ, ինչո՞ւ չտեղեկագրենք, չվաւերագրենք, չհաստատագրենք սարսափազդու այս կամ հայ գաղութներու նախորդող տագնապները եւ այդ պատճառով զանգուածային տեղաշարժերու իրադարձութիւնները, կոփուած հայ մարդուժի վիթխարի ներուժին ցիրուցան տարտղնումը, մեր կալուածներու, նիւթական մշակոյթի ժառանգութեան կորուստները, ինչո՞ւ չձեռնարկենք հիմնարկելու հայ սփիւռքի հաւաքական անվտանգութեան օրակարգի ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆԸ իբրեւ հիմնական բանալի թիրախ։
Եթէ կը հաւատանք «զանգուածային տեղաշարժեր»-ու մարտահրաւէրը առանցքային է, իսկ «Սփիւռքի տարի»-ներ նշանաբանները, կոչերը պիտի շարունակուին, եւ տեղ մը հասցէագրուած իրագործելի թիրախ մը ունին, հռետորաբանական խօսոյթի սաղմէն անդին գործնական դաշտ տանելու եւ բան մը փոխելու պարտաւորութիւնը կը թելադրեն, լրջախոհ իրագործելի ելքեր ունենալու հաւատարմութիւնը կ՛երաշխաւորեն, ուստի անհեռանկար բովանդակութիւններով շողշողուն ցուցադրական կոչեր, մեծատառ վերնագիրներ ՉՄՆԱԼՈՒ համար, անյապաղ պէտք է սփիւռքի համայնքներու «Անվտանգութեան» ծրագիր մը սահմանել, սփիւռքահայ քաղաքական կառոյցները լծել այդ թիրախային մարտահրաւէրին մասին քննարկելու, ծրագրելու ու գործելու։ Անշուշտ անվտանգութիւնը ժամանակի հետ իր ընդլայնող իմաստով թէ՛ մտաւոր ժառանգութիւններով՝ լեզուի, մշակոյթի, մամլոյ եւայլ եւ թէ՛ ֆիզիքական կամ նիւթական իմաստով՝ համայնքներու, կառոյցներու, ազգապատկան կալուածներու, դպրոցներու, եկեղեցիներու եւ մեր հաւաքական բոլոր ժառանգութիւններով։
Հրամայական է մեր յաջորդ սերունդներու անվտանգութեան հիմնահարցերու հետ կապուած կրթադաստիարակչութիւնը զրահապատենք, հայ սփիւռքի համայնքներու մէջ լուծումներ որոնելու հեռանկարով զինենք, անվտանգութեան փրկօղակներ, ովասիսներ ապահովելու մեր ազգի տեւակայութեան համար։
6- ԱՂԷՏՆԵՐՈՒ, ՃԱԿԱՏԱԳՐԱԿԱՆ ՎՏԱՆԳՆԵՐՈՒ ՉԱՓԻ ՏԵՍՈՒԹԻՒՆԸ
Վերեւ յիշուած գրականութեան յամառօտ ակնարկէն պոկուած հիմնական մօտեցումներէն մին է նաեւ Սուրիոյ տագնապի ընթացքին տեղւոյն հայ համայնքի անհատներու հոգեվիճակը, հոգեկան խռովքը, ապրումները, աննախատեսելի աղէտը դիմագրաւելու միջոցներու վարքագիծերը, մտածելակերպը, ներսուրիական ճգնաժամի առանցքին քաղաքական, տնտեսական, ընկերային մշակութային եւ քաղաքացիական ընկալումները, մանաւանդ տագնապի զանազան փուլերուն ընթացքին ու տագնապէն ետք ապագայի հանդէպ համայնքին անուղղուածութիւնը, խառնաշփոթութիւնը, հայ գաղութի անպատրաստուածութիւնը, աղէտներու եւ քաղաքական ճգնաժամերու, վտանգի չափի տեսութեան անգոյութիւնը, աղէտալի տառապանքները դիմակալելու եւ ճակատագրական պահերու ճշգրիտ եւ արագ որոշումներ առնելու, կանխելու խակութիւնը, գլխաւորաբար ակներեւ է մեր քաղաքական, կուսակցական կառոյցներու ճգնաժամային իրավիճակներու բացայայտ՝ անհեռանկար, անհասուն եւ անիմաց ըլլալը։ Ճիշդ է, որ ճգնաժամի ընթացքին շտապ մարմիններ, օժանդակ ու հոգատար յանձախումբեր յառաջացնելու ճկունութիւնը օգտակար էր, հապճեպ եւ առժամեայ օգնութիւններ հասցնելու, տառապանքը մեղմացնելու համար։ Բայց այդ տագնապը նախատեսելու եւ ըստ այնմ վերաբերելու, նախապատրաստուելու, ծրագրելու ատակութիւնը անգոյ էր, այլ խօսքով հակաճգնաժամային քաղաքականութեան լուրջ բաց մը ունինք։
Այդ մէկը կարելի է արդարացնել, յիշելով լիբանանահայութեան օրինակը։ Սուրիոյ ներքին տագնապէն երկու տասնամեակներ մեզ կը բաժնէին լիբանանահայութեան վշտալի տագնապի փորձէն ու փորձառութենէն, երբ Լիբանան կը բոցավառուէր ներքաղաքական պատերազմի սուր տագնապով, որ շուրջ տասնըհինգ տարիներու (1975-1990) օրհասական եւ կործանումի պատճառ դարձաւ։ Արիւնալի բախումներով, հսկայական քանդումներով, լիբանանահայութեան աշխարհացրիւ արագընթաց արտագաղթով, տեղափոխութիւններով յատկանշուեցաւ։ Յատկանշական ժամանակաշրջան մըն էր, հայոց ցեղասպանութենէն ետք կը կազմաւորուէր սփիւռքահայ երկրորդէն երրորդ սերունդի քաղաքական մտքի տեսլականի խմորումին բանաձեւումը։ Այդ բանաձեւումի տարազումը միասնականութեան համախմբումի, միաւորումի հիմքերու վրայ չխարսխուեցաւ, այլ մեր գոյերթի տեւակայնութեան տեսլականը ԿՈՒՍԱԿՑԱԿԱՆԱՑՈՒԵՑԱՒ, պատճառելով անախորժ եւ տաղտկալի ներհամայնքային խռովումներ, վտանգելով մեր միասնականացնող, ազգային միահամուռ գոյերթի տեւակայութեան բաղձալի բանաձեւումները։
Լիբանանեան տասնըհինգ տարիներու կորստաբեր տագնապը օժանդակեց եւ աշխուժացուց հաւաքական արտահոսքը։ Պոկուած էր միջին արեւելքի Փարիզը նկատուող Լիբանանի եւ Լիբանանահայութեան հմայքն ու բազմամշակութային աննկարագրելի հարստութեամբ կուտակուած, խնամքով ողորկուած հայ մարդուժը՝ մեր ազգային հսկայական ներուժի ժառանգութիւնը։ Լիբանանի ներքին քաղաքական արիւնալի մղձաւանջէն քաղուած խորիմաստ դասերը, ամբարուած ներհամայնքային փորձառութիւնը, քաղաքական խորագիտութեամբ չհարստացուց սուրիահայ քաղաքական կառոյցի հեռանկարային տեսլադաշտը, չսնանեց մեր շրջանային աշխարհաքաղաքական իրավիճակներու տեսողադաշտը ճշգրիտ, քաղաքագիտական մասնագիտութեամբ վերարժեւորելու հմտութիւնը, մասնագիտականօրէն վերլուծուելու, քաղաքատնտեսական ուղղուածութեամբ լուրջ հեռանկար մը մեկնելու, համապատասխան ծրագիրներու կամրջումի տարբերակներ որոնելու, կանխապատրաստուելու, կազմակերպուելու եւ մանաւանդ ծրագրաւորելու, թիրախաւորելու սուրիահայութեան յաջորդող կողմնորոշումները, դիրքորոշումները, ուղղուածութիւնները։
7- ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ԱՆՅԱՊԱՂԵԼԻ ԵՒ ՊԱՐՏԱՒՈՐԻՉ ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆԸ
Լիբանանահայութեան վշտալի տագնապի (1975-1990) փորձառութենէն երկու տասնամեակ ետք, 2011-ին ծայր առած Սուրիահայութեան ողբերգութեան հետեւանքները կը շարունակուին։ Մեր նոր ու հին հիասթափեցնող դառնութիւնները մեզ կը սթափեցնեն գրգռող հրամայականութեամբ, իրենց տողատակի յստակ պարունակով, խորհուրդով մեզ կը դրդեն, մեզ կը յորդորեն ինքնաքննարկումի, բաղդատական դատողութեան, ողջամիտ ինքնաքննադատութեան։
Աղէտներու եւ կորուստներու մարդաբանութեան զուգահեռ, աղէտներու նուազեցման եւ կառավարման (Risk Engineering, Risk assessment) գիտական միաւոր մը, արհեստավարժ համակարգ մը յառաջացուցա՞ծ ենք արդեօք, ակադեմական քննարկումի խորհրդածութիւններով, զրուցասեղաններով, դասընթացքներով, գիտաժողովներով բարձրացուցա՞ծ ենք մեր ազգային անվտանգութեան փորձառութեան մակարդակը, գոյացուցա՞ծ ենք համայնքային նախազգուշական բարձր պատրաստուածութեամբ միացեալ ղեկավարութեան բջիջ մը, միաւոր մը ունենալու անհետաձգելի օրակարգը։
Եթէ կան նման նախաձեռնութիւններէ բխած զեկոյցներ, աշխատանքային ծրագիրներ ըլլա՛ն անոնք՝ ներգաղութային, միջգաղութային թէ համասփիւռքեան զեկոյցներ խիստ յանձնարարելի է զանոնք հրապարակելով եւ գործնական ծրագիրներով գործի մղելը, աշխատանքի լծելը։ Յանձնառու այն ժամանակն է, որ հայ Սփիւռքը կեդրոնանայ իր ներազգային տագնապներու, մարտահրաւէրներու եւ ինքնութեան զրահապատումի անյետաձգելի հարցերուն վրայ։ Գիտական, արհեստավարժ ու գործնական ելքեր գտնելու ուղղութեամբ, մեր անվտանգութիւնը, տեւակայութիւնը միայն խօսոյթներով, լոզունքներով չպահենք [4] [5]։
Ինչպիսի՞ գործելակերպերով պէտք է դիմագրաւենք մեր ազգային անվտանգութեան դիմաց ցցուող սպառնալիքները, որոնք սունկի նման արագօրէն կը վերածուին ահաւոր մարտահրաւէրներու՝ մեզ պարտաւորեցնելով անյապաղելի մշտադիտարկումի գործնական առաջնահերթութիւններու։
Տագնապի սկիզբը համայնքի այսպէս կոչուած ղեկավարութիւնները, քաղաքական դիրքի վրայ անուանուած կամ նշանակուած կուսակցական ղեկավարները անհեռանկար էին, համայնքի հաւաքական անվտանգութիւնը ապահովող համոզիչ հեռապատկեր մը չունէին։ Թերեւս արտագաղթի դէմ էին, չէին ուզեր, որ տեղի ունենայ զանգուածային արտագաղթը, բայց ի՞նչ ծրագիր կամ ի՞նչպիսի գործելաոճ ունէին արտագաղթը կասեցնելու կամ նուազեցնելու համար։ Ահագնացող տագնապի օրերու թաւալումին հետ անաղմուկ սուսիկ-փուսիկ անոնցմէ շատեր հեռացան, արտագաղթեցին։
Լաւ հարց տանք, եթէ մեր համայնքի քաղաքական ղեկավարութիւնները, նշանակուած կուսակցական ղեկավարները, ՀԵՌԱՏԵՍ ՈՒ ԳԻՏԱԿԱՆՕՐԷՆ չմտածեն, մասնագիտականօրէն չվերլուծեն, ազգապահպանման հաւաքական դեղագիրներ չնախատեսեն, հայ համայնքի հաւաքական անվտանգութիւնը չծրագրեն, չհամակարգեն ու զայն չհսկեն, հապա ո՞ր կառոյցը կամ ո՞վ պիտի ստանցնէ ճակատագրական օրերու, ճգնաժամային իրավիճակներու պատասխանատուութիւնը, հոգատարութիւնը, խնամատիրութիւնը։
Սփիւռքահայ կա¬ռոյց¬նե¬րը չու¬նին հաս¬տա¬տու¬թե¬նա¬կան (Institutional) մտա¬ծո¬ղու-թեան հա¬մա¬կար¬գեր, զգա¬լի է մեր հաս¬տա¬տու¬թե¬նա¬կան քա¬ղա¬քա¬կա¬նու¬թեան անգոյութիւնը։ Սփիւռքի մեր կառոյցը պետական հաւաքականութիւն ՉԷ, ուստի չկան մեր ազ¬գի հան¬դէպ, պա¬տաս¬խա¬նա¬տո¬ւու¬թեան, հա¬մա¬րա¬տո¬ւու-թեան եւ հա¬շ
ո¬ւե¬տո¬ւու¬թեան լծակ¬ներ, դէտեր, մարմիններ։ Սփիւռքի մեր կառոյցներու կազմութիւնը եւ հայակենցաղ շարունակելու կամքը տնօրինուած է ազգասիրութեան եւ սիրողական մակարդակով, կառուցուած է ընդհանրապէս ձրիաբար ծառայելու, ազգային ջահը սրտին սեղմած սիրայօժար նուիրեալներու հաւատամքներու նուիրուածութեամբ [4, 5]։
8- ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅՈՒՆ ՀԱՄԱՐ ԴԻՐՔՈՐՈՇՈՒՄԸ ԳԵՐԽՆԴԻՐ Է
Սուրիոյ տագնապէն ծնունդ առած գրականութեան վերաքաղէն կարելի է նկատել եւ հաստատել, որ քաղաքական շուարած դիրքորոշումը գերխնդիր էր, եւ է՛ այսօր։
ընդհանրապէս սփիւռքահայ բոլոր համայնքներու համար դարեր շարունակ կողմնորոշուելու չլուծուած հարց մը ունինք, այդ պատճառով միշտ ալ զիչած կամ կորսնցուցած ենք տասնեակ տարիներով մեր իրագործած նիւթաբարոյական ժառանգութիւնները, հաւատալով նաեւ, որ մեր ստեղծագործած հայկական ժառանգութիւնը, իբրեւ համամարդկային ժառանգութիւն, պիտի յաւերժանայ տեղւոյն պայմաններուն մէջ, որոնք հայրենի հողի վրայ չեն։ Այն իմաստով, որ Լիբանանահայութեան տասնըհինգ տարիներու արիւնոտ վէրքը, իրավիճակը նախատեսելու բանիմացութիւնը չզարգացուցինք, չխորացուցինք, դարձեալ դասեր չքաղեցինք, պահ մը չմտածեցինք՝ թէ ի՞նչը եւ ինչպէ՞ս ծրագրել, ի՞նչ պէտք է ընել, ինչպէ՞ս ԴԻՐՔՈՐՈՇՈՒԻԼ եթէ այդ ահռելի, անսպասելի տագնապը կրկնուի սահմանակից հայ համայնքին՝ Սուրիոյ մէջ, ինչպէս Լիբանանէն ետք իրաքահայութիւնը, իրանահայութիւնը տանջուեցաւ Իրաք-Իրան պատերազմով։ Այդ բոլորը իբրեւ ճակատագրական իրողութիւններ ընկալեցինք, ընդունեցինք եւ կ՛ընդունինք իբրեւ «Հայու ճակատագիր է» ըսելով, հաւատալով կը հաւատանք, որ «Մեր չար բախտն է», բայց հաստատակամ կը շարունակենք շինարարական կոթողներու վիթխարի եւ մեծածախս ծրագիրներու հանգանակութիւններ ծրագրել, նուիրատուներ որսալ։
Մեր ազգային մեծագոյն, լրջագոյն եւ hարուածող տագնապներէն մէկն է մեր արտագաղթը եւ սփիւռքներու մէջ մեր սրընթաց ու հեզասահ ձուլումը։ Հաւաքական արտագաղթի հանդէպ մենք անկազմակերպ ենք, անծրագիր եւ անկարգապահ ենք եւ այդպէս ալ վերաբերուեցանք սրընթացօրէն ծայր արած ներքին այդ տագնապներուն հետ։ Հեռատեսութեան ակնթարթ մը նոյնիսկ չունենալով, չմտաբերելով, չպատկերացնելով, որ Լիբանանահայութեան տագնապը եւ հայ գաղութներու նախորդող կործանիչ փորձերը առաջինը չէին, անվիճելի հաւանականութեամբ արտագաղթի մեր տագնապները կրնային կրկնուիլ եւ պիտի կրկնուին միջին արեւելքի մէջ։
Այս տարածաշրջանին մէջ պատերազմներու, հակամարտութիւններու պատմութիւնը, շարունակական է տարբեր պիտակներով, մանաւանդ Օսմանեան կայսրութեան փլուզումէն ետք ա՛յնքան փխռուն քաղաքականութեամբ բանող եւ մանաւանդ՝ տնտեսական եւ քաղաքական ներքին փակուղիներով, ինչպէս նաեւ ընկերային յարափոփոխ տագնապներով եւ ընդհանրապէս պայթունավտանգ՝ Լիբանանի, Թուրքիոյ, Իրաքի, Սուրիոյ եւ այլ հայրենամերձ հայ համայնքներ պարփակող միապետական համակարգով կառուցուած երկիրներուն մէջ։
9- ԵԶՐԱՓԱԿԻՉ ԴԻՏԱՐԿՈՒՄՆԵՐ
– Մեր ազգային հաւաքական սարսափելի հոգեխոցէն՝ Հայոց ցեղասպանութենէն ետք՝ վերջին ութը տասմանեակներու աշխարհաքաղաքական յարափոփոխ իրավիճակները, զանազան երկիրներուն մէջ բախտորոշ տագնապները կը շարունակուին: Տեղաշարժելով նաեւ հոն ապրող հայ համայնքներու անհատները, զանգուածային արտագաղթերը եւ հայաթափումը, որ աւելի կը սատարէ հայ փոքրամասնութեան թիւի նոսրացումին, կրկնակի վերսփիւռքացումին, քիչ մը աւելի սպառնալով մեր ազգային տեւականութեան, մշտականութեան։ Արտագաղթերու եւ հայաթափումի նոյն կրկնութիւնները տարբեր տեղանուններով, մեզ պէտք է թախանձեն մտածելու, դատելու եւ կողմնորոշուելու, իրատեսութեան լուրջ եւ գործնական ուղիներ խորհրդածելու։
– Անկասելի արտագաղթերը, ենթադրաբար արեւմտեան կողմն աշխարհի ովասիսներու ուղեգիծ մը, ընտրութիւն մը ունին։ Նոր ովասիսներու ընտրութիւնը, կարծեցեալ այն վարկածը ունի, որ աւելի անվտանգ, խաղաղ եւ բարօրութեամբ լեցուն եւ երբեմն ալ անխախտ, մշտնջենաւոր բնորոշումով կ՛արդարացուի։ Ընտրութիւն մը, որ վճռորոշ դեր կը խաղայ երիտասարդ սերունդի՝ հայու ինքնութեան կամ ազգային դիմագիծի ինքնըմբռնումի եւ ինքնաճանաչողութեան փնտռտուքին ընթացքին, որ կարելի է յատկանշել իբրեւ՝ ԶԳԱՑԱԿԱՆ ԿԱՄ ԳԻՏԱԿՑԱԿԱՆ ՀԱՅ ԻՆՔՆՈՒԹԵԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԻՆՔՆԸՄԲՌՆՈՒՄՈՎ։ Նոր համաշխարհայնացած արեւմտեան ովասիսները պարտադրեալ ենթարկուածութիւն մը կը հարկադրեն յաջորդող մեր սերունդներու ինքնութեան վրայ, որ ընդհանրապէս ժամանակի թաւալումին հետ զգացական բնորոշումի կը յանգեցնէ, երբ անոնք պիտի ըսեն՝ «I feel that I am Armenian», «Կը զգամ թէ հայ եմ», իսկ խոր ինքնագիտակցութեամբ անհերքելի ազգակենցաղ նշանակէտն է՝ «հաստատ կը գիտակցիմ, որ հայ եմ»։ Զզգացական եւ գիտակցական ինքնութեան բնորոշումի հրամայականին դիմաց սփիւռքը տակաւին անխօս է, անձեռնհաս ու ԱՆԾՐԱԳԻՐ Է այսօր։ Բացի անտարբերութենէն եւ շողշողուն լոզունքներէն եւ կոչերէն, այդ գերմարտահրաւէրը մեր ԲՈԼՈՐ ղեկավարութիւններու միաւորները ինքնաքննարկումի եւ զգաստութեան ՊԷՏՔ Է ԿՈՉԷ, մեզ ԱՐՄԿԱՀԱՐԷ ԵՒ ՄՂԷ յանձնառու պատասխանատուութեան, ինքնաքննադատութեան եւ գործնական քայլափոխի։
– Ներկայիս անվերջ նորացուող դրութիւններով համացանցային դարաշրջանի լայն կարելիութիւնները օգտագործողներն ենք, ըլլա՛յ անձնական, թէ արհեստագիտական ասպարէզներու մէջ, հրամայական է, որ անոնց օգտագործումը ըլլայ նաեւ աշխարհասփիւռ հայ համայնքի միաւորներու միջեւ՝ արդի ցանցանեարդ (Neural), հեռահաղորդակցութեան (telecommunication) եւ այլ համակարգերու միջոցներով, օգտագործելով նաեւ արհեստական բանականութիւնը (Artificial Intelligence), որ դարձած է մեր առօրեայ կեանքի անբաժանելի մասը` այդ կը նշանակէ` ստեղծագործ եւ մասնագիտական, բազմաշերտ ու բազմաբովանդակ մտածողութեան հրամայականը կայ մեր ներգաղութային, միջգաղութային թէ համասփիւռքեան կեանքի տարբեր ոլորտներու մէջ, համագործակցելու կերպերը ամրապնդելու, ցանցակերպ խմբաւորումներով միաւորելու, օղակաւորելու, համախմբելու, վերարժեւորելու եւ ծրագրաւորելու։
– Արտագաղթերու դառնահամ տագնապներ համտեսող հայ սփիւռքը, աւանդական հաղորդակցութեան կողքին համացանցային արհեստագիտութեան օգնութեամբ ՀԱՐԿԱԴՐՈՒԱԾ Է, որ 1) ցանցակերպ հաղորդակցութեան կամրջումի, ինքնայօժար հանդիպումի, համատեղումի եւ համարկումի մասնագիտական գործադաշտերու պուրակներ ստեղծէ, 2) չվերադարձող հայրենակիցներու հետ հաղորդակցական առցանց միջոցներով միացնէ, խմբակներ կազմէ, 3) վերոյիշեալ օրակարգերը մտորելու, մասնագիտական միջգործնական (Interactive) աշխատակազմեր, խմբաւորումներ ստեղծէ, որոնց հրամայական օրակարգերէն են՝
– Ա) աշխատանքային ուղիներ ճշդել մեր հաւաքական միգամած յիշողութեան փրկութիւնը ապահովել,
– Բ) սփիւռքահայութեան մարդաբանութեան ծրագիրներու գործընթացներ մշակել եւ գործիքակազմեր որոնել,
– Գ) հայ համայնքներու անվտանգութեան յանձնառու հեռանկարային քաղաքականութեան օրակարգի քննարկումը, մշտադիտարկումը հետապնդել եւ վերջապէս
– Դ) հայ փոքրամասնութիւններու ԳՈՅԱՏԵՒՈՒԹԵԱՆ (sustainability) հիմնահարցը հիմնաւորելու եւ քառաժայր խարիսխներով արմատաւորելու։
Կը հաւատանք, որ նման գործելաոճի օգնութեամբ պիտի կարողանանք հայ մարդու այս պարագային ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅՈՒ տեսակի կենսագոյութեան ապագայակերտ տեսլականը՝ ծրագրուած գիտական գործիքակազմերով, միացեալ յանձնառութեամբ հոգատարելու եւ յատկապէս ԳՈՅԱՏԵՒՈՒԹԵԱՆ մարտահրաւէրը նուաճելու։
ՎԵՐՋ
[4] Ա․Ս.; «Մենք Սփիւռ¬քի միջազգային ճանաչելիութեան եւ օրինաճանաչութեան հարց մը ունինք» https://darperag21.net/%d5%b4%d5%a5%d5%b6%d6%84-%d5%bd%d6%83%d5%ab%d6%82%d5%bc%d6%84%d5%ab-%d5%b4%d5%ab%d5%bb%d5%a1%d5%a6%d5%a3%d5%a1%d5%b5%d5%ab%d5%b6-%d5%b3%d5%a1%d5%b6%d5%a1%d5%b9%d5%a5%d5%ac%d5%ab%d5%b8/
[5] Ա․Ս.; «Սփիւռ¬քը պէտք ու¬նի գի¬տա¬կան հիմ¬նադ¬րամ¬նե¬րու», https://darperag21.net/%d5%bd%d6%83%d5%ab%d6%82%d5%bc%d6%84%d5%a8-%d5%ba%d5%a7%d5%bf%d6%84-%d5%b8%d6%82%d5%b6%d5%ab-%d5%a3%d5%ab%d5%bf%d5%a1%d5%af%d5%a1%d5%b6-%d5%b0%d5%ab%d5%b4%d5%b6/
Ա մասի կապը՝ https://hairenikweekly.com/?p=58886
Բ մասի կապը՝ https://hairenikweekly.com/?p=58998